V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, February 7, 2024

Արմենակ Եղիայեան` Ճանչնանք մեր բառերը (13) - Մտապատկեր


 Ճանչնանք մեր բառերը (13)

1.   Մտապատկեր

Արդի հայերէնի սակաւ գործածուող եւ նուազ ծանօթ եզրերէն մէկն է:

Մեր բառարաններէն Գայայեանը (1938) տակաւին չունի  զայն

Առաջինը կը գտնենք Մալխասեանի բացատրականին մէջ (1944) իբրեւ՝

--«Առարկայի կամ երեւոյթի պատկերըոր ծագում է մեր գիտակցութեան մէջզգայարանքների   միջոցով»:

Արեւմտահայ հետաագայ բառարանագիրները՝ հայր Ճիզմեճեան (1954), Տէր Խաչատուրեան (1968), հայր Կռանեան (1982)  մօտաւորապէս բառացի կրկնած են  Մալխասաեանի վերոբերեալ սահմանումըոր թերի է եւ... գրեթէ ոչինչ կըսէ:

Ակադեմիայի (1969)  եւ Աղայեանի(1976) բացատրականները  նոր որակ մըաւելցուցին մտապատկերի սահմանումին վրայ,  որ ահաւասիկ.

--«Մարդու վրայ ներգործած որեւէ առարկայի կամ երեւոյթի ընդհանրա-ցուածպատկերի արթնացումը գիտակցութեան մէջ՝ այդ նոյն առարկայի  կամ երեւոյթիբացակայութեան պայմաններում»: 

Բերուած երկու սահմանումներուն մէջ շատ մեծ տարբերութիւն կայառաջինը կը խօսի անմիջական պատկերներու մասինոր առարկաները կը դրոշմեն մերգիտակցութեան մէջերկրորդը կակնարկէ պատկերներուորոնք դրոշմուած են անցեալին (առանց ժամանակական սահմանափակումիեւ որոնք ներկայիս կը զարթնենկը վերադառնան մեր գիտակցութեան մէջըսենք՝ որպէս յուշ

Մեր մէջ այս վերջինը ընդօրինակած է Գնել եպսՃերեճեանը (1992)՝ առանց բան մը աւելցնելու եղածին վրայ եւ առանց բան... մը հասկնալու անկէ:

Ասոնքուրեմննմանապէս թերի են կամեթէ կուզեքմասամբ՝ մէկհինգերորդով  ճիշդ ենինչպէս պիտի տեսնենք ստորեւ:

                                                          *   *   *

Մարդ  արտաքին աշխարհը կընկալէ իր հինգ զգայարաններովեւ ստացուածտպաւորութիւնները կըլլան՝ տեսողական (visuel), լսողական (auditif), հոտառական(olfactif), համառական/ճաշակային (gustative) եւ շօշափական (tactile):

Բացորոշ էոր ասոնց մէջ ամէնէն տարողունակը տեսողականն էմեր  տպա-ւորութիւններուն մեծագոյն մասը կը յառաջանայ ու կը կուտակուիտեսողական զգայութիւններու ճամբովսակայն արհամարհելի չեն նաեւ մնացեալները:

Որքան ալ վառ յիշենքայսինքն՝ վերականգնենք մտապատկերը հեռաւորանցեալին  մեր մէջ տպաւորուած դէմքի մըտեսարանի մըերեւոյթի մը,− նո՛յն թարմութեամբ եւ ուժգնութեամբ կը յաջողինք վերականգնել  քսան տարի առաջլսուած իւրայատուկ ձայն մը եւ չենք վարանիր ըսելու՝ «կարծես դեռ ան կը հնչէականջներուս մէջ». կամ նոյն անցեալին մէջ զգայուած բոյրի   մըանուշահոտութեան մըոր կը կրէր սիրելի  մը ամէն քեզի հանդիպելուն եւ որը «մինչեւ հիմա քիթիդ ծայրն էտակաւին». այլեւ  վաղուց կորսուած ու  մօրդ պատրաստած մէկ քաղցրաւենիքըորուն համը «լեզուիդ վրայ կը զգաս ու կը կրես», ա՛լ չենք խօսիր քաղուած համբոյրիմը մասին՝ սիրեցեալէ մըոր «ուրիշին բախտ եղաւ». եւ վերջապէս  ինչո՞վ նուազ  կը յիշուի ու վերապրուի շոյանք մըոր ինչ-որ  սիրելի մատներինչ-որ ժամանակի մը մէջդրոշմեցին ճակատիդ ու անվերադարձ գացին:

Ասոնք բոլորը հաւասարապէս վերազարթնողվերադարձող եւ մեր գիտակ-ցութեան պաստառին վրայ վերայայտնուող մտապատկերներ են:

Որեւէ մտապատկեր կրնայ ըլլալ գումարը մէկէ աւելի զգայութեանցաւելի ճիշդը՝որեւէ մտապատկեր կրնայ իր հետ ներքաշել ուրիշ մտապատկերներօրինակ՝ յիշելով դէմք մըյիշէք նաեւ անոր ձայնըայլեւ  հպումին ջերմութիւնըկրած անուշահոտը եւայլն.   ասոնք շատ բնական զուգորդումներ  (assossiation) են:  

Թեքէեանի հետեւեալ քառեակը ցայտուն օրինակ մըն է  զուգորդումներու.

«Եկեղեցին Հայկական ես աչքս գոց կը տեսնեմ,

Ու կը շնչեմկը լսեմ՝ իր Յիսուսով մանկադէմ...»:

Ուր զուգորդուած են տեսողութիւնըհոոտառութիւնն ու լսողութիւնը:

 2. Յիշեալ հինգ զգայարանններու միջնորդութեամբ  յառաջացած մտապատ-կերներուն կողքին մարդ կրնայ ունենալ ներքին մտապատկերներ եւսըսենք՝ ցաւի,  որ պատճառած է մեր ակռան կամ ականջըոր այնքանտառապեցուցած էայլեւ երանութեանոր յառաջացած է երաժշտութեան մը կամըմպելիի մը ներգործութեամբեւ դեռ  ընկճուածութեան մըոր ունեցած ենք ի լուր անհաճոյ իրողութեան մըբայց նաեւ ոգեւորութեանոր մեզի պատճառած է  առինքնող տեսարան մը կամ որեւէ յաջողութիւն կամ այլ  դրական գործօն:

Նման մտապատկերներու աւելի բարդ ու երկար շղթայ մըն է մարդկային յիշողութիւնըիմա՝ յուշագրութիւնըերբ խիճ առ խիճքար առ քար կը վերականգնենք ամբողջ անցեալ մը կամ անոր մէկ դրուագըօրինակ՝ հանրակառքին մէջ դիմացնիդկը գտնէք կարմիր ժապաւէն կրող աղջիկ մըեւ ահա գաղափարներուզուգորդութեամբ (assossiation des idées) կը յիշէք ձեր դպրոցական տարիներուն մէկ  ընկերուհինոր նմանապէս կարմիր ժապաւէն կը կրէր,  որուն այնքան կը համակրէիքսակայն դէպքերու աննպաստ դասաւորումով մը ան գնաց իր ճամբովդուն գացիրքուկինով... եւ... եւ... եւ...

3. Մեզմէ իւրաքանչիւրը մտապատկերներու զուգորդութեամբ սորված է լեզուն՝սկսած անոր առաջին բառէն՝ հետզհետէ կազմելու համար մնացեալները:

Խանձարուրէն սկսեալ ձեր շուրջ յարատեւ  արտասանուած է մամա հնչիւնախումբըեւ անոր ընկերացած է կանացի  գուրգուրոտ կերպար մըՁեր աճինզուգահեռ աճող բանականութիւնը կամաց-կամաց զուգորդած է այդ երկու՝ լսողականեւ տեսողական մտապատկերներըու երբ բաւական կազմաւորուած  են  ձերձայնային օրկանները՝ հնչիւններ արտաբերելու չափայդ երկու մտապատկեր-ներունզուգորդումը   տուած է մամա բառըորուն կամաց-կամաց  յաջորդած է հեղեղը այլզուգորդութիւններուորոնց  գումարը   հետզհետէ պիտի կազմէր  քու լեզուդայնպէսալ  մարդկային լեզուն:

armenag@gmail.com                                     Արմենակ Եղիայեան

 

 

No comments:

Post a Comment