Վահէ Յ. Աբէլեան
Մանկութեանս Պրն. Եդուարդ Տարօնեանին մասնաւոր ուշադրութեան առարկան եղած եմ պանդոկէն ներս: Այդ օրերէն յիշողութեանս մէջ մնացած են իրմէ պատահարներ: Կը սկսիմ ժամակագրական կարգով:
Մանուկ էի, երբ օր մը ինքզինքս եւ զինք շրջապատուած գտայ ոչ միայն մօրս եւ հօրս կողմէ, այլ նաեւ այլոց կողմէ, Պանդոկին մէջ: Հետեւեալը պատահած էր: Պրն. Տարօնեանը զիս առնելով դուրս սպրդած է պանդոկէն, առանց որ ծնողքիս լուր տայ: Անկասկած՝ անակնկալ մը ընելու համար, տրամաբանելով որ երկուքիս բացակայութիւնը, երբ քիչ առաջ միասին էինք, մտահոգիչ պիտի չըլլար: Ուրեմն, զիս առնելով, Պանդոկին մօտ եղող խանութէ մը ինծի համար նոր զգեստ մը գնած եւ արդէն իսկ զայն հագցուցած էր, երբ վերադարձանք Պանդոկ: Այդ զգեստով լուսանկարուած եմ ծնողքիս հետ իմ առաջին եւ միակ ընտանեկան նկարը, երբ տակաւին եղբայրս որ ինձմէ հինգէն վեց տարիներ փոքր էր, չէր ծնած:
Սուրբ Նշան Ազգային վարժարանէն ներս մանկապարտէզի աշակերտ էի, երբ առաջին անգամ ըլլալով տեսայ զինք պանդոկէն դուրս, դպրոցի բակէն ներս, երբ մենք աշակերտներս շարքի շարուած էինք: Բնազդաբար ուզեցի մօտենալ իրեն, բայց այս պարագային ուրիշ երեւոյթ պարզուած էր ինծի համար: Հոն կանգնած էր խիստ դէմքով մարդ մը, ձեոքն ալ գաւազան մը: Ահաւասիկ այսպէս սորվեցայ որ Պրն. Տարօնեանը դպրոցին տնօրէնն էր: Նախակրթարանի մանկամարդ աշակերտ էինք եւ տնօրէնին գաւազանին սեւցած ծայրամասը մեր երեւակայութեան մէջ նոյնիսկ նմանեցաւ ծայրը ածխացած գաւազանի մը որ շիկացած պիտի հասնէր աշակերտներու բաց ափերուն, եթէ չար ըլլային, թէեւ նման երեւոյթի երբեք չհանդիպեցայ: Դպրոցի տնօրէնի մը խիստ դէմք ունենալը կարծես ընդհանրական երեւոյթ էր այդ օրերուն:
Հայ դպրոցը իր աշխարհը ըլլալու էր: Տարիները անցան, Պրն. Տարօնեանը այս աշխարհէն հեռացած էր, իսկ մայրս կրթական այլեւայլ հարցերու առընչութեամբ յաճախ կը յիշէր եւ կը մէջբերէրՊրն Տարօնեանը, որ միշտ ըսած պէտք է ըլլայ՝ «պետութիւնը հեռու պահեցէ՛ք մեր դպրոցներէն»: Երբ կը կարդամ Charter School-ի մասին ըլլայ այդ Գալիֆորնեայի «Արարատ» կամ Տիթրոյիդի Southfield քաղաքին «Ալէքս եւ Մարի Մանուկեան» դպրոցները, որոնք պետական հովաւաւորութեան տակ են որպէս Charter Schoolներ, միտքս կուգայ Պրն. Տարօնեանին ըսած խօսքը՝ հեռու պահել պետութիւնը հայ դպրոցէն։
Միջնակարգի նոր աշակերտներ էինք, երբ մեզի ըսուեցաւ, որ Պրն. Մինաս Թէօլէլեանը պիտի ըլլայ մեր դպրոցին տնօրէնը: Պրն. Տարօնեանը կաթուած ունեցած էր եւ խնամքի կարօտ էր: Նշան Փալանճեան Ճեմարանին շատ մօտ կար Սափրիչ Ռուբէնը, որ եղած էր իմ մանկութեան եւ պատանեկութեան սափրիչս, մինչեւ որ իր աշկերտը՝ Մուսթաֆան, որ կատարեալ հայերէն կը խօսէր, բացաւ սափրիչի իր խանութը: Մուսթաֆան մազ կը կտրէր օրուան նորաձեւութեան համաձայն, առաւել խանութը ունէր վերնայարկ մը, ուր մեզի արտօնութիւն կու տար գաղտնաբար սիկարէթ ծխել: Այսպէս, Սափրիչ Ռուբէնը կորսնցուց մեզ՝ իր նախկին յաճախորդները, երբ մեր երիտասարդութեան սեմին հասանք:
Սափրիչ Ռուբէնին տունն ալ Ճեմարանին եւ մեր տան մօտ էր: Մայրս կ’այցելէր իրենց այցելելու համար Պրն. Տարօնեանը, որ Սափրիչ Ռուբէնին կնոջը հոգածոււթեան յանձնուած էր կաթուածէն ետք: Եբրեմն ես ալ կ’ընկերանայի իրեն, իր պատուէրով: Այդ այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին էր, որ Պրն. Տարօնեանը տեսայ այնպէս ինչպէս շատ հաւանաբար ոչ ոք տեսած ըլլար զինք:
