V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Sunday, January 26, 2025

Կարմիր Ժամուց»ին՝ անտեսուած մեկնաբանութիւնը - 2/2 –

 Վահէ Յ Աբէլեան

 


Հայ աւետարանական համայնքը կը նշէ 1846-ը որպէս իր հիմնադրութեան տարին։ Նոյնը կը նշէ նաեւ միսիոնար Վիլեամ Կուտէլը (William Goodell) որուն կը պարտինք հայատառ բայց թրքերէն աւետարանը` իր 20 տարիներու աշխատատութեան արգասիգը։ Ան ներկայ եղած էր Հայաստանեաց Աւետարանական Եկեղեցիին հիմնադիր ժողովին։ Այս կը նշեմ քանի որ «Կարմիր Ժամուց» գիրքին հերոս Տէր Յուսիկ քահանան, կը խոստովանի որ իր ազգային զարթօնքը կը պարտի փողոքական պատուելիին։ 

Իմ սահմանաբակ հայերէն ընթերցութիւններուս մէջ ուրիշ տեղ չեմ հանդիպած հայ աւետարանական համայնքին բերած նպաստը ազգային զարթօնքին, այնպէս ինչպէս Արփիար Արփիարեանը ակնարկած է իր «Կարմիր Ժամուց» գիրքին մէջ։ Այդ ալ իր կարգին անտեսուած մնացած է։ Թերեւս անդրադարնամ անոր։

Արփիար Արփիարեանը ծնած էր 1851-ին եւ սպանուեցաւ 1908-ին Գահիրէի մէջ։ Նախ քան այդ, ենթակայ եղած էր երկու ձախող սպանութիւններու՝ առաջինը Պոլսոյ մէջ, 1896-ին, իսկ երկրորդը Վենետիկի մէջ, 1903-ին։ Հետեւաբար «Կարմիր Ժամուց» գիրքը չէր կրնար աղէրս ունենար Ատանայի ջարդերուն հետ։ Շատ հաւանաբար Համիտեան ջարդերը որպէս օրինակ եղած էր Արփիար Արփիարեանին գիրքին գրական երեւակայութեան խորքը։ Համիտեան ջարդերը տեղի ունեցան 1894-1897 թուականներուն իսկ գիրքը գրուած է 1901-1903 տարիներուն։

Ինչպէս նշած էի՝ գիրքին ընդհանրացած ընկալումը եղաւ յեղափոխական գաղափարախօսութեան ներկայացուցիչ Տէր Յուսիկ քահանան ընդէմ «պահապանողական» գափափարախօսութեան ներկայացուցիչ հայրապետ էֆէնտին։ Գիրքին դասական մեկնաբանութիւնը եղաւ որ Հայրապետ Էֆէնտին տեղի տուաւ եւ կատարեց իր նպաստը յեղափոխութեան տալով իր կարմիր ժամուցը  Տէր Յուսիկին։  

Բայց Տէր Յուսիկը այդպէս չընկալեց։ Ան իր կարգին գնահատեց Հայրապետ էֆէնտին եւ նկատել տուաւ որ ինչպէս իր գիւղը, նմանապէս հայրապետ Էֆէնտիին Օրթագեղը զերծ մնացին ջարդերէն։ Այս իրողութիւնը կորսուած մնաց գիրքին մեկնաբանութեան մէջ դպրոցներէն ներս։ Նոյնիսկ վիճաբանութեան առարկայ իտկ չեղաւ։ Զէնքին պատգամը լռեցուց քաղաքականութեան պատգամը, մոռացութեան իսկ տուաւ զէնքին դիմած Տէր Յուսիկին ըսածը եւ հրացանի մը նկարը զարդարեց գիրքին կողքը։

Կցած եմ գիրքին վերջին պարբերութիւնը։ Կարմիր գիրերովը Տէր Յուսիկին ակնարկն է, իսկ կապոյտ գոյնովը Հայրապետ Էֆէնտիինը։ 

իսկ վերջին հատուածն ալ Արփիար Արփիարեանին եզրակացութիւնն է ուր տիրողը՝ Տէր Յուսիկին եւ Հայրապետ Էֆէնտիին Թուրքին ատելութիւնն էր։

Այդ պարբերութեան ընրթերցումը հաւանաբար ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնէ որ Կարմիր ժամուց գիրքին մէջ՝ զէնքի եւ քաղաքականութեան ընտրութեան հարց չկար։ Այլ կար ամէն միջոց գործածելու իրողութիւնը, տեղ մը զէնքը, այլ տեղ քաղաքանութիւնը, ուր որ պատշաճ էր գործածել այդ, պահելու եւ պաշտպանելու համար հայը Թուրքէն։

