V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, April 1, 2026

Հայերէն Լեզուի ուսուցիչին դժուար առաքելութիւնը եւ պատգամը

Ներքեւը տեղադրած եմ Արա Մխսեանին յիշատակութիւնը իր Հայերէն լեզուի ուսուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեանի յիշատակին եւ անոր կցած եմ Արա Մխսեանին ՚բանաստեղծութիւնը իր ուսուցիչին իրեն ըրած պատգամին մասին։ Կցած եմ նաեւ Մրկրտիչ Մկրտիչեանին կենսագրականին պատճէնը։ Վահէ Յ Աբէլեան

Նստած՝ ձախէն աջԸնդհ. Հսկիչ Պրն.Կարապետ Սապունճեան, Տնօրէն Պրն. Գէորգ Տօնապետեան, Դաստ. Պրն. Մկրտիչ Մկրտիչեան 

(Քարէն Եփփէ ՃեմարաՆ, Հալէպ, 1965?)

Վերջին շարք, ձախէն աջ. -1.- Հրաչ Պարսումեան, 2.- Մովսէս Յովսէփեան (կնոջս Մարիին եղբայրը)

«Չեմ կրնար մոռնալ։ 1968 տարեշրջանի առաջին կիսամեակն էր։ Քարէն Եփփէ ճեմարանի տասնմէկերորդ կարգի մեր բաժանմունքին յետսակողմի գրասեղաններուն վրայ տեղ գրաւած քանի մը տղաք, շաբաթներ առաջ սկսեր էին արդէն հայերէն գրականութեան շաբաթական դասապահերու ընթացքին իրենց հանած աղմուկով Պր. Մկրտիչեանի դասախօսութիւնները խանգարել։ Շաբաթներէ ի վեր քանիցս զիրենք սաստելէ ետք՝ երբ աղմկարարները այդ օր եւս սկսան իր դասաւանդութեան ընթացքը խոչընդոտել, Պր․ Մկրտիչեան յանկարծ դասարանէն դուրս խուժեց։ 

Քանի մը վայրկեան ետք, այդ տարիներու՝ պետութեան կողմէ նշանակուած արաբ տնօրէնը (Պր. Ապտըլ Համատ Սամման?) մեր դասարանէն ներս մտաւ։ Արաբ տնօրէնը սաստիկ պախարակեց անառակ տղաքը։ Իր խօսքերը բառացիօրէն չեմ յիշեր։ Կը յիշեմ, սակայն, անոնց բովանդակութիւնը, որ կոտրած ապակիի շեղբի մը նման մխրճուեցաւ ու մնաց ուղեղիս մէջ։ Իր ըսածը մօտաւորապէս այս էր -- ամօ՛թ ձեզի, հազա՛ր ամօթ... մեր պետութիւնը ձեզի շաբաթը միայն 50 վայրկեան կը տրամադրէ ձեր մայրենի գրականութիւնը սորվելու... ես կը խորհէի, որ դուք այդ 50 վայրկեաններուն ամէն մէկ երկվայրկեանին վրայ նախանձախնդրութեամբ եւ գուրգուրանքով պիտի դողդողայիք... բայց կը տեսնեմ, որ դուք ո՛չ միայն անտարբեր էք ձեր մայրենիին հանդէպ, այլ դասարանին մէջ ստեղծած ձեր անկարգութեամբ զայն սորվելու իրաւունքը կը զլանաք միւս աշակերտներուն եւս... ամօ՛թ ձեզի։ 

Վստահ եմ, որ աւելի շատ ամչցողները հայերէն գրականութիւն սորվիլ ուզող աշակերտներն էին։ Իսկ, Պր. Մկրտիչեան՝ ո՞վ գիտէ հոգեկան ինչպիսի ցնցիչ վերիվայրումներու ենթարկուեցաւ այդ օրը։ Քանի մը աշակերտներով գացինք ուսուցչարան զինք մխիթարելու. աչքերուն մէջ արցունքը լճացեր էր։ Ըսաւ, «տղա՛ք, շնորհակալ եմ, որ եկաք զիս մխիթարելու, սակայն դուք մեր գրականութիւնը սիրող եւ պաշտող աշակերտներս էք․ պէտք է իրենք (խափանարարները) գային ներողութիւն խնդրելու»։

***

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՍ ՊԱՏԳԱՄԸ

 

Գրել այնպէս,

Որ հասկցուիս բոլորէն,

Գրել այնպէս,

Որ բառերդ չոլորեն,

Ապրումներդ ոգեղէն

Անփութօրէն չխեղեն... 

Այնպէս գրել,

Որ միտքերդ ինքնուրոյն

Չուզեն եղծել.-

Հասկացողութիւն կեղծել...

Շուտ հասկցայ ես սակայն,

Որ յորդորն իրենց վսեմ 

Վեհ խորհուրդ մըն էր միայն...

