V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, November 13, 2020

Ձայներ Հնչեցին Երեւանէն

Դիմատետրին մէջ եղած տեղադրութիւններ ժամանակի ընթացքին շատ հաւանաբար պիտի կորսուին կամ ջնջուիմ։ Կցած եմ  Արցախեան պատերազի դադրեձումէն - 10.10. 2020 - անմիջապէս ետք՝ երեւանէն հնչած Կարգ մը ձայները։

 


Ռաֆֆի Տուտագլեան

ՀԵՐԻՔ Է, ԲՈԼՈՐԴ ԱԼ

«Ահաւոր է, ահաւոր է մեր երկրի քաղաքական բանավէճի մակարդակը: Հայաստանն ու Արցախը ծայր աստիճան բարդ խնդիրներու առջեւ են, հազարաւոր գաղթականներ, պատերազմէն կոտրտուած բանակ, տնտեսական դժուարութիւններ, կովիդի ահագնացող թիւեր, եւ այս բոլորին մէջ՝ մէյ մը դիտեցէք իշխանական եւ ընդդիմադիր շրջանակներու բանավէճի մակարդակը: Փողոցային հայհոյանքներէ, դաւաճանական փոխադարձ մեղադրանքներէ, սպառնալիքներէ եւ փոխադարձ ամբաստութիւններէ անդին չանցնիր... Ա՞յս եք դուք, հայ ժողովուրդի քաղաքական էլիտա կոչուածներ:

Ճգնաժամի ամէնէն սուր ժամերուն, ա՞յս է քաղաքական դիսկուրսի մակարդակը: Երկուստեք կիրքեր հրահրելով, սուտ եւ իրաւ լուրեր տարածելով որո՞ւն վստահութիւնը կը փորձէք շահիլ: Վերջ դրէք այս իրավիճակին եւ վենտեթայէն անդին անցնելով քաղաքական լուրջ քննարկումներու սկսեք:

Ձեր այս ընթացքով անտէր ժողովուրդին ցաւն ու յուսախաբութիւնը, անզօրութիւնն ու հիասթափութիւնը աւելի ու աւելի կը խորացնէք:

Շուտով ոչ թէ Արցախէն, այլ Հայաստանէն պիտի սկսին փախչիլ հայերը: Յոյս փնտռեցէք, կեանք փնտռեցէք: Փորձեցէք խաւարին մէջ մոմ մը վառել, լոյս սփռել: Կարողութիւնը չունի՞ք: Հեռացէք ձեր աթոռներէն եւ հրապարակէն, իշխանաւոր ըլլաք թէ ընդդիմադիր...»

ՀԵՐԻՔ Է, ԲՈԼՈՐԴ ԱԼ:

***

Յակոբ Չոլաքեանէն

«ԾՈ, ԱՅՍ Ի՛ՆՉ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՂԱՆՔ ՄՆԱՑԻՆՔ ...

“Ես իմ ժողովուրդս կը փնտռեմ..., սա ամբո՞խն է, սա իմ անունովս խօսող մարդի՞կն են, ծո, ես ե՞ս եմ... Ո՞վ է դաւաճանը, հազար-հազար բերանէ իրարու հասցէին ՛՛դաւաճան՛՛ կը պոռանք , ակռայ կը սրենք, կը սպառնանք... Բոլո՛րս դաւաճան ենք, անամօ՛թ, անպատկա՛ռ.. Տակաւին անթաղ մնացած զոհերը որո՞ւնն են, այդ մեր անուշ-անուշ տղոց, մեր բոլոր սերունդներէն ամենալաւ սերունդին է՛ն աղուոր տղոց դիակները դեռ մէջտեղ են...ըսէք, որո՞ւնն են...: Աղէտ ապրեցանք, Աղէտ է, ինչո՞ւ դրօշները գոնէ մէկ շաբաթ չեն խոնարհիր, ինչո՞ւ իրարու մօտենալով չենք լար, չենք ապաշխարեր մեր զզուելի կեցուածքներուն համար, մայրերուն արցունքներուն առջեւ չենք վառիր, մրրկիր, մեղայի գար մեր տղոց շիրիմներուն վրայ , ներողութիւն խնդրեր իրարմէ, ցաւակցիր իրարու ու յետոյ՝ ելլել բան մը փրկելու համար: 

Ըսի՝ ՛՛Դեռ վարագոյրը չէ իջած. շարուակեցէք՛՛; 

Կա՛մ խելքի կու գանք, արդար ճիգով ոտքի կը կանգնինք՝ իրարու թեւ ու թիկունք եղած, որ արար մըն ալ դիմանանք ու վարագոյրը բաց պահենք յաջորդին համար, 

կա՛մ այսպէս անամօթաբար կը գզուըրտուինք, մինչեւ որ մեր ոտքի տակի այս պատառ մը հողն ալ սահի երթայ, ու վարագոյրը իջնէ այս ինքնասպանութեան պատմութեան վրայ:

Ծո, դուք անէծքին չէ՞ք հաւատար, անէծքը այսպէս չէ՝ հապա ինչպէ՞ս կ'ըլլայ...»

***

Աբօ Պողիկեանէն

ԿԱՐԾԵՍ ՄՈՌՑԱԾ ԵՆՔ, ՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՎԵՐՋԱՑԱԾ ՉԷ,

« կը դատապարտեմ իշխանութիւնն ալ ընդդիմութիւնն ալ. մեր մերկութիւնը ցոյց կու տանք աշխարհին, մանաւանդ մեր թշնամիներուն. կարծես մոռցած ենք, որ պատերազմը վերջացած չէ, կարծես վստահած ենք ուրիշին, որ մեր սահմանները կը պաշտպանուին ու մենք կրնանք իշխանական կամ ընդդիմադիր խաղեր խաղալ։»

***

Յակոբ Չօլաքեան

ԻՆՉՈ՞Ւ, ՉԷԻ՞Ք ԳԻՏԵՐ

«Ինչո՞ւ, չէի՞ք գիտեր, հարիւր տոկոսով, որ այսպէս պիտի ըլլայ, երբ թշնամին առիթը գտնէ, ու այդ ատեն՝ չէի՞ք գիտեր, որ մենք խուճապահար պիտի պարպենք մեր հայրենիքը, պիտի լքենք մեր տունն ու տեղը, մեր մշակութային հարաստութիւնները, ինչպէս պարպեցինք Վանը, Կարսը եւ մնացեալը...Մենք չստորագրեցի՞նք Պաթումի եւ Ալեքսանդրապոլի խայտառակութիւնները եւ հիմա՝ ասիկա...Մենք չէի՞ք գիտեր... Ինչո՞ւ, հիմա՞ գիտցանք, թէ ի՛նչ կ՛ըսէ թուրքը, խուլ ու կո՞յր ձեւացանք Թուրքիոյ մամուլին, հեռատեսիլին, պաշտօնական յայտարարութիւններուն հանդէպ...: Չարե՞նց պիտի ունենայինք գիտնալու համար, թէ ի՛նչ է մեր վիճակը եւ ի՛նչ պէտք է ընել...: Այո՛, ցեղասպանութիւն, բայց միթէ մենք նոյնքան ինքնասպանուող ազգ մը չդարձա՞նք 1890-ականներէն ի վեր...: Մեր պատմութենէն ու ներկայէն մէկ բան սորվեցանք, որուն այնքան հաւատարիմ ենք.- Յարատեւ կռիւ մենք մեզի դէմ : Դեռ վարագոյրը չէ իջած: Շարունակեցէ՛ք:»

 

 

 



 

No comments:

Post a Comment