Վահէ Յ. Աբէլեան
Կարօ եւ Ստեփան Աբէլեան թաքնային մէջ, Քէորքիւնա |
Նոյեմբեր 10-ին, Արմենակ Եղիայեանը հայերէն լեզուին առընչող իր շաբաթականյղումը յատկացուցած էր կարգ մը բառերու մասին որոնք դադրած են գործածուելէ եւմոռացուած։ Հայագէտ ատամնաբոյժը արդարօրէն հետաքրքրական կը գտնէր որմեր նախահայրերը անհրաժեշտութիւնը զգացած են ունենալ նման բառեր։
Կը մէջբերէմ ՇՐՈՒԱՆԴ բառին ըրած ակնարկը ՝
«Շրուանդ - Պատկերացուցէք, որ ողկոյզ մը խաղող կ’ուտէք եւ ի վերջոյ կուլ կուտաք անոր վերջին հատիկն ալ. ձեր մտքէն անցա՞ծ է երբեւիցէ, թէ ինչպէ՞ս պէտք էկոչել այն հատազուրկ կմախքը, որ կը պատրաստուիք աղբանոց նետել:
Կը թուի, թէ չէք մտածած... ճիշտ այս տողերը գրողին պէս:
Իսկ մեր լեզուն, իմա՝ մեր նախնիները շատ ու շատ հեռաւոր անցեալինմտածած ենայդ մասին եւ անոր տուած են անուն մըն ալ՝ շրուանդ:
Կացութիւններ կամ գիւտեր կան, որոնք պարզապէս ապշեցուցիչ են, եւ եսապշեցայկարդալով այս բառին մասին մեր բոլորին գերագոյն գանձարանըհանդիսացող «Նորհայկազեան»-ին մէջ: Ան կու տայ հետեւեալ զուարճալիօրինակը.
«Ոզնին յորժամ ողկոյզն ելանէ այգւոյն, արկանէ զպտուղն խոնարհ, եւ ինքնթաւալիի վերայ եւ թողու լոկ զշրուանդ»:
Որ թարգմանի՝
«Երբ այգիին մէջ ողկոյզը երեւի, ոզնին ցած կը բերէ պտուղը, կը թաւալիանորվրայ եւ միայն շրուանդը կը թողէ»:
Հետաքրքրական է, թէ ճիշտ ի՛նչ անհրաժեշտութենէ մղուած՝ մերնախահայրերըհնարեր են այս բառը, որ ունի բայ մըն ալ՝ շրուանդել, այսինքն՝խաղողը զրկել հատիկներէն, քանի որ ամէն բառ կը ծառայէ նպատակի մը, կըգոհացնէ անհրաժեշտութիւն մը, կարիք մը: Մարդու մտքէն չէ անցած, օրինակ, անուն մը տալ մրջիւնի ձագին, մինչ աշխարհի բոլոր լեզուները անուն տուած ենկովու, ձիու ու ոչխարի ձագերուն, որովհետեւ... ասոնք առօրեայ կենցաղայինարժէքներ են: Ահա այս տեսանկիւնէն ալ մօտենալով՝ կարելի է քիչ մը զարմանալշրուանդ եւ շրուանդել բառերու յառաջացումին:
Ինչ գիտնամ, կ’երեւի հարցերը պէտք է դրուին, որպէսզի մտածենք անոնցմասին. այդպէս ալ եղաւ. հազիւ դրի հարցը, եւ ահա... սկսայ մտածել:
Ի զուր չէ ըսուած՝ cogito, ergo sum!!! «կը մտածեմ՝ ուրեմն...կա՛մ»:
Քեսապցիներն ալ իրենց կարգին ունին շրուանդ բառին տարբերակը պարզ այնիրողութեամբ որ նման բառ մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը եղած է իրենցառօրեային մէջ։ Հօրեղբօրս զաւակը՝ բժիշկ Արա Աբէլեանը, իր իննիսուն ամեայպայծառամիտ մօրմէն կրցաւ գտնել շրուանդին Քեսապցիներուն տարբերակը ՝ՔՓՇՈՆ։
Քեսապցիները խաղողի հիւթէն կը պատրաստեն Քեսապի նշանաւոր«պաքմազ»ը որուն պատրաստութեան եղանակը՝ մասարան կը մնայՔեսապցիներուն ամենէն սիրած ընկերական հաւաքոյթը։ Խաղողը ճզմելէ ետք, անոր կմախկացած մնացորդը, որ դատարկուած է իր պարունակութիւնէն, կըհաւաքեն որպէս կենդանիներուն համար կեր։ Հաւերն ալ անմասն չեն մնար խլելուիրենց բաժինը կտցահարելով այդ կոյտը ։
Քեսապցիները ունին նմանօրինակ այլ բառեր, ինչպէս ԹՈԼԹՈՒՊԵԼ, ՀՆՏԵԼ։
Թոլթուպել կը նշանակէ պարպել իր հատիկներէն, ինչպէս կ՚ընեն նուռի ռուբպատրաստութեան համար։ Նոյն բառը Կը գործածուէր նաեւ գաւազանիհարոածներով ընկոյզը վար առնել ընկուզէնիյէն։
Հնտելը, կը նշանակէ հատ, հատ քաղել։ Կը պատահեր որ պատանիներըհասունցող ազոխի ողկույզներէն հատ, հատ հասունցած խաղող կը փրձնէին ետինձգելով կիսակատար հասունցող խաղողին ողկոյզը։ Արան կը յուշագրէ - «Մէնըշնանարը կը բարկանար երբ իր թոռները կը “հնտէին” ազոխի ողկոյզներըորթատունկին վրայ։ “մը հէտի, Ապպուտ,մը հէտի զխաղուղը, ասա ..” (Ապպուտ միհնտէր, մի հնտէր խաղոը) ձայնը կը բարձրացներ Մէնըշ նանարը իր դժգոհութիւնըյայտնելով։ Երնէկ այն օրերուն»։
*****
Կը մեջբերէն Արմենակ Եղիայեանին նշած բառերէն երկորդը՝ ՀՆՁԱՆ։
«Հիմա պիտի տամ երկրորդ հարցում մը. դուք հնձան ըսուածը տեսա՞ծ էք...
