Վահէ Յ Աբէլեան
Արք. Բագրատ Գալստանյանի ղեկաւարած «Տավուշ Յանուն Հայրենիքի» շարժումին բնոյթը հիմնովին փոխուեցաւ երբ Արք.-ը առաւ իր քայլը դէպի Երեւան։ Իսկ այդ քայլարշաւին սկսան աջակցիլ քաղաքական կազմակերպութիւններ՝ յատկապէս ներկայ իշխանութեան դէմ ընդիմադիր ճակատը բաղկացնող քաղաքական կազմակերպութիւնները որուն ամենէն ցայտունը եղաւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինով ղեկաւարուած Հայաստանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։
Ինչո՞ւ համար այս շարժումը յանգեցաւ Յունիս 12-ի պատահարին։
Ա. «Տավուշ Յանուն Հայրենիքի» շարժումը Ղարաբաղի վերամիացման համար է՞։ Բացառձակապէս ոչ։ 1997-ին Նախագահ Լեւոն Տէր Պէտրոսեանին՝ «Պատերազմ կամ Խաղաղութիւն, Լրջանալու Պահը» քաղաքական տեսութեան դէմ ցցուեցան Ռոբերտ Քոչարյան, Սերժ Սարգսյան, Վազգէն Սարգյան եւ Վարդան Օսկանեան քառեակը եւ իրեն պարտադրեցին հրաժարիլ Նախագահութիւնէն, իր քաղաքական տեսութեան յայտարարութիւնէն քանի մը ամիս ետք։ Որմէ ետք, յաջորդող քսան տարիներուն, նոյն այդ ղեկաւարները՝ նախքին նախագահները, որոնք այժմ նեցուկ են Բագրատ Գալստանյանին ղեկաւարած շարժումին, այդ տարիներուն չճանցան Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, եւ ոչ ալ կցեցին Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին, եւ ոչ ալ բանակցեցան Ազրպէյճանի հետ։ Հապա ձգեցին բանակցութիւնը օտար երկիրներու ռրոնք եբրէք Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանէն դուրս ճանչնալու տրամադիր էին, տալով Ազրպէյճանին ժամանակ որ իր բանակը կարգի դնէ։ Իսկ երկու նախագահները վարեցին անհիմն՝ «նոր պատերազմ, նոր տարածք», «ոչ մէկ դիզ» դիրքաւորում, ինչպէս նաեւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին «Արցախը Հայաստան է եւ վէրջ» անյիմնաւորուած յայտարարութիւնը։ Պատահեցաւ Սեպտեմբեր 27-ի 44-օրուայ պատերազմը որ յանգեցաւ Հայաստանի պարտութեան եւ Նոյեմբեր 9, 2020-ի պայմանագրութեան։
Բ. «Տավուշ Յանուն Հայրենիքի» շարժումը Արեւմտեան Հայաստանի Հողային պահանջին համար է՞։Բացառձակապէս ո՛չ։ Հայաստանի Նախագահները որոնք նեցուկ են այդ շարժումին, իրենց նախագահութեան օրերուն միշտ յայտարարեցին որ Հայաստանը Թուրքեայէն հողային պահանջք չունի։ Ոչ մէկ հաւաստիացում որ Տավուշի շարժումով եթէ իշխանութեան հասնին, այլ կերպ պիտի տնօրինէն իրենց քաղաքական յարաբերութիւնը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ։ Հողային պահանջք չունէին եւ պիտի չունենան։ Չմոռնանք որ իրենց հետ գործակցեցաւ Հայաստանի ՀՅԴ-ը որպէս անոնց կրտսեր քաղաքական դաշնակիցը։
Գ. «Տավուշ Յանուն Հայրենիքի» շարժումը Ցեղասպանութեան ճանաչումին համար է՞։ Բացառձակապէս ո՛չ։ Իրենց նախագահութեան շրջանին, նախքին նախագահները որոնք ներկայիս նեցուկ են Արք. Բագրատի ղեկաւարած շարժումին, ոչ մէկ ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջեցին Թուրքեայէն (բացառելով առաջին ԱԳ Նախարար Րաֆֆի Յովհաննիսյանը)։ Նախագահները միշտ փնտռեցին բարեկարգել Հայաստանի յարաբերութիւնը Թուրքիոյ հետ առանց որեւէ նախապայմանի։ Այսինք՝ Թուրքերը ցեղասպանութեան մասին չեն հարցնէր, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնն ալ ցեղասպանութեան մասին որեւէ բան չըսէր։ Տավուշով տիրանալէ ետք Հայաստանի իշխանութեան, ներկայ ընդիմադիրներուն Հայաստանի քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ նոյնը՝ բարեկարգել Թուրքիոյ յետ քաղաքական յարաբերութիւն եւ նախապայմաններ չունենալ, այնպէս ինչպէս չունէին։
Հապա՝ «Տավուշ Յանուն Հայրենիքի» շարժումին աջակցող քաղաքական կազմակերպութիւններուն նպատակը ի՞նչ է։
«Տավուշ Յանուն Հայրենիքի» շարժման նեցուկ եղող ընդիմադիր ուժերու ղեկաւարներըուն՝ իմա նախքին նախագահներուն գլխաւորութեամբ, միակ քաղաքական նպատակն է տիրանալ իշխանութեան որպէզի օրինականացնեն իրենց թալանը եւ մնան Ռուսաստանին քաղաքական ծոցը քանի որ այդ թալանը պահելու եւ քաղաքական վերնախաւին տիրապետելու պատեհութիւնը Ռուսաստանի մինատէրութիւնն է որ կընծայէ ընդիմադիրներուն։
Բայց, իշխանութեան գալը քաղաքական որեւէ կազմակերպութեան գեր նպատակն է։ Բնականաբար անօրէն բան մը չկայ Քաղաքական Պայմանագիր դաշնակցութեան ընդիմադիր քաղաքական կազմակերպութիւններուն ջանալ տիրանալ իշխանութեան, բայց օրինականօրէն։ Իսկ անոնք կ՚ուզեն տիրանալ իշխանութեանը առանց Հայաստանի մէջ սահմանադրականօրէն ճշդուած ժողովրդավարական կարգով։ Այսինք՝ չեն ուզեր որ տեղի ունենայ արտահերթ ընտրութիւն, այլ կ՚ուզեն իշախնութեանը տիրանալ առանց ընտրութեան` փողոցի անհնազանդութիւններով ճնշում բանեցնել վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին որ հրաժարի եւ ընդիմադիրները նշանակեն յաջորդ վարչապետը վարելու համար երկրին քաղաքականութիւնը
Ահաւասիկ այդ է որ մերժեցին Հայաստանի քաղաքացիները եւ չընդիմացան իշխանութեանը երբ անոր ոստիկանները դիմեցին իրենց սահմանուած օրինական բռնութեանբ սանձելու եւ զսպելու ընդիմադրութեան փողոցի չափազանցուած օրինազանծութիւնները եւ այսպէս յանգեցաւ Յունիս 12-ի պատահարը։
No comments:
Post a Comment