Ընթերցանութեան ժամանակ 2 վարկեան
վահէ Յ Աբէլեան
“Հայաստանի Պատմութիւն» կամ «Հայոց Պատմութիւն» բանավէճը քաղաքականացած, ծանծաղ բանավէճ մըն է մանաւանդ սփիւքի մէջ ուր, մեծամասնութեամբ կ'ապրինք եւ հետեւաբար կը սորվինք մեզ հիւրընկալող երկրին պատմութիւնը։ իսկ մեր պատմութեան պրպտումները ընդհանրապէս կ՚ընենք մեզ հիւրընկալ երկրին լեզուով որուն լաւապէս տիրապետած ենք։
եթէ համացանցի որոնման համակարգ Google-ին դիմէք Անգլերէնով, պիտի հանդիպինք հետեւեալին՝ American history ձեր պրպտումը պիտի առաջնորդէ ձեզ «History of the United States-ին – Պատմութիւն Միացեալ Նահանգներու»։ Canadian history-ի պարագային, ձեր պրպտումը պիտի յանգի “History of Canada-ին – Գանատայի Պատմութիւն»։ Նոյնն է պարագան այլ ազգերու պատմութեան որոնումները։ Բայց եթէ համացանցին վրայ փնտռէք Kurdish history-ին, պիտի հանդիպիք՝ “History of Kurds-ին – Քիւրտերու Պատմութիւն»։
Եթէ համացանցի վրայ ձեր պրպտումը ընէք Հայերէնով, Հայոց պատմութիւնը ձեզ պիտի առաջնորդէ Հայոց պատմութեան բայց եւ պիտի հանդիպիք այս ակնարկին՝ «Անվան այլ կիրառումների տես՝ Հայաստանի պատմություն - այլ կիրառումներ»։ Իսկ նոյն պրպտումը ձեզ պիտի տանի «History of Armenia-ին – Հայաստանի Պատմութիւն», որպէս Հայոց Պատմութիւն (տես ներքեւը)։
Համացանցը ազգի մը պատմութեան որոնումը նոյնացուցած է երկրին հետ, աւելի ճիշդ՝ պետութեան հետ։ Այսինքն ազգին եւ իր պետութեան պատմութիւնը նոյնացած են՝ բացի այն պարագայէն, երբ ազգ մը պետականազուրկ է, ինչպէս է Քիւրտերու պարագային։
Հայաստանի մէջ՝ մինչեւ երկրորդական վարժարան՝ դաստիարակութիւնը տեղի կ'ունենայ պետական դպրոցներու մէջ, նման Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու։ Հետեւաբար անբնական չէ որ պետութիւնը միջամուխ ըլլայ կրթական ծրագրին, ինչպէս կը պատահի Ամերիկայի մէջ։ Օրինակի համար, Ամերիկեան պետութիւնը արգիլած է կրօնի դասաւանդութիւնը Ամերիկայի հանրային դպրոցներէն ներս։ կարգ մը գիրքեր արգիլած են ոչ միայն որպէս դասագիրք, այլ նոյնիսկ դպրոցի գրադարաններէն ներս։ Հետեւաբար անբնական չէ որ Հայաստանի կառավարութիւնը միջամուխ ըլլայ պետական դպրոցներու կրթական ծրագրին։ Հաւանաբար Հայաստանի մէջ կան ոչ պետական դպրոցներ որոնք պետութեան կրթական ծրագիրին կողքին կը գործադրեն նաեւ իրենց կրթական առաքելութիւնը՝ ինչպէս օրինակ՝ օտար լեզուի դասաւանդութիւնը։ Ամերիկայի մէջ, կաթողիկէ ոչ պետական դպրոցները կրօն կը դասաւանդեն, բան մը որ արտօնուած չէ պետական դպրոցներէն ներս։
