V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Monday, July 14, 2025

Առանց հրաւէրի այցելութիւն չըլլար

Վահէ Յ Աբէլեան

էջմիածին կղերական համագումար, Սուր Փրկիչ (էջմիածին թեմ), 
Սուրբ Երրորդութիւն  (Կիլիկեան թեմ) Եկեղեցիներ, Worcester, MA

Պատեհութիւնը ունեցած եմ Անթիլիասի Կիլիկիոյ Սիսի Կաթողիկոսութեան արժանաւոր գահակալներուն աջը համբուրել՝ Զարէհ, Խորէն եւ Գարեգին Բ Կաթողիկոսներունը ծնողքիս ընկերակցութեամբ, Լիբանան։ Իսկ Արամ Կաթողիկոսինը, Ուսթըր քաղաքին եկեղեցիին հովուական այցելութեան ընթացքին, այս տարի։ Կիլիկիոյ Սիսի՝ կամ այժմու Անթիլիասի կաթողիկոութեան այդ գահակալները եղան օրինակելի եկեղեցական հայրեր։

Արամ կաթողիկոսը ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ անցնող հինգ-վեց տարիներուն ընթացքին, Հայաստանի 44-Օրուան անփառունակ պարտութիւնէն ետք։ իր վերջին յայտարարութիւնէն կը մէջբերեմ հետեւալը։ 

 «Արդարեւ, որեւէ ազգի, եկեղեցւոյ կամ կազմակերպութեան կեանքին մէջ սխալներ, բացթողումներ, բեւեռացումներ, առճակատումներ կրնան ըլլալ. սակայն անոնք հարկ է որ քննարկուին յատուկ գործընթացքներու ճամբով եւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ համապատասխան լուծումներու յանիլ։

Շուրջ վեց տարիներէ ի վեր, դժբախտաբար, Հայրենիք չեմ այցելած։ Վերջին օրերուն մտածեցի, շա՜տ մտածեցի, Հայաստան գալու մասին, որպէսզի կարենամ օժանդակել ստեղծուած փոթորիկը նուազագոյնը հանդարտեցնելու ուղղութեամբ։ Սակայն, Ազգային Ժողովէն ու ընկերային ցանցերու ճամբով եւ այլապէս կատարուած ու շարունակուող անմակարդակ, մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն խոտոր համեմատող արտայայտութիւնները, ինչպէս նաեւ կատարուող ձերբակալութիւնները չեն քաջալերեր զիս քայլերս ուղղելու դէպի Հայրենիք։»

Արամ վեահափառին յայտարարութիւններէն ամենէն անկողմնակալը եւ հետեւաբար ամենէն դրականը եւ շինիչը յայտարարոթիւնն էր։ Բայց այդ յայտարարութեան մէջ Արամ վեհաբառը չ՚ակնարկեր Հայաստանէն որեւէ հրաւէրի մը որուն ընդառաջած չըլլար։  Իմ ենթադրութեանս համաձայն Արամ Վեհափառը Հայաստան այցելելութեան հրաւէր չէ ստացած այդ ժամանակամիջոցին։ Բնականաբար այդ հրաւէրը պիտի գար Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսէն եւ ոչ թէ պետութիւնէն։ 

Նմանապէս կը կասկածիմ որ Արամ Վեհափառը Հայաստան այցելութեան հրաւէր պիտի ստանայ մեծամիտ Գարեգին Բ Կաթողիկոսէն, մանաւանդ որպէսզի օժանդակէ «ստեղծուած փոթորիկը նուազագոյնը հանդարտեցնելու ուղղութեամբ։» Արամ վեհափառը կը գտնուի մուրճի եւ սալի միջեւ։ 

Պետութիւն-Էջմիածինի տարակարծութիւնը կրօնական չէ, այլ քաղաքական պայքար մըն է, չ՚ըսելու համար «սրբազան պայքար» մը, քանի մը բարձրաստիճան կղերականներու առաջմորդբւթեամբ, որոնք քաղաքական որեւէ առաջնորդութիւն պիտի չստանցնէին առանց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին արտօնութեանը։

