George Carlin on Aging
Թարգմանեց Վահէ Յ։ Աբէլեան
Հէ՞չ անդրադարձած էք որ միակ ժամանակը երբ կ՚ուզենք մեծնալ մեր մանկութեան է։
Երբ տասնը տարեկանէն պակաս ես, այնքան կը փափաքիս մեծնալ որ կոտորակով կը մտածես։ «Քանի տարեկան ե՞ս». «Ես չորսն ու կէս տարեկան եմ»։ Դուն երբէք եռեսունվեց-ու-կէս պիտի չըլլաս։ Ներկայիս դուն չորս ու կէս տարեկան ես եւ շուտով հինգ տարեկան պիտի ըլլաս։
Պատանեկան տարիքին կը հասնիս, հիմայ ոչ ոք քեզ կրնայ զսպել։
Կը ցատկես յաջորդ թիւին եւ թերեւս ալ քանի մը թիւեր եւս։ «Քանի տարեկան է՞ս»։ «Ես տասնը վեց տարեկան պիտի ըլլամ»։ Կրնայ ըլլլար որ տասներէք տարեկան ես, բայց հէ՛յ, տասնը վեց տարեկան պիտի ըլլաս։
Իսկ յետոյ՝ կեանքիդ մեծագոյն օրը կը հաանի եւ ՔՍԱՆ ԵՒ ՄԷԿ տարեկան կ՚ըլլաս։ Նոյնիսկ թիւը արարողութեան նման է՝ ՔՍԱՆ ԵՒ ՄԷԿ տարեկան եղած ես։ ԱՅՈ!!!
Յետոյ կը դառնաս 30 տարեկան։ Օ ՜հ, ի՞նչ պատահեցաւ։ Թթուած կաթի պէս կը հնչէ։ Եռեսուն տարեկան դարձաւ։ Պէտք է զինքը արտաքսենք։ Զուարճութիւն չկայ այլեւս։ Դուն թթուած խմոր մըն ես։ Ի՞նչ պատահեցաւ։
21տարեկան Կ՚ԸԼԼԱՍ, 30 տարեկան ԿԸ ԴԱՌՆԱՍ եւ յանկարծ 40-ի կը ՄՕՏԵՆԱՍ։ Օհ ՜օ, դնենք արգելակներ, ամէն բան արագօրէն կը սահի եւ կը սպրդի։ Մինչեւ որ անդրադառնաս 50-ին կը ՀԱՍՆԻՍ եւ երազներդ արդէն գացած են։
Բայց սպասէ՛ 60 տարիքդ ԿԸ ՆՈՒԱՃԵՍ. չէիր կարծեր որ պիտի կարենայիր այդ տարիքին հասնիլլ։
21 տարեկան Կ՚ԸԼԼԱՍ, 30 տարեկան ԿԸ ԴԱՌՆԱՍ, 40-ի կը ՄՕՏԵՆԱՍ, 50-ի ԿԸ ՀԱՍՆԻՍ, 60-ը ԿԸ ՆՈՒԱՃԵՍ։ Բայց այլեւս արագընթաց գահավէժ ընթացքի մէջ ես եւ ԿԸ ԲԱԽԻՍ 70-ին։
Որմէ ետք օրը օրին։ 80 տարիքիդ մէջ ես եւ ամէն օր լման շրջան մըն է՝ ԿԸ ԲԱԽԻՍ կէսօրուայ ճաշիդ, ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՍ երեկոյեան ժամը 4:30-ին եւ կը ՀԱՍՆԻՍ գնանալու ժամիդ։
Բայց հոն չի վերչանար։ 90-ի մէջ ես եւ կը սկսիս ետ երթալ՝ «Նոր 90 տարիքս լրացուցի։»
Յետոյ տարօրինակ բան մը կը պատահի։ Եթէ 100 տարիքը հասնիս, պզտիկ տղեկ մը կը դառնաս կրկին՝ «Ես 100 եւ կէս տարեկան եմ» !
Ամէնքդ ալ հասնիք ձեր առողջ 100 եւ կէս տարիքին։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄՆԱԼ
Ա. Ձերբազատուէ՛ այդ անիմաստ թիւերէն՝ ըլլան անոնք տարիք, կշիռք։ Ձգէ որ բժիշկները մտահոգուին անոնցմով։ Անոր համար կը վճառենք իրենց։
Բ. Ընկերակցիր միայն ուրախ ընկերներու հետ։ Տրտնջացողները քեզ ապառողջ պիտի ընեն։
Գ. Շարունակէ սորվիլ։ Սորվէ համակարքիչը, պարտիզպանութիւն, արուեստ կամ որեւէ այլ բան։ Երբէք մի ձցեր միտքդ անզբաղ։ «Սատանային աշխատանոցը՝ ծոյլ միտքն է»։ իսկ Սատանային անունն ալ Alzheimer’s է։
Դ. Վայելէ պարզ բաները։
Ե. Յաճախ ծիծաղիր, բարձր եւ երկար։ Ծիծաղիր մինչես իսկ շնչահեղծ ըլլալու պէս ըլլաս։
Զ. Արցունքներ կը կատահին։ Դիմացիր, ողբայ եւ շարժման մէջ մտիր։ Միակ անձը որ մեզ հետ պիտի ըլլայ մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան՝ մենք ենք։ Կեանքոտ եղիր այնքան ատեն որ կեանք ունիս։
Է. Շրջապատէ՛ դուն քեզ բաներով որոնք կը սիրես, ըլլայ այդ ընտանիք, յիշատակներ, երաժշտութիւն, տունկ, սիրական զբաղումներ։ Քու տունդ քու ապաստանն է։
Ը. Հոգ տար առողջութեանդ։ Եթէ լաւ է, պահէ զայն։ Եթէ կայուն չէ, բարելաւէ։ Իսկ եթէ քու կարողութիւնէդ վեր է օգնութիւն հայցէ։
Թ. Մի մտմտար յանցանքներուդ վրայ։
Ժ. Ամէն պատեհ առիթներու արտայայտէ սէրդ անոնց որոնց կը սիրես։
ՄԻՇՏ ՅԻՇԷ՛
ԿԵԱՆՔԸ ՉԷ ՋԱՓՈՒԱԾ ՄԵՐ ՇՆՉԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՔԱՆԱԿՈՎԸ՝ ԱՅԼ ԱՅՆ ՊԱՀԵՐՈՎԸ ՈՐ ՄԵՐ ՇՆՉԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ԽԼԵՑԻՆ։
HOW TO STAY YOUNG
- Throw out nonessential numbers. This includes age, weight, and height. Let the doctor worry about them. That is why you pay him/her.
- Keep only cheerful friends. The grouches pull you down.
- Keep learning. Learn more about the computer, crafts, gardening, whatever. Never let the brain idle. ” An idle mind is the devil’s workshop.” And the devil’s name is Alzheimer’s.
- Enjoy the simple things.
- Laugh often, long and loud. Laugh until you gasp for breath.
- The tears happen. Endure, grieve, and move on. The only person who is with us our entire life is ourselves. Be ALIVE while you are alive.
- Surround yourself with what you love, whether it’s family, pets, keepsakes, music, plants, hobbies, whatever. Your home is your refuge.
- Cherish your health: If it is good, preserve it. If it is unstable, improve it. If it is beyond what you can improve, get help.
- Don’t take guilt trips. Take a trip to the mall, to the next county, to a foreign country, but NOT to where the guilt is.
- Tell the people you love that you love them, at every opportunity.
No comments:
Post a Comment