V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, February 22, 2024

«Գարեգին վեհափառին վերջին օրը եւ վերջին օրերը» - 1/2

 Ընդօրինակած եմ Karekin I, "The Gift of Faith" գիրքէն։ Մեսրոպ Արք. Աշճեանին այս գրութիւնը պատմութեան սերտողութեան համար է։ Վրիպակները վերագրելի են իմ ընրօրինակութեանս, Վահէ Յ Աբէլեան։

Գարեգին Կաթողիկոս՝ Մեծն Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլեաս (աջին)
Ամէնայն Հայոց, Էջմիածին 

«Ամենայն ինչ կատարեալ է»։

 Իր լրումին հասած է Գարեգին Կաթողիկոսին խաչի ողբերգութիւնը։ Թաղմանական արարողութիւներն իրենց աւարտին հասած են։ Լռած են սգոյ պաշտօնական արտայայտութիւնները, եւ Գարեգին վեհափառ այժմ կը հանգչի իր երջանկայիշատակ նախորդին Վազգէն Հայրապետի կողքին։ Սուրբ Էջմիածնայ գանգակատան ներքեւ։

Պատմութեան կը պատկանի այլեւս Գարեգին կաթողիկոսը։ Ան որ իր ողջ կեանքը գրեց պատմութեան զգացողութեամբ, գրեթէ պատմութեան համար ապրելով։ Ու հիմա ես ալ իր կեանքի պատմութեան ալիքներոււ անտես ովկեանոսին մէջ եմ, երբ, Յուլիս գիշերուան մէջ, նստած եմ Մայր Տաճարի բակին մէջ, գրեթէ մինակ, առանձին։ Դժբախտաբար առանձին չեմ, ստուերներ կան այս ու այն կողմ, սպասումի մէջ են, կ՚երթան-կուգան, կը զրուցեն, անհանբերութեան նշաններ ցոյց կուտան։ Գիշերուան այս պահը՝ 12-էն քիչ մը յետոյ, անծանօթ չէ ինծի։ Շատ գիշերներ եղած են երբ, երկար զրուցէ մը յետոյ, հրաժեշտ առած եմ վեհափառէն եւ հանդարտ քայլերով վեհարանէն ուղղուած վանական իմ սենեակը։  Այդ օրերուն լուր էր Էջմիածնայ Տաճարը եւ հինգ գմբեթներէն ծորող լոյսի բեկորներ ինծի կու գային իբրեւ հայոց պատմութիւն, Հայոց Եկեղեւոյ դէմքեր։ Կը քալէի ու կը զգայի որ այնտեղ ինծի քայլակից էին մեր մեծերը... Լուսաւորիչ եւ Տրդաց կը զրուցեն նոր տաճարի կառուցման մասին։  Սուրբ Մեսրոպ եւ Սուրբ Սահակ կը ճեմեն։ Վահան Մամիկոնեանն է որ կը ծրագրէ վերանորոգել տաճարը, ու յետոյ տրտում դարեր,  լոյսի դարեր, Մովսէս Տաթեւացի, Յակոբ Ջուղայեցի, Ներսես Աշատարակեցի, Խրիմեան.... Ո՞վ չէ տողանցած այստեղէն ու չէ գրած հայոց պատմութեան մէկ էջը։

Հիմայ ուրիշ մարդիկ կան – հոգեւորականներ, Էջմիածնայ միաբաններ, Կիլիկիոյ Աթոռի ներկայացուցիչ հոգեւորականներ, պատահական ճամբորդներ, եկեր են ու կը սպասեն Կիլիկիոյ Արամ Կաթողիկոսին։

Արամ Վեհափառ, որ Էջմիածին կը գտնուէր Գարեգին Կաթողիկոսի թաղման համար, փափաքեր էր, Անթիլիաս վերադառնալէն առաջ անգամ մըն ալ խոնարհիլ Կիլիկիոյ Աթոռի վրայ իր նախորդին շիրիմին առջեւ։ 

