V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Sunday, December 24, 2023

Արմենակ Եղիայեան ` Ճանչնանք մեր բառերը (8) -ԾԱԾՈՒԿ


 Ճանչնանք մեր բառերը (8)

1.Ծածուկ եւ ծածկ       

Իր հանրածանօթ «Թիւրն ու թերին» աշխատութեան մէջ Բենիամին Թաշեան կը մտածէ, թէ սխալ է գրելհողածածկ, ձիւնածածկ, մոխրածածկյարդածածկքողածածկ, որոնց բոլորն ալ աւելի կամ պակաս ընթացիկ բառեր են, այսպէս ալ կը կիրարկուին եւ նոյնպէս ալ մտած են բառարաններու մէջ:

Թաշեան կը տրամաբանէ, որ՝

«Ըստ կանոնի, երբ ծածուկ-ը բարդ բառին վերջը գայ, ու-ն չի կորսուիր» (էջ 107),– եւ ուրեմն պէտք է ունենանք  հողածածուկ, ձիւնածածուկ, մոխրածածուկ, յարդածածուկ քողածածուկ: Թաշեան այս բոլորը շարադրած է հետեւողութեամբ հայր Արսէն Ղազիկեանի, որ  ճիշդ նոյն տեսակէտը պաշտպանած է իրմէ առաջ՝    «Մի՛ գրէք... այլ գրեցէ՛ք» աշխատութեան մէջ (էջ 101 եւ յաջորդք):

         Սկսելու համար պէտք է ըսել, որ Թաշեանի  նկատողութեան մէջ կայ չափազանցութիւն մը, թացն ալ չորին հետ այրելու ձգտում մը, քանի որ բերուած բառերէն վերջինը  ընդհանրապէս գրուած է քողածածուկ[1]թէ՛ մեր գրականութեան, թէ՛  մեր բառարաններուն մէջ:   Գալով միւսներուն՝ իրաւունք ունի Թաշեան. ներկայիս իշխող եւ ընդունուած ձեւն է՝ ապակեծածկ,  յարդածածկ, մոխրածածկ, ձիւնածածկ, հողածածկ. աւելցնենք նաեւ՝ անտառածածկ, լաթածածկ, մազածածկ, քարածածկ, թիթեղածածկ եւ այլն, որոնց տարածումն ու նուիրականացումն ալ  ահա  կը բախի Թաշեանի  համոզումին. այլ խօսքով՝ Թաշեան առանձին մնացած է բանակին դէմ այն գրողներուն  ու բառարաններուն, որոնք  իրենց բարդ բառը կը կազմեն բառավերջի ծածկ-ով, փոխանակ ծածուկ-ի, ինչպէս ինք եւ իրմէ առաջ  Ղազիկեան  պահանջած են:

         Միւս կողմէ՝ ճիշտ է կանոնի բանաձեւումն ալ, թէ՝ «երբ ծածուկ-ը բարդ բառին վերջը գայ, ու-ն չի կորսուիր», աւելի ճիշդը՝ պէտք չէ՛ կորսուի, մինչ ան կը կորսուի՝ երբ սկիզբը գայ. տանք այս վերջին կանոնը հաստատող օրինակներ՝ ծածուկ-ծածկագիրծածկախօսծածկամիտ, այլեւ՝  ջուր-ջրաման-սակաւաջուր(ջր > ջուր), տուր-տրական-երկնատուր (տր > տուր), ապուր-ապրանք-թանապուր (ապր > ապուր), բլուր-բլրաձեւ-հողաբլուր (բլր > բլուր) եւ այլն եւ որոնց բոլորը կորսնցուցած են  առաջին բաղադրիչի ուձայնաւորը, սակայն պահած են այդ ու-ն, երբ ան կը գտնուի վերջին արմատին մէջ, իսկ վերը բերուած  օրինակներուն մէջ բառավերջի ծածուկ-ը կորսնցուցած է իր ու-ն:                                                                                                  

         Ի՞նչ պէտք է եզրակացնել. կարելի՞ է  մտածել, թէ կը գտնուինք ընդհանրական սխալի մը առջեւ,  եւ կը սխալին   բոլոր արդի գրողները, իսկ  ճիշդը ծանօթ է մի՛այն Թաշեանին եւ  հայր Ղազիկեանին:

*   *   *

      Լուծումին բանալին կը գտնուի ծածուկ բառի՝ ժամանակի ընթացքին կրած իմաստային փոփոխութեան կամ երկփեղկումին մէջ: Արդարեւ մեր հին մատենագրութեան մէջ  ծածուկ  արմատը ունեցած է շատ սեղմ իմաստ մը, որուն նրբութիւնները տրուած են Ռուբէն Ղազարեանի «Գրաբարի բառարան»-ին մէջ՝ ծածկել յօդուածին առթիւ. «Պահել, թաքցնել, աննկատելի դարձնել, հողի շերտի տակ պահել, թաղել, պատել,քողարկել»:  Այլ խօսքով՝ ծածկել կը նշանակէր բան մը այս կամ այն ձեւով աչքէ հեռացնել,  ծածուկ դարձնել: Իր այս իմաստին  թելադրութեամբ՝ բոլոր յետադաս դիրքերուն մէջ ծածուկ արմատը դասական բառերու մէջ պահուած է իր լման ծաւալով՝ ամրածածուկգաղտնածածուկ, թաքնածածուկ, թեւածածուկ (թեւասքող), խրթնածածուկյարկածածուկքողածածուկ ինչ որ արդէն բոլորովին հաշտ է մեր բառակերտումի կանոններուն հետ եւս:   

                                                                  *   *   *  

      Բայց ահա ժամանակի ընթացքին, վերոնշեալ հիմնական իմաստի կողքին, որ պահելն էր՝ թաքցնելու, աչքերէ հեռացնելու իմաստով, ծածկել-ին մէջ  հետզհետէ  զարգացած ու  հիմնաւորուած է երկրորդ իմաստ մը, որ է Մալխասեանի բառերով՝ «Մի բան տարածել կամ դնել  ուրիշ բանի վրայ»: Այդ տարածուող կամ դրուող բանը կրնայ ըլլալ որեւէ նիւթ՝  թիթեղներու շարք մը չորս պատերու վրայ, վերմակ մը քնացողին վրայ, ձիւնը լեռան, դաշտերուն  կամ քաղաքին վրայ, մոխիրը հողին վրայ,  հողը գերեզմանի փոսին վրայ, ասֆալթը՝ ճամբուն վրայ եւ այլն, եւ այլն, որոնց մէջ այլեւս թաքցնելու կամ տեսողութենէ հեռու պահելու մտահոգութիւնը ոչ մէկ առաջնահերթութիւն  կը ներկայացնէ: Երբ ճամբայ մը կամ անցք մը կ’ասֆալթապատենք՝ զայն ծածուկ դարձնելու մտահոգութիւնը չունինք այնպէս, ինչպէս ունինք, երբ դէմք մը քողով կը ծածկենք: Եւ բառիս այս երկրորդ՝ նոր  իմաստը աշխարհաբարի մէջ այնքան կենսունակ ու տիրապետող է, որ անոր դասական իմաստը՝ պահել, թաքցնել, աչքերէ հեռացնել եւ այլն կը նսեմանան անոր առջեւ, նոյնիսկ կ’ընկալուին իբրեւ անոր փոխաբերական իմաստները:  

