Վահէ Յ Աբէլեան
Այս գրութեան վերնագիրը՝ Սոցեալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան ակնարկ մըն է որուն պատմութեան ընթացքին մասին գրեթէ ոչինչ գիտեմ, բացի այն ինչ որ իմ հանրային դաստիարակութեանս մաս կազմած էր կազմաւորման տարիներուս Լիբանանի մէջ։ Հնչակեան կուսակցութիւնը հետեւեալ պատկերացումով մնացեր է մտքիս մէջ. կեդրոնաձիգ կուսակցութիւն մըն էր։ Կուսակցութեան կազմակերպչական կեդրոնացումը պատճառ հանդիսացաւ անոր գործունէութեան սահմանափակումին Հայ ազատագրակրական կեանքէն ներս։
Կուսակցութեան մասին Հայկական Wikipedia-ն բաւական լայն ծանօթութիւն կու տայ ընթերցողին։ Կը մէջբերեմ անոր առաջին պարբերութիւնէն հետեւեալը՝ բնականաբար Արեւելահայերէնով ՝ «Սոցիալ-դեմոկրատ Հնչակյան կուսակցություն (կրճատ՝ Ս.Դ.Հ.Կ., արմտ. հայ.՝ Սոցիալ-դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւն, նաև հայտնի է որպես՝ «Հնչակյաններ», արմտ. հայ.՝ «Հնչակեաններ»), հայկական քաղաքական կուսակցություն է։ Այն հիմնադրվել է 1887 թվականի օգոստոսին Ժնևում, Շվեյցարիա, մի խումբ արևելահայ ուսանողների կողմից..... ։ Ներկայումս գործող ամենահին կուսակցությունն է։ Առաջին սոցիալիստական կուսակցությունն է, որը գոյություն է ունեցել Օսմանյան կայսրությունում և Իրանում, նաև հայտնի որպես Պարսկաստան։»
Տասնեակ մը տարիներ ետք, Հնչակեան կուսակցութեան մասին իմ հետաքրքրութիւնս կը պարտիմ Հմայեակ Արամեանցի «Հայուն Երգարանը» գիրքին որ հաւաքածոյ մըն է, ընդհանրապէս ձախակողմեան հակում ունեցող ազգագրական երգերու որ լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ, 1911-ին։ Տարիներ առաջ երգարանը գնեցի համացանցին միջոցաւ, Թուրքիայէն։ Հետագային համացանցի վրայ պրպտումներս զիս այն եզրակացութեան հանգուցեցին որ երգարանը կազմող Հմայեակ Արամեանց-ըն էր որ դաւաճանեց ՍԴՀԿ-եանը, որուն կ՛անդացակցէր եւ պատճառ դարձաւ Հնչակեան քսան կախաղաններուն դժբախտութեան, որուն հետեւանքով կուսակցութիւնը գործնականապէս կազմալուծուեցաւ։ Այդ մասին գրած եմ Անգլերէնով։ Հետաքրքրուողներ կրնան կարդալ ներքեւը կցած գրութիւններս։
Երգարանը լոյս տեսած էր Օսմանեան Սահմանադրութեան՝ եղբայրութեան, հաւասարութեան, արդարութեան խոստմնալից շրջանին։ Հետաքրքրականը այն էր, որ Հնչակեան կուսակցութեան այն օրուայ ղեկավարները, հակառակ իրենց ձախակողմեան համոզումներուն, որոնք կը բացայայտուին այդ երգարանի երգերու հաւաքածոյին մէջ, որուն մաս կը կազմէ նաեւ ԻթթիՀատի Քայլերգը, կրցան սանձել իրենց գաղափարական սկզբունքները ու համոզումները եւ լայնախոհութիւնը ունեցան եզրակացնելու որ Երիտասարդ Թուրքերուն մէջ կը տիրէր Հայ ազգի գոյութեան սպառնացող՝ ազգակործան մոլեռանդ ազգայնականութիւն մը, եւ առ այդ որոշեցին տեռորի ենթարկել Երիտ Թուրք ղեկավարները։ Ի միջի այլոց՝ նշեմ, որ Դաշնակցական Արշակ Եզդանեան-ը սպանեց Արամեանցը Նեմեսիս գործողութեան բովէն ներս։
Նոյնը չկրցան տեսնել այդ օրուան այլ Հայ քաղաքական ղեկավարները՝ բացի Անդրանիկ Փաշայէն։ Անոնք Երիտ Թուրքերու գաղափարականին մէջ տեսան հայուն կեանքին, ինչքին եւ պատիւին սահմանադրական ապահովութիւնը եւ արդարադատութիւնը, բացառելով Անդրանիկ Փաշան։ Ակնարկելով Անդրանիկ Փաշային՝ Անդրանիկ Չէլէպեան իր «Զօրավար Անդրանիկ» գիրքին մէջ (էջ 249), նշելով աղբիւրը, կը մէջբերէ որ Անդրանիկ, որ ըսած է՝ «դուք գացէք եւ վայելեցէք անոնց հետ. ես Թուրքը լաւ կը ճանչնամ. Զգոյշ եղէք ձեր այդ նորագոյն ընկերներէն. շատ չանցած անոնք ձեր գլուխն ալ պիտի ուտեն, ձեր ժողովուրդինն ալ»։