Իմ սերնդակիցներս ոչ թէ հայոց պատմութիւն սորվեցան, այլ դաստիարակուեցան Հայոց Պատմութեամբ։ Իմ մտապատկերիս վրայ դրոշմուած են Սիմոն Սիմոնեանի Հայոց Պատմութեան դասագիրքերը, զորս կարդացեր եմ ոչ միայն պարզապէս իբր դասագիրք, այլ նաեւ մէկէ աւելի անգամ՝ իբր զիս շատ հետաքրքրող ընթերցանութեան գիրքեր, որոնց հերոսները բոցավառած են երեւակայութիւնս։ Ես եւ Իմ սերնդակիցներս ալ, երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խօսքով՝ Հայաստան չծնանք, բայց Հայաստանը ծնաւ մեր մէջ շնորհիւ մանաւանդ Հայոց Պատմութեան։ Բայց անսպասելի չէ որ որ Հայաստանածիներուն համար հայոց պամութեան դասաւանդութեան ընկալումը տարբեր ըլլայ սփիւռքահայուն ընկալումէն։
Բնականաբար ես ալ գիտակից եմ կեանքի չոր իրողութիւններուն։ Հարց տամ ձեզի՝ Կը խորհի՞ք որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հարաւի սահմանակից երկիրը՝ Մեքսիքան, պատմական Մեքսիքան իր պատմութեան ծրագրին մաս ըրած է։ Կը կարծի՞ք որ Մեքսիքայի պատմութեան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ իրենց իրենց ունեցած պատմական հողային հարցերը մաս կը կազմեն իրենց պատմութեան։ Ես կը կասկածիմ։ Ես չեմ լսած Մեքսիքացի քաղաքացի մը որ իր նախագահին հարց տայ որ արդի՞ոք Ամերիկայի New Mexico նահանգը Մեքսիքական հող եղած է անցեալին։ Գէթ երբեմնի ծաւալապաշտ Ամերիկան պահած է անունը։ Ամէնայն հաւանութեամբ Մեքսիքան կը դասաւանդէ ներկայ Միքսիքայի Պատմութիւնը։ Հայաստանի պարագային վարչապետը այդ իրողութիւնը կը կոչէ իրական Հայաստան փոխանակ ներկայ Հայաստան։
Եթէ Հայաստանի պետական դպրոցները իրենց պատմութեան դասագիրքը պիտի կոչեն «Հայաստանի Պատմութիւն», ես առարկութիւն չունիմ եւ ոչ ալ տրամաբանօրէն կրնամ ունենալ։ Չմոռնանք որ ներկայ Հայաստանի պատմութեան մէջ Արեւմտեան Ազրպէյճան գոյութիւն չունի, հոն կայ Սունեաց աշխարհը։ Ինչպէս նաեւ ներկայ Մեքսիքայի պատմութեան մէջ չկայ Ամերիկայի Ծոց (Gulf of America), Ամերիկայի նորընտիր նախագահին ակնարկով, բայց կայ Մեքսիքայի Ծոց (Gulf of Mexico).
Չեմ համոզուած որ Հայաստանի մէջ Հայաստանի Պատմութիւն կամ Հայոց Պատմութեան բանավէճը պատմութեան դասաւանդութեան սիրոյն է, այլ ներքին քաղաքական ընդիմադրութեան լծակ մըն է, կամ պատրուակ մըն է։ Որպէս ակադեմական բանավէճ ծանծաղ բանավէճ մըն է։ Մեր պատմութեան ուսուցումը կոչել Հայաստանի Պատմութիւն կամ Հայոց Պատմութիւն ոչ մէկ բան կը նշանակէ։ Հարցը բնականաբար անցեալի իրադարձութիւններուն ուսումնասիրութիւնն է Հայաստանի աշակերտներուն պատմութեան դասագիրքերուն մէջ, ինչ որ ըլլայ պատմութեան դասագիրքին անուանակոչութիւնը։ Իրողութիւնը այն է որ սփիւռքը ըսելիք չունի Հայաստանի կրթական ծրագրին մշակման մէջ, եւ ոչ ալ մասնակից պէտք է որ ըլլայ անոր քաղաքականացած բանավէճին։
Սփիւռքը բնականաբար կրնայ շարունակել դասաւանդել մեր պատմութիւնը որպէս Հայոց Պատմութիւնը եւ կարիքը չունի Հայաստանի արդի հայերէն պատմութեան դասագիրքերուն մանաւանդ որ սփիւռքին մեծամանսութիւնը արդէն չի կրնար Հայերէն կարդալ։
No comments:
Post a Comment