Վահէ Յ. Աբէլեան
Միտքերս պարզելու համար կը սկսիմ հետեւեալ ներածականով՝
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կը միտի արմատական փոփոխութեան ենթարկել Հայաստանի կրթական համակարգը լաւապէս պատրաստելու եկող սերունդը դիմագրաւելու ներկայ եւ վաղուան բարթացող կեանքին պահանջքները։ Ահաւասիկ այս մտահոգութենէն տարուած կը ծրագրեն Հայերէն լեզուի դասաւանդութեան ընթացքը չպարտադրել շարունակել եկրորդական ուսումը լրացուցած եւ այմ ԲՈւՀեր յաճախող բոլոր ուսանողներուն՝ ինչպէս համալսարան (university), գոլէճ (college) եւ կը պատկերացնեմ նաեւ մասնագիտացած արհեստագիտութեան պատրաստող հաստատութիւններերէն ներս (technical school)։ Այլ կ՚առաջարկեն հայերէն լեզուի դասաւանդութիւնը թողուլ այդ մասնագիտութիւններուն պահանջքները տնօրինող դասախօսներուն եւ կրթական վարիչներուն։
Կը հաւատամ որ այս մտածողութիւնը Հայերէն լեցուին նուազ կառեւորութեան համար չէ երբէ՛ք։
Բնականաբար Կրթական նախարարութեան եւ հետեւաբար այժմու կրթական նախարարին, Արայիկ Հարութիւնեանին, յանձուած է այս շատ կառեւոր հարցը դասաւորել եւ ձեաւորել։ Ուսանողներէն ոմանք դէմ են կառաւարութեան այս դասաւորումին եւ կը պահանջեն որ իրենց երկրոդական վարժարանի հայերէն լեզուի դասընթացքները պարտադրաբար շարունակուին ՌՈւՀերէն ներս, անխտիր բոլոր ուսանողներուն համար։ կր պատկերացնեմ որ պարտադրանքը կը նշանակէ նոյն մակարդակի վրայ հայերէն լեզուի դասընթացքը շարունակել բոլոր ուսանողներուն համար, իւրաքանչիւր ուսումնական մասնագիտութիւններուն պահանջքներուն կողքին։ Իմ փորձարութեամբս հայերէն լեզուի դասընթացքներ հետեւաբար պիտի ըլլան շաբաթական երէկ պահեր, երկու տարուայ շրջանով մը։ Նոյն այդ ուսանողները կը պահանջեն նաեւ որ կրթական նախարարը հրաժարի իր պաշտօնէն։
Թերեւս այս շատ կառեւոր հարցին առընջութեամ է որ վերջէրս Ֆէյսպուքի զանազան էջերուն հանդիպեցայ Վիկտոր Համբարձումեան պատգամը որ կ՚ըսէ՝ « ..Կտակում եմ ինձ յաջորդող սերունդներին, թոռներիս, ծոռներիս տիրապետել հայոց լեզուին։ Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարի ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ լինի հայերէնից։ Մենք փոխանցում ենք սերունդներին ոչ թե արիւն, այլ գաղափարներ, և այդ գաղափարների մէջ ինձ համար ամենաթանկը հայոց լեզուն է։ Իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է սովորեցնել յաջորդին հայոց լեզուն։ Գիտցի՛ր, որ քանի ապրում եմ, իմ կեանքի ամենամեծ երջանկութիւնը եղել է և կը մնայ հայոց լեզուին տիրապետելը։ Ցանկանում եմ երջանկութիւն բոլորիդ։ Դա նշանակում է, որ պէտք է լաւ տիրապետել հայոց լեզուին:»
Պիտի խոստուանիմ որ վսեմ գիտնականին այդ պատգամը նախապէս չէի լսած։ Իմ սերունդս սփիւռքի մէջ դաստիարակուեցաւ Սիլվա Կապուտիկեանին պատգամովը։ Այսօրուայ պէս կը յիշեմ քանի ընկեր-ընկերուհիի, դասընկեր-դասընկերուհիի յուշատետրին մէջ այդ պատգամը ընդորինակած եմ։ Նման սովորութիւն կար պատանեկան մեր տարիներուն։ Եթէ ինծի հարց տաք թէ ի՞նչ բանաստեղծութիւն պահած եմ միտքս հայկական եկրորդական վարժարանը աւարտելէս աւելի քան հինգ տասնամեակներ վէրջ՝ անւարան պիտի ըսեմ՝ Սիլվա Կապուտիկեանին «խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութեան վերջին համարը եւ Աւետիս Ահարոնեանին «այսքան չարիք....» խօսքը։
Հիմայ մէջբերեն հարցումս՝ ՈՐՈ՞Ւ ՀԱՄԱՐ ԵՆ ՎԻԿՏՈՐ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆԻՆ ԵՒ ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆԻՆ ՊԱՏԳԱՇՄԵՐԸ եւ Ե՞ՐԲ է որ այդ պատգամները եւ կամ կտակները հայ երիտասարդները եւ երիտասարդուհիները իւրացուցած եւ որդեգրած պիտի ըլլան որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին փոխանցեն յաջորդող սերունդին։
Ամենաթոյզն իսկ կասկածը չունիմ որ Վիկտոր Համբարձումեանին եւ Սիլվա կապուտիկեանին հայերէն լեզուն կատարալեգործելու պատգամը ուղղուած ԲՈԼՈՐ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ԱՆԽԻՐ եւ ոչ թէ միայն ԲՈւՀի ուսանող եւ ուսանողուհիներուն համար միայն։
Հայերէն լեզուին տիրապետութիւնը ազգային անվտանգութեան կենսական հարց է եւ անոր կատարելագործումը պէտք է որ եղած ըլլայ երբ հայ աշակերտը եւ աշակերտուհին պարտադիր զինուորագրութեան տարիքի սեմին հասած է եւ անմիջապէս զինուորագրուելու եւ կամ ԲՈւՀ յաճախելու պատրաստ է։ եթէ այդ տարիներուն եւ այդ տարիքին աշակերտը եւ աշակերտուհին չեն կրցած տիրապետել հայերէն լեզուին կը նշանակէ որ դաստիարակչական լուրջ սխալ մը կայ հոն որ պէտք է անհրաժեշտաբար սրբագրուի եւ ոչ թէ այդ սխալ ընթացքը շարունակուի ԲՈւՀերէն ներս։
Հապա՞ հայերէն լեզուի պահպանումը սփիւռքի մէջ...............այդ ալ ուրիշ հարց։
No comments:
Post a Comment