Պատշգամը նստած էինք, ուրկէ կ’երեւէր փողոցը: Այնպէս պատահեցաւ որ այդ վայրկեանին փողոցէն հեւքոտ կը քալէր մէկը, որ բեռնակրի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր: Ձեռքին կար տոպրակ մը: Յանկարծ Պրն. Տարօնեանը յուզուեցաւ: Անշուշտ որ չեմ յիշեր բառերը եւ ոչ ալ կ’ուզեմ անտեղի զգացումներ տալ պատահարին, բայց հետեւեալին նման բան մըն էր, որ ըսաւ Պրն. Տարօնեանը՝ «Հէ՛յ մարդ, դուն չես գիտեր որքան հարուստ մարդ մըն ես. կ’երթաս տունդ, ուր քեզի կը սպասեն կինդ եւ զաւակներդ, որպէսզի անոնց հետ միասնբար ճաշես…»։ Ոչ թէ միայն յուզուեցաւ, այլ սկսաւ հեծկլտալ: Մայրս միջամտեց որ նիւթը փոխէ։ Աւելի մանրամասնութեամբ չեմ յիշեր այդ այցելութիւնը:
Տարիներ ետք տեղ մը կարդացի լուսահոգի Արքեպիսկոպոս Մեսրոպ Աշճեանի մէկ գրութիւնը, ուր ան կը ներկայացնէր Պրն. Տարօնեանը որ եղած էր նմանապէս իր տնօրէնը: Հոն էր որ իմացայ, ան ալ իր երիտասարդութեան զերծ չէր մնացած սիրոյ բաբախումներէն, բայց չէր ամուսնացած եւ մեռաւ ամուրի:
Վերջին այցելութիւնս իրեն եղաւ 1962ին, երբ շրջանաւարտ եղայ Սուրբ Նշան Ազգային վարժարանէն: Կարգ մը րջանաւարտներով եւ ինքնակամ գացինք իրեն՝ մեր երբեմնի տնօրէնին այցելութեան: Սափրիչ Ռուբէնին տիկնոջը օգնութեամբ կրցաւ գալ հիւրասենեակը: Տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէր: Մէկ կողմը կարծես ամբողջովին անզգայ եղած էր: Նոյն կողմի աչքն ալ կարծես նմանապէս անզգայ էր եւ պահուած էր ակնոցին անթափանց ապակիին ետեւ: Այս անգամ ես էի որ յանկարծ փղձկեցայ եւ սկսայ հեկեկալ: Տիկինը զիս հիւրասրահէն դուրս հրաւիրեց: Այդպէս եղաւ վերջին այցելութիւնս իրեն:
Տարիներու ընթացքին պարբերաբար մօրս հետ յիշած ենք այդ երկու ամուրիները՝ Պրն. Եդուարդ Տարօնեանը եւ Պրն. Ղազար Չարըգը, որոնց հետ ծնողքս սերտ յարաբերութիւն ունեցաւ: Մայրս կշտամբած, չըսելու համար այպանած է զիրենք, որ անձնակեդրոն եղան եւ ընտանիք չկազմեցին: Ուսուցչուհիին համար ընտանիք ունենալն էր որ կ’արդարացնէր ամէն բան իսկ ընտանիքը նախաձեռնողը այրն է: Ես չէի համաձայներ իրեն: Վերջ ի վերջոյ երկուքն ալ հանրութեան մէջ ծանօթ եւ յարգուած մարդիկ էին: Բայց իրենց դիրքը նուազագոյն իսկ տարողութեամբ արդարացնող ընտանիք պահելու նիւթական կարելիութիւնը չունէին:
Այսպէս Կը կասկածիմ որ ամսէ ամիս ամսական մը ստանալու հաւաստիութեան պերճանքը ունեցած եղած ըլլան այս երկու ամուրի տնօրէնները՝ Եդուարդ Տարօնեանը եւ Ղազար Չարըգը: Թերեւս եթէ այդպէս բացատրէի մօրս, չբաժնէր կարծիքս, բայց կը հաւատամ որ ինքն իր ըսածին իրողութիւնը ապրած չէր եւ եթէ, այսպէս ըսուած, իրենց կօշիկներուն մէջ ըլլար՝ տարբեր պիտի չընէր:
Տարիներ առաջ Քալիֆորնիա մօրս այցելութեան ընթացքին, Կլէնտէյլ քաղաքի գրադարանին բաւական ճոխ հայկական բաժնին մէջ հանդիպեցայ Պրն. Եդուարդ Տարօնեանին գրած գիրքերէն մին: Պատմուածքներու հաւաքածոյ մըն էր, ուր Ստոյիկեան դպրոցի նկարագրութիւն կար: Կրկին անգան յիշեցի մօրս հետ իրեն մեր այցելութիւնը։ Ահաւասիկ տասնամեակներ ետք չեմ կրնար մտահան ընել, որ Պարոն Տնօրէնի հանրային պատկերին ետին կար մարդ մը որ շատ սուղ վճարած եղաւ իր ազգանուէր ծառայութեանը համար։ Անկասկած որ իրը բացառութիւն չէր: Յետ եղեռնի սփիւռքը դիւրին-դիւրին մէջտեղ չեկաւ եւ խլեց իր ալ զոհերը:
Վերջացնելէ առաջ յիշեմ, որ տակաւին կը պահեմ Պրն. Տարօնեանին կողմէ ստորագրուած Սուրբ Նշան Մանկապարտէզի շրջանաւարտութեան վկայականս, որուն պատկերը կցած եմ հոս։


No comments:
Post a Comment