V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, April 28, 2023

Ոչ դէպի Երկիր, ոչ ալ Սփիւռքին համար՝ այլ.......

Վահէ Յ Աբէլեան

 

Վերջերս Խաչիկ Տէր Ղուկասեանէն հետեւալ տեղադրութիւնը կարդացի համացանցին վրայ ՝ «Երբ Սփիւռքը լքուի իր առօրեային և լճանայ որովհետև Սփիւռք կերտած կազմակերպութիւնները դեռ Դէպի Երկիր կը նային փոխանակ համաՍփիւռքեան վերակսզմակերպումի օրակարգ կերտելու, կ'աշխուժանան "նոր Սփիւռք" կերտողները։ "Մէկ, մէկ, մէկ..." լոզունքի պարապ և ձանձրացուցիչ հռետորաբանութեամբ, "հզօր պետականութիւն" կերտելու ինքնախաբէութեամբ բնականոնացուցին "նոր Սփիւռք" անիմաստ յղացքը։ Շնորհաւորութիւններս, ահա ձեր աչքին առաջ "նոր Սփիւռք" կը կերտուի։»

Անշուշտ պատկերացուցիք որ խօսքը Հայաստանի եւ սփիւռքի մասին է։ Իսկ իմ ընելիք ակնարկս ալ իմ ճանցած սփիւռքի հետ առընջուած է՝ սփիւռքահայ այն հատուածը որ բոլորուած է Կիլիկեան՝ այժմու Անթիլիասի կաթողիկոսութեան շուրջ եւ ընդհանարպէս Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ է, բայց յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ։ Կը պատկերացնեմ որ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին ակնարկն ալ այդ սփիւռքի մասին է որուն քաղաքական, մշակոյթային, կրթական, մարզական ինքնութիւնը ընդհանրապէս եղաւ ՀՅԴ եւ յարակից միւթիւններուն, ինչպէս նաեւ ազգային կառոյցներուն կատարողութեամբը ուր նմանապէս կուսակցականներն են որ եղան մղիչ ոյժը։

Անկասկած որ այդ սփիւռքը, ծանօթ պատճառներով եւ պատահարներով կը  բոլորէ ճակատագրական ժամանակաշրջան մը որուն անդրադարձերը պիտի կ՚երպանաւորեն եւ ձեւաւորեն սփիւռքին ընթացքը։ Սակայն, սփիւռքի ձեւորման ընթացքը ներկայիս նման է երբեմնի տնտեսական տեսութեան՝ « Laissez fair” ըսուածին, որ ըստ Կուկլի թարգմանութեան կը նշանակէ՝ «թող այդպէս լինի» կամ ալ «թող ըլլայ այնպէս ինչպէս որ կըլլայ»։ Ընթացիկ մեկնաբանութեամբ հետեւեալն է ՝ եթէ սփիւռքահայ մը կրնայ մեկնիլ այլուր, բնականաբար ակնարկս միջին Արեւելքէն է եւ ինչպէս յիշեցի վերեւը յատկապէս Լիբանանէն եւ Սուրեայէն, շատ բարի, թող այդ ընէ. բարի ճանապարհ. մեր թելանդրանքն է որ դէպի Հայաստան ըլլայ. Աստուած հետը ըլլայ։  

Հայրենադարձութեան քաղաքականութիւն չէ ձեռնարկած Կիլիկեան Կաթողիսոսւթիւնը եւ ոչ ալ ՀՅԴ ղեկաւարութիւնը։ Հետաքրքուող ընթերցողը թող ինքը մեկնաբանէ թէ  ինչո՞ւ համար «Դէպի Երկիր» կազմակերպուած աշխատանք չկայ բայց լոզունքը կը յամառի մնալ։ Կը զարմանամ որ Խաչիկը կը կարծէ որ կայ։ Ոչ թէ միայն կը հաւատայ որ կայ, այլ՝ «Սփիւռք կերտած կազմակերպութիւնները դեռ Դէպի Երկիր կը նային փոխանակ համաՍփիւռքեան վերակսզմակերպումի օրակարգ կերտելու», կը մեկնաբանէ Խաչիկը։

Պարզապէս որպէսզի հիմնաւորեմ ըսելիքս նշեմ որ այսօր Հայաստանի մէջ կայ սփիւռքահայ ընտանիք մը որ պիտի չկարենար հոն ըլլար եւ «եօլա գնալ» եթէ չունենար նիւթական աջակցութիւն։ Կան բազմաթիւ անհատներ եւ ընտանիքներ որոնք նման կացութեան մէջ են եւ պիտի ընտրեն հայրենարձ ըլլալ եթէ միջոցը ունենան ապահովելու իրենց ճամբու ծախսը եւ անմիջական կեցութեանան ապահովութիւնը Հայաստանի մէջ։  Ոչ կուսակցութիւնը եւ ոչ ալ կաթողիկոսութիւնը, ըստ իմացած տեղեկութիւններուս, նման օժանդակութիւն կ՚ընծայէ որեւէ մէկուն որ ոչ թէ կը փափաքի, այլ անհրաժեշտ կը նկատէ հեռանալ Լիբանանէն եւ կամ Սուրիային եւ հաստատուիլ Հայաստան։

Մէջբերելով Խաչիկին բառերը՝ սակայն «համաՍփիւռքեան վերակսզմակերպումի օրակարգ կերտելու» համար անհրաժեշտ է կազմակերպել հայրենադարձութեան աջակցութեան օրակարգ։ Կարելի չէ սփիւռքի վերակազմակերպում ծրագրել եթէ չկայ հայրենադարձութեան աջակցութեան ծրագիր։ Հայաստանին համար թիւը ինքնին որակ է, բայց ոչ սփիւռքին համար։ Ձեւաւորուող սփիւռքը կրնայ առողջ մնալ այնքան ատեն որ հոն կը մնան անոնք որոնք կը յամառին մնալ եւ կամ ստեղծած են տնտեսութիւն որ կարելի կընէ իրենց կեցութիւնը շարունակել իրենց նախասիրած Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ։ Ամէն պարագայի՝ Լիբանան եւ կամ Սուրեայ չեն մնար քանի որ ուրիշ միջոց չունին եւ ակամայ կը շարունակեն մնալ մինչեւ որ հեռանալու յարմար առիթ մը ստեղծուի իրենց համար։

Այս ալ նշեմ իմ անձնական փորձարութիւնէս տարուած։ Մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատրեզմը -1975, հայրս կը բանեցնէր պանդոկ մը որ այդ շրջանի սփիւռքահայ հայատառ եւ Լատինատառ գրականութեան մէջ ալ անցաւ։ Պանդոկը յաճախող հիւրերը բացառձակ մեծամասնութեամբ հայ էին եւ կուգային երբեմնի առոյք գաղութներէն ինչպէս Սուրիա, Իրաք, Եգիպտոս, Պարսկաստան, Սուտան, Եթովպեա, եւ այլ տեղերէ։ Այդ առոյք գաղութներէն կը խուժէին՝ այո կը խուժէին վայելելու համար Լիբանանի հիւրընկալութիւնը եւ ընբոշխհնելու համար Լիբանահայութեան այժմ անպատկերացուելի, գաղութային հայ կեանքը։ Այդ գաղութները այժմ դատարկուած են։ Ոչ մէկ ապահովութիւն կայ որ գալիք տասնամեակներուն Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներուն ընթացքը տարբեր պիտի ըլլայ։ Հետեւաբար անհրաժեշտ է սկսիլ կազմակերպել անխուսաբելին՝ աջակցիլ հայրենադարձութեան որպէսզի տակաւին Լիբանան եւ Սուրիայ մնալ յամառող գաղութը կարելի ըլլայ վերակազմակերպել, եւ կայունացնել անոր ընթացքը։Այժմ սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքը կարելի է բնութագրել անփութութեամբ։

Հայրենադարձութեան ո՛չ մէկ աշխատանք գոյութիւն ունի, ո՛չ ալ սփիւռքը վերաշխուժացնելու, ուժերը հաւաքելու եւ դասաւորելու ճիգ։ Պարզապէս անփութութիւն, կամ ալ անկարողութիւն եւ ամլութիւն է որ կը տիրէ մինչ գաղութները, այսպէս կամ այնպէս «եօլա» կ՚երթան։

 

 

 

 

No comments:

Post a Comment