Ծանօթ - Աշխարհաբար Աստուածաշունչին նպաստը ազգային զարթօքին միայն կարդացած եմ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց» գիրքին մէջ։ Կը մէջբերեն յատուածներ այդ գիրքէն։ Ծանոթ՝Գաբոն՝ Տէր Թադիոսին դստերին հետ ամուսնալէ ետք, քահանար ձեռնադրուած էր որպէս Տէր Յուսիկ եւ սերտած էր աշխարհաբար Աստուածշումչը։ Իր անէր հօրը տեղը անցած էր տէր Թադիոսին վախճանունէն ետք եւ իր գիւղը բարեփոխած էր եւ իր զարթօնքը կը վերագրեր աշխարհաբար Աստուածաշռւնչին իր ընթերցանութեանը։ կը մէջբերեմ յատուածներ։
« Սակայն տէր Թադեոս ուրիշ հատոր մըն ալ ունէր, կլորիկ, գունդիկ, սեւուկ կողքով զոր երբէք տղուն տալ ուզած չէր։ Գաբոն քանի մը անգամ զայն ընդնշմարած էր ու օրմըն ալ համարձակած էր խնդրել։ Իբր պատասխան՝ ապաշխարանքի ենթարկուեցաւ։ Տէրտէրը ինքն իսկ ամէն անգամ որ այդ գիրքքը բանար «մեղա՜յ, մեղա՜յ» կը գոչէր։ Ո՛չ ժամարար եղած օրը, ո՛չ ալ տօն օրերը զայն ստուկէն դուրս կը հանէր։ Բայց Գաբոն այդ խորհդաւոր հատորը օր մը ձեռքն ունեցաւ։ Տէրտէրը զինք գործի համար քաղաք խրկած էր. Բան մը մռռցած ըլլալուն՝ ետ դարձաւ ու շիտակ տէրտիրոջը տունը գնաց։ Մարդը դուրս եղած էր, գիրքը բաց թողած, ակնոցն ալ վրան։ Ո՞րմէ գաղտնի պահէր, ուրիշ կարդալ գրել գիտցող չկար։ Գաբոն գրքին վրայ ինկաւ. Նախ կողքը նայելով՝ կարդաց ոսկէզօծ, խոշոր տառերը՝ «Աստուածաշունչ»։ Սկսաւ թղթատել։ Դիւրութեամբ կը հասկնար. Ուստի եւ համ կ՚առնէր։ Ինզինքն ընթերցումի տուած՝ կը մոռնար որ տէրտէրը կրնար յանկարծ գալ, երբ մէկէն մէկ «վա՛յ անիծեալ» բացականչութիւն մը լսեց, ու երեսին ալ ապտակ մը շառաչեց։ Տէրտէրը գիրքը տղուն ձեռքէն յափշտակեց, ու նոյնհետայն իր արտը երթալով կրակ վառեց եւ Աստուածաշունչը խարուկեց, յիշելով «վա՛յ մարդոյն այնմէկ, ոյր ձեռն գայթէ գայթակղութիւն»։ Երբ գիրքը կը վառէր տէրտիրոջը աչքերն ալ լեցուեցան։
Աշխարհաբար Աստուածաշունչ էր։ Օրին մէկը անծանօթ մը գեղն եկած էր՛ իշու վրայ հեծած, հետն ալ պայուսակ մը։ Տէրտէրը փնտռելով, մէկ տեղ նստեր խօսէր էին։ Այցելուն աստուածախախ մէկը կ՚երեւար, անուշ լեզու։ Երբ պիտի մեկնէր, պայուսակը բացաւ, մէջէն գիրք մը հանեց եւ տէրտէրին նուիրեց։ վրան «Աստուածաշունչ» գրուած էր. Քահանան գիրքը պագաւ ու ճակտին դրաւ։ Աստուածաշունչ անունը լսած էր, բայց երեսը տեսած չէր։ Մարդը քանի մը հատ ալ ձգել ուզեց, բայց տէրտէրը անօգուտ համարեց զանոնք ընդունիլ. Կարդալ գիտցող ուրիշ ոչ ոք կար։ Մարդը մեկնելու ելաւ. Տէրտէրն ալ հիւրին ալ կ՚ընկերանար։ Ճանապարհին հանդիպեցան խումբը մը գիւղացիներու, որոնք տէրտէրին «Օրհնեա՛» ըսին ու քովինն ալ բարեւեցին։ Ասիկայ, օտարական ըլլալով, իրենց ուշադրութիւնը գրաւեց։ Խումբին մէջէն մէկը մարդուն դէմքը յիշել կը թուէր, ուշի ուշով երեսը նայեցաւ, ու մէկէն մէկ գոչեց.
- Պտտուելի, դուն հոս ի՞նչ բան ունիս։
Քանի մը շաբաթ առաջ քաղաքը անոր հանդիպած էր կռուի մը ատեն, որուն ինքն ալ միջամտելով մէկ երկու բռունց ալ պատուելին գլխուն ինք ալ իջեցուցած էր։
- Հո՞ս ալ տիրոջը խօսքին համար եկել ես, հա՞, շարունակեց։ Ու տէրտէրին դառնաով պոռաց։
- Տէրտէր, այս մարդը բռոթ է, դուն ասոր հետ ի՞նչ բան ունիս։
Տէրտէրը շուարած, սկսաւ խաչակնքել, «հալին մեղք, հալաղեն դեւք», առարկելով։ Ամբողջ մարմնովը կը դողար։ Գիւղացիները պատուելիին վրայ թառեցան եւ սկսան տփել։ Մարդուկը հազիւ թէ կրցաւ իշուն վրայ նետուիլ ու փախչիլ, պայուսակը հոն թողնելով։ Քիչ ետք գիւղը հաւաքուելով՝ կրակ վառեցին ու գիրքերը այրեցին։ Տէր Թադիոս տուն վազեց։ Մէկուն չէր ըսած թէ ողջակեզեալներէն հատ մը փրկուած էր։ Ինքն ալ զայն անմիջապէս պիտի զոհեր։ Կրակին տալէն առաջ, մէյ մը աչքէ անցընելու փորձութիւնը ունեցաւ։ Բռնուեցաւ. Ադամ, Եւա, Կայէն, Աբէլ, Նոյ Նահապետ, Յովսէբ գեղեցիկ անունները լսած էր, բայց ինչ ըլլալին մանրամասնօրէն չէր գիտեր։ Խարոյկը միւս օրուան պահեց։ Միւսն օրն ալ ձեռքը առաջ չգնաց։ Կը նզովէր բռոտը եւ կը լափէր գիրքը։
- Գիտութեան ծառն ալ ասանկ եղած ըլլալու է – կ՚ըսէր ինքիրեն, Ան Եւան ալ ինծի պէս մէյ մը բռնուեցաւ։ Վաղը աս գիրքը էրեմ ազատիմ. Ես ալ չպատժուիմ։
Միւս օրը՝ «Աստոծու ողողորմութիւնը» մեծ է ըսելով, այրումը յաջորդ օրուան կը ձգէր։ Ձգձգումը հասաւ մինչեւ այն օրը, որ ուրիշին ալ մեղքի պատճառ եղաւ։ Առաջին թափով այրեց, խղճմտանքի խայթէն ազատեցաւ։ Խղճի թեթեւացում մը, որ սիրտին շատ ծանր եկաւ։
----------
Տէր Յուսիկ օր մը Թումաեանի խումբին հետ գտնուած պահուն, ճիւպպէլի մէկը տեսաւ։ Անժպիտ մարդ մը, քաղցրախօսիկ, հեզ ու խոնարհ, երեւոթը աստուածավախ։ Այդ դէմքը իրենց անծանօթ չթուեցաւ։ Բայց ո՞ւր տեսած էր։ Յիշողութիւնը պրպտեց, երկա՜ր պրպտեց։ Սրտին ուժ մը զինքը դէպի անծանօթը կը մղէր։ Մէկէնմէկ հրճուանքի սարսուռով մը գլխէն մինչեւ ոտքը ցնցուեցաւ։ Տարակոյն չունէր. ա՛ն էր, պատուելին, որ օրին մէկը իշուկովը իրենց գեղը էր եկած. Լուսահոգի տէր Թադէոսին ատենը։ Ծեծ կերած էր եւ աշխարհաբար Աստուածաշունչ մը ձգելով փախած էր։ Ու այդ հալածեալ «բռոթ»ը, այդ հալածեալ Աստուածաշունչն էին, որ զինքը ու ամբողջ գեղը փոխած էին։ Տէրտէրը կամաց-կամաց միտքը բեռաւ պարագանները ուր պատուելիին հանդիպած էր։ Տարինե՜ր անցեր էին։ Օր մը քաղաքը վարժապետ Արշամին հետ պտտած ատենինք, վարժապետը զինքը արմուկով մշտած, ու «բրոթ»ը ցոյց տուած էր։ Արիւնը գլուխը ցատկեր էր։ Անկէ ետքը քանի մը անգամ ալ հանդիպած էր պատուելիին, միշտ խոռ խոռ նայելով անոր։ Ալ ետքէն զայն չէր տեսած, ու մոռցած իսկ էր։ Հիմակ այդ մարդը տեսիլքի մը պէս կ՚երեւար իր աչքերուն։ Երկիւղածօրէն անոր մոտեցաւ ու ինքզինքը ճանչցուց։ Պատուելիին շատ ծանօթ էր տէր Յուսիկ անունը։ Անոր աչքերուն մէջ ալ ուրախութիւն փայլեցաւ ի տես այդ բիրտ քահանային որ հայ ժողովուրդը իր իսկութեանը մէջ կը մարմնացնէր։
Երբ կարգը եկաւ, տէրտէրը պատմեց թէ ինք անուղղակի աշակերտն էր իրեն՝ պատուելիին։ Այս վերջինս զարմանք յատնելուն, տէր Յուսիկ պատմեց շատ տարիներ առաջ իր գեղը պատահած դէպքը։ Պատուելին ալ քիչ մը մտմտալէն յետոյ անանկ բան մը յիշեց։ Իր առաքեալի պաշտոնին մէջ այնքան քաղաքաներէն ու գեղերէ հալածուած ու ծեծ ուտելով վռնտուած էր, որ ամէն մէկ դէպքը նոյնհետայն ճշգրտօրէն յիշելու անկարող կը գտնուէր։
Պատուելին ալ գեղէ գեղ շրջելով կազմակերպութիւններ կը պատրստէր ու հրոսակներուն կ՚այցելէր։ Եւ ակէ ետքը տէրտէր ու պատուելի մէկտեղ պիտի հալածուէին։ Իրենց անձին մէջ հայութիւնը կը միանար ընդէմ հայութեան ու քրիստոնէութեան թշնամիին։
Ու մէկտեղ բանտը նետուեցան պատուելի, տէրտէր, ամերիկեան քոլէճի բրոֆեսէոր, պատանի, երիտասարդ, ուսանող, փերեզակ, ջորեպան։ Ամէնքն ալ հայ, ամէնքն ալ քրիստոնեայ։»
խորիմաստ ու հետաքրքիր հոդված է։
ReplyDeleteիսկապէս։ Արփիար Արփիարեանին այս գիրքը ժամանակին պարտադիր ընթերցանութիւն էր հայ դպրոցներէն ներս։
Delete