V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Saturday, August 3, 2024

«Արդի Խոհանոց» գրքոյքին խոհերով

Վահէ Յ Աբէլեան

Քանի մը օրեր առաջ, մօրմէս մնացած թուղթերը կը պրպտէի, «Արդի Խոհանոց» անունով գրքոյք մը ձեռքս անցաւ։ Տպուած է Լիբանան, Aravco Press, անունով տպագրատան մը կողմէ։ Գինը՝ 5  Լ.Ո- է։ Մայրս  նուիրած է հօրս, մակագրելով «Յովհաննէսին»։ Թէեւ մայրս իր անունը չէ նշած, բայց ստորագրութիւնը կասկածի առիթ չտար ճշդելու համար որ մօրմէս է։

Կրնամ պատկերացնել որ գրքոյկը շուրջ չորս տասնամեակներ առաջ տպուած ըլլալու է։ Հայրս ներկայ եղաւ մեր ամուսնութեան՝ 4 Յունիս 1977-ին, Ամերիկա, Նիւ Ճըրզի նահանգին Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ, ձեռամբ – Rev. Bernard Assadour Guekguezian -ի։ Հայրս ժամանած էր որպէս այցելու բայց Ամերիկա մնալ ուզեց քանի որ աշխատանքի համար ընելիք չունէր Լիբանանի մէջ։ Իր բանեցուցած պանդոկը՝ որ ծանօթ էր որպէս Հոթել Լիւքս, եկար ատեն մնացած էր Արեւելեան եւ Արեւտմեան Պէյրութի սահմանագիծին վրայ, կողոպտուած, եւ թալանուած էր։ Իսկ շրջանը՝ կեդրոնական Պէյրութը, մնաց անմարդաբնակ երկար տարիներ մինչեւ Հարիրին զայն վերածեց ներկայ վիճակին՝ շքեղ բայց անհոգի, ըստ տակաւին Լիբանանաբնակ ընկերոջս։

Հայրս, Ամերիկա իր կեցութիւնը կրցաւ օրինականացնել աշխատելով որպէս խոհարարապետ Նիւ Ճըրզի-ի, Home for the Armenian Aged, հաստատութեան մէջ։ Կը պատկերացնեմ որ մայրս այդ շրջանին ղրկած էր գրքոյկը հօրս։ Այդ տարիներուն, մայրս մնաց Լիբանան մինչեւ որ հօրս կեցութիւնը  օրինակացուեցաւ ստանալով հպատակութիւն։ 

Գրքոյկը հարիւր – 100 – էջնոց, ափի չափ գիրք մըն է, ընդհանրապէս անուշեղէնի պատրաստութեան գրքոյք մը։  Հոն նշուած է պատրաստութիւնը զանազան «Քէյք», երու, «Բուտինկ»-ներու, «Փայ»-երու, «Քրէմ»-ներուինչպէս նաեւ «մաամուլ»-ի, «Նամուրայ»-ի, «Սապլէ»-ի, «Պիսքուիթ»-ի, «քախքէ»-ի, «Ղուրապիա»-ի, «Տօ Նաթ»-ի, «Ռոզեթ»-ի, ինչպէս նաեւ «Չէօրակ»-ի պատրաստութիւնները։

Գիրքին սկբնաւորութեան տրուած է ընդհանուր գիտելիքներ, չափի մասին, ջերմութեան մասին, պատրաստութեան մասին՝ օրինակ «ալիւրը միշտ մաղել չափելէն առաջ», կամ՝ «Ալիւրը հաւկիթին աւելցնելու ժամանակ միշտ գործածել փայտէ դգալ եւ շատ չ՚խառնել։» Նման պատուէրներու թիւը տասնեւմէկ հատ է։

Յուսամ կրցաք պատկերացնել ինչ չափի է այդ սփի մը չափ գրքոյքը։ Կը պարունակէ 100 թուագիր էջեր եւ իւրաքանչիւր էջին վրայ գրուած է պատրաստութիւնը «քէյք»-ի մը կամ «Փայ»-ի մը։ Իսկապէս արդի խոհանոցին համար  պատրաստուած գրքոյկ մըն է  եւ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ է