Որ՝ նոյնիսկ, եթէ կիսեմ

Քանակը իմ տողերուս՝

Զեղչեմ կէսը բառերուս՝

Կամ, նոյնիսկ՝ կրկնապատկեմ

Պարզութիւնը միտքերուս,

Միշտ կարգ մը ընթերցողներ՝

Ի հեճուկս ճիգերուս,

Հոն պիտի տեսնեն միայն

Ուրուականը յոյսերուս... 

 

Արա Մխսեան


***



 

Հայերէն Լեզուի ուսուցիչին դժուար առաքելութիւնը եւ պատգամը

Ներքեւը տեղադրած եմ Արա Մխսեանին յիշատակութիւնը իր Հայերէն լեզուի ուսուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեանի յիշատակին եւ անոր կցած եմ Արա Մխսեանին ՚բանաստեղծութիւնը իր ուսուցիչին իրեն ըրած պատգամին մասին։ Կցած եմ նաեւ Մրկրտիչ Մկրտիչեանին կենսագրականին պատճէնը։ Վահէ Յ Աբէլեան

 

Նստած՝ ձախէն աջԸնդհ. Հսկիչ Պրն.Կարապետ Սապունճեան, Տնօրէն Պրն. Գէորգ Տօնապետեան, Դաստ. Պրն. Մկրտիչ Մկրտիչեան 

(Քարէն Եփփէ ՃեմարաՆ, Հալէպ, 1964)

Վերջին շարք, ձախէն աջ. -1.- Հրաչ Պարսումեան, 2.- Մովսէս Յովսէփեան (կնոջս Մարիին եղբայրը)


«Չեմ կրնար մոռնալ։ 1968 տարեշրջանի առաջին կիսամեակն էր։ Քարէն Եփփէ ճեմարանի տասնմէկերորդ կարգի մեր բաժանմունքին յետսակողմի գրասեղաններուն վրայ տեղ գրաւած քանի մը տղաք, շաբաթներ առաջ սկսեր էին արդէն հայերէն գրականութեան շաբաթական դասապահերու ընթացքին իրենց հանած աղմուկով Պր. Մկրտիչեանի դասախօսութիւնները խանգարել։ Շաբաթներէ ի վեր քանիցս զիրենք սաստելէ ետք՝ երբ աղմկարարները այդ օր եւս սկսան իր դասաւանդութեան ընթացքը խոչընդոտել, Պր․ Մկրտիչեան յանկարծ դասարանէն դուրս խուժեց։ 

Քանի մը վայրկեան ետք, այդ տարիներու՝ պետութեան կողմէ նշանակուած արաբ տնօրէնը (Պր. Ապտըլ Համատ Սամման?) մեր դասարանէն ներս մտաւ։ Արաբ տնօրէնը սաստիկ պախարակեց անառակ տղաքը։ Իր խօսքերը բառացիօրէն չեմ յիշեր։ Կը յիշեմ, սակայն, անոնց բովանդակութիւնը, որ կոտրած ապակիի շեղբի մը նման մխրճուեցաւ ու մնաց ուղեղիս մէջ։ Իր ըսածը մօտաւորապէս այս էր -- ամօ՛թ ձեզի, հազա՛ր ամօթ... մեր պետութիւնը ձեզի շաբաթը միայն 50 վայրկեան կը տրամադրէ ձեր մայրենի գրականութիւնը սորվելու... ես կը խորհէի, որ դուք այդ 50 վայրկեաններուն ամէն մէկ երկվայրկեանին վրայ նախանձախնդրութեամբ եւ գուրգուրանքով պիտի դողդողայիք... բայց կը տեսնեմ, որ դուք ո՛չ միայն անտարբեր էք ձեր մայրենիին հանդէպ, այլ դասարանին մէջ ստեղծած ձեր անկարգութեամբ զայն սորվելու իրաւունքը կը զլանաք միւս աշակերտներուն եւս... ամօ՛թ ձեզի։ 

Վստահ եմ, որ աւելի շատ ամչցողները հայերէն գրականութիւն սորվիլ ուզող աշակերտներն էին։ Իսկ, Պր. Մկրտիչեան՝ ո՞վ գիտէ հոգեկան ինչպիսի ցնցիչ վերիվայրումներու ենթարկուեցաւ այդ օրը։ Քանի մը աշակերտներով գացինք ուսուցչարան զինք մխիթարելու. աչքերուն մէջ արցունքը լճացեր էր։ Ըսաւ, «տղա՛ք, շնորհակալ եմ, որ եկաք զիս մխիթարելու, սակայն դուք մեր գրականութիւնը սիրող եւ պաշտող աշակերտներս էք․ պէտք է իրենք (խափանարարները) գային ներողութիւն խնդրելու»։

***

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՍ ՊԱՏԳԱՄԸ

 

Գրել այնպէս,

Որ հասկցուիս բոլորէն,

Գրել այնպէս,

Որ բառերդ չոլորեն,

Ապրումներդ ոգեղէն

Անփութօրէն չխեղեն... 

Այնպէս գրել,

Որ միտքերդ ինքնուրոյն

Չուզեն եղծել.-

Հասկացողութիւն կեղծել...

