V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Saturday, March 4, 2017

ՇՈՒՆ ԵՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ

ՇՈՒՆ ԵՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ

Քանի մը օրեր առաջ լրացուցի Լեւոն Շարոյեանին՝ Սիմոն Սիմոնեանին գրութեան Անգլերէն թարգմանութիւնը։ Սիմոնեան ընտանիքը ստանցնած է հրատարակել թարգմանութիւնը որպէս գիրք մը։ Արդէն հայերէնը լոյս տեսած է Հայաստանի մէջ։ Սիմոն Սիմոնեանի գիրքերէն մէկուն վերնագիրը՝ «Լեռ եւ ճակատագիր» է։ Ես ալ պատշաճ տեսայ որ իմ այս գրութիւնս վերնագրեմ՝ «Շուն եւ Ճակատագիր», բայց այս անգամ ակնարկս ուրիշ բան չէ եթէ ոչ աշխարհի կամ մարդկութեան ճակատագիրը։

Շունը մեր գրականութեան մէջ եւ խօսակցական լեզուին մէջ իր տեղը ունի։ Բայց մեր շուները համեստ են, ալ ուր մնաց որ աշխարհի ճակատագրին վրայ որեւէ ազդեցութիւն ունենան։ Համաստեղի մեր սիրելի Չալոն տէր չունէր։ Իրեն հոգատար մարդոց ազգին նման, ինքն ալ իր գլխուն ճարը կը նայեր։ Անոր համար մեր շուները միշտ «շան բախտ» չեն ունեցած, վկայ մեր ժողովրդական մէկ խօսքը որ Ամերիկահայ ամենէն ականաւոր գիրքերէն մէկուն վերնագիրը եղաւ՝ Բիթըր Պալաքեանին «Պլէք Տօկ Օվ Ֆէյթ», Շան Սեւ Ճակատագիրը։



Բայց Ամերիկայի կեանքին մէջ շունը տարբեր դեր ունի տրուած ըլլալով Ամերիկայի նախագահին ընտանիքին մէկ անբաժան մասը կը կազմէ։ Թերեւս անոր համար որ Նախագահ Հէրըլտ Դրումըն ըսած է որ եթէ Ուաշինկթընի մէջ բարեկամ կ՚ուզես՝ շուն մը պահէ։ Տակաւին չհանդիպեցայ Նորընտիր Նախագահ Դրամբին շանը։ Արդեօ՞ք ան բացառութիւն պիտի ըլլայ, սպասենք։ Բայց իրմէ առաջ եկող նախագահները շուներ ունէին որոնք ծանօթ էին թղթակիցներուն ոչ նուազ քան Նախագահը։ Նախագահին ընտանքին ընտրած շան տեսակը եւ մանաւանդ Նախագահին վարմունքը շունին հետ՝ մամլոյ թղթակիցները ուշադրութեամբ հտեւած են միշտ։ Երբ Նախագահ Լինտըն Պէյնս Ճանսընը՝ Սպիտակ Տան պարտէզին մէջ, իր երկու շուներուն ականչները բռնելով օդը բարձրացուց լրագրողներուն եւ իր խորհրդականներուն ներկայութեանը՝ արդէն վաւերագուցած եղաւ այն ինչ որ Նախագահին համար կ՚ըսուէր որ ան ամէն պարագաներու տակ ինզինքը ուզած է պարտադրել դիմացինին վրայ եւ սովորութիւն ըրած էր իրեն խօսակիցներուն դիմացը, բայց շատ մօտը կանգնիլ եւ իր երկար հասակով գերիշխէր դիմացինին վրայ։ Նախագահ Լինտըն Ճոնընին շուներուն տեսակը մասնաւորաբար որսորդութեան համար էր եւ այդ կրկին նախագահին նախասիրութեան մասին բան մը ցոլացնէր։

Նախագահ Ճորճ Պուշին շունն ալ նուազ ծանօթ չէր։ ։ Ան այն տեսակի շուներէն էր որ տան համար սերընդագործուած են որպէս տան «պահապան» անդամ մը։ Շան անունը Պառնի էր եւ ունէր իր կայքէջը եւ իր առօրեային հետեւողները։ Պուշ ընտանիքին գուրգուրանքին առարկան էր։



Նահագահութեան շրջանը աւարտելէ ետք, Նախագահ Պուշին քով ի յայտ եկաւ գծելու իւրայատուկ տաղանդ մը եւ ան գծեց բազամթիւ քաղաքական ղեմքերու դիմանկարները որոցմէ է Նախագահ Բութինին խիստ արտայայտութեամբ դիմանկարը։ Դիմանկարին արտայայտութեան ակնարկելով Նախագահ Պուշը հետեւեալը  պատմեց հեռատեսիլի վրայ հարցազրոյցի մը ընթացքին։ 

Երբ Բութին այցելութեան կուգայ Ամերիկա՝ Նախագահ Պուշին հետ մէկ հանդիպման, ակնարկելով  Պառնիին՝ Բութինը Պուշին ըսած եղած է՝ «այս ալ շուն կը կարծէ՞ս»։ իսկ տարի մը ետք երբ Նախագահ Պուշ կը փոխադարձէ այցելութիւնը՝ Բութին կը ներկայացնէ իր մարմնեղ շունը Նախագահ Պուշին ըսելով որ իր շունը Պառնիյէն աւելի զօրաւոր է եւ աւելի արագ կը վազէ։ 



Այս օրերուն Նախագահ Դրամբին՝ Նախագահ Բութինին ի նպաստ ըրած արտահայտութիւնները լուրջ տարակարծութեան պատճառ դարձած  են նոյն ինքն Հանրապետական կուսակցութեան կարգ մը հոսանքներերուն մօտ։ Պիտի չզարմանամ որ Հանրապեական կուսակցութեան մէկ յատուածին անդամները որոնք հասարակած քաղաքական աշխարհայեացքներ ունին Պուշի ազդեցիկ ընտանիքին հետ չեն անտեսած եւ կասկածելէ է որ անտեսեն Նախագահ Բութինին ըրած ակնարկը Պաոնիին եւ հոն տեսած ըլլան մտայնութիւնը մը որ ճակատագրական  կրնայ ըլլալ այս երկու գերպետութիւններուն յարաբերութեան զարգացմանը։

                                                                                                         Վահէ Յ. Աբէլեան

No comments:

Post a Comment