V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, September 9, 2021

ԳՈՒՆԱԳԵՂ

Վահէ Յ. Աբէլեան


 Առաջին ակնարկով անտեղի ածական մըն է՝ եւ ես պիտի չթելադրէի վարչապետին այդ ածականը գործածած ըլլալ։ Որեւէ դասական հասկացողութեամբ քաղաքական մարդ հաւանաբար պիտի գործածեր «պատշաճ» բառը քան թէ «գունագեղ» ածականը։ Ահա, այս է որ յայտարարած եղած է վարչապետը Սեպտեմբեր 8-ին կառաւարութեան նիստին ՝ «Ուզում եմ ասել, որ սեպտեմբերի 21-ին Հանրապետության հրապարակում տեղի է ունենալու մասշտաբային և գունագեղ տոնակատարություն։ Այդ տոնակատարությունն առաջին հերթին նվիրված է լինելու Հայաստանի անկախության, անվտանգության, ինքնիշխանության և Արցախի համար իրենց կյանքը զոհած նահատակների հիշատակին»։

Իսկ ես տակաւին ծանօթ չեմ ըլլալիք տօնակատարութեան յայտագրին։ Բայց պիտի չզարմանամ որ այդ ածականը առանցքը դառնայ Սփիւռքահայ կարգ մը թերթերու խմբագրականներուն եւ ինչեր եւ ինչեր պիտի հետեւցուին։

Բայց կը պատկերացնեմ որ վարչապետը ըսել ուզած է որ արցունքով չէ որ պիտի ողողենք «Հանրապետութեան Հրապարակ»ը եւ ոչ ալ  սեւով պիտի պատենք զայն Սեպտեմբեր 21 ին։ Խորքին մէջ այդ չէ՞ որ ազգովին կր շարունակենք ընել՝ երանելի տալով հայրենիքին համար զոհուածին, նահատակին։ Իսկ երանելիութիւնը արցունքով եւ սեւով չէ որ ազգովին կը նշենք կամ կրնանք նշել։ «Մեր Հայրենիքին» վերջին համարով մենք ենք որ կը շարունակենք երգել եւ ոչ թէ կրկնել այն ինչ որ Ամերիկացի զօրավարը ըսած է ամէն ճշմարտութեամբ որ պատերազմը թշնամիդ սպանելով կը շահիս ոչ թէ պատերազմին համար մեռնելով։ Իսկ մենք՝

Ամենայն տեղ մահը մի է

Մարդ մի անգամ պի՛տ մեռնի,

Բայց երանի՝ որ յուր ազգի

Ազատության կզոհվի։

Զգացականօրէն ես ալ տարուած եմ «Մեր Հայրենիք» հիմնովը (hymn)՝ չըսելու համար օրհներգը։ Հաւանաբար ժամանակն է որ մտածենք այդ երգին մասին եւ հարց տանք որ արդիօք ժամանակավրէպ չէ՞ այլեւս։

Բնականաբար չեմ առաջարկեր անտեսել այդ երգը՝ անշուշտ որ անուռանալի պատգամ մը ունի։ Բայց ոչ թէ պետականացնենք զայն։ Ամերիկայի պաշտօնական հիմնը “Star Spangled Banner”ն է։ Ահռելիօրէն դժոուար երգուելիք հիմն մըն է։ Կարդացած եմ առաջարկներ փոխելու զայն աւելի դիւրին երգուելիք երգով մը։ Բայց կը կասկածիմ որ այդ կարելի է ընել եւ կամ երբեւիցի պիտի ըլլայ։

Բայց Ամերիկան ունի ուրիշ ընդհանրացած երգ մը` «America the Beautiful”։ Մենք ընտանիօք անցեալ շուրջ 25 տարիներուն մաս կազմած ենք Ohio, Cincinnati քաղաքին մէջ գտնուող եկեղեցիի մը ուր մէկ այլ հայ ընտանիք կը յաճախէր որոնք նահանգը հաստատուած եղած են երկար ժամանակ է է վեր։ Հոն, պատշաճ պարագաններուն, այդ վերջին նշած երգն էր որ կ՚երգուէր ընդհանրապէս քան թէ պաշտօնական հիմնը։ Նոյն պիտի ըլլայ պարագան եթէ հիմնը վերատեսութեան ենթարկուի։

Պիտի առաջարկեմ ընթերցողներուն մտիկ ընել Սովետական Հայաստանի՝ Արամ Խաչատուրեանի երաժշտութեամբ պատրաստուած հիմնը ( https://www.youtube.com/watch?v=4zW2GNm9L6k )։ ԱՆշուշտ որ անոր բառերը պէտք է բարեփոխուին այնպէս ինչպէս բարեփոխուած է «Մեր Հայրենիք» օտարամուտ բնագիր բանաստեղծութեան բառերը։ Անուռանալիօրէն Արամ Խաչատուրեանին երաժշտութիւնը աւելի կենսունակ է եւ չունի «Մեր Հայրենիք» երգին մելամաղձութիւնը։

Անձնապէս կասկած չունիմ որ Սեպտեմբեր 21 ի Անկախութեան Օրին պիտի ըլլայ շատ պատշաճ յայտագիրը մը նուիրուած յիշատակելու համար Արցախի պատերազմեներուն նահատակուած հայ մարտիկները։ Արդէն մենք միշտ, միշտ աւելի պատշաճութեամբ թաղած ենք քան գնահատած եւ արժեւորած ողջը եւ առողջը։

 

 

 

 

 

No comments:

Post a Comment