V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, June 24, 2026

Անդփոխաինելի եւ Անժամանցելի

Այս տարի կը նշենք Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին, եւ հետեւաբար անոր շուրջ համախմբուած համայնքին հիմնադրութեան 180-ամեակը։ իսկ Հայաստանի մէջ կ՚ապրինք եկեղեցի, հօտ յարաբերութեան անրջրպետ մը կամ անկիւնարձային շրջան մը։ Չեմ զարմամար որ՝ յարաբերբար երիտասարդ Հայ Աետարանական Եկեղեցիին վիճակուած է ունենալ հոգեւորական բարենպաստ  պամական դեր մը Հայ հոգեւոր կեանքին մէջ, «ազգին հոգեւոր վերազարթնումին ի խնդիր։»  Վահէ Յ Աբէլեան



Շաբաթ մը ետք, Յուլիս 1-ին պիտի նշենք Հայ Աւետարանական եկեղեցիին հիմնադրութեան 180-ամեակը։ Անկասկած որ ժառանգութիւններ կան որոնք անփոխաինելի եւ անժամանցելի են։

Այսօր կարդացի որ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան»  Տպարան-հրատարակչատուն-ը հրատարակած է Մուշէղ Իշխանի գործերէն կամ ալ խոհերէն փունչ մը ըլլալ եղող  գիրք մը, ու անուանած է գիրքը՝ «Անժամանցելի խոհեր»։

Գիրքին անունակոչութիւնը զիս տարաւ հանգուցեալ Վեր. Պարգեւ Ն. Տարագճեան-ին «Անփոխաինելի Ժառանգութիւնը» գիրքին։ Թերեւ «Անժամանցելի խոհեր»գիրքը հասնի Ամերիկայի կողմը այս աշխարհին եւ ես առիթը կ՚ունենամ կարդալ զայն։

Վեր. Պարգեւ Ն. Տարագճեան-ին «Անփոխաինելի Ժառանգութիւնը» գիրքը լոյս տեսած է 2004-ին, հրատարակութեամբը Հայ Աւետարանական Ընկերակցութիւն-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգնրերուն, Փըրամըս, Նիւ Ճըրզի։ Կարդացած եմ գիրքը։

Հաւակնութիւնը չունիմ անշուշտ որ Հայ Աւետարանական եկեղեցիին հիմնադրութեան պատմութեան ծանօթ եմ, իր ամբողջութեանը մէջ։ Բայց կը պատկերացնեմ որ վեր. Պարգեւ Ն. Տարագճեանին այս գիրքէն աւելի հեղինակաւոր գործ կարելի է ունենալ, կամ ալ աւելի հեղինակաւոր աշխատասիրութիւն մը ունենալու հրամայականը ունենանք։

Կը մէջբերէն Պարգեւ Ն. Տարագճեանին այս գիրքին։

«Անփոխարինելի՛ է մեզի համար Հայ Աւետարանական շարժումին թողած ժառանգութիւնը։ Որովհետեւ, մեր գոյութիւնը արժիքաւորուած է ՀԱՅութիւնով, մեր հայութիւնը իմաստաւորուած է ԱՒԵՏԱՐԱՆականութեանով, ու մեր աւետարանականութիւնը արժէքաւորուած է ՇԱՐԺՈՒՄՈՎ։ Մենք կը հաւատանք որ մեր ցեղային գոյութեան խարիսխը Հայութիւնն է, մեր հայութեան իմաստ տուողը Աւետարանն է, ու մեր շարժումին ու խանդաւարութեան աղբիւրը Սուրբ Հոգին է։ Ուրիշ խօսքով, կը յանդգնիք յայտարարելու՝ թէ մեր ժառանգութիւնը կը դադրի անփոխարինելի ըլլալէ երբ վերցնենք հայը, կամ։ Աւետարանականութիւնը, եւ կամ Շարժումը։» (է՚ջ 17)

