վահէ Յ Աբէլեան
ՀՀ առաջին նախագահ Լևոն Տեր-Պետրոսյանը՝ Սյունիք, Սիսիան, 1996-ին, խաղաղության ապահովման համար մատնանշած է երկու նախապայման, որոնք են՝
1․ Հարևանների՝ Իրանի, Վրաստանի, Թուրքիայի և Ռուսաստանի հետ տարվող հմուտ դիվանագիտական աշխատանքը, այդ թվում՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի վերաբերյալ,
2․ Բանակի՝ ռազմական ուժի հզորացումն ու ամրապնդումը, որը «խաղաղության ապահովման գերագույն պայմանն է»։
Իմ եզրակացութիւնս է որ ԼՏՊ քաղաքական մարդ չէր եւ չեղաւ, բայց չէր ալ կրնալ ըլլալ քանի որ քաղաքական առաջնորդ մը ըլլալու նախապայմանը, իր քաղաքական «ապրանքը» կարենալ ծախելուն մէջ է։ Անկասկած որ պատմութեան եւ հարցերուն եւ անոնց հաւանական ետեւանքներուն աւելի գիտակից էր քան իր շրջապատը։ Այդ մեկնաբանութիւնները որ ըրած է Սիսեանի մէջ նման են Նիկոլ Փաշինյանի խաղութեան խաչմերուկի քաղաքանութեան։ Բայց իր քաղաքական համոզումները մնացին համոզում։ Չկրցաւ «ծախել» զանոնք հանրութեան, պարզապէս քանի որ, եւ ի դժբախտութիւն Հայաստանին, բնութեան իսկ սահմանումով, քաղաքականութիւն ծախող մը չէր, մտաւորական մըն էր։ Ձգեց որ մարդիկ, կամ հանրութիւնը համոզուին իր տեսակէներուն ճշմարտութեանը եւ ընկալեն զանոնք։
Քաղաքականութեան մէջ կը յաջողի ան որ քաղաքական շուկան կ՚իջնայ իր «ապրանքը» ծախելու համար։ Իսկ քաղաքան հանդիսարապ կան կրկէս իջնալու համար պէտք է ունենալ տրամադրոութիւն, ֆիզիքական եւ հոգեբանական ամուռ կարոյց եւ մանաւանդ թանցր մորդ։ Քաղաքականօրէն կը ձախողի ան որ կ՚ակնկալէ որ մարդիկ համոզուին իր «ապրանքին» լաւութեանը եւ գնեն մտաւորականի եւ քաղաքական վերլուծափանութեան իր յանձնարականները։ Պարապ տեղը չէ որ business աշխարհի մէջ, ընկերութեան տնօրէնները բացառձակ մեծամասնութեամ կըլլան, ընկերութեան լաւ «ապրանքը», լաւ ծախողները եւ ոչ թէ, այդ լաւ «ապրանքը» ստեղծագործները՝ գիտնականները եւ գիւտարարները։
Սիւնիք, Սիսեան՝ Քաղաքականութեան այդ սկզբունքները, 1966- ին։ Մէկ տարի ետք՝ 1 նոյեմբեր, 1997-ին, ԼՏՊ հրատարակեց իր «Պատերազմ, թէ՞ խաղաղութիւն, լրջանալու պահը» քաղաքական տեսութիւնը։ ներկայաուց եւ բաւարարուեցաւ, սպասելով որ հանրութիւնը պիտի ընկալէ իր քաղաքական տեսութիւնը կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը։ Նոյնիսկ ահազանգեց գրելով՝ «Խոսքը չի վերաբերում Ղարաբաղը տալուն կամ չտալուն։ Խոսքը վերաբերում է Ղարաբաղը հայկական պահելուն. 3000 տարի այն բնակեցված է եղել հայերով եւ 3000 տարի հետո էլ պետք է բնակեցված լինի հայերով։” Բայց քաղաքական կրկէս չի մտաւ։
Ըսաւ, գրեց, բայց շուկայ չիջաւ ծախելու իր այնքան լաւ քաղաքական տեսութիւնը՝ քաղաքական «ապրանքը»։ Քանի մը ամիս ետք, անոնք որոնց ինքն էր որ Հայաստանի քաղաքական ասպարիզ մտցուց՝ ինչպէս Ռոպերթ Քոչարյան Արցախէն, Սէրժ Սարգսյան Արցախէն, Վարդան Ոսկանեան սփիւռքէն, մեկտեղուեցան այլոց հետ եւ իրենց քաղաքական boss-ը ՝ ԼՏՊ-ին վար առին։
Ներկայիս Հայաստանը վարող նախագահներէն ամենէն նուազ ունեւորը եւ քաղաքանօրէն ամենէն աւելի ան-ազդեցիկն է։ Կ՚ապրի կառաւարութիւնը իրեն տրամադրած տան մը մէջ։ Մինչ Ռոպէրթ Քոչարյան, Սէրժ Սարգսյան տիրացած են ահռելի հարստութեան, կողոպտած ըլլալով Հայաստանի հանրապետութեան եւ անոր քաղաքացիներուն հարստութիւնը եւ վատնած են ԼՏՊ քաղաքական ««Պատերազմ, թէ՞ խաղաղութիւն, լրջանալու պահը» քաղաքական տեսութիւնը։
Իսկ կեանքի մէկ դաժան իրողութեանը համաձայն, անոնք - Ռոպէրթ Քոչարյան, Սէրժ Սարգսյան - ներկայիս քաղաքականօրէն աւելի ազդեցիկ եւ շատ աւելի ունեւոր են քան ԼՏՊ-ը, պարզապէս քանի որ ԼՏՊ չկրցաւ քաղաքական կրկէս եւ կամ շուկայ իջնել, եւ իր «ապրանքը» ծախել։ Երբ քու «ապրանքիդ» տէրը չես կրնար ըլալ, անբնական պիտի ըլլալյ ակնկալել որ ուրիշներ ոչ թէ պիտի պիտի չընեն այդ քեզի համար, այլ պիտի չարաշահին իրենց օգտին համար։

No comments:
Post a Comment