V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, April 7, 2023

Վահէ Մահշիկեանին՝ Վահէ Յ Աբէլեանէն ` Եկեղեցի, Սփիւռք, Հայաստան

Վահէ Մահշիկեանին՝ Վահէ Յ Աբէլեանէն՝ Եկեղեցի, Սփիւռք, Հայաստան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ կաթողիկոսը, սփիւռքին վերակարուցման անհրաժեշտութիւնը նշած էր այս տարուան Ապրիլ 4-ին, Յունահայ գաղութին տուած հովուական այցելութեանը ընթացքին։ Զրոյցը լոյս տեսաւ «Ազատ Օր» թերթին մէջ։ Նախապէս Արամ կաթողիկոսը ակնարկած էր սփիւռքի մաշումին։ Մաշումի եւ վերակացմութեան անհրաժեշտութեան ակնարկներուն առթիւ ֆէյսպուքի էջիս վրայ ըրած տեղադրութեանս պատասխանած էր Վահէ Մահշիկեանը՝ Դամասկոսէն եւ նշած էր հետեալը՝ «Նախ Սփիւռք բառին բացատրութիւն տալը անհրաժեշտ է ... թէ . . ինչ է սփիւրքը ընդհանրապես եւ Հայութեան կեանքին մէջ յատկապես ... ... Ինչու Հայ սփիւրք գոյացած է .... Ինչէ կազմուած է ... Ինչ է Հայ սփիւռքին կապը Հայաստանի հետ ... Ինչ Դեր ունի Հայկական սփիւռքը կատարելիք աշխարհաքաղաքական գետնի վրայ յօգուտ հայոց գերագոյն շահերուն ուղղութեամբ ... ինչու աւանդական կարգ մը կուսակցութիւններ եւ այլն իրենց մենաշնորհը կը համարեն Հայ սփիւռքը եւ կը շահարկեն ըստ այնմ ... եւ այսպես շատ մը հարցերու լուսաբանութեանը անհրաժեշտութիւնը կայ ...»

Խօստացայ պատասխանել ըրած ակնարկին։ Ահաւասիկ պարազաբանուած պատասխանս։

Անկասկած է որ այդպէս է՝ սփիւռքը խրթին վիճակ մընէ եւ հետեւաբար սփիւռքի մեկնաբանութիւնը խրթին է։  Ինչպէս նշած էի Ֆէյսպուքի էջիս վրայ՝ սփիւռքը աշխարհ մըն է ինքնին եւ հետեւաբար կարելի չէ առօրեայ սփիւռքահայ մը ճանչնայ եւ անոր ընդմիջէն գնահատէ սփիւռքը։ Կիւլպէնկեան հաստատութեան Հայկական բաժինը, սփիւռքը ճանչնալու համար նիւթակամ յատկացումներ տրամադրած է եւ կարգած հայ գիտնականներ ուսումնասիրելու սփիւռքը։ Բայց ես պիտի պարզաբանեմ իմս։

Ես կը ճանչնամ սփիւռքը իր նեղ մեկնաբանութեամբ որպէս սփիւռքահայ աշխարհաձրիւ այն հատուածը որ ընդհանրապէս հաղորդ է Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ։ Զանց չէմ առներ Հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական յարանուանութիւնները որոնք ներկայ են եւ կը գործեն Կիլիկեան Թեմին աշխարհաձրեւ համայնքնին հետ եւ կամ կողքին։

Ոչ մէկ պատկերացում ունիմ այսպէս կոչուած Ներքին սփիւռքին՝ այսինքն հայեր որոնք կը բնակին եւ կը գործեմ Ռուսաստանի եւ երբեմնի Սովետական Միւթիւնը բաղկացնող 14 երկիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Աղօտ պատկերացում ունիմ Արեւտմեան Եւրովայի սփիւռքահայ գաղութին մասին։ իսկ աւելի աղօտ պատկերացում մը ունիմ Լատին Ամերիկայի երկիրներուն մէջ բնակող սփիւռքահայութեանը։ 

Իմ փոռձառութիւնս սահմանափակուած է Միջին Արեւելքի Արաբական երկիրներուն մէջ բնակութիւն հաստատած հայութեամբ, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։

Բարդացնելով արդէն իսկ բարդ ու խրթին սփիւռքահայ վիճակը՝ նշեմ որ նոյնիսկ այնքան ալ հաղորդ չեմ Հիւսիսային Ամերիկայի ոչ «աւանդական սփիւռք»-ին։ Այսինքն՝ այն սփիւռքը որ կազմաւորուեցաւ Հայաստանի Սովետական իշխանութեան փլուզումէն ետք։ Բայց կը պատկերացնեմ անոնք ընդհանրապէս, եթէ ոչ բացառձակ մեծամասնութեամբ, կ՚անդամակցին  Իջմիածնական Թեմի եկեղեցիներուն եւ ընդհանրապէս չեն մասնակցիր աւանդական սփիւռքին կառոյցներուն։ Թերեւս բացառութիւն են Լոս Անճէլոսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միւութեան անդամակցողները

Հետեւաբար կը պատկերացնեմ որ Արամ Կաթողիկոսի՝ սփիւռքը վերակազմելու անհրաժեշտութեան յայտարարութիւնը, աղէրս ունի Կիլիկեան Թեմին շուրջ համախմբուած սփիւռքահայութեան հետ։ Անկասկած ըսել չեմ ուզեր որ Արամ Կաթողիկոսը կ՚անգիտանայ սփիւռքը իր ընդհանրական հասկացողութեամբ։