***

«Յոբելինական այս շքեղ հանդիսութեանը նուիրուած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին հիմնադրութեան 125-ամեակին, եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Ընկերակցութեան 50-ամեակին։ Նուիրուած է եկեղեցիի մը ու համայնքի մը, որոնք ակամայ գոյութեան եկան իրբեւ անջատ հաւաքականութիւն  եւ շարժում ։ Ակամա՛յ, որովհետեւ Հայ Աւետարանական նախահայրերէն ո՛չ մէկուն մտքէն կ՚անցնէր անջատ եւ ինքնուրոյն եկեղեցի մը հիմնել։ Սակայն պատահեցաւ անխուսափելին, երբ Կ. Պորսոյ մէջ Յուլիս 1946 թւին հոգեկան եւ ֆիզիքական երկունքներով ծնունդ առաւ այդ, եւ արժանաւորապէս կոչուեցաւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցի։

Իբրեւ համեստ ուսումնական մը Հայ Աւետարանական Շարժումի պատմութեան, այս պահուն կրնանք երկարօրէն ծանրանալ այն անուղղակի ազդակներուն վրայ որոնք ծնունդ տուին այս եկեղեցիին։ Սակայն, այս չէ այս պահուն մեզմէ ակնկալուածը։ ո՛չ  ժամանակն է, եւ ոչ ալ վայրը՝ արծարծելու պատմական այն մանրամասն դէպերը որոնք անցեալին դարձեր ե ն փուշեր, խոցոտած են սրտեր, նաեւ առաջագուցած մըրիկ՝ զատելու համար եղբայրը եղբօրմէն, ու հարազատները իրարմէ։

Որքան ալ կանուխ նկատուի դասախօսութեան այս կէտին, թոյլ տուէք մեզի որ կատարենք հաստատում մը Աւետարանական Շարժումին գոյառումին շուրջ, որ է նաեւ մեր անկեղծ համոզումը։ Հիմնուելով պատմական տուեալներու վրայ, կրնայ ըսուիլ՝թէ ժխտական երեւոյթ մըն էր՝ չարիք մը, եթէ կուզէք, 125տարիներ առաջ տեղի ունեցող անջատումը կամ բաժանումը։ Սակայն, նոյնքաՆ զօրաւոր համուզոմով կը յայտարարենք թէ այդ ակամայ ու երեւութական չարիքը Աստուած բարիքի ու օրհնութեան վերածեց։ Պարզելու համար մեր միտքը, եւ ուրիշ մէկ անկիւնէն դիտելով դէպքը, կրնանք ըսել թէ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին ծնաւ իրբեւ անբաղձալի մանուկ, ակնկալօրէն ծնողաց կամքին հակառակ։ Ան իր մանկութիւնը, պատանեկութիւնը ու դեռ երկար տարիներ՝ անցուց խորթ զաւակի մը դառն  զգացումներով, սակայն ծառայեց անոնց որդիական ջերմ սէրով, եւ գուգուրանքով։ Անոնց նեղութեան ու տառապանքի օրերուն սփոփեց զանոնք՝ երբ «մահուան շուքէ ձորէն» կ՚անցնէին, յոյս ներշնչեց անոնց՝ երբ վիրաւորուած էին, փաթթեց անոնց վէրքերը՝ եւ խնամեց զանոնք իր համեստ միջոցներով, մինչեւ որ հալեցաւ ծնողաց սիրտը, ու սկսաւ տակաւ ճանչնալ անբաղձալի այս զաւակը ու համակրիլ անոր։ Ու ըսենք ձեզի, սիրելի հայրենակիցներ, քոյրեր եւ եղբայրներ, թէ ուշ չէ այն ժամանակը երբ ծնողք իրենց կուրծքին պիտի սեղմեն այս զաւակը որ անոնք՝փոխադարձաբար՝ պիտի իրարու խոտուանին իրենց յանցանքները ու ներելոիվ իրարու, պիտի գործակցին ազգին հոգեւոր վերազարթնումին ի խնդիր։» (էջ 22)              

 

՛

 

 

No comments:

Post a Comment