Վերջապէս հասաւ։ Աղօթք , հոգեհանգիստ, հրաժեշտի խօսք։ Յանկարծ Արամ Ա. յայտարարեց, թէ Անթիլիասի Զարեհեան դամբարանէն պտղունց մը հող է բերած ցանելու համար Գարեգին  Կաթողիկոսի նորափոր գերեզմանին վրայ։ Կը ցանէ, ու խաչանիշ դրոշմով կ՚օրհնէ գերեզմանը։

Ապա կ՚ըսէ, «ես այժմ կը փափաքիմ որ բոլորս միասին».....նախադասութիւնը չի կրնար շարունակել, կը փղձկի, անակնկալ ի կը բերէ մեզ բոլորս։ Բայց կը հասկնանք թէ ի՞նչ  կ՚ուզէ Վեհափառը եւ բոլորի կուրծքերէն կը բարձրանայ երգը

Երբ որ բացուին դռնեն յուսոյ

Եւ մեր եկրէն փախ տայ ձմեռ

Երթամ ննջել իմ Կիլիկիա.....

Ու երգին հետ միասին կը զգամ որ աչքերէս  արցունքներ կը կայլակեն, այտերէս վար կ՚իջնեն տաք կաթիլներ որոնք յամառօրէն բացակայ էին յուղարկաւորութեան եւ թաղման օրերուն։ Շուրջիններս նոյնքան յուզուած են։ Ոմանք կը յիշեն Զարեհ Կաթողիկոսի ընտրութեան օրերը, ուրիշներ Գարեգին Հայր սուրբը, որ այնքան կաթոգին կերպով կ՚երգեր Ռուսինեանի «Կիլիկեա»-ն, որ քայերգ, մաղթերգ, ուխտերգ էր դառձած։

Հիմայ Գարեգին Վեհափառի շիրիմին վրայ է որ կ՚երգենք այդ երգը։ Քիչ մը գողունի, քիչ մը ի՞նչ ըսեմ։ Բայց ըսեմ՝ երանի թէ այդ երգը հնչէր թաղումէն յետոյ եւ Արամ Վեհափառը բոլորին ներկայութեան Կիլիկիոյ հողը խառնէր Էջմիայծնի հողին։ Չըրաւ, գուցէ յարմար պահ մը չգտաւ։  Բայց գիտեմ որ այդ մէկ հատիկ երգը Գարեգին կաթողիկոսի կեանքին ողբերգութեան պատկերն եղաւ, ի վերջոյ Կիլիկիոյ վերջասահման Քեսապի զաւակ էր Կիլիկիոյ դպրեվանքի լաւագոյն պտուղը, իբրեւ պերճաբան Հայրապետ կորովի առաջնորդ։ Յետոյ Հայաստանի անկախութեան ալիքները զինք բերին էջմիածին, դարձաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Ինք իսկ գուցէ փորձեց մոռնալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսի իր անցեալը, եւ շեշտել իր նոր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դիմագծութիւնը. Բայց ամէն մարդ շարունակեց իր մէջ տեսնել «Կիլիկիոյ թեմի Կաթողիկոսը», եւ ինք չկրցաւ ինքզինք բաժնել իր անցեալէն։  Ափսոս որ ժամանակ չեղաւ  այդ գիշեր Արամ Վեհափառէն խնդրելու, որ, Զարեհեան դամբարանին մէջ, Անթիլիաս, փոքրիկ քար մը զետեղուի եւ յիշուի , որ Գարեգին Կաթողիկոս 18տարի Կիլիկիոյ Կաթողիկոս էր, թող քարի կտոր մը յիշէ զինք, Անթիլիասի մէջ, անգերեզման չմնայ։

Արդարեւ,1995 թ., երբ քիչ մը տարօրինակ պարագաններու նեքեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընտրուեգաւ, խանդավարութիւնը մեծ էր, փայլուն էր յոյսը, բարձր  էին ակնակլութիւնները։ Բայց կեանքը ուրիշ բան ցոյց տուաւ։ Եւ այդ ներհուն հոգեւորականը, ճառագայթուն անձնաւորութիւնը տրտում վախճան մը ունեցաւ։ Անագորոյն ցաւ մը կրծեց եւ հալեզուց զինք։ Ոչ ոք գիտցաւ այդ ցաւը։ Քաղցկեղին հարուածը ուժգին էր, վէրքը բաց էր ու խոր։ Ամէն մարդ կը տեսնէր այդ վէրքը։ Բայց վեհափառը ուրիշ ցաւէ մեռաւ, ու տակաւին ոչ ոք գիտէ այդ ցաւը, վէրքի խորութիւնը։

Տակաւին շատ ալ կանուխ է վերլուծելու Գարեգին վեհափառի կեանքն որ անձնաւորութիւնը, հոգեբանութեան խոր ալիքները, բանալու էջերը իր հոգիին, եւ գիտնալու թէ Կիլիկիոյ բարձրունքներէն սրաթռիչ այդ արծիւը ինչպէ՞ս թառեցաւ Արարատի փէշերուն, եւ թէ ինչպէ՞ս  հակառակ բոլոր երազանքներու, արծիւը թեւաբեկ ինկաւ, եւ վաղահաս իր վախճանումով ինք իսկ սահմանափակեց իր տեղը Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, ուր ճակատագրուած կը թուէր գրելու ոսկեղէն էջ մը։ Հիմա ստիպուած բադրատական մը կ՚ընենք իր երվոնախորդներէն Մատթէոս Իզմիրլեան Կաթողիկոսի, «երկաթեայ պատըրիարքին, եւ անոր ճակատագրին հետ։ Ան ալ մեծ հմայքով եկաւ Էջմիածին, բայց երկու տարի չանցա խորտակուեցաւ։

***

Հիմայ ալ չկայ ան, ու այդ վերջին օրուած տպաւորութեան տակ կ՚ուզեմ գրի առնել իր կեանքի վերջին օրերու պատմութիւնը։ Ինչ որ պիտի ըսեմ ենթակայական է անշուշտ, քանի որ իմ կապս ալ հոգելոյս Հայրապետին հեն ենթակայական էր, որ սկսած է իմ տղայ օրերուն, եւ տարօրինակ կերպով, նոյն այդ շաբթուան հայրս էի կորսնգուցած, ու 13 տարեկան էի։ Շատ հաւանաբար այս պարագան էր որ Գարեգին Կաթողիկոսը իմ մօտ ունեցաւ, միշտ ալ, հօր պատկերը՝ բայց ինք երիտասարդ հայր է, տարիքի մեծ տարբերութիւն չկար մեր միջեւ։ Այնուամենայնի այդ կապը մնազ, զօրացաւ, եղաւ անկեղծ, երբեմն բիրտ, բայց միշտ հարազատ։ ինք եղաւ նաեւ ինծի համար դաստիարակ, ուսուցիչ, տիպար։ Եւ ճետեւեցայ իրեն, իբրեւ համեստ աշակերտ, թէ իրբեւ տեսուչ դպրեվանուց, թր իբրեւ սռսջնորդ Իրանի եւ Ամերիկայի մէջ։ Ջերմ ջատագով ալ եղած էի Ամենայպն Հայոց Կաթողիկոսի իր ընտրութեան, թէեւ իմ վերջին քայլը ուշ առի եւ իր հետ միասին Էջմիածին չփութացի։ Մնացի Ամերիկա մինչեւ իմ պաշտօնիս լրումը։ Ինչ որ ինծի համար օրինապահութիւն էր, բայ իրեն համար անսպասելի օտարում։

***

         Յուլիս մէկն է։......         (յաջորդին)

 

No comments:

Post a Comment