Գարեգին Բ. կաթողիկոսը կը վայելէ բացառձակ աջակցութիւնը Ռուսական Դաշնակցութեան կառավարութեան եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Թաւշեայ Յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինյանի կառաւարութեան ընդիմադիր ճակատի աջակցութիւնը, մասնաւորաբար երկու նախքին նախագահներունը՝ Քոչարեան-Սարգյան, որոնք իրենց իշխանութեան քսան տարիներուն ընթացքին թալանեցին երկիրը եւ կամ ժողովուրդը։

Ինչպէս նշեցի՝ Վեհաբառ Արամը կը գտնուի սալին եւ այդ մուրճին միջեւ։  Տակաւին չեմ կրցած պատկերացնել տրամաբանութեան հիմքը որ կը մղէ սփիւռքի ՀՅԴ-ի ղեկաւարութիւնը նեցուկ կենալ Գարեգին Բ կաթողիկոսին եւ ընդիմանալ ազգընտիր կառաւարութեան։ Անհաւանական չէ որ՝ Քոչարյան-Սարգսյան-Գարեգին Բ. կաթողիկոս հատուածը տիրապետէ Հայաստաանի քաղաքականութեան եւ Հայաստանի ընթացքը առաջնորդէ դէպի Ռուսաստանի Դաշնակցութիւն եւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին։ Հայաստանը չի կրնար Ռուսասդանի եւ հետեւաբար Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիին մերձանալ եւ պահել իր ինքնիշխանութիւնը։ Բայց Հայաստանը կրնայ քաղաքականօրէն մերձանալ արեւմուտքին եւ պահել իր ինքնիշխանութիւնը։

Ռուսաստանով եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիով գօտապնդուած Էջմիածնի կաթողիկոսութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ վէրջ տալ Կիլիկեան Թեմին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։ Թերեւս նոյնիսկ Միջին Արեւելքի մէջ եթէ կարնեայ։

 Էջմիածինին համար, Կիլիկիոյ Սիսի Կաթողիկոսութիւնը անկոչ հիւր է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ուր Հայ Առաքելական Եկեղեցին հիմնուեցաւ Խրիմեան Հայրիկին կոնդակով։  Առաջին Հայ Առաքելական Եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ – ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Աշարհին մէջ – Էջմիածնայ թեմին պատկան Սուրբ Փրկիչ (Saint Savior) եկեղեցին է որ հիմնուած է 1891 թուականին, Worcester քաղաքին մէջ, որուն արուարձաններէն մէկուն մէջ բնակութիւն հաստատած ենք։  Այդ եկեղեցիին հիմնադրութիւնէր 43 տարիներ ետք, երկբեւեռացած Պաղ Պատերազմի օրերուն, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցիէն քանի մղոն հեռու, հիմնուեցաւ Կիլիկեան Թեմին Սուրբ Երրորդութիւն (Holy Trinity), եկեղեցին որուն ինիսուն ամեակը տօնուեցաւ անցեալ տարի։

Ռուսաստանով եւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիով գօտեպնդուած  Գարեգին Բ - ի էջմիածինի կաթողիկոսութիւն նեցուկ պիտի չմնայ Հիւսիսային Ամերիկայի Կիլիկեան Թեմին՝ այժմու Անթիլիասի Կաթողիկոսութեանը՝ Արեւմտահայերէնին վերջին պատսապարանը եւ Արեւմտահայստանէն մնացած միակ հաստատութիւնը։

 Ինչպէս նշած էի՝ չեմ կրցած պատկերացնել պատմական տրամբաութեան հիմնաւորումը որ կը մղէ սփիւռքի ՀՅԴ-ը նեցուկ կենալ Գարեգին Բ կաթողիկոսին եւ ընդիմանալ ազգընտիր ներկայ պետութեան, փոխանակ նեցուկ մնացած ըլլար Արամ Վեհափառին վերջին, թէեւ ուշատցած, բայց շինիչ եւ դրական յայտարարութեանը։ 

 Հարցը հայ պետականութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին գերիշխանութիւններն են որոնք խնդայարուց են։ Կ՚ունենաք ազատ, անկախ, ժողովրդավարական Հայաստանի Հանրապետութիւն մը, եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին որպէս գերիշխան, իրար ամբողջացնող հաստատութիւններ։ Կամ ալ կունենանք Պէլարուսի նման պետութիւն մը որուն ընկերային, կրօնական կարք ու սարքը համառատու են Ռուսական Դաշնակցութեան եւ անոր Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիին։

 

 

 

 

 

No comments:

Post a Comment