Շուտ հասկցայ ես սակայն,

Որ յորդորն իրենց վսեմ 

Վեհ խորհուրդ մըն էր միայն...

Որ՝ նոյնիսկ, եթէ կիսեմ

Քանակը իմ տողերուս՝

Զեղչեմ կէսը բառերուս՝

Կամ, նոյնիսկ՝ կրկնապատկեմ

Պարզութիւնը միտքերուս,

Միշտ կարգ մը ընթերցողներ՝

Ի հեճուկս ճիգերուս,

Հոն պիտի տեսնեն միայն

Ուրուականը յոյսերուս... 

 

Արա Մխսեան

***


 

Tuesday, March 31, 2026

Ազգային ինքնութիւնը՝ Պետութիւնն է

Վահէ Յ Աբէլեան

Ընդունիմ որ չեմ կրցած, ինչպէս Անգլերէն առածը կ՚ըսէ, մազ ճեղքել - split hair - երբ հարցը պետութեան եւ պետականութեան միջեւ է։  Նայիրի բառարանն ալ օգտակար չեղաւ։ Կայքին այն բառարանին որուն պատահմամբ դիմեցի, այսպէս բացատրեց՝ (Աղբիւր՝ Բառգիրք հայերէն լեզուի։ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան, Պէյրութ, 1998։ Էջ 391։)

Պետութիւն `գոյական, կառավարութիւն, տէրութիւն:

Պետականութիւն՝ գոյականշ պետական վարչաձեւ, միջազգային ճանաչումով իշխանութիւն:

Ըսեմ նաեւ որ կառավարութեան եւ պետութեան միջեւ ալ, առօրեայ գործածութեամբ, գործնականօրէն տարբերութիւն չեմ տեսներ։ Ամերիկայի պետութիւնը եւ կամ պետականութիւնը, նախագահ Տոնալտ Թրամբ-ի վարչութիւնն է՝ administration։-ը։ Եթէ երկիր մը գործ կ՚ուզէ ունենալ Ամերիկայի պետութեան կամ պետականութեան հետ, անոր գործը նախագահ Տոնալտ Թրամբին վարչակարգին - administration - հետ է, եւ անոր միջոցաւ է։ Հիւսիսային Քորեայի պետութիւնը կամ պետականութիւնը, Քիմ Ժոնկ Ուն-ին վարչակազմն է։

Բոլոր երկիրներու կառավարութիւններուն կամ վարչակարգերուն գեր նպատակը իրենց երկիրին ապահովութիւնը եւ պաշտպանութիւնն է, ինչպէս նաեւ իրենց քաղաքացիներուն բարեկենցաղ կեանք մը ապահովելն է։ 

Շատ բարդ հարցի մը, այս կէս կատար ներածական ըրի, քանի որ կարդացի Ահարոն Շխրտըմեանին, ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ յօդուածը։ Այդ ալ կէս կատար է, ուր Ահարոն Շխրտըմեանը կը նշէ թէ՝ «Այսօր կը գտնուինք վտանգաւոր ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր Հայաստանի ղեկավարութիւնը սկսած է ոչ միայն սխալներ գործել, այլեւ՝ գաղափարական նոր ուղեգիծ մը պարտադրել, որ կը խորտակէ հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութիւնը, ազգային արժէքները եւ արդար իրաւունքները։» Ակնարկը անշուշտ այսօրուայ, Նիկոլ Փաշինյան-ի իշխանութեան է։

Անկասկած որ այսօր Հայաստանը կը գտնուի վտանգաւոր ժամանակաշրջանի մը մէջ, եւ անկասկած որ ՆՓ-ի կառաւարութիւնը իր քաղաքականութիւնը չի հիմնաւորեր հայ դժբախտ, եւ անարդար պատմական պատահարներուն բարւոք լուծումներու յանգելու համար։ Ոչ ալ Աւետիս Ահարոնեանը նման բան ըրաւ  երբ   28 Մայիս 1918 Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրութիւնէն անմիջապէս ետք Թուրքիայ այցելեց երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութեան կապը ամրապնդելու համար։

 Հայաստանի վարչապետը, ըլլայ ան Նախագահ,  պատմութեան դասախօս չէ, եւ ոչ ալ Հայաստանի կառավարութիւնը պատմութեան կաճառ է։ Բայց այդ չի նշանակէր որ կ՚անտեսեն պատմութիւնը. հապա կը վարեն Հայաստանի քաղաքականութիւնը պատմական պատահարներուն հետեւանքներուն իրադարձութիւններուն հիման վրայ, բնականաբար այնպէս ինչպէս կը մեկնաբանեն այդ պատմական իրադարձութիւններուն հետեւանքները։ Դժբախտ իրողութիիւնը այն է որ, Հայաստանի մէջ ընդիմադրութիւն ըսուածը պարզապէս ընդիմադրութիւն կ՚ընէ, ընդիմադրութեան սիրոյն եւ չի ձգտիր արդարացնէր իր ընդիմադրութիւնը պատմական պատարհարներուն իրենց մեկնաբանութեանբը։

