Յակոբ Չոլաքեան
Տեղադրած եմ Յակոբ Չողաքեանին ֆէյսպուքի էջէն (10.1.2021)
1990-ականներ: Հալէպի մէջ, վստահաբար՝ սփիւռքի բոլոր հայաշատ կեդրոններուն մէջ, շատեր քաղաքական վերլուծաբաններ դարձած էին. ոմանք մեր նորագոյն պայքարը դիւցազնավէպ դարձուցած էին, ինչպէս նախորդները, ոմանք ամեն ինչ կը կապէին միջազգային գաղտնի ու անկառավարելի ուժերուն հետ, բայց Ամմո Դանիէլը անոնցմէ էր, որ ամեն կատարելի սխրագործութիւն կը կապէր իր կուսակցութեան հետ: Ինք համոզուած էր իր ըսածներուն, թէեւ կը կարծեմ, որ ինք, գոնէ այդ օրերուն, կուսակցական չէր կրնար ըլլալ, բայց շատերու պէս պապէն աւելի պապական էր:
Ամմո Դանիէլը իմ գլխաւոր լրատուս էր: Ինք պարտականութիւն կը համարէր կարծես ատիկա ընելը. դէմս կ’ելլէր «Ազդակ»ի հերթական թիւը ափին մէջ ոլորած:
- Առ նայէ՛,- կ’ըսէր,- մեր նահատակներն են:
Արցախի ազատագրական պայքարի ճանապարհին վրայ նահատակներու հերթական շարքեր:
Անշուշտ կը հպարտանայի՝ մէկիկ-մէկիկ կարդալով անունները, միտքս պահելով անոնց դէմքերը, դասարան կը տանէի աշակերտներուս ցոյց տալու համար: Արցախեան ազատագրական պայքարը իւրաքանչիւր հայու համար հպարտութեան անսահման աղբիւր էր: 19-20-րդ դարերու մեր ազատագրական պայքարէն միայն կորուստներով վերապրած եւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկամեայ շրջանին անդադար հողային կորուստներ ունեցած ըլլալով՝ մեզի համար ասիկա անչափելի մխիթարութիւն էր: Բայց նայելով Ամմո Դանիէլի բերած նահատակներու հերթական շարքին՝ բնական կերպով սկսած էի ցաւ ապրիլ, որ միայն Դաշնակցութեան վայել է հայրենիքի ազատագրութեան համար հերոսներ պարգեւել. ես կասկածելու իրաւունք չունէի:
- Ամմո Դանիէլ,- ըսի հերթական հանդիպումի մը,- Հայաստանեան հրատարակութիւններ ձեռքս անցան, այս անուններու կարգին, բազմապատիկ աւելի անուններ ալ կան, որոնք կռուած են ու նահատակուած Արցախի համար. ինչո՞ւ նահատակները կը բաժնենք՝ մին փառաբանելով, իսկ միւսերը՝ զանցառելով…
- Մենք սերուցքն ենք,- պատասխանեց Ամմո Դանիէլ յանդիմանական շեշտով մը:
***
27 Ապրիլ 1992: Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը Հալէպ էր: Ան ժողովուրդին հետ պիտի հադիպէր Նոր գիւղի մէջ՝ Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի ընդարձակ շրջափակէն ներս: Այդ ի՜նչ անկրկնելի երեւոյթ էր: Միթէ ա՞յդքան հայութիւն կար Հալէպի մէջ. բակը լեցուն էր, ասեղ ձգելու տեղ չկար, բակին յարող դպրոցական եւ յարակից շէնքերու պատշգամներէն, պատուհաններէն, տանիքներէն, փողոցներէն, մայթերուն կից կեցած մարդատար մեքենաներու տանիքներէն, մանուկներ՝ մեծերու ուսերուն վրայէն, տասնեակ հազարաւոր ձեռքեր կը թափահարէին դպրոցի մուտքի սանդղակին վրայ կանգնած հիւրին: Բոլոր ճակատները, բոլոր հոսանքները հոն էին: Կարելի չէր չյուզուիլ: Ժողովուրդը այսպէս կը դիմաւորէր իր առաջին նախագահը:
Բայց շատ չանցած ամէն ինչ փոխուեցաւ, ինչպէս ամեն բան մեր կեանքին մէջ: Թերթը թոյն կը թափէր ազգընտիր նախագահին վրայ: Երեւան գացած դարձած սրտցաւ մարդիկ մտահոգիչ լուրեր կը բերէին Հալէպ:
