V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, August 16, 2018

ԴԷՄՔԵՐ ԵՒ ԴԷՊՔԵՐ ՊԱՆԴՈԿԷՆ-Ամուրիները -(3/4)


Վահէ Յ. Աբէլեան
Ամուրիները՝ Ղազար Զարըգ


Ղազար Զարըգa

«Ղազար Չարըգը պէտք է հալածեն
Պէտք է ազատիլ այդ անիծածէն
Իր գործերն իր պէս, միշտ առեղծուած են,
Կ’արժէ որ խածնեն ու միշտ հալածեն:»

Մէջբերումը ըրած եմ Թուրիկէն՝ «Ծիծաղ Ազգային Միջազգային» գիրքէն, որ լոյս տեսած է Պէյրութ, 1982ին (էջ 190). «քառեակ»ը նախ լոյս տեսած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ 1 Յունուար 1938ին: Թուրիկը նման ակնարկներ ըրած է նախորդող տարիներուն ալ, նմանապէս «Ազդակ» օրաթերթին մէջ, ուր ստորագրած է, Եդուարդ Տարօնեանին բառերով՝ «Հանրային առօրեայ հարցեր, սրամիտ խորհրդածութիւններով եւ զուարթ քաշքշուքներով համեմուած» գրութիւններ:
Ղազար Չարըգին մասին իմ տպաւորութիւններս, սակայն, կը սկսին այդ թուականէն շուրջ եռեսուն եւ աւելի տարիներ ետք, երբ արդէն շատ ջուրեր հոսած պիտի ըլլային իր կեանքին կամուրջին տակէն: Շատ բան փոխուած պիտի ըլլար իր կեանքին մէջ: Որպէս մնայուն իրողութիւն, շատ հաւանաբար, հետեւեալ երեք բաները մնացած էին իրեն համար՝ իր բնակավայրը, Օթել Լիւքս պանդոկը եւ անոր պանդոկատէր՝ տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Զուարթ Աբէլեանները իրենց ընտանիքով:
Առեղծուածային բան մը միշտ ընկերացած էր Պրն. Ղազար Չարըգին: Արդէն անունն ալ արտասովոր էր որպէս հայկական մականուն: Գիտէի, քանի որ իր մասին ընտանեկան խօսակցութիւններէն իմացած էի, որ Էրզրումէն էր: Բայց ոչ ոք գիտէր եւ չգիտցաւ՝ ուրկէ՞ ո՛ւր եւ ինչպէ՞ս Կարնեցի այս մարդը հասած էր Լիբանան եւ դարձած էր ազգային իշխանութենէն ներս հեղինակութիւն մը եւ տնօրէնը Էշրէֆիէի ազգային վարժարանին, որ երկար ժամանակ ճանչցուած էր իր անունով, ինչպէս կը վկայէ իր նախկին աշակերտներէն Պօղոս Շահմելիքեանը իր մէկ յուշագրութեան մէջ:
Հայկազուն Եափուճեան իր «Տառապանքի եւ Յոյսի ապրումներ» (Պէյրութ, 2015) յուշապատումին մէջ, հետեւեալը կը յուշագրէ. «Ղազար Չարըգ ճանչցայ 1939 թուին, երբ ստանձնած էր արդէն Էշրէֆիէի ազգային վարժարանին տնօրէնութիւնը: …Շատերու ծանօթ է Էշրէֆիէի նախկին տխուր եւ խեղճ վիճակը: Կիսաւեր տախտակաշէն վարժարան, խարխուլ եկեղեցի, աղքատ ժողովուրդ, ցնցոտիապատ աշակերտութիւն: Այս պայմաններուն մէջ ստանձնել տնօրէնի պաշտօն կը պահանջէր անհատում կորով եւ ուժ» (էջ 190):
Ղազար Չարըգի մասին միակ յուշագրութիւնն է որ կարդացած եմ՝ Հայկազուն Եափուճեանին վերոյիշեալ գիրքին մէջ: «Չկայ շինութիւն մը Էշրէֆիէի ազգապատկան կալուածներուն մէջ որուն հիմերուն մէջ Ղազար Չարըգ քրտինք թափած չըլլայ: Ժողովուրդը արդարօրէն վարժարանը կը կոչէր Ղազար Չարըգի դպրոցը» (նոյն): Այդ ամբողջը տակաւին հոն է: Եթէ բան մը չկայ, այն ալ Պրն. Ղազար Չարըգին անունին յիշատակութիւնն է տեղ մը: Այդ դպրոցը հետագային նորոգուեցաւ եւ կը ճանչցուի որպէս Չաթալպաշեան Ազգային Վարժարան:
Արտաքինով գեղադէմ մարդ մըն էր: Միշտ կոկիկ հագուած անխուսափելի իր բաճկոնակով եւ փողկապով: Միակ փոփոխութիւնը իր վերարկուն էր, ձմրան պաղ օրերուն համար: Իր առօրեայ շարժումներն իսկ ծանրաբարոյ էին, բայց խոժոր չէր: Ընդհակառակը՝ զուարթախօս էր, գէթ պանդոկի ընկերային շրջապատէն ներս: Կը յիշեմ որ զինք պատահմամբ ակնարկով մը տեսայ երջանկայիշատակ Զարեհ Կաթողիկոսին յուղարկաւորութեան դագաղին հետեւող բազմութեան մէջէն: Իր սովորական ծանր քայլերով եւ գլխարկով կը հետեւէր դագաղին: Նոյն այդ հեղինակութեամբ կը գործածէր հեռաձայնը, երբ պատահէր որ հեռաձայն ընելու կարիքը ըլլար Պանդոկէն: Հիմա իսկ կը պատկերացնեմ զինք՝ ուղիղ կանգած, ընկալուչը ձեռքը: Իսկ հեռաձայնելէն ետք նոյն բացականչութիւնը շուրջին՝ «Եղբա՛յր, հրաշալիք մըն է այս գործիքը»:
Այսպէս տարիներ անցան: Ծառուկեանի յիշած երբեմնի երրորդութենէն ինք մնացած էր միայն կարծես որպէս մնացորդ մը: Իր կեցութեան առեղծուածը, բայց, տակաւին կը շարունակուէր: Նոյնիսկ Տէյզին, որ Եգիպտոսէն ամուսնանալով Հրաչին հետ հարս եղած էր Թուրիկեաններուն, կը քաշքշէր Պրն. Ղազարը, երբ Պանդոկը եղած ըլլար հաւաքական ճաշի մը:
Ձախէն աջ՝ կայնած Վահէ Աբէլեան, Ճոզէֆ Աբէլեան (հորեղբայրս). Նստած՝ Անդրանիկ Չէլէպեան (մօրեղբայրս), Ղազար Զարըգ, Յովհաննէս Աբէլեան (հայրս)
Պատահեցաւ անխուսափելին եւ հօրս պէտք եղաւ ընկերակցիլ իրեն հիւանդանոց: Ի յայտ եկաւ որ կ’ապրէր նաւահանգիստին մօտերը, ուր կը գտնուէր նաեւ Պանդոկը, արաբ ընտանիքի մը տան մէջ, սենեակի մը մէջ: Ունեցածը եղած են անկողին մը եւ պահարան մը: Իր գրած գիրքէն, որ «Կարինապատում» կը կոչուէր, մնացած օրինակները պահ դրուած էին պանդոկը տեղ մը: Հիւանդանոցէն ետք եկաւ Պանդոկը բնակելու մեր ընանիքին համար վերապահուած բաժնէն ներս, բայց շատ տկար էր: Մայրս միշտ մտահոգ էր իրմով: Իր սենեակին պատուհանը ներսէն պատուած էր անթափանց թուղթով: Մայրս պզտիկ մը քերեց որ ճեղք մը բացուի, որ կարենայ հետեւիլ Պրն. Ղազարին:
Հակառակ իր ուժասպառ վիճակին ամէն ջանք կ’ընէր եւ հագուած կու գար պանդոկի ճաշարանը, դիտելու համար նարտ խաղցողները: Անգամ մը հոն որոշ ժամանակ անցընելէ ետք վերադարձած էր իր սենեակը: Մայրս եկաւ ըսելու մեզի. «Պրն. Ղազարը առանց ճաքէթը կարենալ հանելու փռուած է անկողնին վրայ»:
Կիրակի օր մըն էր ճաշին հազիւ կրնար մասնակցիլ: Մայրս հարցուց իրեն, թէ սիրտը որեւէ ճաշ կ’ուզէ՞: «Չե՞ս կարծեր որ ալ անիմաստ է, Զուա՛րթ», ըսաւ: Մայրս երկար տարիներ պատեհ առիթներու կը յիշէր Պրն. Ղազարին այդ խօսքը:
Չեմ յիշեր յուղարկաւորութիւնը: Ըսուեցաւ որ պզտիկ ալ խնայողութիւն մը ունեցած է որ նուիրած է Կաթողիկոսարանին: Թաղուած է Հայ ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ Պանթէոնին մէջ։
Տարիներու ընթացքին պարբերաբար մօրս հետ յիշած ենք երկու ամուրիները՝ Պրն. Եդուարդ Տարօնեանը եւ Պրն. Ղազար Չարըգը: Մայրս կշտամբած, չըսելու համար այպանած է զիրենք, որ անձնակեդրոն եղան եւ ընտանիք չկազմեցին: Ուսուցչուհիին համար ընտանիք ունենալն էր որ կ’արդարացնէր ամէն բան իսկ ընտանիքը նախաձեռնողը այրն է: Ես չէի համաձայներ իրեն: Վերջ ի վերջոյ երկուքն ալ հանրութեան մէջ ծանօթ եւ յարգուած մարդիկ էին: Բայց իրենց դիրքը նուազագոյն իսկ տարողութեամբ արդարացնող ընտանիք պահելու նիւթական կարելիութիւնը չունէին:
Պիտի չզարմանամ որ Պրն. Ղազարին եւ Պրն. Տարօնեանին   գլխաւոր  պարտականութիւնը եղած է ապահովել դպրոցին պիւտճէն։ Արդէն Պրն. Ղազարին հեղինակութիւնը որպէս տնօրէն կարծես աւելի շատ շուկային մէջ ունեցած իր վարկին շնորհիւ էր ապահովելու համար իր դպրոցի պիւտճէն։
 Այս կը հաստատեմ քանի որ Սուրբ Նշան աւարտելէս անմիջապէս ետք ծնողքիս առաջարկեց որ ես աշկերտութեան մտնեմ հանրածանօթ վաճառականի մը քով որուն ինքը բարեխօսած եղած է։ Արդէն մեր ընտանիքին անդամը կը նկատէր ինքզինք եւ ուզած եղած է բարեխօսել իմ ապագայիս մտահոգութեամբ տարուած։ Բայց մայրս զիս լաւ կը ճանչնար եւ գիտեր որ իմ սէրս գիտութիւնն էր եւ ընթերցանութիւնը։ Մայրս բացառձակապէս եւ կտրուկ մերժեց Պրն. Ղազարին առաջարկը։ Յաճախ կը մտաբերեմ այդ խօսակցութիւնը եւ ես ինծի հարց կուտամ, հապա եթէ մայրս այդպէս չի մտածեր…….
Այսպէս Կը կասկածիմ որ ամսէ ամիս ամսական մը ստանալու հաւաստիութեան պերճանքը ունեցած եղած ըլլան այս երկու ամուրի տնօրէնները՝ Եդուարդ Տարօնեանը եւ Ղազար Չարըգը: Թերեւս եթէ այդպէս բացատրէի մօրս, չբաժնէր կարծիքս, բայց կը հաւատամ որ ինքն իր ըսածին իրողութիւնը ապրած չէր եւ եթէ, այսպէս ըսուած, իրենց կօշիկներուն մէջ ըլլար՝ տարբեր պիտի չընէր:
Պատմեմ հետեւեալը՝
Ամերիկա գաղթելէն ետք 1976ին, մայրս յաջորդ քանի մը տարիներուն եկաւ այցելութեան, մինչեւ որ դասաւորուի իր ալ գաղթը: Տարի մը միասնաբար հեռատեսիլ կը դիտէինք, որ ցոյց կու տար ցոյց մը: Մայրս հարց տուաւ, որ որո՞նք էին ցուցարաները եւ ի՞նչ էր որ կ’ուզէին: Ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներ էին, որոնք ամսականի յաւելում կը պահանջէին, բացատրեցի իրեն: Մօրս անմիջական եւ բնազդային պատասխանը եղաւ, տառացիօրէն՝ «անօթի կը սատկիմ, բայց աշակերտներուս առջեւ դրամի համար ասանկ ցոյց չեմ ըներ»:
Հապա ի՞նչ պիտի ընէին ազգային վարժարանի տնօրէններ Պրն. Եդուարդ Տարօնեանը եւ Պրն. Ղազար Չարըգը։ Որմէ ի՞նչ պիտի պահանջէին: Պատահած է որ, զուարթախօսութեամբ, Պրն.Ղազարը իր մականունը նման ձայնահնչութիւնը ունեցող թրքերէն բառին նմանցնէ դիւրացնելու համար սեղանակիցի մը իր մականունը յիշելը: Կատա՞կ էր: Ֆրէօյտեան վրիպում մը չէ՞ր արդեօք:
Սփիւռքը կառուցելու համար մատաղի պէտք կար: Երկուքը դարձան ինքնակամ պարարտ խոյերը այդ զոհասեղանին:
Յարգանք եւ ակնածանք իրենց յիշատակին:


Ձախէն աջ - Մինաս Թէօլոլեան, Զուարթ եւ Յովհաննէս Աբէլեան, Մօհամատ Զաման, Ղազար Չարըք



No comments:

Post a Comment