V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Tuesday, June 16, 2026

Պատահական խոհեր բարեկամէս - 4 -

 Այս պատահական խոհերը ստացած եմ բարեկամէս, Լիբանան։ Զանոնք կը վերարտադրեմ այստեղ։ վահէ Յ Աբէլեան


Աւետիս Զիլճեան

Այս գիւտարար-հնարամիտ հայուն պատմութիւնը կը սկսի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 1618-1623 թուականներուն։

Մետաղներու խառնուրդ փորձարկող Աւետիս՝ անագի ( zinc), պղինձի եւ այլ հազուագիտ մետաղներու բաղադրութեամբ ստեղծեց ծնծղաներ, որոնք յատուկ հնչականութիւն ունէին եւ դիմացկուն էին։

Օսմանեան պալատի սուլթանական նուագախումբը , յատուկ արարողութիւններու ընթացքին օգտագործուող ծնծղաները փոխարինեց Աւետիսի պատրաստած հարուածային նուագարաններով։

Օսման երկրորդ սուլթանը, առ ի գնահատանք Աւետիսի աշխատանքին, զինք պատուեց մակդիր-մականունով՝ Զիլճեան ( «զիլ»՝ ծնծղայ, «ճի»՝ վարպետ, «ան»՝ տոհմ):

«Զիլճեան» ծնծղաներու բաղադրութիւնը մնաց ընտանեկան գաղտնիք, եւ սերունդէ - սերունդ շարունակուեցաւ։

1929-ին Աւետիս երրորդ, գաղթեց ԱՄՆ եւ ընտանեկան արտադրութիւնը հաստատեց Մէսէչուսէթ նահանգի Գուինսի քաղաքին մէջ։ Այս մէկը Ամերիկեան « Զիլճեան» առաջին գործարանն էր։

Այդ օրերուն զարգացող «ճազ» երաժշտական տեսակի մէջ «Զիլճեան» մակնիշի ծնծղաներն ու հարուածային գործիքները շա՜տ մեծ համբաւ ապահովեցին նորաստեղծ գործարանին։

Ռաք էնտ Ռոլի նուագախումբերէն շատեր օգտագործեցին «Զիլճեան» մակնիշի գործիքները։ Ամէնէն մեծ անդրադարձը տեղի ունեցաւ 1964 թուականին երբ The Beatles նուագախումբը Ամերիկեան հեռատեսիլի ելոյթին երեւցաւ «Զիլճեան» համբաւաւոր ծնծղաներով։

Աւետիս երրորդի մահուընէ ետք, ընտանեկան անհամաձայնութեան մը հետեւանքով զաւակը՝ Ռոպըրթ Զիլճեան բաժնուելով, Գանատայի մէջ հիմնեց «Սապիան» ընկերութիւնը, որը «Զիլճեան»-ի մեծագոյն մրցակիցը հանդիսացաւ։

Ներկայիս, «Զիլճեան» հարուածային գործիքներու ընկերութիւնը՝ ծնծղաներու բաղադրութեան գաղտնիքը ամուր պահած, իր 400-ամեայ յաջող գործունէութիւնը կը շարունակէ, համաշխարհային չափանիշներով ճանչցուած որպէս լաւագոյնը, մրցակից ունենալով «Սապիան» վաճառանիշի գործիքները։

***

խնդիրը թշնամին սիրելն է

— Բարեկամին ամէն ոք կրնայ սիրելխնդիրը թշնամին սիրելն է։

Յիսուս Քրիստոսի խօսքն է։

Հիմա եկուր տես որո՚չ Պարսիկները կը հաւատան Քրիստոսիո՚չ ալ հրէաները։ Իսկ անդին՝ Լիբանանի «աստուծոյ կուսակցութիւն» դաւանողներըթէեւ կը հաւատան Հօր եւ կը խոնհարհին Անոր առաջսակայն հարց ունին միածին Զաւկին հետանոր վրայ վստահութիւն չունին։

Հիմա ըսէք տեսնեմ այս խնդիրը ինչպէ՞ս պիտի լուծում գտնէ եւ ոխերիմ թշնամիները ինչպէ՞ս պիտի կարենան զիրար սիրել։

Ա՛յ քեզ բա՜նպիտի ըսէր հայրենաբնակ հայը։

***

Ոչ իմ օրերուս

Եւ վերջապէ՜ս Լիբանանի մէջ օդը սկսաւ տաքնալգարնան ներկայութիւնըզգալի է։

Ակնյայտ էոր նիւթապէս ապահով մարդոց համար ձմեռ չկայ.  տարուան  չորս եղանակներն ալ գարուն ենիսկ անօթեւանանապահով եւ եկամուտազուրկմարդուն համար՝ ամբողջ տարին միշտ ձմեռ։

Արդեօք պիտի գա՞յ ատենըերբ Լիբանանի չորս եղանակներն ալ ապահ ովըլլայինկռիւպատերազմռմբակոծումբնակարաններու քանդում եւ քաղաքացիներու տեղահանութիւն տեղի չունենայ։

Հարցումը հարցուած է Տիրոջ եւ Իր պատասխանը եղած է՝

— Ոչ իմ օրերուս:

***

Կռուախնձորը

Մանկութեան օրերունհայոց պատմութեան դասապահին յաճախ կը լսէինք մեր հայրենիք Հայաստանի կռուախմձոր եղած ըլլալը։

— Յոյներու եւ պարսիկներու միջեւ մղուող պատերազմին Հայաստան կռուախնձոր դարձաւ։

— Հռոմի եւ Պարսկաստանի պատերազմներուն Հայաստանն էրկռուախնձորը։

Եւ այլն։

Օրին՝ չէինք կրնար լաւապէս պատկերացնել կատարուածը։ Կռիւը յստակ էխնձորն ալ մեր գիտցած խնձորն էայս երկուքը ի՞նչ կսպ ունին իրար հետ։ Թէեւ, - պէտք է ըսել, - կ՚անդրադառնայինքկռուախնձոր վիճակի մէջ գտնուիլը հաճելի բան եղած պէտք չէ ըլլարայլապէս մեր պատմութիւնը այդքա՜ն լաց ու կոծովարհաւիրքներով լեցուն չէր ըլլար։

Այժմ կռուախնձորի վիճակի մէջ գտնուողը Լիբանանն էուր Իրան եւ Իսրայէլիրար դէմ պատերազմը կը մղեն Լիբանանեան հողին վրայ քար ու քանդ ընելով երկիրը։

— Աս տեսակ խնձորին մայրը ի՜նչ ընեմ, - պիտի ըսէր համեստ լիբանանահայը։

No comments:

Post a Comment