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Առաքելական եկեղեցին հիմնուեցաւ Խրիմեան Հայրիկին կաթողիկսսական կոնդակով, եւ կազմուեցաւ Ամերիկայի Ուսթըր (Worcester) քաղաքին մէջ 1898-ին, ուր ես բնակութիւն հաստատած եմ 2018-էն ի վեր։ Ամերիկահայ գաղութին արմատները խոր են։ Սկսած են արմատանալ ընդհանրապէս Համիտեան ջարդերուն որպէս հետեւանք, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի միսիոնարական շարժումին պատճառով։ Այդ արմատները նախ հող գտած են Ուսթըր քաղաքին մէջ եւ անկէ ճիւղաւորուած են։ Այդ քաղաքակին մէջ է որ կառուցուած է Ամերիկայի առաջին Հայ Առաքելական եկեղեցին, 1891-ին, ինչպէս նաեւ առաջին Հայ Աւետարանական Եկեղիցին, 1900-ին։ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջին Հայ Առաքելական եկեղից կը կոչուի Սուրբ Փրկիչ (Saint Savior), իսկ Հայ Աւետարանական առաջին եկեղեցին կը կոչուի Հայ Մարտիրոսաց Եկեղեցի (Armenian Church of the Martyrs)` յիշատագրուած Համիտեան ջարդերու նահատակներուն։ 

Կիլիկեան Կաթողիկոսութեան Միջին Արեւելքի Արաբական երկիրներուն մէջ հաստատուիլը բնական ընթացքը եղաւ Մեծ Եղեռնէն փրկուածներուն համար։ իսկ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, Կիլիկեան Թեմին ծնունդը քաղաքական եղաւ, ոչ թէ պատմասիրական՝ ունենալու համար պատմական Կիլիկիոյ միակ կենդանի հաստատութիւնէն ներկայացուցիչ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։

Դժբախտ իրողութիւնը այն էր որ Աւեւտմտահայ Խրիմեան Հայրիկին կոնդակով հիմնուած Հայ Առաքելական Եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ զլացաւ եկեղեցական կարգ ու սարգը՝ հայ այն հատուածի անդամներուն որոնք վեր կը պահէին եռագոյնը, կ՚երգէին «Մեր Հայրենիքը» իրենց  հաւաքոյթներուն ընթացքին եւ վար կը պահէին Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի մեծ երազը։ Նախքին քաղաքական բաժանումը թէեւ վերացած է ներկայիս, բայց այդ օրերու բաժանումին հետեւանքով ամրապնդուած են Էջմիածնի եւ Անթիլեասի Հայ Առաքելկան Եկեղեցիին երկու թեմերը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ` էջմիածնին թեմը հիմնուած է, ինչպէս նշեցի, 1898-ին իսկ Կիլիկեան թեմը հիմնուած է շուրջ 75 տարիներ ետք՝ 1973-ին Նիւ Եորք քաղաքին մէջ։

Ընդհանրացած երեւոյթ է որ երբ հանդիպիս Ամերիկահայու մը որուն նախապէս հանդիպած չես եղած, ձեր  առաջին ծանոթակցութիւնը ըլլայ հարցնելով ո՞ր եկեղեցին կը յաճախեն. ոչ թէ, կրօնական հաստաուտում մը ընելու համար, այլ ընկերային, չեմ ուզեր ըսել քաղաքական, քանի որ ինչպէս նշեցի, նախքին քաղաքական բաժանումը վերացած է եւ անսովոր չէ որ երկու թեմերուն եկեղեցիները միատեղուին տօնակատարութեան համար, ինչպէս  պիտի ըլլայ այս տարուան Ապրիլեան յիշատակութիւնը Worcester քաղաքին մէջ, ինչպէս եղած է նաեւ անցեալ տարիներուն։

Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի տեսլականը խթանը եղաւ պատմական Կիլիկիոյ Սիսի կամ Անթիլեասի կաթողիկոսութեան հաստատումին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։ Իսկ այժմ ազատագրուած եւ անկախացած Հայաստանին ժողովրավարական կարգով ընտրուած իշխանութեան հանդէպ ներ Հայաստանեան քաղաքական դիրքաւորոշումը սփիւռքի մէջ կը ջլատէ եւ պիտի ջլատէ Կիկիլիոյ Սիսի կամ Անթիլեասի կաթողիկոսութեան հօտը եւ թեմը։

Հետեւաբար՝ ինչպէս տեղադրած էի ֆէյսպուքի էջիս վրայ՝ 

 « Կիլիկիոյ Սիսի եւ ներկայիս Անթիլիասի սփիւռքին անյետաձգելի վերակազմակեպումը կարելի պիտի չըլլայ եթէ անոր ազգային ողնածուծը եղողը կազմակերպութիւնը՝ ՀՅԴ-ը տակաւին շարունակէ մխրճուիլ ներ Հայաստանեան քաղաքականութեան մէջ եւ այդ քաղաքականութեանբ եւ անկէ փխած ղեկաւարութեամբ ձեւաւորէ եւ հիմնաւորէ ինքզինքը սփիւռքի մէջ եւ սփիւռքէն իր յարաբերութիւնը Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգընտիր իշախանութիւններուն հանդէպ՝ աջակցելով մէկուն եւ ընդիմանալով միւսին։

՚իմ պատկերցումովս եւ զանց ընելով տեղադրել այլ հատուածներէ հնչած նման մտահոգութիւն՝ Կիլիկեան Թեմի կարգ մը եկեղեցիներուն գոյութիւնը վտանգուած է Արեւելեան Ամերիկայի Ափին վրայ։ Ոչ թէ միայն բնական մաշումին համար, այլ նաեւ պառակտումին որ հօտը եւ թեմը կը մաշեցնէ։ »

 

No comments:

Post a Comment