Հնձանը, այգիին մէջ կամ անմիջական մերձակայքը փորուած, ընդհանրաապէսշրջանակաձեւ փոս մըն է, մօտաւորապէս երկու մեթրտրամագիծով եւ կէս մեթր խորութեամբ: Այգեկութքին, որ սովորաբար կը տեւէմիջին հաշուով ամիս մը, այդ փոսը կը լեցնեն խաղողով, մերկ ոտքերով կը մտնենմէջը ու կը սկսին կոխկռտել ու ճզմել ողկոյզները: Խաղողին հիւթը հնձանին կիցբացուած նեղ առուակէ մը դուրս կը հոսի ու կը լեցուի ընդունարաններու մէջ, որոնքքիչ ետք պիտի պարպուին տակառներու մէջ՝ ապահովելով ձմռան գինիի եւ քաղցրաւենիքի պաշարները :
Ես այդպիսի հնձան մտած եմ... Պա‛լպեքի մէջ անցած դարու կէսերուն:
Յաջորդ քայլին՝ ճզմուած խաղողը կը հեռացնեն ողկոյզներէն՝ կըշռուանդենզանոնք. ասոնք իրենց կարգին կ’օգտագործուին տնտեսական այլնպատակներու՝ չամիչի, անասնակերի եւ այլնի: Եւ ահա անդինը կը մնայ... շրուանդներու կոյտը:
Այս բոլորէն ետք կարելի՞ էր անուն մը չհնարել այդ գործողութեան եւանկէյառաջացած հատազուրկ ողկոյզներու կմախքին մասին:
Ես այդպիսի հնձան մտած եմ... Պա‛լպեքի մէջ անցած դարու կէսերուն:
Յաջորդ քայլին՝ ճզմուած խաղողը կը հեռացնեն ողկոյզներէն՝ կըշռուանդենզանոնք. ասոնք իրենց կարգին կ’օգտագործուին տնտեսական այլնպատակներու՝ չամիչի, անասնակերի եւ այլնի: Եւահա անդինը կը մնայ... շրուանդներու կոյտը:
Այս բոլորէն ետք կարելի՞ էր անուն մը չհնարել այդ գործողութեան եւանկէյառաջացած հատազուրկ ողկոյզներու կմախքին մասին: »
Քեսապցիներն ալ ունին հնձանին իրենց տարբերակը որուն կ՚ըսեն ԹԱՔՆԱՅ։ Ինչպէս վերը կցուաց նկարը ցոյց կուտայ, կլոր չէ այլ ուղղանկիւն (rectangular), թէ եւկլոր կրնայ ըլլալ, ուր խաղողը ոտնակոխ կը ճզմեն։ Բնականաբար «փորուած, ընդհանրաապէս շրջանակաձեւ փոս մը» չէ, չի կրնար ըլլար, այլ տախտակէշինուած, կլոր կամ երկար սնտուկի նման է։
Ինչպէս շրուանդ եւ Հնձան, նմանապէս քփշոմ եւ թագնայ, ինչպէս նաեւթոլթուպել եւ հնտել բառերը դադրած են գործածութիւնէ երբ կը գործածուէինանցեալին։ Անոնց հետ դադրած է նաւե այդ օրերու մշակոյթը։
Standing and reaching across from the left is Daniel Apelian,full oif smiles indicating the good times, also standing Zvart Apelian Aghpergen, then Elizar Nanar Apelian ,with her left hand extended
Seated from the left : Chalaba Nanar (Marie Apelian-hapel Baboug's wife),then my very precious and beautiful grandma Sara Nanar Apelian, next .. ? Seated far right is Menish Nanar Apelian an unidentified youth is in the background. (Garo Konyalian, picture courtesy Ara Apelian)
No comments:
Post a Comment