Սփիւռքը, պետական մակարդակով քաղաքական փորձարութիւն չունի եւ ոչ ալ կրնայ ունենալ։ Խնդրեմ զանց առէք ներկայացնել Լիբանահայութիւնը որպէս պետական մակարդակի վրայ քաղաքական փորձարութիւն ունեցող գաղութ մը։ Հետեւաբար անբնական է որ սփիւռքը, Հայաստանի քաղաքացիներուն, իր չգոյ պետական փորձարութիւնէն, քաղաքական բան մը փոխանձելիք ունենայ, մանաւանդ որ իրողութիւնը այն է որ ամէն քաղաքականութիւն տեղական է՝ ինչպէս ըսած է Ամերիկացի ծերակուտանը։ Իսկ սփիւռքը հայաստանեան աումով տեղական չէ։ "All politics is local" is a famous adage, most closely associated with former U.S. Speaker of the House Tip O'Neill”

 Հայոց պատմութեան պատահարներուն, ինչպէս ցեղասպանութիւն, սփիւռքին տարած գնահատելի աշխատանքը նպաստած է եւ կը նպաստէ ապահովելու հայութեան երկարակեցութիւնը սփիւռքի մէջ, որքան որ կարելի է։ Բնականաբար, սփիւռքին անխուսափելի վերջը ձուլումն է։ 

Իմ եզրակացութիւնս է՝ անսակարկ նեցուկ կենալ Հայաստանի քաղաքացիներուն յառաջ բերած պետութեանը, եւ հետեւաբար Հայաստանին, մանաւանդ որ Հայաստանի քաղաքական ընթացքը ժօղովրդավարական է։ Հայաստանի պետութեան կամ կառաւարութեան դէմ ըլլալ, բայց Հայաստանի պետականութեան զորավիք ըլլալ խօսոյթը, ինքնախաբէութիւն է եւ ցնորական։ Մաշած խօսք մըն է, թերեւս որոշ արդարացում կրնար ունենալ անցեալ դարու Սովետական Հայաստանի շրջանին, թէեւ այդ եղած դիրքորոշումին  իմաստութեանն ալ սկսած եմ կասկածիլ։

Անսակարկ զօրավիքին այլընտրանքը՝ սփիւռքին բացառձակապէս անտարբեր ըլլալը պէտք է որ ըլլայ, ինչպէս անտարբեր եմ Տաճիկիստան-ին հանդէպ, որուն համար ոչ ժամանակ եւ ոչ ալ որեւէ տրամադրութիւն կը մատուցեմ։ Ոչ մէկ պարագայի տակ Հայաստանի ժողովրդավարական կարգով յառաջ եկած  կառաւարութեան դէմ սփիւռքի ընդիմադրութիւնը արդարացի կրնայ ըլլալ։

Այլ մեկնաբանութիւն տալով, Ահարոն Շխրըմեան կ՚եզրակացնէ որ Նիկոլ Փաշինեան-ին կառաւարութիւնը «կը սպառնայ համայն հայ  ժողովուրդի   ինքնութեան։»  Կը յուսամ որ Ահարոն Շխրտըմեանը նման վարկածով չառաջնորդեր Կիլիկեան Թեմին հայագիտութեան ծրագիրը։

Անկասկած որ Նիկոլ Փաշինյանին կառաւարութիւնը սպառնացած պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին ինքնութեան, եթէ չկարենայ ապահովել Հայաստանի ինքիշխանութիւնը եւ անոր ի նպաստ գիշեր ու ցերեկ չաշխատի։ Իսկ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ապահովութեան հիմնաքարը կը մնայ Խաղաղութեան Խաչմերուկի Հայաստանի քաղաքականութիւնը։ Այդ քաղաքականութեան ռահվիրան է Նիկոլ Ծաշինյանը եւ անոր պիտի հետեւին իրարայաջաորդ կառաւարութիւնները։ Այդ քաղաքականութիւնը պիտի ամրագրուի Հայաստանի պատմութեան մէջ որ սկզբնաւորուեցաւ Թաւշեայ Յեղափոխութեամբ որ սկսաւ այս օրը՝ 31 Մարտ 2018-ին։

Հայ ազգային ինքնութիւնը՝ ինքնավար Հայաստանն է։ 

 

 

 

 

 

 

Sunday, March 29, 2026

Armenian Church Holidays: Tzaghgazart and Trnpatsek

Attached is my translation of Asbet Manjikian’s take on Tzaghgazart (Palm Sunday) and Trnpatsek (Opening of the Door). The article was posted in Aztag Daily on April 1, 2023. Asbet Manjikian is a relative of mine and is a long-time employee of the Aztag Daily establishment, which happens to be a block or two from his apartment house in Bourj Hammoud. I admit that I am not sufficiently knowledgeable of the Armenian curch holidays, as I should and any Armenians should.  


