V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, March 15, 2017

Էհրամճեան Վարժարան ՝ Յիշատակելի Լուսանկարներ

Յիշատակելի Լուսանկարներ
Վահէ Յ. Աբէլեան


Պարբերաբար այս լուսանկարը դիտած եմ եւ երեւեկայութիւնս զիս տարած է այն օրը՝ շատ հաւանաբար Շաբաթ օր մը, երբ երեք ուոուցչուհիներ, մէկ աշակերտ եւ չորս աշակերտուհիներ, դպրոցին տնօրէնը եւ դպրոցի հոգաբարձութեան երեք անդամներ մեկտեղուած են Կարօ անունով լուսանկարչական խանութի մը մէջ եւ լուսանկարուած են պատմութեան յանձնելու համար իրենց նորակառոյց դպրոցին հաւանաբար առաջին հունձքը։

Քիչ մը աւելի ուշադրութեամբ դիտեցէք նկարը եւ պիտի նկատէք որ աշակերտ եւ աշակերտուհիներուն ծնողները ճերմակ եւ գեղեցիկ հագուստներով պատրաստած են իրենց սիրասուն զաւակները՝ այդ օրը լուսանկարուելու համար։ Ուսուցչուհիներուն հագուստները նորագոյն ձեւէն կ՚երեւին։ Նմանապէս տղամարդոց հագուածքը նուազ չէ Ամերիկայի մեծագոյն ընկերութիւններու գլխաւոր գործադիր պաշտօնեաններուն chief executive officer հագուածքէն։ Ուսուցիչ եւ աշակերտի համեմատութիւնը յաճախ կրթակամ հարց է։ Այս պարագային հինգ աշակերտներու համար, երեք ուսուցչուհիներ, տնորէն մը տրամադրուած եղած է, իսկ այս լուսանկարըունենլու համար երէք հատ դպրոցի հոգաբարձութիւնէն ընկերացած իրենց։ 

Ներկայիս կա՞յ դպրոց մը որ նման համեմատութիւն կրնայ պահել։

Հաւանաբար հիմա հարց տաք.- Ո՞ր դպրոցին աշակերտները, ուոսուցչուհիները, տնօրէնը եւ հոգաբարձուներն են լուսանկարին մէջ եղողները։ Դպրոցը՝ Լիբանանի արուարձաններէն Տորայի շրջանին մէջ կամ մօտ եղող Նոր Ամանոս թաղին մէջ կամ անոր մօտը կառուցուած երբեմնի Էհրամճեան վարժարանն է։ Դպրոցը կառուցուած է 1954-ին, ինչպէս կը վկայէ կցուած դպրոցին բացման լուսանկարը՝ այսինքն Ցեղասպանութիւնէն երեսուն եւ ինը տարիներ ետք։


Առաջին նկարին մէջ, առաջին կարգին վրայ՝ ճերմակ ձեռնոցներ հագուած ուսուցչուհին՝ երեսուն տարեկանը նոր թեւակոխած, մայրս է (ծնած էր Սեպտեմբեր 2,1924-ին)։ Իսկ իր հագուած հագուստը, ինչպէս նաեւ մնացեալ երկու ուսուցչուհիներուն հագուած հագուստները իրենց ձեռքին գործերն են։ Գիտեմ, քանի որ մայրս զիս բազմիցս հետը տարած է հագուստի կերպաս գնելու։ Ձեւագիտութեան դաս առած էր եւ վարպետ դերձակուհի ալ էր։ Իրեն կը պարտիմ պատանեկութեան տաբատներս եւ շապիկներս, նամանաւանդ կարճ տաբատներս, զորս կարած եւ պատրաստած կ՚ըլլար հագուելու համար կանուխ գարնամուտի օր մը, որպէսզի ես ալ իմ ընկերներուս խումբին միանայի, ձեռքերնիս իրար ուսերուն վրայ դրած շրջագայելու Սուրբ Նշան Ազզային վարժարանին բակին մէջ, կանչելով.- «կարճ տաբատ հագուողները հոս թող գան»։

Մնացեալ ուսուցչուհիներուն անունները չեմ գիտցած, իսկ դպրոցին տնօրէնին անունը մայրս յիշած է իր գիրքին մէջ՝ Մանուկ Ուզունեան է։ Իսկ այդ շքեղ հագուած հոգաբարձունները իրենց խրոխտ եւ հաստատ կեցուացքներով եւ նայուացքներով մնացած են անծանօթ։  Շատ հաւանաբար անոնք եղած են այդ շրջանէն ներս գործող կօշկակարը, թերեւս ատաղձագործը եւ կամ երկաթագործը, որոնք պայմանագրած եղած են մօրս ուսուցչութեան յառաջիկայ ինը ամիսներուն ամսական 75 լիբանանեանով  հրաւիրագիրը, զայն նորոգելու խոստումով եթէ ոււուցչուհին իրենց գոհացուցած ըլլայ իր ծառայութեանբը, ինչպէս կը վկայէ մօրս քով տակաւին պահ մնացած հրաւէր պայմանագիրը։


