Արմենակ Եղիայեան
Կցած եմ Արմենակ Եղիայեանին 21.7.2024-ի ղումu որ աղերս ունի ոճաբանութեան հետ, անդրադառնալով աւելորդաբանութեան, Անգլերէն լեզուով redundancy որուն օրինակներէն հաւաքածոյ մը ներկայացուցած է Ժիրայր Թիւթիւնճեանը՝ներքեւը տեղադրած եմ անոր օղակը։
Ոճաբանութիւնը գեղեցիկ խօսելու եւ գրելու արուեստն է:
Ան շատ ընդարձակ գիտութիւն մըն է, որուն հնագոյն դարերէն սկսեալ նուիրուած են անհամար աշխատութիւններ՝ բոլոր լեզուներով: Նաեւ հայերէն:
Մեր նպատակը այստեղ ոճաբանութեան հետեւողական սերտողութիւնը չէ, այլ անոր մէկ քանի երեսակներունը միայն, որոնք գործնական լայն տարողութիւն ունին մեր լեզուի արդի կացութեան մէջ:
* * *
Աւելորդաբանութիւն (1)
Աւելորդաբանութիւնը ոճական կարեւորագոյն արատներէն մէկն է, որ կը ներկայացնէ լեզուական այնպիսի տարրեր, որոնք աւելորդ ու անհաճոյ բեռ մըն են՝ հնչիւնի, բառի, բառակապակցութեան եւ լեզուական այլ տարրերու պիտակին տակ եւ որոնք հետզհետէ ապշեցուցիչ յաճախականութեամբ մը սկսած են բազմանալ ու աղարտել արդի արեւմտահայերէնը. արեւելահայերէնը... իր կարգին:
Աւելորդաբանութիւնները այնքան այլազան ու պատահական են եւ աննախատեսելի, որ իւրաքանչիւր պարագայ ունի իրեն յատուկ սրբագրութիւնը, ուստի կարելի չէ համադրել զանոնք եւ միօրինակ դասակարգումներ կատարել, այսուհանդերձ պիտի փորձենք առաջնորդուիլ որոշ խմբաւորումներով՝ միշտ ալ գտնուելով յանկարծաբանելու հարկադրանքին տակ: Աւելորդաբանողը ինք չ’անդրադառնար, թէ կարելի է նոյն խօսքը կազմել լե-
զուական նուազ տարրերով: Միւս կողմէ՝ բոլոր աւելորդաբանութեանց ետին ընդհանրապէս կը գտնենք խօսքի կազմութեան տիրապետումի եւ շարահիւ-սական բաւարար գիտելիքներու պակասը, իսկ երբեմն ալ մտքի ծանրաբեռ-նուածութիւնն ու կեդրոնացումի պակասը: Չհաշուած ժամանակի սակաւութիւնը, ընդհուպ՝ չգոյութիւնը:
Օրինակ ՝
--«Չենք մտածեր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մարզին վերաբերող սակերը բարձրացնելու մասին»:
Ամբողջ ըսել ուզածն է. «Չենք մտածեր հեռաձայնային սակերը բարձրացնել»: Այլ խօսքով՝ գործածուած ութ բառերուն ճիշդ կէսը... աւելորդ է:
Անցողակի ըսենք, որ արեւելահայերը կը կիրարկեն աւելադրութիւն եզրը մերինին փոխարէն: Պարզ է. աւելորդաբանութեան լուծումը կը կայանայ աւելորդ տարրի վերացումին մէջ պայմանաւ, որ նախ անդրադառնանք անոր:
Կու տանք օրինակներ՝ կցելով սրբագրութիւնը:
-Որեւէ համաձայնութեան մը պարագային...:
Որեւէ դերանունի որոշեալը չի կրնար որոշիչ կամ անորոշ յօդ առնել. ուրեմն՝ որեւէ համաձայնութեան պարագային: Նոյն կացութեան մէջ է ամեն բառը. ամեն օր, ամեն մարդ, ամեն գիրք, բայց երբեք՝ ամեն օրը կամ օր մը: Որոշիչ յօդը կը վանեն նաեւ այլազան, բազմազան, զանազան ածականները, որոնք միշտ յոգնակի եւ անորոշ լրացեալ կը պահանջեն, երբ առանձին կամ այլ ածականի մը յարադրութեամբ կը դրուին գոյականի մը վրայ. օրինակ՝
այլազան տեսարաններ,
աւանդական այլազան սովորութիւններ,
բազմազան ձեռնտու միջոցներ,
զանազան մարդիկ,
զանազան կանխարգելիչ միջոցներ...
Սակայն ցուցական դերանունի մը կամ յատկացուցիչի մը ներկայութեան՝ որոշեալը յօդ կ’առնէ. օրինակ՝
այս այլազան միջոցները,
անոր զանազան գանգատները,
պարտէզի բազմազան պտուղներէն մէկ քանին...
Ուրիշ է ամբողջ-ը, որ միշտ կը պահանջէ յօդ մը՝ որոշիչ կամ անորոշ. օրինակ՝ ամբողջ օրը կամ ամբողջ օր մը:
Սկզբունքով այս դերանունը եզակի լրացեալ կը պահանջէ, ինչպէս տեսանք. սակայն կ’ըսուի նաեւ ամբողջ օրեր, ամբողջ ամիսներ, ամբողջ տարիներ. ասոնք օրերուն, ամիսներուն եւ տարիներուն տարողութիւնը, բովանդակութիւնը շեշտող, սաստկացնող ըսելաձեւեր են:
Ուրեմն այս պարագային լրացեալ գոյականը ոչ մէկ յօդ կը ստանայ:
* * *
Մեզ շրջապատող օտար լեզուները ստացական յօդ չունին, եւ այդ պատճառով ալ ստիպուած են փոխարէնը գործածել սեռական հոլով յատկացուցիչ դերանուններ. հայ թարգմանիչը քիչ մը անուշադրութեամբ, քիչ մըն ալ տգիտութեան հետեւանքով թութակաբար կը մտածէ ու կը գրէ օտարին պէս. օրինակ՝
--Սփիւռքահայ մեր կեանքը եւ համազգային մեր նպատակներու իրակա-նացման մեր ճիգերը որքա՜ն արդիւնաշատ կրնային ըլլալ:
Ուր երեք մեր-երն ալ ոչինչ կ’ըսեն. բաղդատել՝
«Սփիւռքահայ կեանքը եւ համազգային նպատակներու իրականացման ճիգերը որքա՜ն արդիւնաւէտ կրնային ըլլալ»:
--«Սուրիա իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին:
«Սուրիա ցաւակցութիւն յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին:
Սուրիան անշուշտ ի՛ր ցաւակցութիւնը պիտի յայտնէր եւ ոչ ուրիշինը:
Բայց քանի անգլիացին եւ ֆրասացին պիտի ըսէր «իր»,— հա՛յն ալ կ’ըսէ, վասնզի հայը ինչո՞վ ետ կը մնայ եւրոպացիէն:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան
***
Աւելորդաբանութիւն (2)
1. Կարգ մը աւելորդաբանութիւններ հետեւանք են օտար լեզուներու անմիջական ազդեցութեան. այսպիսիներէն է հայերէնի մէջ շատ տարածուած «ի զուր տեղը» ասոյթը:
Այս ասոյթը պատճենումն ու աղաւաղումն է թրքերէն boš yerine “պոշ երինէ” ասոյթին, որ բառացի կը նշանակէ «պարապ տեղը». ան ունի իր աւելի կարճ հոմանիշն ալ ալ, որ է boša“պոշա”. սա տրական հոլովն է boš-ին, այսինքն՝ «պարապի»:
Մեր ռամիկը,— եւ ոչ միայն,— իւրացուցած է երկուքն ալ .
