V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Tuesday, January 28, 2025

Հայ Լրագրութեան մեղսակցութեամբ

Վահէ Յ Աբէլեան

 Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Զուիցերիոյ հայ համայնքին ներկայացուցիչներու հետ հանդիկում մը ունեցած է քանի մը օր առաջ, 25 Յունուար-ին։  Տեսակցութիւնը  տեւած է մէկ ժամ, հինք վարկեան եւ քանի մը երկվարկեաններ՝ ակնարկելով ֆէյսպուքին վրայ վարչապետին զետեղած հանդիպումին տեսաձայներիզէն։ վիտիոն ամբողջութեամբ դիտեցի եւ ունկնդրեցի, երկու անգամ։

Տեսակցութեան ընթացքին բազմաթիւ հարցեր արծարծուեցան, ինչպէս՝ սփիւռք, հայրենիք, սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւն, դպրոցի անհրաժեշտութիւն սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ. հայերէն գրելու-կարդալու կարողականութիւն սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ. պետութիւն եւ եկեղեցի յարաբերեութիւն, ինչպէս նաեւ մեր պատմութեան ուսումնասիրութեան եւ հասկացողութեան անհրաժեշտութիւն։

Ըստ իր սովորութեան, վարչապետը արծարծեց հարցեր որոնցմէ ոմանց մասին՝ այո, չենք անդրադարձած՝ ինչպէս սփիւռքէն սոսկացնող արտագաղթը։ Առաջին ակնարկով զարմանալի պիտի թուի թէ ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքէն արտագաղթել։ Անոնք որոնք հետաքրքրուած են կրնան մէկ ժամուայ տեւողութիւն ունեցող այդ հանդիպմումին -վիտիո-ն – դիտել, ունկնդրել, եւ ապա հարց տալ։ Ո՞վ է սփիւռքահայ դաւաճանը եւ կամ սփուռքը դաւաճանողը՝ ըլլայ ան սփիւռքահայ անհատ մը կամ սփիւռքահայ կազմակերպութիւն մը,  որ այսօրուայ վիճակին հասցուց տակաւին կենսունակ սփիւռքը քանի մը տասնամեակներ առաջ։ 

 Մեր պատմութիւնը ճանչնալու առընչութեամ՝ վարչապետը ըսաւ հետեւեալը, գրէթէ տառացիօրէն՝ «մենք պէտք է մեր ցեղասպանութեան պատմութեան վերադարնանք եւ հասկնանք ի՞նչ է եղել եւ ենչո՞ւ է տեղի ունեցել եւ ի՞նչպէս ենք ընկալել եւ ի՞նչ միջոցներով ենք ընկալել. ո՞նց է որ 1939-ին ցեղասպանութեան օրակարգ չէ եղել, ո՞նց է որ 1950-ին ցեղասպանութեան օրակարգ յայտնուել է։»

Մեր պատմութիւնը ճանչնալու վարչապետին ակնարկը, նեռարեալ այդ գրեթէ տառացի մէջբերումս, հազիւ երեսուն երկվարկեան տեւող անդրադարձ մըն էր, տեսաձայներիզին վրայ 19:50 – 20:20, վարկեաններուն տեւողութեամբ, աւելի քան մէկ ժամ տեւող այդ հանդիպումին ընթացքին՝ ուր հիմնական հարցեր արծարծուցան։ Հանդիպումը աւարտեցաւ ծափահարութեամբ։ Իմ տպաւորութեամբս ոչ թէ պաշտօնականութեան սիրոյն, այլ ներկաններուն դէմքի եւ կեցուացքի արտայայտութիւններէն մեկնելով, եւ երբեմն ալ նոյնիսկ միջամտելով վարչապետին եւ Հայաստանին ի նպաստ իրենց արտայայտութեաննրէն դատելով, որ ներկաները առանց որեւէ վերապահութեան ընկալած էին վարչապետը եւ կը բաժնէին հոն արծարծուած հարցերուն անդրադարնալու վաւերականութեանը։ 

իմ տպաւորութիւնս այն էր որ վարչապետը  Սթալինեան բռնակալութեան տարիներուն ակնարկեց որուն որուն ընթացքին ըստ երեւոյթին ցեղասպանութիւնը օրակարգ չէ եղած։ Չմոռնանք վարչապետին ակնարկած թուականները կը զուգադիպին Սթալինեան սանձարձակ սպանութիւններուն շրջանին։

Քանի մը օր ետք, վրայ հասաւ սփիւռքահայ լրագրութիւնը։ Այս պարագային ակնարկս Հորիզոն օրաթերթին է որ լոյս կը տեսնէ ի հեճուկս Գանատայի սառնամանիքներուն։ Հօրիզոնը հաւար փրցուց որւպէս թէ վարչապետը «Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը այլակեըրպելու միտող յայտարարութիւնները կը հարուածեն հայ ազգի արդար պահանջատիրութիւնը։» Պիտի չզարմանամ որ վարչապետին  ցեղասպանութիւնը ենդադրեալ հարցականի դնող Հորիզոն թերթին մեկնաբանութիւնը, շուտով պիտի արձականգէ, մանաւանդ Փաշինեանի դէմ դիրքաւորուած սփիւռքի ՀՅԴ մամուլը եւ կեդրոնանայ այս երեսուն երկվարկեան տեւողութիւն ունեցող ակնարկին եւ վարչապետին ցեղասպանութիւնը ենդադրեալ ուռանալու մեկնաբանութեւնը պիտի հաստատեն Սարգիս Մահսերեճենաի նման թղթակիցներ, որոնք ամէն հաւանականութեամբ նոյնիսկ տեսած եւ լսած ալ պիտի չըլլան այդ հանդիպումին վիտիոն։ նշեմ նաեւ որ Վարդան Ոսկանեանը արդէն ըրած իր նմանօրինակ ենդադրեալ մեկնաբանութիւն, բայց շուտով տեղադրութիւնը ջնջեց Ֆէսպուքի էջէն։ Իսկ Keghart.com առցանց թերթը տեղադրեց David Boyajian-ին նման ակնարկը, ապա շուտով վերցուց։

Այսպէս է ընդհանրապէս այսօրուայ մամուլը եւ այդպէս ալ պէտք է ընդունինք որ է նաեւ սփուռքահայ մամուլը՝ ծայրահեղ քաղաքականացած մեկնաբանութիւներու հնոց։ Թէեւ սփիւռքահայ մամուլի պարագային կ՚ակնկալուի շրջահայեաց ըլլալ։

Միտքս եկաւ զարմիկս՝ հանգուցեալ Ճորճ Ազատ Աբէլեանը որ  աւելի քան  տաս տարի պահեց հեռատեսիլի իր ժամը։ Սփռման կայանին մէջ զետեղած էր երկու արհեստական կմախքներ որպէս ներկայացուցիչները կմախքացած Արմէնին եւ Արմէնուհիին որոնք կենդանութեան պէտք է որ գային։ 

Այո, կմախքացած է սփիւռքը։ Ազատ, անկախ, վտանգուած ժողովրդավար Հայաստանի կառաւարութեան դէմ իր ոսկորները ճոճելով կմախքացած սփիւռքը պիտի չվերակենդանանայ։ Ոչ ալ սփիւռքահայու մը սեւ մազերէն թել մը պիտի ճերմկնայ, եւ ոչ ալ ճերմակ մազերէն թել մը պիտի սեւնայ։ Բայց սփիւռքին գահավիժումը պիտի շարունակուի սփիւռքահայ մամուլին մեղսակցութեամբը։

 

No comments:

Post a Comment