Կար ժամանակ այդ լեզուով՝՝ արեւմտահայերէնով, կեանքի փորձառութիւն եւ ամբարուած գիտութիւն կը փոխանցուէր։ Նման տետրակ մը ունէր զոքանչս, կնոջս՝ Մարիին մայրը, որ բացառիկ ասեղնագործ մըն էր, ոչ թէ առօրեայ հասկացողութեամբ, այլ որպէս արուեստաւոր։ Երկար տարիներ աշխատեցաւ  ընկերութեան մը մէջ որուն աշխարհարչակ անուն ունեցող հագուստ կապուստին առաջին օրինակը ինքը կ՚ասեղնագործէր։ Դարձած էր այդ ընկերութեանը յարգուած պաշտօնեաններէն,  թէեւ հազիւ խօսակցական Անգլերէն գիտէր, եթէ կարելի է այդպէս բնութագրել գիտցած Անգլերէնը։ Իր երիտասարդութեան, Տիկին Ալիսը կարի եւ ձեւագիտութեան  դասընթացքի հետեւած էր, սյն ատեն Հալէպի մէջ հռչակ ունեցող Օր. Արշալոյս Խարմանտարեանի Կարի եւ Ձեւագիտութեան դասընթացքին եւ պահած էր երբեմնի դասընթացքին տետրակը ուր ձեռագիր մանրասնած էր տարբեր ձեւագիտութիւններ։ Տետրակը նուիրեցի անոր թոռնուհիին։ Մայրս ալ հետեւած եղած է նման դասընթացքի մը, Պէյրութի մէջ ես ստացած էր Կարի եւ ձեւագիտութեան վկայական։ Ներփակ զետեղած եմ զոքանչիս տետրակէն էջի մը նկարը ինչպէս նաեւ մօրս Կարի եւ Ձեւագիտութեան վկայականը եւ իր շրջանաւարտութեան նկարուած նկարը։

Տիկ. Ալիս Յովսէբեանին ձեւագիտութեան տետրակէն օրինակ մը

Իսկ նեկայիս, նոյնիսկ Մարին պիտի չօգտագործէ «Արդի Խոհանոց» այս հայատառ  գիրքը։ Անշուշտ որ կան բազմաթիւ նման Արեւմտահայ գիրքեր, աւելի մեծ ծաւալով, նկարազարդուած, ինչպէս մեր գրադարանին մէջ պահ դրուած Անահիտ Ֆ Տօնիկեանին «Եփելու Արուեստը» մեծածաւալ, գունաւոր գիրքը, տպուած 1980-ին, Լիբանան։ Սփիւռքահայը արդէն տիրապետած է իր երկրին լեզուին եւ ամէն կարելիութիւն ունի հետեւլու խոհանոցի պատրաստութեան, ոչ թէ միայն կարդալով երկրին լեզուովը, այլ նոյնիսկ հետեւելով անոնց պատրաստութեան նկարահանումը։ Իրողութիւնը այն է որ մեզմէ, Մարիին եւ ինծմէ ետք, հայերէնը նոյնիսկ որպէս տառական խօսակցական լեզու դադրած պիտի ըլլայ մեր թոռներուն տուներուն մէջ։

Այդ է Արեւմտահայ գիրքին անխուսափելի ճակատագիրը։ Աւելի քան երեսուն տարիներէ ի վեր ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իսկ, Արեւմտահայերէնը նմացած է որբ եւ անտէր։ 

կը մտածեմ գիրքոյկը նուիրել NAASR-ին (National Association for Armenian Studies and Research) եւ կամ Armenian Museum of America-ին։ երկուքն ալ Պոսթոն քաղաքին մէջ են։  Բնականաբար ճշդելէ ետք որ օրինակ մը չունին։ կը կասկածիմ որ այս գրքոյքին ուրիշ օրինակ մը ունենան հոն պահ դրուած։ Այդ հաստատութիւններն ալ սկսած են խնդրել նուիրատուներէն նախապէս ճշդել որ հաստատութիւնը օրինակ չունենայ։ Կար ժամանակ Հայատառ գիրքերու աղբաման մը ըլլալու վտանգուած  էին, փոխանակ շտեմարան մը։  

Թող «Արդի Խոհանոց» գրքոյքն ալ հոն պահ մնայ հազարաւոր այլ հայատառ գիրքերուն հետ։

Մայրս՝ առաջին շարք, առաջին ձախին։


 

 

 

 

 

No comments:

Post a Comment