Վահէ Յ Աբէլեան
Կարդացի «Ազդակ» օրաթերթի, 24 Օգոստոս, 2024-ի Խմբագրականը, որ վերնագրուած էր « 5-րդ Յօդուածին Ականուած Մեկնաբանութիւնը»։
Երեսուն տարուան թմբիրէ նոր արթնցած մարդու մտորումներուն պէս բան մըն էր «Ազդակ»-ի այդ խմբագրականը։ Արդէն սովորութիւն դարձած է Հայաստանի Գերագոյն Մարմնին համարատու եւ կամակատար սփիւռքահայ այդ հատուածին համար, հայ կեանքէն ներս վերջին քանի մը տարիներուն տեղի ունեցած ամէն դէպք կամ յայտարարութիւն, ոչ թէ վերլուծել, այլ որպէս պատրուակ գործածել՝ Թաւշեայ Յեղափոխութենէն ետք, ազգընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը դատապարտելու կամ դատապարտութեան թիրախ դարձնելու։
Տարօրինակ հոգեբանութիւն մը տեղ գտած է Հայաստանի Գերագոյն Մարմնին համարատու եւ կամակատար սփիւռքահայ այդ հատուածին մէջ։ Անշուշտ այդ հոսանքը կրնայ շարունակել իր ընթացքը եւ ենթարկուիլ անոր հետեւանքներուն սփիւռքի մէջ։ Իսկ Հայաստանի ընթացքը վարողները բնականաբար, Հայաստանի քաղաքացիներն են եւ Հայաստանի իրարայաջորդ իշխանութիւնները, որոնք խոցեցին, չըսելու համար ականեցին, ՀՀ Անկախութեան Հռչակագիրին խորքը, 21 Սեպտեմբեր, 1991-էն ի վեր՝ Թաւշեայ Յեղափոխութենէն շատ տարիներ առաջ։
ՀՀ Անկախութեան Հռչակագիրը, վաւերացուեցաւ 34 տարի առաջ, 23 Օգոստոս, 1990-ին։ Սփիւռքի այդ նոյն հատուածը զարմանալիօրէն՝ կամ գիտակից չէ, կամ կը գիտակցի, բայց կը դժկամի հանրութեան առջեւ անկեղծօրէն գաղտնազերծել իր համոզումը, թէ՝ Հայաստանի համար Հռչակագիրը Հայ պատմական իղձերուն իրականացումն է եւ ոչ թէ պատմական իղձերուն շտեմարանը կամ ալ անոր մէկ ալ կառեւոր հանգրուանը, թէեւ իղձերու երկչոտ ակնարկ կայ Հրչակագրին նախաբանին մէջ։
Արդարեւ, Հայաստանի իշխանութիւնները խոցել սկսան, 23 Օգոստոս 1990-ին վաւերացուցած Հռչակագիրը, քանի մը ամիս ետք, Սեպտեմբեր 21, 1991-ի անկախութեան հռչակումէն սկսեալ, պարզապէս քանի որ քաղաքականօրէն կարելի չէ եղած Հայաստանին համար այլ քաղաքական ընթացք որդեգրել՝ իր գոյութիւնը պահելու համար։ Հռչակագիրը խմբագրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ընթացքին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդին հետ գործակցաբար։ Ղարաբաղի ազատագրութեան շարժումն սլ սկսաւ եւ դադար առաւ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրով, բայց անոր յաջորդող երկու նախագահները՝ Ռ. Քոչարեան (ՌՔ) եւ Ս. Սարգսյան (ՍՍ), մերժեցին ԼՏՊ-ի, 1 Նոյեմբեր 1997-ի «Պատերազմ թէ Խաղաղութիւն՛ լրջանալու պահը» տեսութիւնը եւ հրաժարիլ տուին Նախագահ ԼՏՊ-ը, քանի մը ամիս ետք, 3 Փետրուար, 1998-ին։ Բայց իրենք ոչ ճանչցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը - Արցախի Հանրապետութիւնը 2017-էն ի վեր - ոչ ալ կցեցին Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին, թէեւ Հռչակագիրը այդ կը խորհդրանշեր։
Այդ երկու նախագահները, որոնք Ղարաբաղէն են, Լեռնային Ղարաբաղը մատնեցին քաղաքական անելի վիճակի մէջ, խախտելով Հրչակագրին խորհուրդը։ Իսկ Ապրիլ 23, 2018-ին նորընտիր վարչապետ Սէրժ Սարգսյանը պատեհ առիթը օգտագործեց անխուսափելի պատերազմէն խուսափելու եւ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն՝ ենթադրելով որ իրեն համար նպաստաւոր քաղաքական դրութիւն մը պիտի ստեղծուի Ղարաբաղի երկրորդ եւ անխուսափելի պատերազմէն ետք ու Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը պիտի խամրի իր սաղմին մէջ։ Բայց Հայաստանի քաղաքացիները չխաբուեցան այդ սադրանքէն եւ կրկին անգամ վերընտրեցին Նիկոլ Փաշինյանը թէեւ անոր իշխանութեան օրով Հայաստանը պարտուեցաւ եւ կորսնցուց Արցախի Հանրապետութեան կարելիութիւնը
Սեպտեմբեր 21, 1991-էն ետք, Հայաստանի իշխանութիւնները պատմական հայապատկան հողերու վիճակը՝ իմա Արեւմտահայաստան, եւ ցեղասպանութիւնը, հետեւեալ քաղաքականութեամբ ընկալեցին եւ գործադրեցին. Հայաստանը հողային պահանջք չունի Թուրքիայէն եւ Թուրքիոյ հետ իր դրացնութիւնը նախապայման չունի։ Այսինքն Թուրքերը Մեծ Եղեռնը հարց չեն ըներ, իսկ Հայաստանն ալ Մեծ Եղեռնը հարց չըներ։ «Մի հարցներ եւ մի ըսեր», Անգլերենով՝ “Don’t ask, don’t tell”, քաղաքականութիւն մը, հակառակ Հռչակագրին տրամադրութեան։ Այո, Մեծ Եղեռն եւ ոչ թէ ցեղասպանութիւն։ Իսկ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը, որ մաս կը կազմէր ՍՍ կառավարութեան, գրկաբաց ընդունեց այդ քաղաքականութիւնը։ Այս ալ նշեմ՝ Սէրժ Սարգսյանի Հանրապետական կուսակցութիւնը արդէն մեծամասնութիւն էր ԱԺ-էն ներս եւ կարիքը չունէր քաղաքական դաշնակցութեան, բայց հրաւիրեց Գերագոյն Մարմինը մաս կազմել իր կառաւարութեան եւ անոր՝ Գերագոյն Մարմինին ներկայացուցիչ Վահան Յովաննեսյանը Սէրժ Սարգսյանը կարգեց իր իշխանութեան, Արեւմտեան Եւրոպայի մեծագոյն երկրին՝ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը։
Հայաստանը, հայ իղձերուն իրականացման համար արիւնով ձեռք ձգած հնարաւորութեան կատարելիութիւնն եւ իրողութիւնն է եւ իրականը եւ ո´չ թէ Հայու պատմական իղձերուն շտեմարանը կամ ալ այդ իղձերուն մէկ հանգրուանը։ Պատմական Հայ իղձերուն շտեմարանը սփիւռքահայ հայ անհատն է իր տան մէջ եւ իր ընտանիքով, իր համայնքով, առանց որ այդ իղձերը բարդէ Հայոց Պետութեան կամ պետականութեան ուսերուն, գողարկելով Հայ Սփիւռքին ահաւոր անկումը։
Սփիւռքը կը պարտի գիտակցիլ որ գործնապաշտութիւնը (pragmatism), Հայաստանի քաղաքականութեան հիմնաքարն է եւ ո´չ թէ Անկախութեան այս Հռչակագիրին տառացի գործադրութիւնը՝ պահելու համար արիւնով ձեռք բերուած հնարաւորը եւ կարելին, որպէս ներկայ ազատ, անկախ, ժողովրդավար, եւ երջանկութեան արժանի Հայաստան։
Հետեւաբար, անհրաժեշտ է՞ բարեփոխել ՀՀ Անկախութեան Հռչակագիրը եւ անկէ բխող Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, կամ ոչ։ իմ հայեցողութեամբս՝ այո´։ Բայց այդ ընտրութիւնը բնականաբար կը մնայ Հայաստանի քաղաքացիներուն։
No comments:
Post a Comment