- Ամմո Դանիէլ,- ըսի օր մը,- վարդապետը Երեւան էր, կը պատմէ, որ հանդիպեր է ակումբի քովնտի խորտիկարան ու զարմացած է հոն պարզուած տեսարանին վրայ. 14-16 տարեկան տղաք ու աղջիկներ պատին շարուած նախագահի նկարներուն վրայ նշանառութեան փորձեր կը կատարեն: Միթէ թոյլատրելի՞ է այդպէս դաստիարակել սերունդը քաղաքական ոեւէ հակառակորդի դէմ:
- Մենք գիտենք պատժել մեր գաղափարական թշնամիները, դաւաճանը այդպիսի պատիժի արժանի է,- ըսաւ Ամմո Դանիէլ,- ես կը զարմանամ, թէ ինչո՛ւ կը ցաւիս ատոր համար, չըլլա՞յ…
***
Վազգէն Վեհափառ վախճանեցաւ: Լուրեր սկսան տարածուիլ, թէ Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը պիտի ընտրուի Ամենայն հայոց կաթողիկոս՝ իբրեւ Գարեգին Ա.: Ես շշմած էի, որ Հալէպի մէջ, թերեւս ամբողջ սփիւռքի, այդ մարդուն անունով երդում ընող մարդիկ հիմա «դաւաճան, դաւաճան» կը պոռային: Զիս զարմացուցած էր նոյնիսկ, որ այդ մարդը քանի մը ընկերակիցներու հետ, գրեթէ գաղտնի, առանց համարձակելու իր եկեղեցին մտնելու, կ’այցելէր իր ծննդավայրը, կ’իջնէր Գարատուրան գիւղի իր հայրական պարտէզը, կը փաթթուէր դարաւոր ընկուզենիին ու արցունքը կը սրբէր այտերէն, ապա ծովափէն վերջին հայեացք մըն ալ կը նետէր Կիլիկիոյ ափերուն, ու այդպէս կը հեռանար՝ «դաւաճան, դաւաճան» յանկերգը քաշքշելով իր ետեւէն:
Համազգային համերաշխութեան եւ մեր երկու նուիրապետական աթոռներուն միջեւ հաշտութիւն ստեղծող այս քայլին համար կարելի՞ է այս մարդուն դաւաճան ըսել:
-Առանց մեզի ո՛չ մէկ համերաշխութիւն ու հաշտութիւն, անոնք դաւաճաններ են,- կ’ըսէր Ամմո Դանիէլը:
***
Աւելի ծանր օրեր եկան: Հայաստանի մէջ իշխանութեան հասան նոր ուժեր, «ղարաբաղցիներ» ըսին անոնց, ու տիրեցին ամեն ինչի:
Ամմո Դանիէլ ձեռքի «Ազդակ»ը օդը թափահարելով ըսաւ.
_Վերջացա՜ւ, ա՛լ ետդարձ չկայ, ա՛լ Հայաստան-Մայաստան չկայ, ա՛լ ամեն տեղ Արցախ է, Արցախն է, որ կը ղեկավարէ ամեն ինչ եւ ամեն տեղ: Միայն իր կամքը պիտի տիրէ մեր կեանքին մէջ:
- Ամմո Դանիէլ, ի՞նչ ըսել է «Հայաստան-Մայաստան չկայ», մեր երազն էր, որ Արցախը Հայաստանին մէջ ըլլայ…
Ամմո Դանիէլ քմծիծաղով մը կը մեղքնար ինծի՝ իմ քաղաքական տհասութեանս համար…
***
«Դէպի Երկիր» մը կար: Ո՞վ դէմ էր դէպի Արցախ կատարելի հայրենադարձութեան: Այդ նշանախօսքը վերակենդանացնելու յարմարագոյն պահը եկած էր: Միշտ ալ կարելի է գտնել հայրենադարձութեան հաւատացող մարդիկ, բայց եթէ այդ մէկը համակարգող ու կազմակերպող ուժ ըլլայ՝ արդիւնքը մնայուն կը դառնայ: Գացին, ինծի ծանօթ շատ դէմքեր կային, հարազատներ եւս: Ամմո Դանիէլ ինծի նոր անուններ ալ կու տար: Կ’ուրախանայի: Բայց շուտով գացողները փախան ու վերադարձան հոն, ուրկէ գացած էին, որովհետեւ ինքզինքնին հոն՝ մացառուտներու մէջ լքուած-մոռցուած սահմանաքարի պէս զգացին:
- Ի՞նչ եղաւ, Ամմո՛ Դանիէլ,- հարցուցի օր մը,- սա մեր «Դէպի Երկիր»ը ի՞նչ եղաւ…
Ամմո Դանիէլ, գլուխը ծռելով, ինծի խէթ-խէթ նայեցաւ,«կ’ապրինք կը տեսնենք» ըսելու պէս բան մը…
***
Ականջդ խօսի, Ամմո՛ Դանիէլ, այսօր ալ կ’ուզեմ, որ դէմս ելլես, երբ սուտն ու սադրանքը կը կազմալուծեն մեզ, երբ Բանակն ալ ներքին թշնամիներուն թիրախ է, երբ մարդիկ կը փախչին Արցախէն եւ դէմ են, որ մեր զաւակները ծառայեն Արցախի սահմաններէն ներս…Սա մեր թշնամիին ուզածը չէ՞:
Ի՞նչ կ’ըսես, Ամմո Դանիէլ: