Ընդօրինակած եմ Karekin I, "The Gift of Faith" գիրքէն։ Մեսրոպ Արք. Աշճեանին այս գրութիւնը պատմութեան սերտողութեան համար է։ Վրիպակները վերագրելի են իմ ընրօրինակութեանս, Վահէ Յ Աբէլեան։
Գարեգին Կաթողիկոս՝ ձաձին Մեծն Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս
աջին՝ Ամէնայն Հայոց, Էջմիածին
Յունիս մէկն է։ Երկու շաբաթով Ամերկա պիտի մեկնիմ եւ վեհափառին կը ներկայանամ իր օրհնութիւնը ստանալու համար։ Անհետաձգելի գործեր կան, 1700-ամեակի հետ կապուած հարցեր, «Աստուածաշնչական Հայաստան» գիտաժողովի հետ կապուած խնդիրներ։ Գիտեմ թէ որեւէ մէկ օր բան մը կրնայ պատահիլ։ Ինք ալ գիտէ։ Դաժան զրոյց մը կը հետեւի։ «Չեմ գիտեր թէ ի՞նչ պիտի պատահի ինծի», կը գրէ տախտակի վրայ։ Կարծես չի համարձակիր մահ բառը գործածել։ Խնդրանք մը ունիմ իրմէ՝ զերծ կացուցանել զիս կարգ մը պատասխանատուութիւներէ որոնք ինք իսկ դրած է իմ իմ ուսերուս։ Պատասխանը՝ «ոչ այնքան ատեն որ ողջ եմ»։ Ուրիշ ձեւով կը փորձեմ կամքս յառաջ տանիլ, «Վեհափառ, կ՚ուզեմ Մուղնու Սուրբ Գէորգ վանքը քաշուիլ»։ Իր պատասխանը խռովիչ է, «Ես ալ կ՚ուզեմ Օշական քաշուիլ»։ Զինաթափ եմ, իր Աջը կ՚առնեմ ու կը հեռանամ։ Կը մաղթեմ միայն որ ինք շարունակէ գրել եւ աղօթել։ Կ՚ուզեմ որ կարդայ Շիքակոյի Կարտինալ Պերնարտինի մէկ գիրքը զոր այդ սրբանուն կարտինալը գրած էր իր կեանքի վերջին օրերուն երբ քաղցկեղ մը զինք եւս խոզեր էր։ Երբ տուէր էի Վեհափառին՛ ըսեր էի, «Վեհափառ չեմ գիտեր ուրիշ որեւէ մարդ նման գիրգ կուտա՞յ Ձեզի։ Ես կուտամ որպէսզի գիտնաք թէ առանձին չէք»։ Չըսի իրեն, բայց իմ թագուն բաղձանքս էր որ Վեհափառը իր իր կեանքի վերջալոյսին աղօթքի,հրաժեշտի եւ սիրոյ գիրք մը գրէր։ Գրե՞ց արեօք։
18 Յունիսին վերադարձայ Մայր Աթոռ։ Վանքին մէջ շփոթ մը կար։ Վեհափառի վիճակը ամսոյն 17-ին վատացեր էր, բժիշկները արթուն հսկեր էին ողջ գիշերը, եւ հիմայ, Ուրբաթ առաւօտուն, Սուրբ Հաղորդութիւն մատակարեր էին իրեն, եւ ինք փափքած էր տեսնել բոլոր միաբանները եւ վերջին հրաժեշտ տալ անոնց։
Հաւաքուեցանք իր շուրջը։ Քանի մը խօսք։ Գարեգին Սրբազան կարդաց Վեհափառի վերջին խօսքը ուր Վեհը կ՚օրհնէր Սուրբ Աթոռին միաբանները, կը յայտնէր թէ կը մեկնի իր յարուցեալ Փրկչին մօտ, կը թելադրէր որ միաբանները, իրենք Աստուծոյ հետ մնան, սիրեն եկեղեցին, սիրեն էջմիածինը։ Ներկանները երգեցին «Տէր Կեցո»-ն։ Վեհափառը թերեւս սիրեց այդ երգը բայց գրիչ առաւ եւ գրեց, «Էջմիածին ի Հօրէ»։ Երգեցինք այդ շարականը որ Վեհափառի համար միայն շարական չէր, աղօթք չէր, ծրագիր էր, տեսիլք էր, Հայ եկեղեցւոյ միւթեան խորհրդանիշ քայլերգ։
Յետոյ մէկ-մէկ մօտեցանք ստացանք իր օրհնութիւնը, համբուրեցինք զինք ու անցանք կարգով։
Անիրական բան մը կար օդին մէջ։ Անհաւատալի էր ինչո՞ւ եկաւ այդ ծանր հիւանդութիւնը, ինչո՞ւ այնքան շուտ, եւ արդէն մնաք բարովի օ՞րն էր։
Ահազանգը սխալ էր։ Վեհափառը տակաւին աշխոյժ էր։ Մտայ մօտը, պահ մը Հայ Արտակը միասին էր, քանի մը նամակներ կային կարդացինք։ Կարգադրութիւններ ըրաւ։ Աչք մը ըրի, Հայր Արտակը առանձին թողուց մեզ։ Կարծես բան չէր պատահած, հոգեվարքի մէջ չէր։ Սկսայ խօսիլ, ծրագիրներու մասին կարծիքը իմանալ, յառաջիկայի գործերու մասին «խօսեցանք»։ Սովորականին հակառակ իր գրածը անմիջապէս չէր սրբեր։ Հաւանաբար մտածումները կ՚ուզէր շարունակել, անգամ մը նոյնիսկ ջղայնացաւ երբ քիչ մը արագ կերպով իր գրածը ջնջեցի, բայց զգացի որ աչքերը տակաւ կը փակուին, գրելը կը դանդաղի։ Վերջին անգամ գրեց «սքանչելի գործակցութիւն կունենաք»։ Ալ կեցաւ, չկրցաւ շարունակել։ Հանդարտօրէն թողուցի սենեակը։ Մեր վերջին անձնական հանդիպումն էր։
Յաջորդ օրերուն տարօրինակ սպասումի մտնոլորտ մը կը տիրէր Վեհարանէն ներս։ Մահուան շունչը կար, բայց Վեհափառը կ՚ապրէր, կը պայքարէր։ Իր դրան սեմին կարգադրութիւն եղած էր, Վարդապետներ եւ սարկաւագնրե շուրջօրեյայ Աւետարան եւ Սաղմոս կը կարդային։ Յետոյ երբ տեսանք օր ալ չի նշմարեր մեզ, իր սենեակին մէջ ալ սկսանք կարդալ Աստուածաշունչ եւ Նարեկ։ Ինչպէս միշտ, ահաւոր այժմէականութիւն ունի Նարեկը։
Իր հարազատները կային, վանականներ կային, վերջին հաւատարիմները պիտի ըսէի։ ես Յոբ կը կարդայի, Յովհաննու Աւետարանի 14-17 գլուխները։ Առիթով մը Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի «Մեծ Հոգը» խմբագրականը վերցուցի («Սիոն» ամսագիր 1937) զոր ինքն իսկ տուեր էր ինծի եւ գացի ու եկեղեցւոյ մէջ կարդացի։ Վեհափառը մեծ հիացում ունէր Գուշակեան Պատրիարքին հանդէպ, եւ վերոյիշեալ յօդուածը ճշդիւ կը բարացուցէր Գուշակեանի ոգին եւ տեսիլքը զոր ունէր Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ։
Վեհարանի մէջ կարծես ամէն մարդ կը սպասէր մահուան ժամանման։ 21 Յունիս էր, Գարեգին Ա. Յովսէբեան կաթողիկոսի վախճանման տարելիցը (1952), Անթիլիասի մէջ։ Արդեօք Վեհափառը այս օրը պիտի ընտրէ՞ եւ մեծանուն անուանակիցին հետ նոյն օ՞րը պիտի միանայ Աստուծոյ։ 21-ը անցաւ։ 22-ի առաւաօտեան, «Աստուածաշնչական Հայաստան» գիտաժողովը բացուած էր Օշականի մէջ իր նախաձեռնութեամբ եւ օրհնութեամբ, բայց իր բացակայութեան։ Շուրջինները կ՚ըսէին որ կը լսէ, կը զգայ։
23-ի առաւօտեան մօտեցայ իրեն, Աջը առի, եւ ըսի, «Վեհափառ երէկ ժողովը սկսաւ, 90 դասախօս կայ, 150 մասնակից, Ձեր ողջոյները եւ սէրը փոխանցեցինք բոլոր մասնակցողներուն։ Յետոյ գացինք Սուրբ Մաշտոցի գերեզմանը, ծաղիկներ դրինք, աղօթեցինք։ Ու խոնարհեցայ Սուրբ շիրիմին եւ երկար համբուրեցի պաղ մարմարը։ Ձեր կողմէ։ Աստուած օգնական։»։
Յաջորդ օրը, 24 Յունիսին, Սրբոց Թագմանչաց տօնն էր, Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ Սուրբ Մեսրոպի տօնը։ Վախ ունէինք որ Վեհափառը ահա յանկարծ կը վախճանի։ Նախատեսեր էինք ջնջել գիտժողովը։ Բայց եթէ այդ օր վախճանէր խորհդանշական պիտի չըլլա՞ր այն, որ Գարեցին Վեհափառը, որ շուրջ 50 տարի Թարգմանչաց ոգիով ապրեր էր եւ ապրեցուցեր էր իր շրջապատը Աստծոյ պիտի միանաար, անոնց յիշատակին հետ։ Վեհափառը չթողուց որ ժողովը ընդհատենք, մի քանի օր ալ ապրեցաւ։
Երկուշաբթի, 28 Յունիսին ահազանգ մը մեզ փութացուց իր մօտ։ Արեան ճնշումը շատ իջեր էր, եւ րոպէ առ րոպէ կը սպասուէր գերագոյն րոպէն։
29 Յունիս առաւօտը բացուեցաւ նոյն ձեւով։ Վեհափառը տկար էր, թոյլ էր, ճնշումը կը տարուբերէր, 70-էն 40-ի միջեւ, բայց կ՚ապրէր եւ իրմով մեզ կ՚ապրեցնէր։ Քանի մը աշակերտներ, քոյրն ու եղբայրը կարգաւ կը մօտենային իր մահիճին, աջ ու ձախ ձեռքերը, բազուկները կ՚առնէին իրենց ափերուն մէջ կը շոյէին, կը շոյէին եւ կ՚ուզէին որ գիտնար թէ շուրջը զինք սիրողներ կան, կը սիրեն զինք, կը գուրգուրան իր վրայ։ Օրը անցաւ այդպէս։ Բժիշկը, բուժքոյրը ամէն րոպէ իր մօտ են, կը մաքրեն, կը սրբեն, բազկերակը կը քննեն, ճնշումը կը չափեն։ ինչո՞ւ չեմ գիտեր։
Կէսօրէ յետոյ ժամը 3-ի մօտ էր. Եսթերը՝ քոյրը եւ Նորան՝ հարսը առանձին ենք Վեհափառին հետ։ Նորան յանկարծ կը մտածէ բարձրաձայն։ «Գիտէ՞ք, այսպիսի պարագաններուն ինծի փորձառութիւն մը եկած է։ Հոգեվարքի մէջ եղողը եթէ չի մահանար կը նշանակէ կը սպասէ որ յատուկ մէկը դեռ պիտի այցելէ իրեն։ Ու ան կը սպասէ, կը սպասէ իր սիրելիին։ Արեօք որո՞ւն կը սպասէ Վեհափառը։ Իր սնարին, իր ու Վեհամօր պատկերը կայ։ Արդեօք Վեհամօր գալո՞ւն կը սպասէ։ Բայց ինք չի՞ գիտեր որ տիրամայրը 96 տարեկան է Թորոնթո կ՚ապրի։ «Եսթեր կ՚ըսեմ, գնայ Վեհափառին խօսիր, մամայիդ մասին, ըսէ որ Վեհամայրը բարեւ ունի»։ Եսթեր կը պատասխանէ՝ «ես չեմ կրնար»։ Ամբողջ քաջութիւնս հաւաքած կը մօտենամ Վեհափաօին եւ ականջին կը փսփսամ եւ կը զգամ որ կը լսէ զիս։
- «Վեհափառ, Վհհափառ, տիրամայրը Թորոնթոյին թելեֆոն ըրաւ, ըսաւ որ լսեր է Ձեր վերջին տագնապներու մասին, շատ մտահոգ է ու կաղօթէ Ձեզի համար....։
Ու յիշեցի թէ Վեհափառը իր հայրենի գիւղին բարբառով իր մօր կը դիմէր ըսելով «մումէ»։ Յանկարծ նոյն բարբառով երգի կտոր մը միտքս եկաւ։ Վեհափառը երբ ուրախ տրամադրութեան մէջ էր, ղեկաւարի ձեւեր կ՚առնէր եւ ա լա Կանաչեան աներեւոյթ խումբ մը կը ղեկաւարէր երգելով՝
Ամման ըշքէն ձեր վաթանը եօ կըննու
Շղըրտ մըժկտվէ շախշոլիդ մուրոդ կ՚ըննու.....
Լսե՞ց Վեհափառը իր մայրենի բարբառով այդ երգը, չեմ գիտեր։ Ու յանկարծ անսպասելի կերպով ըսի իրեն։
«Վեհափառ, Արտաւազդ Սրբազանը հեռաձայնեց Անթիլիասէն, լսեր է որ Ձեր վիճակը ծանր է եւ առաջին օդանաւով Պէյրութէն Ձեր քով պիտի գայ։»
Մեղայ, մեղայ, Վեհափառին ուղղուած վերջին խօսքս սուտ մըն էր։ Իրաւ որ Գարեգին Վեհափառը յատուկ սիրով կապուած էր 55 տարուան իր ընկերոջ, իր հայրենակցին, դասակցին, օծակցին։
Արդեօք անո՞ր կը սպասէր։ Չեմ գիտեր։
Թողուցի զինք եւ Երեւան մեկնեցայ։ Երէք ժամ չէր անգած, հեռախօսը հնչեց։
- Սրբազան, Վեհափառը կորսնցուցինք։
Յուլիս, 1999 թ.
No comments:
Post a Comment