V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Monday, June 22, 2026

The art of aging - Ալեւորիլու Արուեստը

Attached is my translation of George Carlin’s take on aging.  Vaհe H Apelian

Ճըրճ Քարլինի, կեանքի եւ ալեւորութեան արուեստը։


 

Do you realize that the only time in our lives when we like to get old is when we’re kids? Հէ՞չ անդրադարձած էք որ միակ ժամանակը երբ կ՚ուզենք մեծնալ մեր մանկութեան է։


If you’re less than 10 years old, you’re so excited about aging that you think in fractions. “How old are you?” “I’m four and a half!” You’re never thirty-six and a half. You’re four and a half, going on five! Երբ տասնը տարեկանէն պակաս ես, այնքան կը փափաքիս մեծնալ որ կոտորակով կը մտածես։ «Քանի տարեկան ե՞ս». «Ես չորսն ու կէս տարեկան եմ»։ Դուն երբէք եռեսունվեց-ու-կէս պիտի չըլլաս։ Ներկայիս դուն չորս ու կէս տարեկան ես եւ շուտով հինգ տարեկան պիտի ըլլաս։ 

 

That’s the key. You get into your teens, now they can’t hold you back. Պատանեկան տարիքին կը հասնիս, հիմայ ոչ ոք քեզ կրնայ քեզ զսպել։

 

You jump to the next number, or even a few ahead. “How old are you?” “I’m gonna be 16!” You could be 13, but hey, you’re gonna be 16! Կը ցատկես յաջորդ թիւին եւ թերեւս ալ քանի մը թիւեր եւս։ «Քանի տարեկան է՞ս»։ «Ես տասնը վեց տարեկան պիտի ըլլամ»։ Կրնայ ըլլլար որ տասներէք տարեկան ես, բայց հէ՛յ, տասնը վեց տարեկան պիտի ըլլաս։

 

And then the greatest day of your life . . . you become 21. Even the words sound like a ceremony . . . YOU BECOME 21. . . YEAS!!! Իսկ յետոյ՝ կեանքիդ մեծագոյն օրը կը հաանի եւ ՔՍԱՆ ԵՒ ՄԷԿ տարեկան կ՚ըլլաս։ Նոյնիսկ թիւը արարողութեան նման է՝ ՔՍԱՆ ԵՒ ՄԷԿ տարեկան եղած ես։ ԱՅՈ!!!

 

But then you turn 30. Oooohh, what happened there? Makes you sound like bad milk. He TURNED thirty years old. We have to throw him out. There’s no fun now. You’re just a sour-dumpling. What happened? Յետոյ կը դառնաս 30 տարեկան։ Օ ՜հ, ի՞նչ պատահեցաւ։ Թթուած կաթի պէս կը հնչէ։ Եռեսուն տարեկան դարձաւ։ Պէտք է զինքը արտաքսենք։ Զուարճութիւն չկայ այլեւս։ Դուն թթուած խմոր մըն ես։ Ի՞նչ պատահեցաւ։

 

You BECOME 21, you TURN 30, then you’re PUSHING 40. Whoa! Put on the brakes, it’s all slipping away. Before you know it, you REACH 50 . . . and your dreams are gone. 21 տարեկան Կ՚ԸԼԼԱՍ, 30 տարեկան ԿԸ ԴԱՌՆԱՍ եւ յանկարծ 40-ի կը ՄՕՏԵՆԱՍ։ Օհ ՜օ, դնենք արգելակները, ամէն բան արագօրէն կը սահի եւ կը սպրդի։ Մինչեւ որ անդրադառնաս 50-ին կը ՀԱՍՆԻՍ եւ երազներդ արդէն գացած են։ 

 

But wait!!! You MAKE it to 60. You didn’t think you would! Բայց սպասէ՛ 60 տարիքդ ԿԸ ՆՈՒԱՃԵՍ. չէիր կարծեր որ պիտի կարենայիր այդ տարիքին հասնիլլ։ 

 

So, you BECOME 21, TURN 30, PUSH 40, REACH 50 and MAKE it to 60. You’ve built up so much speed that you HIT 70! 21 տարեկան Կ՚ԸԼԼԱՍ, 30 տարեկան ԿԸ ԴԱՌՆԱՍ, 40-ի կը ՄՕՏԵՆԱՍ, 50-ի ԿԸ ՀԱՍՆԻՍ, 60-ը ԿԸ ՆՈՒԱՃԵՍ։ Բայց այլեւս արագընթաց գահավէժ ընթացքի մէջ ես եւ ԿԸ ԲԱԽԻՍ 70-ին։

 

After that it’s a day-by-day thing; you HIT Wednesday! You get into your 80s and every day is a complete cycle; you HIT lunch; you TURN 4:30; you REACH bedtime. Որմէ ետք օրը օրին։ 80 տարիքիդ մէջ ես եւ ամէն օր լման շրջան մըն է՝ ԿԸ ԲԱԽԻՍ կէսօրուայ ճաշիդ, ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՍ երեկոյեան ժամը 4:30-ին եւ կը ՀԱՍՆԻՍ գնանալու ժամիդ։ 

