V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Sunday, March 29, 2020

Գրիգոր Յովսէբեան`Հանգուցեալ Աներձագս

Անցեալները՝ թուղթերուս մէջ պատահմամբ հանդիպեցայ Գրիգոր Յովսէբեանին թաղման արարողութեան ընթացքին կարդացած թամբանականս, Մարտ 29, 2002-ին։ Կը կցեմ։

Գրիգորին, ինչպէս նաեւ եղբօրը Յովսէբին եւ քրոջը Մարիին, առաջին անգամ հանդիպեցայ թուականէս 35 տարիներ առաջ, 1967-ին երբ ես ու իրենց եղբայրը՝ Մովսէսը դեղագործութիւն ուսանելու առաջին տարուան ուսանողներ եղանք։ Շուտով մեր հանդիպումը վերածուեցաւ բարեկամութեան։
Գրիգորը այդ ժամանակ այն հայ տղոցմէն էր որոնք իրենց խանդավառ մասնակցութեամբ Լիբանահայ ազգային կեանքին եռանդ կուտային։  Որքան որ ան գոհացած էր իր շրջապաով բայց Լիբանանը իրեն համար պատշաճ ասպարէզի կարելիութիւն չէր ընծայեր, մանաւանդ որ Գրիգորը Սուրեացի էր հպատակութեամբ։ Այսպէս իր հեռանկարները կապելով այս Նոր Աշխարհին վրայ 1969-ին Ամերիկայ այցելութեան վիզայ ձեռք ձգեց հոն հաստատուելու հեռանկարով եւ այդպէս ալ ըրաւ։ երկու տարի ետք Ամերիկայ մնալու իրաւասութիւն ձեռք ձգեց շնորհիւ իր արհեստին՝ ոսկերչութիւն։ 1971-ին քոյրը՝ Մարին միացաւ իրեն որպէս ուսանողուհի եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան երաշխաւորութեան շնորհիւ, ան ալ Ամերիկա մնալու իրաւասութիւն ստացաւ։
1974-ին Լիբանան վերադարձաւ քրոջը հետ եւ ես պատեհութիւն ունեցայ երկուքին հետ ալ կրկին անգամ հանդիպելու։ Գրիգորը շատ տրամադրուած էր Ամերիկայով եւ կը սնուցանէր իր հեռանկարները։ 
Նիւ ճըրզիի մէջ Գրիգորը եւ Մարին մաս կազմած էին նորաստեղծ Հայ Մշակույթային Միւթեան որ հետաքային պիտի ըլլար Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը։ Երկուքն ալ մաս կազմած էին անոր երգի ու պարի պարախումբերուն ելոյթներուն։ Շնորհիւ իր ճկուն եւ կայտառ Ֆիզիքականին Գրիգորը դարձած էր պարախումբին գլխաւոր մենապարողներէն մին։ 
1975-ին եղբայրը Մովսէսը գաղթեց Ամերիկայ իր տիկնոջը հետ։ Շրջան մը միասնաբար ապրեցան նոյն տան մէջ։
1976-ին ես ալ Ամերիկայ գաղթեցի եւ կրկին անգամ հանդիպեցանք իրար Նիւ Ճըրզիի մէջ։ Նոյն տարին Մարին սիրայռժար ընդունից ամուսնութեամբ ընկերակցութեան իմ առաջարկս իրեն եւ տարի մը ետք  ամուսնացանք։ նոյն տարին՝ 1977-ին ծնողքն ալ միացաւ իրենց զաւակներուն եւ Մարիին հայրը պատեհութիւնը ունեցաւ ներկայացնել իր դուստրը ինծ, Նիւ Ճըրզիի Հայ Աւետարանական եղեցիին մէջ։
Գրիգորը եւ ծնողքը միասնաբար ապրեցան Նիւ Եորքի արուարձաններէն մէկուն միջ, ընդարձակ հողատարացք ունեցող տան մը մէջ։ Իր երազն էր ունենալ այդպիսի տուն մը  ուր պիտի կարենար ձի պահել եւ ուր պիտի կարնենար որսորդութիւն ընել, բան մը որ շատ կը սիրէր։ Շրջան մը այդպէս ալ ըրաւ։ նոյնիսկ հաւնոց մը պահեց  եւ բանջարեղէնի պարտէզ հասցուց հօրը հետ։ Մեասնաբար որսի գացինք եւ օր մըն ալ կրցաւ եղնիկ մը որսալ իր տան պատկան հողին վրայ։
Ասբարէզը կատարելագործած էր։ Արհեստէ աւելի արուեստի հասցուցած էր ոսկերչութեան իր հմտութիւնը։ Շրջան մը աշխատեցաւ աշխարհահրչակ Tiffany ոսկերչատան մէջ եւ ձեւաորեց եւ կաղապարեց աշխարհահրչակ Pablo Picasso-ին աղջկան գծած բարդ ոսկեղենները ընկերութեան համար։ Շատերը շատ հաւանաբար գոհացած պիտի ըլլային աշխատանքի նման պայմաններէն։ Բայց Գրիգորին իղձն էր ունենալ իր անձնական աշխատանոցը եւ իր անձնական հնարումները։
Ամուսնացաւ Սօնային հետ եւ ապա փոխադրուեցան Լոս Անճէլոս  ուր կ՚ապրէր Սօնային ծնողքը եւ հոն շարունակեց իր անձնական աշխատանքը։ Միասնաբար գոհացան իրենց առօրեայով բայց միշտ աշխատեցան վաղուան լաւագոյնին։
Նկարագրով խիզակ տղայ մըն էր։ Ինքնավստահ էր իր վաղուանը որքան որ համեստ ըլլար իր ներկան։ Քրիստոնավայել կենցաղ մը ունէր եթէ նկատի առնենք Տասնաբանեայ Պատուէրները որպէս հիմնաքարեր։ Ներքին թագուն ծալքեր չունէր։ Ա յն էր ինչ որ էր երեւութապէս։ Բացառիկ սէր եւ գուրգուրանք ունէր ծնողքին հանդէպ։ Հաւատարիմ ամուսին մը եղաւ Սօնային եւ հոգածու հայր մը իր զաւկին Մայքլին։ Աշխատասէր էր, հայկական ասացուածքով՝ քարէն հաց հանող մը տղայ մըն էր, ինչպէս նաեւ համեղ եւ  հոտով կերակուր պատրաստող մը։ կերակուրի դժուարահաճ քիմք մը ունէր։
Հայկական առածը կ՚ըսէ՝ «կեանքն իր ճամբով՝ մահը իր ճամբով»։ Այսկէ ետք Գրիգորին կեանքը երկնային բաներու հետ է։ Այսօր՝ Աւագ Ուրբաթ օրը կ՚ապրինք մահուան իրողութեանը հետ, այնպէս ինչպէս պիտի ապրինք Յարութեան իրողութեանը երկու օր ետք, կիրակի օր՝ Զակուան։  «Աստուած տուաւ եւ Աստուած առաւ» խօր համոզումով կը հաստատէ իր մայրը։ Այսպէս Գրիգորին ասհմանուած կեանքը այս երկրին վրայ իր լիութիւնը գտաւ։
Իսկ մենք ողճերս ենք որ պիտի ապրինք հարազատի մը բացակայութիւնը այսուհետեւ։ Եւ այդ բացակայութիւնը լրացնողը պիտի ըլլայ սէրը։ Մարին եւ ես կը միանանք ձեզի տածելով, ինչպէս անցեալին, նմանապէս գալիքին մեր սէրը եւ հոգածութիւն, եւ ազնիւ զգացումները Գրիգորին ընտանիքին ինչպէս նաեւ Գրիգորին մօրը՝ Տիկին Ալիսին։ Անցեալ երկու տարիներու ընթացքին ան կորսնցուց իր քոյրը Լիբանան, Եղբայրը Քանատա, զարմուհին Վիէննա։ Այս տխուր պարագային չի կրցաւ ապաւանիլ իր ֆիզիքական եւ զգացական տոկունութեանը եւ չկրցաւ համարձակիլ ընկերակցիլ ինծի։
Նոյն հարազատ զգացումներով կը մնանք Գրիգորին տիկնոջը Սօնային եւ իրենց զաւակին Մայքլին հետ որպէսզի այսուհետեւ մեզի սահմանուած տարիներուն ընթացքին շարունակենք հոգիով ապրիլ Ատտծոյ տուած բիւրաւոր պարգեւներէն մին որ մեզի ներկայացաւ յանձին Գրիգոր Միհրան Յովսէբեանին։

Վահէ Յ. Աբէլեան
Մարտ 29, 2002
Los Aneles


No comments:

Post a Comment