         Աշխարհաբարեան այս նոր իմաստին կենսունակութեան բերումով ալ ահա բառիս ծածուկ արմատը հետզհետէ ստացած է նոր ու անկախ արտայայտութիւն մը իր գրութեամբ ալ, որ է ծածկ բառը եւ որը ծածուկ-ին հնչիւնափոխուած ու կծկուած ձեւն է  պարզապէս, ճիշդ է,  սակայն, ուշադրութի՛ւն, ծածկ-ը ծնունդ առած է իմաստային բոլորովին  տարբեր միջավայրի մը մէջ, եւ որքան ալ ան ստուգաբանօրէն կը կապուի ծածուկ բառին, այսուհանդերձ իմաստաբանական  առնչութիւն չունի անոր հետ. ծածկ-ը ստուգաբանութեա՛մբ միայն ծածուկ է, բայց ո՛չ իմաստով:  Նոյնիսկ խօսքամասային կապը խզուած է այս երկուքին միջեւ. ծածուկ-ը ածական մըն է, մինչ ծածկ-ը գոյական մըն է, որ կը նշանակէ, ըստ Մալխասեանի, «Շինութեան վրան ծածկող մասը, կտուրերդիք, որեւէ ծածկոյթ գլխի վերեւ», բայց նաեւ՝ երկրի բուսական ծածկոյթը, փողոցի յատակի ծածկոյթը, մազերու  կամ բուրդի խաւը մարմնի վրայ եւ այլն, որոնք որեւէ ծածուկ նկարագիր չունին: Եւ ահա ճիշտ այս  հնչիւնափոխ կծկուած  ձեւն է, որ կը գտնենք աշխարհաբարեան  նորահնար բառերուն վերջը, ինչպէս՝ ձիւնածածկյարդածածկ, թիթեղածածկլաթածածկ եւ այլն, ուր ծածկ-ը այլեւս ծածուկ չի նշանակեր. ասոնք կը նշանակեն՝ ձիւնէ, յարդէ, թիթեղէ եւ այլնէ ծածկ կամ ծածկոյթ ունեցող, ըստ այսմ ալ՝  անընդունելի պիտի ըլլար ըսել՝ թիթեղածածուկ տուն, ասֆալթածածուկ ճամբայխոտածածուկ դաշտագետին եւ այլն:

         Իմաստային այս երկփեղկումը շատ լաւ կը ցոլանայ բառակերտումի ճամբով եւս: Գրաբարը ունէր  անծածուկ-ը, որ կը նշանակէ «ոչ-ծածուկանթաքուն, յայտնի, ակներեւ, բացայայտ»: Այս բառը իր այս իմաստով դուրս մղուած է աշխարհաբարի արդի բառարաններէն: Կ’ակնկալուէր, որ փոխարէնը մուտք գործէր անծածկ-ը՝ իբրեւ   «իր վրայ ծածկ կամ ծածկոյթ չունեցող, բացօթեայ»  իմաստով, ինչ որ խուսափած է անոնց ուշադրութենէն. ահա բնագրային  օրինակներ՝  

          --«Ինքնաշարժի անծածկ[2] վաճառատուներ...» (Յ. Պալեան, «Մարդը ժամանակին հետ», էջ 6): 

         --«Ունեցանք տուն, որուն դուռն ու պատուհանը անծածկ էին» (Թ. Թորանեան, «Երեք գիրք...», էջ 21): 

         --«Օ՜, ճարտար ճորտեր, ապրել էք դուք խարխուլ  խուղերում, անծածկ, անդուռ» (Եղիշէ Չարենց),− այսինքն՝ «դուռ ու տանիք չունեցող խրճիթ» եւ ոչ թէ «ծածուկ խրճիթ»: 

         Եւ վերջապէս իմաստային յիշեալ  երկփեղկումը  շատ բացայայտօրէն հաստատուած կը գտնենք  հետեւեալ տարբերակներու զուգադրումով՝ 

         --կիսածածուկ, որ  կը նշանակէ կիսովին ծածուկ, գաղտնի, աննկատելի, 

         --կիսածածկ, որ կը նշանակէ կիսովին ծածկուած՝ առարկայ , տարածութիւն:  

armenag@gmail.com                                            Արմենակ Եղիայեան

 

 



[1] Իր բուն՝ նիւթական իմաստով կը գրուի քողածածկ, որ կը նշնակէ քողով մը ծածկուած դէմք կամ որեւէ առարկայ: Փոխաբերական իմաստով՝ կը գրուի գողածածուկ եւ կը նշանակէ անտեսանելի, ծածուկ, խորհրդաւոր, գաղտնի, աչքերէ հեռու:

[2] Միւս կողմէ, սակայն, նոյն հեղինակը նոյն աշխատութեան մէջ, էջ 138, ունի անծածք:

No comments:

Post a Comment