 

And it doesn’t end there. Into the 90s, you start going backward; “I was JUST 92. Բայց հոն չի վերչանար։ 90-ի մէջ ես եւ կը սկսիս ետ երթալ՝ «Նոր 90 տարիքս լրացուցի։»

 

Then a strange thing happens. If you make it over 100, you become a little kid again. “I’m 100 and a half!” Յետոյ տարօրինակ բան մը կը պատահի։ Եթէ 100 տարիքը հասնիս, պզտիկ տղեկ մը կը դառնաս կրկին՝ «Ես 100 եւ կէս տարեկան եմ» !

 

May you all make it to a healthy 100 and a half!! Ամէնքդ ալ հասնիք ձեր առողջ 100 եւ կէս տարիքին։

 

 HOW TO STAY YOUNG? ԻՆՉՊԷ՞Ս ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄՆԱԼ

 

Throw out nonessential numbers. This includes age, weight, and height. Let the doctor worry about them. That is why you pay the doctor. Ձերբազատուէ՛ այդ անիմաստ թիւերէն՝ ըլլան անոնք տարիք, կշիռք։ Ձգէ որ բժիշկները մտահոգուին անոնցմով։ Անոր համար կը վճառենք իրենց։


Keep only cheerful friends. The grouches pull you down. Ընկերակցիր միայն ուրախ ընկերներու հետ։ Տրտնջացողները քեզ ապառողջ պիտի ընեն։

 

Keep learning. Learn more about the computer, crafts, gardening, whatever. Never let the brain idle. ” An idle mind is the devil’s workshop.” And the devil’s name is Alzheimer’s.Շարունակէ սորվիլ։ Սորվէ համակարքիչը, պարտիզպանութիւն, արուեստ կամ որեւէ այլ բան։ Երբէք մի ձցեր միտքդ անզբաղ։ «Սատանային աշխատանոցը՝ ծոյլ միտքն է»։ իսկ Սատանային անունն ալ Alzheimer’s է։

 

Enjoy the simple things. Վայելէ պարզ բաները։

 

Laugh often, long and loud. Laugh until you gasp for breath.Յաճախ ծիծաղիր, բարձր եւ երկար։ Ծիծաղիր մինչես իսկ շնչահեղծ ըլլալու պէս ըլլաս։

 

The tears happen. Endure, grieve, and move on. The only person who is with us our entire life is ourselves. Be ALIVE while you are alive. Արցունքներ կը կատահին։ Դիմացիր, ողբայ եւ շարժման մէջ մտիր։ Միակ անձը որ մեզ հետ պիտի ըլլայ մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան՝ մենք ենք։ Կեանքոտ եղիր այնքան ատեն որ կեանք ունիս։ 

 

Surround yourself with what you love, whether it’s family, pets, keepsakes, music, plants, hobbies, whatever. Your home is your refuge. Շրջապատէ՛ դուն քեզ բաներով որոնք կը սիրես, ըլլայ այդ ընտանիք, յիշատակներ, երաժշտութիւն, տունկ, սիրական զբաղումներ։ Քու տունդ քու ապաստանն է։

 

Cherish your health: If it is good, preserve it. If it is unstable, improve it. If it is beyond what you can improve, get help.

Հոգ տար առողջութեանդ։ Եթէ լաւ է, պահէ զայն։ Եթէ կայուն չէ, բարելաւէ։ Իսկ եթէ քու կարողութիւնէդ վեր է օգնութիւն հայցէ։

Don’t take guilt trips. Take a trip to the mall, to the next county, to a foreign country, but NOT to where the guilt is. Մեղքի զգացումով ուղղեւորութիւններ մի՛ ընէր։ Շուկայ գնայ. Օտար երկիր ճամբորդէ. բայց ՈՉ այնտեղ, որտեղ մեղքի զգացումը կայ։

 

Tell the people you love that you love them, at every opportunity.Ամէն պատեհ առիթներու արտայայտէ սէրդ անոնց որոնց կը սիրես։

 

AND ALWAYS REMEMBER. ՄԻՇՏ ՅԻՇԷ՛


Life is not measured by the number of breaths we take, but by the moments that take our breath away. ԿԵԱՆՔԸ ՉԷ ՋԱՓՈՒԱԾ ՄԵՐ ՇՆՉԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԳՈՒՄԱՐՈՎԸ՝ ԱՅԼ ԱՅՆ ՊԱՀԵՐՈՎԸ ՈՐ ՄԵՐ ՇՆՉԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ԽԼԵՑԻՆ։

 

 

 

 

 

 

 

No comments:

Post a Comment