Առողջ ազգային բնազդն էր որ տիրապետած էր այդ օրուան Հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարութեան տեսլականին՝ ստորադասելով իրենց գաղափարական համոզումները ի նպաստ իրատեսութեան։ Բայց Հնչակեան կուսակցութիւնը փարած մնաց իր ընկերվարական համոզումներուն եւ երբեք չլքեց զանոնք։
Պատահեցաւ այն ինչ որ գուշակած էր Անդրանիկ Փաշան եւ Թուրքերը կերան այդ օրերու ղեկավարներուն գլուխները ինչպէս նաեւ Հայ ժողովուրդին գլուխը եւ մէջտեղ եկաւ սփիւռքը։
Սփիւռքի մէջ Հնչակեան կուսակցութիւնը կառչած մնաց իր ընկերվարական սկզբունքներուն։ Ազգայնական եւ ընկերվար ՍԴՀԿ-ան անդամին համար այդ երկուքը հակասութիւն մը ստեղծած չեն թուիր ըլլալ։ Երկուքն ալ ՍԴՀԿ կուսակցականը հաւասարապէս ընկալած կը թուի ըլլալ նոյնիսկ Պաղ Պատերազմի օրերուն ալ այդպէս մնաց։ Արա Սանճեանը, իր Ֆէյսպուքի էջին վրայ (8.6.2024), կը գրէ՝«Ս. Դ. Հնչակեան կուսակցութիւնը փարած էր Քրեմլինին, իր համակիրները կը համոզէր թէ Խորհրդային Հայաստանի սահմանները պիտի ընդարձակուին երբ Քրեմլինը աւելի զօրանայ ու «արդարութիւն» հաստատէ Երկրագունդի վրայ, ներառեալ՝ Թուրքիան»։ Իսկ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին առընչութեամբ, ՍԴՀԿ-ը մնաց պաշտպանը Էջմիածնի սփիւռքին մէջ թէեւ, կը նշէ Արա Սանճեան նոյն այդ օրուան տեղադրութեանը մէջ, «Վերջինիս միակ ընտրանքը այդ օրերուն Մոսկուայի եւ Երեւանի համայնավարներուն ճաշակով սրինգ նուագելն էր» որուն գիտակցութիւնը ունեցած պէտք է ըլլար ՍԴՀԿ-ը։
Մօտաւորապէս եօթը տասնամեակ քաղաքական այդ ընթացքը պահելէ ետք, Հայաստանի ազատ եւ անկախ հանրապետութեան այս շրջանին՝ ՍԴՀԿ «Հնչակեանները դադրեցուցած են Քրեմլինի գովասանքը ու դասական սփիւռքի սակաւաթիւ կառոյցներէն են որոնք բացայայտօրէն կ’աջակցին Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան ուղեգիծին, որ իր հերթին յառաջացուցած է Քրեմլինի զայրոյթը։» Հասկնալիօրէն, «Էջմիածնական հոգեւորականներ այս օրերուն հրապարակային նամակներով կը քննադատեն Հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարներուն դիրքորոշումը՝ յառաջացնելով հնչակեաններու հակազդեցութիւնը։» Կը շարունակէ գրել Արա Սանճեան։
Հայաստանը կը բոլորէ ճակատագրական շրջան մը։ Հնչակեան կուսակցութիւնը եղաւ միակ աւանդական քաղաքական կուսակցութիւնը որ նեցուկ կեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան վարած diversification – բազմակողմանի – արտաքին քաղաքականութեան, խաղաղութեան խաչմերուկի քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ սահմանային ճշդումի բանակցութիւններուն։
Կրկին անգամ՝ ողճախոհութեան առողջ բնազդն է որ առաջնորդած է Հնչակեան կուսակցութիւնը։
Այժմ կը կցեմ Հնչակեան կուսակցութեան ներկայ ներկայացուցչին՝ Համբիկ Սարաֆեանին հարցազրոյցը։ Դիտեցէք հոն Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայացուցչին միտքերը, եւ ձեւաւորեցէք ձեր միտքերը, եթէ կը հակադրուիք իր համոզումներուն։
No comments:
Post a Comment