Վանէ Յ. Աբէլեան
Այն տպաւորութեամբ կը մնամ որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Համացգայինի 9րդ պագաւորական ժողովը աւելի շատ կեդրոնացած եղած կը թուի ըլլալ Հայաստանի քաղաքական հարցերուն մեկնաբանութեամբ քան Համահայկական մշակույթային եւ կրթական հարցերուն, մանաւանդ երբ նկատի կ՚առնեմ սփիւռքի կրթական եւ մշակոյթային տխուր վիճակը։
Ահաւասիկ այդ տխուր եւ տխրեցնող վիճակին ներկայխացուցիչներ, որոնք ներկայ եղած են համագումարին որպէս պատգանաւորներ կասեցնելու համար հայ մշակոյթին սանձարձակ վայրէջքը սփիւռքի մէջ, բայց եզրակացուցած են Հայաստանի կառաւարութեան ապազգայնական ըլլալը։ Տակաւին՝ երբ նկատի կ՚առնեմ որ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական նախարարը կամ Կրթական նախարարութիւնէն ներկայացուցիչներ չեն հրաւիրուած համագումարին զեկուցնելու համար Հայաստանի մէջ տիրող կրթական հարցերը՝ աւելիով կը կը հաւակնիմ հաստատել որ այս պատգաւորական համագումարը քաղաքական եղած է իր էութեամբը, քան մշակոյթային եւ կրթական։
Այլապէս ինչպէ՞ս նման եզրակացութեան մը կրնային հանգիլ համագումարին պատգամաւորները որոնք իրենց խմբագրած յայտարարութեամբ կը յաւակնին հաստատել Հայաստանի «Օրուան իշխանութիւններու ապազգային քաղաքականութիւնը......եւ ազգային ռազմավարական նպատակներէն հրաժարումը»։
Զարմանալի եւ զարմացնող յայտարարութիւն մըն. է որ խմբագրած են Համազգայինի 9րդ Համագումարը պատգամաւորները որպէս հաստատում մը։
Զարմանալի եւ զարմացնող երբ նկատի կ՚առնեմ Արա Սանճեանին մատնանշումը որ կը պարզէ Սփիւռքի սիրտը ու հոգին հանդիսացող Լիբանահայութեան մշակութային տխուր չոր իրողութիւնը՝։ Կը մէջբերեմ՝ « Լիբանանի նոր խորհրդարանին մէջ հայ առաքելական եւ կաթողիկէ համայնքներուն յատկացուած վեց աթոռներուն տիրացած երեսփոխաններուն ներկայ փաղանգին մէջ միայն մէկը կայ, որ կրնայ հայերէն կարդալ ու գրել․․․ Մնացեալներէն երեքն ալ մի քանի նախադասութիւն կիսատ-պռատ հայերէն կրնան խօսիլ․․․Եթէ չեմ սխալիր, չորս տարի առաջ ընտրուած վեցեակին պարագային ալ համեմատութիւնը նոյնն էր... (Արդէն այդ վեցէն չորսը վերընտրուեցան։)»
Տակաւին չեմ ակնարկեր Սփիւռքի մեծամասնութեանը որոնք ոչ թէ միայն Հայերէն չեն կրնար կարդալ, այլ չեն կրնար խօսիլ եւ հասկնալ։ Բայց անբացատրելի մեծամտութեամբ մը՝ ջանք եւ ճիք չէ տարուած անոնցմէ ներկայացուցիչներ հրաւիրել Համայզգային պատգաւորական համագումարին որպէսզի պատգաւորական ժողովը արտայայտութիւնը ըլլայ սփիւռքի հայ կրթական եւ մշակոյթային իրողութեանը։
Ահաւասին այսպէս՝ սփիւռքէն հայախօս ընտրեալներու ներկայացուցիչները Հայաստանի մէջ որպէս Համազայինի 9րդ Համագումարին պատգամաւորները՝ իրենք աջքին գերանը մէկդի ձգած, Հայաստանի իշխանութեան տարած կրթանպաստ աշխատաքները անգիտանալով անոր քաղաքականութիւնը «ապազգայնկական» ըլլալու վերագրումները ընելու իրաւասութիւնը տուած են իրենք իրենց՝։
Կրօնական ակնարկ չէ որ կ՚ընեմ, ոչ ալ բարոյախօսութեան, այլ պազապէս չոր իրողութեան զգաստութեան համար ընդհանրացած հրաւէր մըն է որ կը մէջբերեմ Սուրբ Գիրքէն։
՝« Մատթեոս 7:1-9
«Մի՛ դատեք, որ չդատվեք. որովհետև ինչ դատաստանով որ դատեք, նրանով պիտի դատվեք, և ինչ չափով որ չափեք, նրանով էլ ձեզ կչափվի։ Եվ ինչո՞ւ եղբորդ աչքի միջի շյուղը տեսնում ես, իսկ քո աչքի միջի գերանը չես նկատում։ Կամ ինչպե՞ս ես եղբորդ ասում՝ "Թող շյուղն աչքիդ միջից հանեմ", երբ ահա քո աչքի մեջ գերան կա։
Կեղծավո՛ր, նախ քո աչքից գերա՛նը հանիր և այդ ժամանակ կտեսնես, թե ինչպե՛ս է եղբորդ աչքին շյուղը։»
No comments:
Post a Comment