This is how Asbet Manjikian described Tzaghgazart

“The Sunday before Easter is Palm Sunday – Tzaghazart - which symbolizes Christ's triumphal entry into Jerusalem.

Palm Sunday also symbolizes the first day of creation, when God created the heavens and the earth, spreading light, chased away darkness.

Jesus, knowing that he would voluntarily accept his death in order to show that he was the Lamb of God, who was willing to be sacrificed for the salvation of mankind, headed to Jerusalem to live out the last phase of his earthly life there.

God had commanded that on the tenth day of the month of Nisan (March-April), each of the children of Israel should take a one-year-old, unblemished, male lamb and keep it until the fourteenth day of that month, then sacrifice it in the evening. And Jesus Christ, the Son of God, the Lamb of God the Father, entered Jerusalem five days before the Passover, to sacrifice himself as the new Passover lamb.

On the way to Jerusalem, Jesus performed his last miracles: he opened the eyes of two blind men and raised Lazarus, who had been dead and buried for four days.

Jesus went from Bethany to Jerusalem. The people followed him in great numbers. Jesus, in a humble manner, rode into Jerusalem on a donkey.

The disciples and the people enthusiastically welcomed the Lord’s entry into Jerusalem. Some spread their garments on the ground, while others, waving palm branches and olive branches, clapped their hands in the air and shouted: “Hosanna to the MostHigh! Blessed is he who comes in the name of the Lord! Blessed is the coming kingdom of our father David! Peace in heaven and glory in the highest!”

Jerusalem was jubilant. Jesus immediately entered the temple, where he drove out all those who were buying and selling in the temple area, overturned the tables of the money changers and the seats of those who were selling doves, to make the point t that the house of God was called to be a house of prayer and not a den of thieves.

Angered by this incident, the high priest and his associates decided to kill Christ.

***

Palm Sunday commemorates Christ’s triumphal entry into Jerusalem. During the morning service, the hymn “Lord from Heaven” is sung, which, with reference to the Lord’s first coming, tells of His triumphal entry into Jerusalem. “Glory to God in the highest, and on earth peace, good will toward men.”

After the Gospel reading, the Liturgy of the Hours is performed: “May it be blessed and preserved and kept in the care of the Lord.” The four corners of the world, the earth, the fruitfulness of the year, the monasteries, the settlements and their inhabitants are blessed.

During the Divine Liturgy, olive branches are blessed, which symbolize goodness, abundance, fruitfulness, wisdom, peace and victory, and are distributed to the faithful.

Palm Sunday is proclaimed as the day of the blessing of children. When Christ entered the Temple in Jerusalem, the children cried out: “Blessed is the Son of David!” That is why the Palm Sunday procession and the blessing of children take place.”

* * *

The Trnpatsek (Opening of the Doors) service in the Armenian Church often takes place in the evening, frequently on the Friday evening before Palm Sunday. While sometimes held during Holy Week or as part of Sunday services, it traditionally represents a "vigil" or evening service, symbolizing the opening of the altar to commemorate the Second Coming.”

***

This is how Asbet described Trnpatsek

“On the evening of Palm Sunday, the Opening of the Doors ceremony takes place.

In front of the closed curtain on the Holy Table of the Church, the clergyman kneels and sings the hymn “Open us, O Lord, open us, O Lord, the door of mercy, that we may cry out to You” and knocks on the door with a large key and tearfully prays to God on behalf of the faithful that He will not keep the doors of the kingdom closed to them because of their shortcomings and sins, but will forgive the sins of all of us and receive us into His eternal kingdom.

Another clergyman standing behind the closed curtain responds in the form of a dialogue and reminds us that this is the door of the kingdom, which is opened only to those who turn to God with repentance, contrition and faith.

Tblirs sing the hymn “Open us, O Lord, the door of mercy.” The cloister is opened, and all the lights in the church are turned on, picturing the light and glory of the kingdom of God and the entry of the righteous into the Kingdom with Christ.

At the end of the liturgy, the priest dismisses the people  bidding them peace, with the prayer "King of Peace”.


 

Link: Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք-ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ-

April 1, 2023 - https://www.aztagdaily.com/archives/577460


Saturday, March 28, 2026

Yerevan, first visit

Vaհe H Apelian

 

With relatives in Armenia

I visited Armenia for the first time during 1969/1970-time frame. I was a student at the American University of Beirut (AUB). The Embassy of the Union of Soviet Socialist Republics (USSR) had organized for the students of AUB a tour that took us to Yerevan, where we stayed for a week or a bit less. From Yerevan we flew to Leningrad, the present-day Saint Petersburg, and from there we went to Moscow by train. Internet tells me that “The train ride between St. Petersburg and Moscow is generally considered unremarkable rather than scenic, featuring typical Russian landscapes of forests, fields, and small villages.” However, that is not the impression I am left with. It remains for me a memorable train ride.  