Ես Էհրամճեան Վարժարանը չեմ յաճախած բայց յաճախ ընկերակցած եմ մօրս, շատ հաւանաբար Շաբաթ օրերը։ Կը ձգէինք այդ քանի մը տարիներուն Արեւմտեան Պէյրութի Զոքաք Իլ Պլաթի մեր բնակած երկու սենեակնոց յարկաբաժինը, ուր մեր ընտանիքը ամփոփուած էր անոր մէկ սենեակին մէջ, իսկ միւս սենեակին մէջ ալ ամփոփուած էր մօրեղբօրս ընտանիքը։ Իսկ մեծ մայրս կը քնանար երկու սենեակներուն միջեւ գտնուող հիւրասենեակին մէջ։ Մի՛ հարցնէք, քանի որ պատասխան չունիմ, թէ ինչպէս մեր երկու ընտանիքները հոն կրցած էին ապաստան գտնել եւ տակաւին երբեմն ալ Քեսապէն օրերով հարազատներ հիւրընկալել։ Բայց այդ օրերուն անբնական կացութիւն մը չէր այդ վիճակը։ Այդ յարկաբաժինին մէջ բնակող երբեմնի պզտիկները այսօր են հոգեբոյժ բժիշկ, դեղագործ, դեղագիտութեան վարդապետութեան տիտղոսաւոր, հիւանդապահունի։


Մօրս հետ մեր տունէն քալելով կը հասնէինք Րիատ Էլ Սոլհ հրապարակը, ուր հանրակառքը առնելով կը հասնէինք Տորա ուրկէ փոշոտ եւ յաճախ ձեխոտ պարտէզներու մէջ արահետներուն վրայէն քալելէ ետք, կը հասնէինք այդ տարիներուն նշանաւոր Էհրամհեամ վարժարանը, որ այդ շրջանին մէջ աղիւսով կառուցուած, մասնաւորաբար դպրոց ըլլալու համար քանի մը սենեակներով օժտուած միայարկ միակ շէնքն էր։ Նորակառոյց դպրոցը մաքրելու պարտականութիւնը ուսուցչուհիներուն էր, ինչպէս նաեւ դասարաններուն պատուհաններուն համար վարագոյրներ կարելը. իսկ երբ ազգին մեծաւորները դպրոց գային, անոնց սպասարկողները նմանապէս դպրոցին ուսուցչուհիներն էին։ Նայեցէ՛ք վերը կցուած լուսանկարին եւ հոն պիտի տեսնէք գոգնոց հագուած ուսուցչուհիներ, որոնք ազգին  մեծաւորները հիւրընկալող սեղանին շուրջ ժպտերես ոտքի կեցած են՝ պատրաստ սպասարկելու։

Ինչ որ իմացած եմ Էհրամճեան եղբայրները ստանձնած եղած են իրենց անունը կրող երբեմնի այդ դպրոցին շէնքին կառոյցին ծախսերը Բարեգորական Միութեան միջոցաւ եւ յանձնած են Ազգային իշխանութեան հուանաւորութեան։ Մայրս այդ նորակաոոյց դպրոցին մէջ դասաւանդելու հրաւէր ստացած էր եւ այսպէս մաս կազմած էր անոր առաջին ուսուցչական կազմին։

Յաճախ մտաբերած եմ այդ եղբայներուն մասին բայց շատ բան չեմ կրցած գտնել։ Նոյնիսկ գրած եմ Բարեգործական Միութեան՝ տեղեկութիւն հաւաքելու։ Հոնկէ ալ յաւելեալ տեղեկութիւններ չեմ կրցած ստանալ։ Դպրոցը շատոնց գոցուած է եւ իմացած եմ որ արհեստանոցի վերածուած է։ Եթէ պատահի որ այս յօդուածը կարդացողներ ըլլան որոնք յաւելեալ տեղեկութիւններ ունին դպրսցին մասին, թող հաճին բաժնել իրենց տեղեկութիւնները մոռացութենէ փրկելու համար Էհրամճեան եղբայրները եւ անոնց շնորհիւ Կաոուցուած երբեմնի Էհրամճեան վարժարանը։

*****

Դոտկ. Զաւէն Մըսըրլեանը՝ իր 3 Ապրիլ 2017 թուակիր նամակով հետեւեալ տեղեկութիւնները յանձնած էր ինծի ակնարկելով երկրորդ լուսանկարին։ Կը տեղադրեմ հոս։

«Էհրամճեան եղբայրներու նուիրատուութիւնը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մէջոցաւ եղած էր։ Դպրոցը շինուելէն ետք յանձնուած էր Լիբանանի թեմի Ազգային Իշխանութեան։ Վեղարաւարը Խորէն Եպս. Է (յետագային Կիլիկիոյ կաթողիկոս) երբ Լիբանանի առաջնորդն էր։ Հոգեւորականները շրջապատողներն են Հ.Բ.Ը.Մ.-ի այդ ժամանակաշրջանի ղեկաւարները եւ Ազգային Իշխանութեան միաւորները։ Հոն նշմարելի են Երուանդ Տէմիրճեանը, Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանը, Բիւզանդ Եղիայեանը, Յակոբ Դաւիթեանը եւ ուրիշներ։ Երբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը Էհրամճեան դպրոցը Ազգային Իշխանութեան տուած էր հանձագիրին մէջ պայման մը կար, որ եթէ դպրոցը փախուէր այն ատեն լրիւ կալուածը պիտի փոխանցուէր Հ.Բ.Ը.Մ.-ին։ Այդպէս ալ եղաւ, երբ Գեղամ Արք. Խաչերեանը առաջնորդ էր, դպրոցը փակուեցաւ ու դպրոցին շէնքը բակով տրուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ին, որ զայն կը գործածէ իրբեւ իր խօսնակը ամսագրի խմբագրատուն, ունի հանրային գրադարան մը եւ ձեռնարկներ կը կազմակերպէ Էհրամճեան կեդրոնին մէջ ամսական դրութեամբ։» 

Վահէ 1.10.2020




1 comment: