V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Thursday, April 27, 2017

ԳԼԽԱՊՏՈՅՆՏ ՊԱՏՃԱՌՈՂ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

ԳԼԽԱՊՏՈՅՆՏ ՊԱՏՃԱՌՈՂ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Վահէ Յ. Աբէլեան

Առաջին անգամ ըլլալով, մօտաւորապէս երկու տարիներ առաջ, Յարութ Սասունեանէն իմացայ որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները արդէն ճանչցած է Թուրքերուն գործած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այդ ալ ըրած է ոչ մէկ անգամ, այլ երէք անգամներ։ Ինծի զարմանք պատճառող հաստատումն էր Յարութ Սասունեանին ըրած ճշդումը։

Այս տարուայ Ապրիլ 24-ի նախօրեականին նոյն հաստատումը կրկին անգամ ըրաւ Անգլերէնով իր մէկ խմբագականին մէջ  գրելով՝ «Հայերը եւ Թուրքերը կարծես կը մոռնան որ Միացեան Նահանգները ոչ թէ միայն ճանցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը այլ այդ բազմիցս ըրած են բարձրագոյն մակարդակներու վրայ։ Ներկայացուցչական Տունը ճանցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը երկու անգամներ 1975-ին եւ 1984-ին։ Ինչպէս նաեւ Նախագահ Րէկընը իր թիւ 4838 նախագահական հրովարտակին մէջ, Ապրիլ 22, 1981-ին։ Ամենակառեւորը՝ Միացեալ Նահանգները ճանցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղեկագրութեան մը մէջ որ յղած էր Միջազգային Արդարութեան Ատեանին (Համաշխարհային Դատական Ատեան) 1951-ին։» Կցած եմ Անգլերէն բնագիրը (Armenians and Turks seem to forget that the United States has not only recognized the Armenian Genocide, but has done so repeatedly at the highest levels: The House of Representatives recognized the Armenian Genocide twice in 1975 and 1984. So did President Reagan in his Presidential Proclamation 4838, issued on April 22, 1981. Most importantly, the United States Government officially recognized the Armenian Genocide in a report filed with the International Court of Justice (World Court) in 1951.)

Յետ այս տարուայ Մեծ Եղեռնին յիշատակութեան, Սեդո Պոյաճեանը, համացանցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Պաշտօնական Կայք էջին վրայ կը ճշդէ որ Նախագահ Թրամփը հակաօրինական ընթացքի մէջ գտնուեցաւ երբ չյայտարարեց Հայոց ցեղասպանութիւնը իր պաշտօնական բառերովը քանի որ Ամերիկայ Սահմանադրութիւնը կը պայմանաւորէ Նախագահին վարել երկրին որդեգրած հաստատումները։ Սեդոն կը ճշդէ նաեւ որ այս պարագան քաղաքական չէ այլ օրինական։ Այս պարագային Սեդոն տարբեր մօտեցում կ՚ունենայ Յարութէն, իրաւմամբ ճշդելով որ Ամերիկայի նախագահը երկրին գործադիր մարմինը կը ներկայացնէ եւ հետեւաբար սահմանադրականօրէն պարտադիր է կատարել երկրին օրէնսդիր մարմինին որդեգրումները։ Անկասկած որ պարագան նոյննը պիտի ըլլար նաեւ նախորդ նախագահներուն ալ։

Բայց կրկին անգամ նոյն հարգը կը ծագի՝ Միացեալ Նահանգները իրապէս ճանցա՞ծ են Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս կը ճշդէ Սերո Պոյաճեանը եւս։ Գէթ ես այդ տպաւորութեամբ չեմ մնացած։

Քանի մը օրեր առաջ անցնող Ապրիլ 24-ի շրջանին երբ Սեդո Պոյաճեանը՝ Հ.Յ.Դ Բիւրոյի Պաշտօնական Կայք էջին վրայ իսկ Յարութ Սասունեանը California Courier-է իր խմբագրութեան մէջ պնդեցին որ Ամերիկայի Միացեան Նահանգները ճանցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, հետեւեալները պատահեցան։


Նախագահ Օպամայի վարած կառաւարութեան ընթացքին, Միացեալ Ազգերու Ամերիկայի ներկայացուցիչն էր Սամանթա Բաուրզը որ հեղինակն է ցեղասպանութեան մասին հեղիկանաւոր գիրքի մը՝ «Դժոխքէն Հարց մը՝ Ամերիկան զեաղասպանութեան դարուն մէջ»։ Անցնող քանի մը օրերուն յայտարարեց որ ներողամտութիւն կը խնդրէ որ Նախագահ Օպամայի կառաւարութինը չճանցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Անգլերենով ճշդեմ այս հեղինակին անունը եւ գիրքին վերնագիրը՝ Samantha Powers, «A Problem From Hell; America and the of Genocide”։


Հաւանաբար ոչ մէկ ապրող անձ այնքան սուղ վճառած եղաւ Ամերիկան Հայոց ցեղասպանութիւնը չճանցած ըլլալու հարցով որքան վիճակուեցաւ Ամերիկայի երբեմնի հիւպատոս Ճոն Մարշալ Էվընզին։ Ան ոչ թէ միայն հիւպատոսի իր գործը կորսնցուց այլ նաեւ իր ասպարէցը երբ ճանցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը որպէս պաշտօնախօսը Ամերիկայի կառաւարութեան Հայաստանի մէջ։ Նոյն այդ կառաւարութեան որուն կը վերագրուի որ Ճանցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ան այսօր իր համոզումին վրայ հաստատ կեցած յայտարարութիւն մը ըրած է։ Գործէն արձակուելէն ետք ան գրեց երկու գիրքերը առաջինը՝ «Ճշմարտութիւնը Պատանդի Տակ» իսկ երկրորդը՝ «Հետեւաբար Աստւած Հայ Պէտք է Ըլլայ»։ Անգլերնով ճշդեմ այս հեղինակն ալ եւ իր երկո գիրքերուն վենարգիրերը։ John M. Evan, “Truth Held Hostage”, “Therefore, God Must be Armenian!”

Ամերիկահայ Ազգային խորհուրդին՝ ANCA-ին վարչաթիւնը անկասկած որ տեղեակ է  որ կան ոմանք որոնք մեր երկլեզուանի մամուլին մէջ կը պնդեն որ Ամերիկայի կառաւարութիւնը ճանցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը մինչ ANCA-էն բանով եւ գործով կը միտի ապահովել Ամերիկայի կառաւարութեան Հայոց ցեղասպանութեան Ճանաչումը։ 

Գլխապտոյնտ պատճառող կացութիւն մըն է որ երկլեզուանի կը պարզուի հանրութեան առջեւ որ ոչ թէ միայն նպաստաւոր չէ մեր հաւաքական աշխատանքին այլ նոյնիսկ կը սպառնայ խրտչեցնել հանրութիւնը որ շարունակէ իր աջակցութիւնը բերել տարուող աշխատանքներուն։


No comments:

Post a Comment