Վահէ Յ. Աբէլեան
Պրն. Տարօնեանէն ետք Սուրբ Նշան դպրոցին տնօրէն եղաւ
Պրն. Մինաս
Թէօլէօլեանը: Տնօրէնին եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն միջեւ միայն մէկ տարբերութիւն
կար աշակերտներուն համար: Վերջինները կը ճանչցուէին
որպէս «Պրն. այսինչեան»
կամ «Օրիորդ» կամ «Տիկին այնինչ», իսկ դպրոցին տնօրէնը՝ «Պարոն Տնօրէն» էր: Բայց
ես ծանօթացայ Թէօլէօլեան ընտանիքին, շնորհիւ մօրս, որ ուսուցչուհի
էր Սուրբ Նշան
Վարժարանէն ներս:
Շուրջ յիսուն տարիներու իր ուսուցչութեան
ասպարէզին ընթացքին,
մայրս միշտ
ընտանեկան բարեկամութիւն մշակեց դպրոցի տնօրէնին ընտանիքին
հետ եւ պատանեկութեանս յաճախ զիս հետը առնելով կ’երթար այցելութեան անոնց:
Այդ այցելութիւններէն յատկապէս
կը յիշեմ Տօրա քաղաքի երբեմնի Էհրամճեան վարժարանի տնօրէն Պրն. Մանուկ
Ուզունեանինը, որ կը բնակէր Անթիլիաս, վանքին մօտ: Ձանձրացուցիչ
ու տաղտկալի այցելութիւն մըն էր ինծի համար՝ Պէյրութի հրապարակէն հանրակառքով
եւ ապա քալելով իրենց երթալը:
Այսպէս, շնորհիւ մօրս սովորութեան ընտանեկան բարեկամութիւն
մը սկսաւ նաեւ Թէօլէօլեանենց հետ եւ ես բարեկամացայ Խաչիկին, որուն առաջնորդութեամբ
ես, քոյրը՝ Սօսին եւ զարմիկը՝ Շահանը շաբաթ օրերը, կէսօրէ ետք,
սինեմա կ’երթայինք:
Մայրս իր «Ես եւ Ուսուցչութիւնը» գիրքին մէջ աշակերտին մասին հետեւեալը կը գրէ. «Խիստ խուզարկող է աշակերտ անհատը:
Ան կը դիտէ, կը պեղէ: Մեծագոյն դատաւորն է ան:
Շուտ կը ճանչնայ, արագ կը վճռէ»: Այսպէս, մեզի համար ալ երկար չտեւեց
ճանչնալ նոր Պարոն Տնօրէնը եւ վճռել: Թեթեւութիւն մը կար դպրոցէն ներս: Զինք
չէինք տեսներ բակը, զբօսանքի կամ շարքի շարուած ատեն,
դասարան երթալու համար, ինչպէս
սովոր էինք տեսնել
նախկինը՝ Պրնղ Տարօնեանը իր սեւածայր գաւազանով (http://vhapelian.blogspot.com/2018/08/24.html:) Այս Պարոն Տնօրէնը արագաշարժ էր, դպրոցի շէնքի
աստիճաններէն արագ-արագ վեր կ’ելլէր կամ վար կ’ինջնէր:
Պրն. Մինասի տնօրինութեան շրջանին էր որ անգլերէնի դասընթացք
մըն ալ սկսաւ դպրոցին մէջ, դպրոցին ֆրանսական Պրէօվէի համար պատրաստուած
ծրագրին կողքին: Մայրս կ’ըսէր որ Պարոն Տնօրէնը կ’ուզէր որ անգլերէն լեզուն
եւս դասաւանդուէր, բան մը
որ շարունակուեցաւ
մինչեւ իմ աւարտելս եւ ես շրջանաւարտութեան հանդէսին արտասանեցի Ամերիկացի գրող Ուալթ
Ուիթմընէն կտոր մը, որ ինծի սորվեցուցած էր մեր անգլերէն լեզուի
ուսուցիչ՝ հանցուցեալ բանաստեղծ Յակոբ Մանուկեանը,
որուն «Անրջական վաղորդայն» գիրքը հրատարակուած
է Գէորգ Մելիտինեցի
Գրական Մրցանակի
մատենաշարով: Ինծի համար շատ օգտակարութիւն
ունեցաւ անգլերէն լեզուի դասընթացքը, քանի որ շրջանաւարտ ըլլալէ
ետք ուսումս շարունակեցի Հայ Աւետարանական Գոլէճ երկրորդական վարժարանը, որուն գիտութեան,
թուաբանութեան, պատմութեան դասերը անգլերէնով էին ինչպէս նաեւ օտար լեզուի դասաւանդութիւնը։
Պրն. Մինաս Թէօլէօլեանի շրջանին Սուրբ Նշսն դպրոցը երկսեռ էր, ըսել
կ’ուզեմ աղջիկները եւ տղաքը նոյն դասարանը կը մեկտեղուէին: Միշտ այդպէս չէր եղած,
բայց վստահ չեմ որ փոփոխութիւնը իրմով սկսաւ: Թէեւ զբօսանքի պահերուն աղջիկները եւ տղաքը
տարբեր բակերու մէջ
կը հաւաքուէին: Սուրբ Նշան դպրոցը, եկեղեցին ու առաջնորդարանը նոյն համալիրին մէջ կը գտնուէին: Եթէ եկեղեցիին մուտքը դիմացդ ունենայիր ձախ կողմի
բակը ընդհանրապէս աղջիկներուն զբօսավայրն էր, իսկ աջ
կողմինը՝ տղոցը, որ կը նայէր դէպի Պէյրութի Ռիատ-Էլ-Սոլհի
հրապարակը տանող
ճամբուն եւ կը գտնուէր Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝
Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու վարժարանին դիմացը:
Մտքիս մէջ դրոշմուած մնացած է հետեւեալը։ Առտուները եկեղեցիին
դրան առջեւ
կը շարուէինք
դասարան երթալու համար «Առաւօտ Լուսոյ»էն քանի մը տողեր արտասանելէ ետք: Նոյն
այդ պահուն
Յովակիմեան-Մանուկեան դպրոցի աշակերտներէն ոմանք
իրենց դպրոցի շէնքին
տանիքը ելած սրբիչները պատին կը զարնէին մաքրելու համար եւ ձայնը
մեզի կը հասնէր:
Երբ Պրն. Թէօլէօլեան դպրոցին տնօրէնը նշանակուեցաւ,
ես արդէն Հ.Յ.Դ.
Բաբգէն Սիւնի պատանեկան միութեան անդամ էի: Մեր ժողովները տեղի
կ’ունենային շաբաթ կէսօրէ ետք: Այդ տարիներուն դպրոցը վեց
օր կ’ըլլար, իսկ Չորեքշաբթի
եւ Շաբաթ օրերը դասերը միայն կէս օր կը տեւէին: Բաբգէն Սիւնի պատանեկան միութեան անդամները Նշան
Փալանճեան Ճեմարանի եւ Սուրբ Նշան դպրոցի աշակերտներն էին:
Օր մը լսեցինք
որ Սուրբ Նշան
դպրոցին տնօրէնը մեզի
պիտի գայ դասախօսելու: Սուրբ Նշան դպրոցին աշակերտներս այդ օրը աճապարեցինք առաջին
շարքին վրայ նստիլ,
որպէսզի մեր դպրոցի տնօրէնին «աչքը
մտնանք»: Պրն. Մինաս Թէօլէօլեան եկաւ, ճանչցաւ մեզ եւ ակնարկ մըն ալ
ըրաւ, որ Սուրբ Նշան
դպրոցին աշակերտներէն ոմանք
հոն էին: Սուրբ Նշանցիներուս համար յաղթանակի օր մը եղաւ:
Այն ժամանակ այսպէս բաներ ուրախացուցած ըլլալու են պատանիներս:
Թէօլէօլեանները կը բնակէին Սուրբ Նշան դպրոցին դիմացը,
ներքին թաղին
մէջ, ուր կը բնակէր նաեւ ընտանեօք Պրն. Եդուարդ Պոյաճեանը,
որ հայերէնի մեր ուսուցիչն
էր այն ժամանակ:
Բայց թաղը ընդհանրապէս հայաբնակ չէր նկատուեր: Լիբանանի քաշաքական պատերազմին պատճառով
Թէօլէօլեանները շրջան մը Պանդոկը մնացին: Նմանապէս Պանդոկը մնացին երբ ընտանեօք պատրաստուած էին Ամերիկա գաղթել, եւ որքան որ կը յիշեմ
նաւով էր որ գաղթեցին: Այդ շրջանին, կը յիշեմ, Պրն. Մինասը
Պանդոկը, վերանտային վրայ գրելով զբաղած
կ’ըլլար: Հետաքրքրականն այն էր ինծի համար, որ երբ թուականի
մը պէտքը զգար, յաճախ իր զաւակին՝ Խաչիկին էր որ կը հարցնէր:
Մինաս Թէօլէօլեանէն իմ տպաւորութեանս գլխաւոր պատճառը
մայրս եղաւ:
Տարիներ անցան,
բայց մայրս պարբերաբար կը յիշէր զինք:
Կը պատմէր, թէ ինչպէս յաճախ կը պատահէր, որ ուսուցչական
ժողովի ընթացքին, երբ ուսուցիչներ տարուած կ’ըլլային օրակարգի հարցերով, յանկարծ կ’անդրադառնային
որ Պրն. Տնօրէնը զբաղ
էր եւ տարուած էր գրելով եւ
ժողովին հրատապ նիւթին հետեւելու տրամադրութիւն
ցոյց չէր տար: Ուսուցիչները կանգ առնելու կը սկսէին, երբ կը միջամտէր Պարոն Տնօրէնը եւ
համադրելէ ետք
արտայայտուած
միտքերը, իր մատնանշումները կ’ընէր եւ կը
հրաւիրէր ուսուցիչները շարունակելու
քննել օրակարգի հարցերը, մինչ ինք կրկին կը
սկսէր գրել եւ գրելով տարուած ըլլալովով
կարծես կրկին անգամ ժողովինկ հետեւելու տրամադրութիւն
ցոյց չէր տար:
Մօրս այդ պատկերացումը այնքան ատպաւորած է զիս,
որ երբ յիշեմ
այդ, կ’անդրադառնամ որ մայրս գործակցած
է աւելի քան տասնեակ մը տնօրէններու հետ, որոնց անունները յիշած
է իր գիրքին մէջ,
սակայն միայն Մինաս Թէօլէօլեանին բնածին տաղանդով տպաւորուած մնաց:
Մայրս բազմիցս
ըսած է ինծի որ մէկ նախանձ ունեցած է եւ այդ ալ Աստուծոյ
ոմանց շնորհած բացառիկ տաղանդն է: Անկասկած մայրս Պրն. Մինաս
Թէօլէօլեանի տաղանդը, զոր վայելած է որպէս գործակից եւ
ընտանեկան բարեկամ, դասած եղած է այդ մենաշնորհեալներու կարգին:
Ձախէն աջ՝ Մինաս Թէօլէօլեան, Զուարթ եւ Յովհաննէս Աբէլեան, բարեկամ մը, Ղազար Չարըգ |
Ծնողական ընտանիքիս հետ մեր վերջին հանդիպումը
Պրն. Մինաս
Թէօլէօլեանին հետ եղաւ Պանդոկին մէջ, երբ ընդունեց ծնողքիս
ճաշի հրաւէրը: Պէյրութ կը գտնուէր ազգային գործով մը
1963ին, հիմնուելով կցուած նկարին վրայ տպուած թուականին: Իսկ ես
երբ Ամերիկա գաղթեցի
1976ին, առաջին այցելութիւնս եղաւ իրենց եւ ապա Պրն. Գէորգ Տօնապետեանին,
«Հայրենիք»ի
շէնքէն ներս: Պրն. Տօնապետեանն ալ շրջան մը
Պանդոկ մնաց
տիկնոջը հետ, մինչեւ Ամիրիկա փոխադրուիլը եւ այսպէս ընտանեկան
բարեկամութիւն
մը նմանապէս մշակուեցաւ մեր միջեւ: Իսկ Խաչիկին հետ կապս չխզուեցաււ, տակաւին մերթ ընդ մերթ կապ պահենք:
Անշուշտ որ տարիներու ընթացքին
հետեւած էի Պրն. Թէօլէօլեանի գրականութեան եւ հրապարագրութեան։ Պատահեցաւ անսպասելին, գէթ ինծի համար եւ թերեւս ալ
սերնդակիցներուս համար, եւ յառաջ
եկաւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութիւնը՝ եւ կամ Հայաստանը վերանկախացաւ: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ
այն տպաւորութեամբ մնացած էի որ Պրն. Մինաս
Թէօլէօլեանը պիտի հրաւիրուէր նոր Հանրապետութեան կողմէ կարեւոր պաշտօնի
մը: Վերջ ի վերջոյ կը կասկածիմ որ իրեն նման
սփիւռքը ճանչցող մէկը ըլլար: Բայց այդ չպատահեցաւ: Ուրիշ դէպքեր պատահեցան եւ ուրիշ մարդիկ հրապարակի վրայ երեւցան յանկարծ:
Այդ ալ ուրիշ պատմութիւն:
No comments:
Post a Comment