Վահէ Յ. Աբէլեան
Կարոյին ըրած նկատողութիւնը աղերս ունէր իր մականունին
ուղղագրութեանը հետը։ Հետեւեալը նկատողութիւնը ըրած էր՝ «Ի դէպ հակառակ խմբագիրներու յամառ և հետևողական միջամտութիւններուն իմ մականուան ուղղագրութիւնը Արմենեան է...տարակարծութիւ՛ն մը՝ որ կարծես հաշտութեան յուսադրիչ եզրեր չունի։»
Պատահեցաւ որ քանի մը օրեր առաջ, համացանցին վրայ,
հարց տուած էի որ Զաւէն անունին ուղղագրութիւնը «է» ով կամ «Ե» ով պէտք է որ ըլլայ։ Կրկին համաձանձի շնորհիւ ճանցած
շրջանակէս Զաւէն Զագարեանը հետեւեալ բացատրութիւնը տուած էր որպէս իր պատասխանը հարցումիս՝
«Յատուկ անուններու մէջ Լ, Ն, Ս բաղաձայններէն առաջ արտասանուող E-ն կը գրուի Է տառով» եւ յիշած էր բազմաթիւ
անձանուններ, ինչպէս՝ «ՍամուԷլ (էԼ), ՍուրԷն (էՆ), ՎրթանԷս (էՍ)» եւ տակաւին «ԶաւԷՆ,
ԳուրգԷՆ, ՎիգԷՆ, ԽորԷՆ, ՎազգԷՆ, ԱրմԷՆ, ԱրսԷՆ, ԲաբգԷՆ, ՇահԷՆ, ՌուբԷՆ, ՓառԷՆ, ՕգսԷՆ, ՍուրԷՆ, ԿարԷՆ, ԱշխԷՆ․․․»։
Հեմնուելով Զաւէնին տուած բացատրութեան վրայ՝ հետեւեալը
հարց տուած էի Կարոյին, «Բայց ինչո՞ւ «ե» ով։ Քանի մը օրեր առաջ ինծի ճշդուեցաւ որ «է» հնչող անունները «Է» ով կը գրուին իչպէս՝ Զաւէն, Բաբգէն,
եւ հետեւաբար Արմէն եւ հետեւաբար անոր ընտանիքն ալ Արմէնեան է, ինչպէս է իմ պարագայիս։ Մեր գերդաստանին նախահօրը
անունը եղած է Աբէլ եւ իրմէ սերած ընտանիքն ալ տաս սերունդներու վրայ ճանցուած է Աբէլեան
մականունով»։
Կարօ Արմենեանին պատասխանը չուշացաւ եւ հետեալ բացատրութիւնը
տուաւ՝ «Սիրելի Վահէ, Ածանցման պարագային երկվանկ բառերու երկրորդ վանկի է-ն կը փոխուի ե-ի, եթէ հնչիւնափոխութեան չենթարկուի։ Օրինակ, Հալէպ-- հալեպահայ, Արմէն--արմենական։ Նաև՝ վրէպ--վրիպանք։ Յաւելեալ կանո՛ն մը։
Երբ բարդութեան պարագայ կ՚ըստեղծուի առանց լծորդի, է-ն կը մնայ է կամ կ՚ենթարկուի հնչիւնափոխութեան։ Օրինակ, վրէժ--վրէժխնդիր և վրէժ--վրիժառու։ Արմենեան մականունը ծնած է Արմէն անունին ածանցումէն, հետևաբար՝ Արմենեան, ինչպէս արմենականը։ Դժբախտաբար այս կանոնը յաճախ չէ, որ կը կիրարկուի մականուններու կազմութեան պարագային։ Քերականական առումով, մեր մականուններու աշխարհը քաոսի մէջ է։»
Յանկարծ մտապատկերիս վրայ կայծակնային արագութեամբ երեւցան պատահարներ այնպէս
ինչպէս պիտի երեւային պաստառի մը վրայ արագօրէն ցուցադրուած շողանձիկ լուսանկարները։ Ամէնքն ալ աղերս ունէին մօրս հետ եւ մեր մականունին իր նախընտրաց
ուղղագրութեանը հետ։ Ուզեցի ճշդել։ Ինչպէս վերեւը կցուածը ցոյց կուտայ՝ մայրս կը նախընտրեր
«ե»ով ստորագրել իր մականունը որը իրը եղած էր հօրս հետ ամուսնութիւնէն ետք։ Նոյնիսկ
ինծի նշած էր որ իր նախասիրութիւնը «ե» ով ստորագրել է։
Տարուած այս մտածմունքներէս, Կարօ Արմէնեանին տուած
բացատրութեանը պատասխանեցի ըսելով՝ «Չըլլայ որ հանգուցեալ մայրս որ հայերէն լեզուի ուսուցչուհի էր կը նախընտրէր Աբելեան ստորագրել նոյն այս տրամաբանութիւնէն տարուած»։ Կարոյին պատասխանը
եղաւ՝ « Տեսա՞ր։ Այսպիսի մարգարտեայ ձեռագրով գրող իմաստուն Մաման պարզ է, որ շատ բան գիտէր...»։
Զիս մտմտեցնող վիճակ մըն էր որ յանկարծ կը պատկերացուէր
առջեւ։ ես մօրս ուսուցչութեան հետ աղերս ունեցող գրութիւններէն սեղմ հաւաքածոյ մը խմբագրած
եւ հրատարակել տուած էի որպէս գիրք, «Ես եւ Ուսուցչութիւնը» վերնագրով բայց իր մականունը
հոն նշած էի որպէս ԱբԷլեան եւ ոչ թէ իր նախընտրած ուղղագրութեամբ, այսինք «Ե»-ով։ Բայց ինքը չէր առարկած։Նոյնը ըրած եղայ անցեալ տարի
երբ որպէս գիրք հրատարկել տուի իր պատրաստած խմբական ասմունքներու ձեռագիր հաւաքածոյին
կտորներ։ Բայց ինքը այլեւս գիտակցութիւնը չունէր։
Հիմայ կ՚անդրադարնամ որ մայրս Կարօ Արմենեանին նման
համառօրէն չէր կառչած մեր մականունին իր ուղղագրութեանը երբ իր նախընտրութիւնը այդ
եղած էր միշտ։ Ինծի ալ ակնարկած եղած էր իր նախընտրութեանը, երբ ոչ թէ մենք որպէս ընտանիք
այլ ամբողջ Աբէլեան տոհմածառին վրայի տակաւին հայերէնով եւս ստորագրողները անխտիր
«է» կը գործածեն։ Բայց ինչո՞ւ համար համակերպած եղած էր այս ընհանրացած սովորութեանը
երբ ինքը երկչոտ կին մը չէր երբեք եւ իր միտքերը արտայայտելու վերապահութիւն չէր ունեցած
երբեք։ Արդեօ՞ք անոր համար էր որ ինքը կին մըն էր, մայր մըն էր, իտկ նախասիրութիւնը այնքան թէական կրնար նկատուիլ որուն
համար պէտք տեսած չէր իր նախընտրութիւնը պնդել եւ ընդհանրացնել։
Մայրս մեռաւ անցնող Յունուար ամսուան 31, 2017-ին։ Մարմինը թաղեցինք շաբաթ մը ետք՝ Փետրուար
ամսուան 9-ին։
No comments:
Post a Comment