The tour took place during the University’s Easter break and lasted anywhere between 10 to 12 days. I have retained to this day fond memories of my visit and meeting our relatives who hosted me royally. Having a guest from adrasahman – overseas - was a rarity during those days. Almost all the neighbors of our relatives, dropped by and welcomed me. 

I have memorialized an incident during that visit. It is about a young girl I met in a kolkhoz, a farming commune on our way visiting Lake Sevan. Those interested to hear about her and my brief encounter with her, may read the attached link titled “what happened to her?”

 I was reminded recently of another memorable encounter I had in Yerevan with a lady. I had long contemplated memorializing it too. Strange as it may sound, the recent news about the National Assembly giving its final approval to ban the sale and commercial use of plastic bags and certain single use plastic products by 2027, became the trigger to write this blog post, because the memorable encounter I alluded to, is about  ordinary plastic shopping bag. I had long thought of memorializing the encounter. 

 On one of those days in Yerevan, I went to a market with a few others from the group. I do not remember what was it that I purchased. The seller, instead of putting the purchase in a bag, had it wrapped in a paper, making it very difficult, almost impossible for me to keep it wrapped to carry with me. I asked the seller if he had a bag. He did not have. At that moment a lady, who happened to be standing next to me, opened her purse and removed a neatly folded plastic bag and offered it to me. It was obvious that she kept that plastic bag with care, having it neatly folded and placed  it in her purse. I thanked her but I refused to accept her offer. She insisted that I take it. She was so adamant about it that I gave in and thanked her and took plastic bag.

I remember to this day unwrapping it. The crease lines of the folds of the plastic bag were very visible and firm. It was not an unused plastic bag. It was apparent that she had neatly folded the plastic bag, as she had done many times before, and had carried it with her for her day’s shopping. After that casual encounter we departed ways. 

After I wrote the preceding paragraph, I asked all-knowing AI if plastic bags were rare in the Soviet Union in 1960’s. This is what the all-knowing AI said, “Yes, plastic bags were exceptionally rare in the Soviet Union during the 1960s, often acting as luxury items or status symbols rather than functional daily items. They only began to appear more frequently in the 1970s and 1980s, typically imported from the West or sourced through black market.” 

Visiting Armenia during those years was a privilege offered to a few. Much like the neighbors of our relatives, who dropped by and welcomed me, asking me if there was anything that they could do to make my visit comfortable and enjoyable; this lady too, went out of her way to make sure that I am not inconvenienced in any way. 

 My most recent visit to Armenia, which also included visiting Artsakh, was a decade ago, in 2015. Much had changed. Nature had taken its course. Many of our relatives had passed away. Some had left Armenia or their children had left Armenia. Those who had remained were younger than I when I visited the families in 1969/70. Grown up, they too, like their parents, welcomed me and hosted me royally, reminiscing of the times when I had visited them fifty plus a few years ago.

 

Link: “what happened to her?” - https://vhapelian.blogspot.com/2023/05/what-happened-to-her.html

 

Պատահական խոհեր՝ Կեանքի ճանապարհ, պարուսակը կամ դագաղը,

 Այս պատահական խոհերը ստացած եմ Գրիգոր Գրաճեանէն, Լիբանան։ Զանոնք կը վերատադրեմ այստեղ։ վահէ Յ Աբէլեան



Կեանքի ճանապարհ՝

 

Ահաւասիկ Վ. Թէքէեանէն իմաստալից բանաստեղծութիւն մը։

 

«Բարձրացում

Եթէ կրնաս՛ բարձրացի՛ր, բայց գիտե՞ս ո՛ւր, մինչեւ ո՞ւր,

Եւ քեզի հետ ուրիշներն՝ եթէ կրնաս՛ բարձրացուր,

բայց մինչեւ ո՞ւր, մինչեւ ո՞ւր...:

Հաւատալով թէ կրնաս՛ օն, բարձրացի՛ր քա՛ջ տղաս,

Սակայն քանի վեր ելլես՛ պիտի մսիս ու դողաս,

Մնաս մինա՜կ, խեղճ տղաս...:

Կարենայի՜ր դուն եթէ բարձրացնել քեզի հետ

Սիրուած քանի մը հոգի մինչեւ գագաթն արփաւէտ,

Մինչեւ սէրը քեզի հետ...

Կարելին այդ է միայն, անրջակա՜ն կարելին,

Բարեկամնե՛ր  որ մէկտեղ կ՛ուզեն, կը զգան, կը խորհին

Անկարելին, կարելին...

Միմիայն ա՛յս, մնացեալն ամբողջ պատրանք է, հոգի՛ս,

Մի միայն այս, ու անոր գուցէ երբե՛ք չհասնիս,

Անոր իղձովը մեռնիս...»

Վահան Թէքէեան

Մարդկային կեանքի ընթացքը, տեւողութիւնը կամ ուղին կարելի է նմացնել ճանապարհի մը, երբրեմն ընդարձակ եւ ուղիղ, այլ պարագաներուն՝ արահետանման, դարձդարձիկ, օձապտոյտանման: Ելեւէջներ, փապուղիներ, անհարթ մակերեսով, խորտուբորտ, մինչեւ իսկ փակուղիանման ճանապարհային բաժիններ անխուսափելի են:

Կեանքի մեկնարկագիծէն մինչեւ վախճան-վերջ, կայ նաեւ սանդուխ, որու աստիճաններէն վեր կը բարձրանայ ենթական, մատ առ մատ:

Վերելքը հրապուրիչ է, քաշողական եւ յաճախ մարտահրաւէրային: Սանդուխը ինքնին կրնայ ըլլալ խաբուսիկ եւ թակարդներով լեցուն. աստիճանի մատները կրնան ըլլալ ո՛չ հաստատուն, այլեւ փխրուն: Այս բոլորով հանդերձ ենթական անզուսպ կերպով կը բարձրանայ վեր, միշտ վեր:

Սակայն զգոյշ. Ինչպէս առածը կ՛ըսէ. « մարդ որքա՜ն բարձրանայ անկումը կ՛ըլլայ ուժեղ եւ քանդիչ»:

Քիչերն են, որոնք գիտեն պատուով կանգ առնել որոշ բարձրութեան վրայ. գիտնալ եւ համեստօրէն արժէւորել բարձրադիր դիրքն ու պաշտօնը: Եւ մանաւանդ՝ քիչերն են, որ իրենց հետ կը բարձրացնեն նաեւ ուրիշներ.

***

La valise ou le cercueil ( պայուսակը կամ դագաղը)

Պատմութեան մէջ հանրածանօթ ղեկավարներու կողմէ խօսքեր կան, որոնք երբեմն խեղաթիւրուած կերպով ներկայացուած են եւ կամ, պարզապէս վերագրումներ են:

Վերեւի նախադասութիւնը թիւրաբար կը ներկայացուի եւ կը տարածուի ենթադրաբար ըսուած Ֆրանսայի նախագահ Շարլ Տը Կոլի կողմէ 1958 թուականին երբ ան Ալճերիա այցելած է:

Արդարեւ՝ Շարլ տը Կոլ 1958 Յունիս 4-6 Ալճերիա տուած այցելութեան ընթացքին, ֆրանսացի գաղութարարներու հոծ բազմութեան խօսած է ճառ մը, շեշտելով հետեւեալ կէտը. ' Je vous ai compris ' (ես հասկցած եմ ձեզ): Ֆրանսացի գաղութարարներ այս խօսքը թարգմանած են, թէ նախագահը կը հասկնայ զիրենք եւ կը զօրակցի. իսկ ալճերիացիներ այլ ձեւով ընկալած են զայն. թէ՝ Տը Կոլ կը հասկնայ եւ զօրակցի ալճերիացիներու մղած անկախութեան պայքարին:

Իրականութեան մէջ ' La valise ou le cercueil' ազդարարութիւնը ստեղծուած եւ տարածուած է ֆրանսացի գաղութարար զինեալ կազմակերպութեան (OAS, Organisation Arme՛e Secre՝te) կողմէ Ալճերիացի մահմետականներուն զգուշացնելով ընտրել «պայուսակը կամ դագաղը». այսինքն երկիրը լքել եւ հեռանալ պայուսակ մը ձեռքերնին, եւ կամ դագաղ մը:

Ալճերիական անկախութեան պատերազմին, ֆրանսացի գաղութարարները (բնիկ ալճերիացիներու կողմէ վարկաբեկիչ pied noire վանկարկումը ստացած), մասնաւորաբար ֆրանսամետ  ծայրայեղականները՝ վայրագութեամբ եւ մոլեգնութեամբ տարուած կ՛երեւակայէին Ալճերիոյ տէրն ու տիրականը դառնալ:

Ներկայիս քաղաքական զուգահեռ ստեղծելով կրնանք ըսել, որ իսրայէլցիներ, - շրջապատուած բնիկ եւ տեղացի արաբ- իսլամ ժողովուրդներով - pied noire-ներու տրամաբանութեան կը հետեւին զէնքի ուժով պատգամ տալով. ' la valise ou le cercueil':

Լիբանանի հարաւը՝ իսրայէլցիներու վարած քաղաքականութիւնը լաւագոյնս կ՛ապացուցէ անցեալին, pied noire-ներուն որդեգրուած ոճրային միջոցառումներուն:

***

Այսքա՜ն ալ անզգամութիւն ՇԱ՜Տ է:

Մենք, հայերս, ահաւասիկ 21-րդ դարուն, շատ չենք տարբերիր անապատին մէջ շուարած եւ կորսուած իսրայէլցիներէն, երբ Լուսաւորչի տօնին՝ ազգութեամբ պարթեւ Գրիգորի մասունքէն կտոր մը ամփոփուած ոսկիէ աջի մէջ պաշտամունքի առարկայ կը դարձնեն:

Կը հասկնանք եւ կ՛ընդունինք այն առասպելը, երբ Գրիգոր լուսաւորիչ օձերով եւ կարիճներով լեցուն խոր վիրապի մը մէջ կը նետուի եւ 13 տարի ետք անվնաս դուրս կը բերուի անկէ: Եւ այսպիսով Գրիգոր քրիստոնէութիւնը կը տարածէ Հայաստանի մէջ:

Սակայն, միամիտ ժողովուրդը խաբել եւ անոր զգացումներուն հետ խաղալ, այս արդէն անպարկեշտ արարք է: Անմիտ եւ անհեթեթ է նաեւ երբ Լիբանանի այս անցուկ օրերուն անօթի, անպաշտպան, եւ խեղճացած հայերուն ստիպել պաշտել ոսկիէ աջը:

 

 

 

 

 

Friday, March 27, 2026

Թորոս Սիրանոսեան և Աւետիս Տէմիրճի պապուկ

Հետեւալ երկու գրութիւնները ստացայ Գրիգոր Գրաճեանէն, Լիբանան։  Վահէ Յ Աբէլեան 

Թորոս Սիրանոսեան

« Գարանթինայի թիթեղածածկ տան մը մէջ ապրող երեխայ մը, որ հասաւ աշխարհի կարեւորագոյն բեմերը»:

Վերջերս ( Մարտ 11 ) մահցած Թորոս Սիրանոսեանի՝ ինքն իր մասին խօսքն է:

Արդարեւ՝ Թորոս Սիրանոսեան,- եւ քանի՜-քանի- իր նմաններ ( «մանկութիւն չունեցող մարդիկ») իրենց մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը ապրեցան Գարանթինայի գաղթակայանին մէջ: Տախտակաշէն ու թիթեղածածկ խրճիթներէն, ցեխոտ ու փոշոտ արահետներէն, Գարանթինայի «ընկերային ճահիճէն» բարձրացան վե՛ր, շա՜տ վերերը իրենց հետ բարձրացնելով նաեւ հայու արժանապատուութիւնը, առասպելի վերածելով հայուն կամքը, տոկունութիւնն ու հանճարը:

Մի միայն տեղւոյն փայտաշէն եկեղեցիի հովանիին տակ՝ «Մեսրոպեան վարժարան» յաճախած, աշակերտը գիտէ, թէ ի՜նչ կը նշանակէ գրեթէ ոչինչէն «մարդանալ», մարդավայել կեանք մը ունենալ ու շարունակել բարձրանալ: Ան, որ չէ լսած թաղեցի մունետիկին կանչը՝« հէ՜՜յ միլլէթ, Արթին աղային «մաղազա»-ին ( խանութին) մէջ միսին նիւկին երեք ղուրուշ է»: Կամ երեկոյեան «չէմէն »

( պաստրմայ միսը պարուրած կծու եւ ախորժահամ քսուկը) ծախողի « չէմէ՜՜ն- չէմէ՜՜ն» կանչը, կամ  գարնան՝ դէպի երկինք չէ թռցուցած ճարտար տղոց կողմէ ծովեզերքը աճող եղեգով պատրաստուած թռուցիկը, չի գիտէր, թէ Գարանթինան ի՜նչ վայր էր:

Գարանթիայէն դէպի աշխարհ բացուած մարդոցմէ ոմանք, չեն ուզեր յիշել-յիշատակել իրենց անցեալը: Այդ, դերեւս, իրենց իրաւունքն է հաւանաբար բարդոյթ մը ծածկելու: Իսկ ուրիշներ,- շա՜տ-շատեր,- հպարտութեամբ կը յիշեն իրենց անցեալը եւ կը շարունակեն սքանչելի վերելքը: (տես ագոյցը)

***

Աւետիս Տէմիրճի պապուկ

Օրին մէկը՝ Մուսա լեռան բնակիչ Աւետիս Տէմիրճի պապուկին հեռաձայնեցի, հալ-քէֆ հարցնելու, աչքի տեսողութեան մասին իմանալու, հին-հին պատմութիւն կամ դրուագ մը լսելու։

90 տարիքը անցած Աւետիս, իր յատուկ սրամտութեամբ հարցումներ հարցուց.

— Հելէ դուն ինծի ըսէ՝ աշխարհի հայերէն մեռնո՞ղը շատ է, թէ՞ աննպատակ ապրողը։

— Ուրա՞խը շատ է, թէ՞ տխուրը։

— Հոգիով հարո՞ւստը շատ է, թէ՞ աղքատը։

— Խելացի հա՞յը շատ է թէ՞ սարսախը։

Խնդացի. ինք ալ  հրճուած էր իր հարցումներէն։

Հիմա Աւետիս պապուկը չկայ, եւ ես յիշելով իր հարցումները բարձրաձայն կը պատասխանեմ,

— Աննպատակ ապրո՜ղը, տխո՜ւրը, հոգիով աղքա՜տը, սարսա՜խը...

  

Ացոյց (link): Մահացաւ Լիբանանի Մշակութային Կեանքի Գործիչներէն Թորոս Սիրանոսեանը,  https://www.aztagdaily.com/archives/682368