Գիրքին վերջին պարբերութիւնը տեղի կունենայ Պոլսոյ Պատրիարքարանին մէջ, արհաւիրքէն ետք, ուր Տէր Յուսիկը եւ Հայրապետ Էֆէնտին կը հանդիպին իրար։

***

Տէր Յուսիկ՝

  —«Էֆէնտիայդպէս մի՛ ըսէք։ Այն բոլոր հայերըոր իրենց ազգը կը սիրեն ու անոր օգուտը կը փափաքինանոնք ամէնքն ալ միեւնոյն կերպով չեն կրնար մտածել։ Ո՞վ կրնայ ապագան ճիշտ ու ճիշտ նախատեսել։ Ու յետոյհիմակ ազգերնիս անանկ վիճակի մէջ էոր տեղ մը օգտակար սեպուած գործըուրիշ տեղի մը համար կրնայ վնասակար ըլլալ։ Ու ինչ որ քաղքի մը կործանման պատճառը կը դառնայ՝ ուրիշ քաղքի մըն ալ փրկութիւնը կ՚ըլլայ։ Իրաւ էոր մեր գեղը ո՛րեւէ աղէտ չպատահեցաւշնորհիւ ժողովրդին զէնքերունբայց լսեցինքոր հոս Օրթագեղ ալ բան մը չէ պատահած։»

Հայրապետ էֆէնտին՝

—.«Չէ՛փառք Աստուծուհոս ալ մէկուն քիթը չարունեցաւ, —պատասխանեց Օրթագեղի խնամակալը զգացեալ համեստութեամբ։»

Տէր Յուսիկ՝

—«Բայց Օրթագեղ ալ զէնք չի գործածեցիք, — շարունակեց տէրտէրը։ Այդ թաղն ալ հրամանքներնուդ զգուշաւոր հեռատեսութեամբը փրկուեցաւ։ Կը տեսնենքթէ տեղ մը քաղաքագիտական վարմունքը կրնայ օգտակար ըլլալուրիշ տեղ մըն ալ զէնքի վարմունքը։ Ամէն միջավայրի հայերը իրենք իրենց կացութեանը համեմատ հոգալու են ինքզինքնին»

Արփիար Արփիարեապ՝

 « Մութը կը կոխէր։ Հիւրը ոտքի ելաւ մեկնելու։

Տէր հայրըսաւթերեւս երկար ատեն ա՛լ չտեսնուինք։ Աստուած բարի ճամփորդութիւն տայ։ Երկիրդ եթէ բանի պէտք ունենաս՝ Պատրիարքարանին միջոցաւ ինծի հաղորդէպէտք եղածը կ՚ընեմ։

Աստուած պակաս չընէէֆէնտի։

Ու էֆէնտին յառաջացաւ դէպի տէրտէրըեւ անոր ձեռքը համբուրելու համար քաշած ատենըիր գրպանէն պզտիկ քսակ մը հանեցմէջը լեցուն ոսկիեւ քահանային ձեռքը դնել ուզեց։ Անիկայ ետետ գնաց

— Կ՚աղաչեմէֆէնտինեղութիւն մի՛ կրէք։ Ես բանի մը պէտք չունիմ։ Ուրիշ աւելի նեղութիւն ունեցողներ կան։

Չէ՛տէր հայրչէ՛ա՛ռսա քեզի համար չէ։

Ու ծանրխորհրդաւոր ձայնով մը ցածկեկաւելցուց

Ժողովրդիդ համար վառօդհրացան գնէ։ Խոհեմութիւնը զէնքին մէջն է։«Որ ո՛չ սուր առցէսրով անկցի»։

 Տէրտէրը նուէրն ընդունեց եւ էֆէնտիին երեսը նայելովժպտուն

Աս կարմիր ժամուց է,  ըսաւ։

 Ու երկուքին աչքերն իրարու հանդիպեցան։ Անոնց մէջ կը վառէր հայ աղքատին ու հայ հարուստին հազար տարուան ատելութիւնը մահմետական թշնամիին դէմ։»

Արփիար Արփիարեան

«Արփար Արփարեան՝ սկանուածներէն մին - 1/2
«http://vhapelian.blogspot.com/2023/12/blog-post_27.html»

No comments:

Post a Comment