V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Tuesday, August 8, 2017

ԵՐԲԵՄՆԻ ՍԻՆ-ԷԼ-ՖԻԼԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ

ԵՐԲԵՄՆԻ ՍԻՆ-ԷԼ-ՖԻԼԻ  ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ
Պատ. Արամ Հատիտեան

Մօրս՝ Զուարթ Աբէլեանին արխիւները պրպտած ժամանակ ձեռքս անցաւ կցուած տեղեկագրութիւնը, որ յանձնուած է իր ուշադրութեան, շատ հաւանաբար քանի որ ան տարիներ կամաւոր ծառայեց որպէս Լիբանանի հայ աւետարանական դպրոցներու ուսուցչական խորհուրդին ատենադպրուհին։ Այլեւայլ պատճառներով, Յունիս 1, 1971 թուականը կրող երկտողին կցուած այս տեղեկագրութիւնը պահ մնացած է քովը եւ վերջապէս հասած է Ամերիկա եւ տեղ գտած իր արխիւներուն մէջ։

Տեղեկագրութիւնը պատ. Արամ Հատիտեանին վկայութիւնն է, որ աղերս ունի Պէյրութի արուարձաններէն՝ Սին-Էլ-Ֆիլի մէջ հիմնուած հայ աւետարանական դպրոցի մը հիմնադրութեան հետ։ Դպրոցին հիմնադրութիւնէն 23 տարիներ ետք, Պատ. Արամ Հատիտեանը գրի առած է իր տեղեկագրութիւնը։

Պէյրութի «Ջանասէր» ամսաթերթի 2013 տարուան Յունուար-Փետրուար միացեալ թիւին մէջ տոքթ. Զաւէն Մըսըրլեան՝ երկարամեայ տնօրէնը Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճին, կը ճշդէ որ այժմ Լիբանանի մէջ կը գործեն վեց հայ աւետարանական դպրոցներ։ Նոյն այդ յօդուածին մէջ պարոն տնօրէնը կը յիշէ որ եօթը այլ լիբանանահայ աւետարանական դպրոցներ դադրած են գոյութիւն ունենալէ, որոնցմէ է Պատ. Արամ Հատիտեանին տեղեկագրած Սին-Էլ-Ֆիլի վարժարանը։ Դպրոցին դադրեցման թուականը չէ յիշած։ Այսպէս, Սին-Էլ-Ֆիլի հայ աւետարանական վարժարանն ալ պատմութեան անցած է, եւ անկէ մնացած են յիշատակներ՝ այդ դպրոցը յաճախած աշակերտներուն մօտ, ինչպէս նաեւ թուղթին յանձնուած է մեքենագրուած այս տեղեկագրութիւնը իր գեղեցիկ հայերէն ձեռագիր մուտքով, որ տակաւին լոյս չէ տեսած։

Կեցցէ՛ Հայ Աւետարանական համայնքը։ Ան եղաւ ռահվիրան հայ երկրորդական վարժարանի հիմնադրութեան Լիբանանի մէջ, ուր 1923ին հիմնեց Հայ Աւետարանական Գոլէճը, որուն տնօրէնութիւնը կը վարէ տոքթ. Զաւէն Մըսըրլեան անցնող հինգ տասնամեակներուն ընթացքին՝ 1967էն ի վեր։

Շատ յատկանշական գտայ պատ. Արամ Հատիտեանի տեղեկագրութիւնը, քանի որ ան լաւապէս կը ներկայացնէ հայ աւետարանական առաջնորդին հովուական մտահոգութիւնը եւ յանձնառութիւնը։ Տեսնելով հայ պատանիներուն վիճակը, պատ. Արամ կը յուշագրէ «Այս տեսարանը զիս չափէն աւելի յուզեց, քանի մ’օրեր շատ մտահոգ մնացի. խիղճս ալ անհանգիստ եղաւ։ Աստուծոյ աղօթեցի որ այս հարցին լուծումի կերպը ինծի յայտնէ»։

Անկասկած նման տեսլականն էր, որ մղեց Հայ Աւետարանական համայնքին առաջնորդները, որ Մեծ Եղեռնէն ետք Լիբանանի մէջ հիմնեն 13 հայ աւետարանական դպրոցներ, որոնցմէ վեցը տակաւին կը գործեն, իսկ մնացեալ եօթը պատմութեան անցած են, ինչպէս յիշիցի վերը։ Այս դպրոցներուն աշակերտեց հայ պատանին եւ պարմանուհին, առանց որեւէ համայնքային կամ կուսակցական պատկանելիութեան խտրութեան եւ հարկ եղած պարագային ստացաւ նիւթական աջակցութիւն։ Հայ Աւետարանական համայնքին ալ կը պարտինք միակ սփիւռքահայ համալսարանը՝ Հայկազեանը։

Այսու կը կցեմ տեղեկագրութիւնը ինչպէս նաեւ անոր մեգենագրութիւնը։

Վահէ Յ. Աբէլեան


Նամակի պահարանին վրայ՝




Ձեռագիր երկտողը՝




ՍԻՆ-ԷԼ-ՖԻԼ-Ի ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ
————————————-
Սին-էլ-Ֆիլ-ի վարժարանը սկսաւ 1953 Նոյեմբեր 14-ին: Հովուական այցելութեանս ընթացքին Նոյեմբեր ամսուն սկիզբները տակաւին դպրոց չգացած եւ փողոցները սլքտացող խումբ մը մանուկներու հանդիպեցայ: Անոնք զաւակներն էին նոր եկած եւ Պէյրութի գետին եզերքի հիւղաւանները տեղաւորուած ընտանիքներու[,] որոնք անգործ եւ աղքատ ըլլալնուն համար դպրոցական տալու ի վիճակի չէին եւ հետեւաբար դպրոց չէին կրցած ղրկել զիրենք:

Այս տեսարանը զիս չափէն աւելի յուզեց, քանի մ’օրեր շատ մտահոգ մնացի, խիղճս ալ անհանգիստ եղաւ: Աստուծոյ աղօթեցի որ այս հարցին լուծումի կերպը ինծի յայտնէ:

Առաջին գործս եղաւ, մեր Նոր Մարաշ եկեղեցւոյ վարժարանի Մանկապարտէզ եւ Նախակրթարանի բաժինները լաւ մը աչքէ անցնել թէ արդեօք կարելի՞ էր քանի մը հատ այդ մանուկներէն հոդ տեղաւորել: Սակայն դժբաղդաբար այդքան խճողուած էին դասարանները որ հատ մըն իսկ տեղաւորել կարելի չէր: Ուստի մեզի կը մնար մէկ բան որպէս լուծում[՝]տեղւոյն վրայ սենեակ մը վարձել եւ ուսուցչուհի մը ապահովել եւ այսպիսով մանուկները փողոցէն փրկել: Սակայն երբ որեւէ նիւթական ապահովութիւն չունէի ի՞նչպէս կարելի պիտի ըլլար այս ընել: Ո՞վ կրնար այս ծրագիրս հաստատելով ինծի հետ գործակցիլ:

Այս շատ խիզախ եւ յանդուգն ձեռնարկ մըն էր եւ առանձինս, անձնական պատասխանատուութեամբ ի՞նչպէս պիտի կրնայի գլուխ հանել զայն: Սակայն Աստուծոյ ապաւինելով, հաւատքով եւ աղօթքով գործի լծուեցայ: Այս հարցին իմ վրաս ճնշումը այդքան ծանր էր որ ամէն կարելի դժուարութիւնները նկատի առնելով գործը յանձն առի:

Նախ, ուսուցչուհիի մը մասին մտածեցի: Ո՞վ պիտի ըլլար այն անձը որ այս դժուարին գործը կամաւոր կամ գէթ չնչին վճարումով մ’ընել յօժարէր: Իմ ժողովուրդէս Տիկին Շաքէ Հանէսեանին դիմեցի: Ժամանակին ուսուցչութիւն ըրած ծառայասէր եւ հոգեւոր քոյր մըն էր: Իմ մտահոգութիւնս, ծրագիրս իրեն ներկայացուցի, ինք անմիջապէս բաժնեց իմ այս մասին եղած ցաւերս եւ այս առնչութեամբ ամէն զոհողութիւն յանձն առնելու պատրաստակամութիւն ցոյց տուաւ, ինչ որ ինծի համար անբացատրելի գոհացում պատճառեց:

Երկրորդ, սենեակ մը վարձել էր որ բաղդատաբար դիւրին էր միայն դրամական հարց էր:



Այսպիսով ուրեմն Սին-էլ-Ֆիլ-ի Հայ Աւետարանական վարժարանը սկսաւ 1953 տարուան Նոյեմբեր 14-ին, Պէյրութ գետի եզերքի Կոմիտաս թաղամասին մէջ, 3×4 քառակուսի մէթր տարածութեամբ սենեակի մը մէջ 17 աշակերտներով եւ Տիկին Շաքէ Հանէսեանով որ մեր առաջին ուսուցչուհին եղաւ:

Շուրջ երեք ամիս յետոյ դպրոցին ցոյց տուած յառաջդիմութենէն քաջալերուած եղածը տեղեկացուցի Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմինին եւ իրենց միջոցաւ ալ «Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան»:

Այս վերջինն ալ ուրախ եմ ըսելու թէ այս գործին կարեւորութիւն եւ այժմէականութիւնը հաստատելով, գնահատելով, քաջալերելով, այդ տարուան համար փոքրիկ նիւթական օժանդակութիւն ընելէ զատ յառաջիկային ալ եթէ գործը շարունակուի մասնաւոր յատկացում ընել խոստացաւ: Որով Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութենէ եղած օժանդակութիւնը, նաեւ աշակերտութեան որպէս կրթաթոշակ տալիքները գանձելով սենեակի վարձքը տալէն յետոյ մնացած գումարն ալ որպէս չնչին մէկ նուէր կամ գործնական գնահատանք Տիկին Շաքէ Հանէսեանին վճարելով /2/ հաշիւը փակեցի այդ տարուան համար, որ ամբողջ տարուան ընթացքին, քրիստոնէական հոգիով եւ կատարեալ նուիրումով աշխատեցաւ իրեն յանձնուած փոքրիկներուն մտային եւ հոգեկան զարգացման համար:

Մինչեւ 1968, տարուէ տարի քանի աշակերտութեան թիւը կ’աւելնար, ուսուցիչներու եւ սենեակներու թիւերն ալ աւելցնելով շարունակուեցաւ, Մանկապարտէզ եւ Ա, Բ, Գ, երեք դասարաններով: 1969-70 տարին չորրորդ դասարան մը, իսկ ներկայ տարին հինգերորդ մըն ալ աւելցնելով լման նախակրթարանի աստիճանին բարձրացաւ: 18 տարիներու 16 տարին վարձուած տարբեր շէնքերու մէջ շարունակուելէն յետոյ երկու տարիէ ի վեր իր սեփական շէնքին մէջ հաստատուեցաւ: Վարժարանի դիրքը Նոր Մարաշ եկեղեցւոյ ծիրին մէջ եւ շատ մօտ ըլլալուն համար, որպէս այն եկեղեցւոյ ալ հովիւը բնականաբար եկեղեցւոյս վարժարանին մէկ մասնաճիւղը կոչեցի զայն:

Մինչեւ 1962 աւագ ուսուցիչներով կառավարուեցաւ սակայն 1962-1968 վեց տարի շարունակ ունեցանք մեր առաջին տնօրէնուհին յանձին Տիկին Կլատիս Շիւքրիւի: Նա աւետարանական ոգիով տոգորուած նուիրուեցաւ գործի: Մէկ կողմէն դպրոցի զարգանալուն աշխատեցաւ, միանգամայն զայն որպէս աւետարանչական կեդրոն, Աւետարանի լոյս եւ սկզբունքները տարածելու գործածեց, ինչ որ վարժարանի բուն նպատակը եւ գոյապատճառն է:

Վերջին 18 տարիներու ընթացքին ինծի համար ամենայիշատակելի եւ ուրախառիթ օրը եղաւ Օգոստոս 29, 1969 Ուրբաթ երեկոն, երբ ազնուաշուք Տոքթ. Բ. Գրիգորեան ինծի հաղորդեց նշանակալից դէպքի մը աւետիսը, ըսելով, այսօր Սին-էլ-Ֆիլ-ի դպրոցին համար աղուոր շէնք մը գնեցինք եւ բանալին հետս է: 18 տարիներու յոգնութիւնս թօթափած եղայ, հանգիստ շունչ մ’առի, Աստուծոյ փառք տուի:

Շէնքը գնուած էր Տիար Ստեփան Փիլիպոսեանի իշխանական նուիրատուութեամբ եւ նոյնինքն Տոքթ. Բ. Գրիգորեանի բարեխօսութեամ[բ], հաստատամտութեան եւ վճռակամութեան շնորհիւ[,] որոնց համար յանուն Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան մեր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք:



Այս անցած 18 տարիներուն վարժարանի գործերուն գրեթէ բոլոր պատասխանատուութիւնը անարժանաբար ես վերցուցի Տիրոջ շնորհիւ[,] որ ինծի ոյժ տուաւ գործելու: 1964-ին հետս աշխատելու համար Կեդրոնական Մարմինը որպէս հոգաբարձուներ նշանակեց Տիար Պարգեւ Ատրունի եւ Տիար Յովհ. Թիլքեանը, որոնց անձնուէր եւ զոհաբերուող ծառայութեան, աշխատանքներու եւ եղբայրական գործակցութեան համար շատ երախտապարտ եմ անձամբ եւ վարժարանը շատ բան կը պարտի իրենց: Ուրախութեամբ կը նշենք որ վարժարանս այժմ կը շարունակէ տարուէ տարի աւելի յառաջդիմութիւններով եւ իր գտնուած թաղամասին մէջ օրհնութիւն ըլլալով:

Վարժարանիս ներկայ ուսուցչական կազմը,-
1) Տիկին Մարի Քեահկէճեան – Տնօրէնուհի
2)Օ
րդ. Մարի Պարութճեան
3)»   Ժանէթ Նագգաշեան
4)»   Սիլվա Տէմի
րճեան
5)»   Էլիզ Պէհէսնիլեան
6)»   Սե
դա Աղամանուկեան
7)»   Սօնա Մա
րգարեան
8)»   Մա
րիամ Սվաճեան
9)Պ
րն. Յարութիւն Ատրունի
[դպրոցին կնիքը]
Ա
րամ Յ Հատիտեան
Ատենապետ
Սին-էլ-Ֆիլ-ի Հայ Աւետ վա
րժարանի հոգաբարձութեան



No comments:

Post a Comment