--Պարապ տեղը կամ պարապի ժամերով սպասեցինք:
--Պարապ տեղը կամ պարապի բերան ծռեցինք:
Աւելի բանիմացները, յատկապէս մամուլը, կ’ըսեն՝
--Ի զուր տեղը բարեկամներ յորդոր կարդացին...:
--Ի զուր տեղը այդ մարդէն նպաստ ակնկալեցինք:
--Ի զուր տեղը ինծի կը դիմէք:
Այսպէս կ’ըսեն ու կը գրեն, որովհետեւ չեն անդրադառնար, որ «ի զուր» մակբայ է, եւ մակբայով տեղ գոյական չենք կրնար որոշադրել: Եւ կը ստացուի հայեցի տեսանկիւնէն դիտած՝ լեզուական այլանդակութիւն մը, որ բաւական տարածուած է բոլոր խաւերուն մէջ:
Եւ վերջապէս իրենց ոճը շատ աւելի խնամել փորձող հատ ու կենտ գրողներ ալ կան, որոնք կըսեն.
--Զուր տեղը յոյսեր կապեցինք իր խօսքերուն:
--Զուր տեղը այսքան վազվզեց խեղճը:
Այս վերջինը, այո, քերականօրէն սխալ չէ, քանի յառաջացած է ածական-գոյական կանոնական բառակապակցութիւն մը, բայց եւ այնպէս թանձր թրքաբանութիւն է, եւ իբր այդպիսին ալ մերժելի է. հայերէնը պարզապէս կ’ըսէ կամ պարտի ըսել.՝
--Ի զուր յոյսեր կապեցինք իր խօսքերուն:
--Ի զուր այսքան վազվզեց խեղճը:
Յիշենք Դուրեանի սքանչելի կիրարկութիւնները՝ «Տրտունջք»-ի մէջ.
--«Ի զո՜ւր գրեցին աստղերն ինծի “սէր”,
Եւ ի զուր ուսոյց բլբուլն ինձ “սիրել”,
Ի զուր սիւքեր սէ՜ր ինձ ներշնչեցին...
Ի զո՜ւր թաւուտքներ լռեցին իմ շուրջ...
Եւ ի զո՜ւր ծաղկունք, փթիթներ գարնան
Միշտ խնկարկեցին խոկմանցս խորան.
Ո՜հ, նոքա ամէնքը զիս ծաղրեր են,
Աստուծոյ ծաղրն է աշխարհն ալ արդէն»:
Վաղամեռիկ պատանին ոչ մէկ անգամ ըսած է՝ զուր տեղը, կամ ի զուր տեղ:
Բերենք միւս հիւծախտաւորին՝ Մատթէոս Զարիֆեանի մէկ ընտիր կիրարկութիւնը եւս «Արհամարհանք» քերթուածէն.
--«Ի զուր սրտիս վրայ մոխիր կը թափես.
Աստուածներ կան հոն՝ իջած երկինքէն,
Ցաւիս խորերէն, տե՛ս, անոնք կ’երգեն»:
* * *
Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ (ի) զուր հայերէն:
Հայերէն (ի) զուր չի նշանակեր պարապ, մինչ boš կատարելապէս պարապ, դատարկ, կը նշանակէ թրքերէնի մէջ, անգլերէն empty, ֆրանսերէն vide:
Այսպէս՝ մինչ թրքերէնը ազատօրէն կ’ըսէ boš šiše/պարապ շիշ, boš ev/պարապ տուն, boš kafa/պարապ գլուխ, փոխարէնը չեմ կրնար հայերէն ըսել՝ զուր շիշ, զուր տուն, զուր գլուխ:
Հապա ի՞նչ է հայերէն զուր-ը:
Սկսելու համար ըսենք, որ զուր ածականը չի դրուիր որեւէ նիւթական/թանձրա-ցական գոյականի վրայ. չկայ նման բառ: Սակայն կրնանք ըսել՝ զուր յոյս, զուր սպասում, զուր ոգեւորում, զուր խօսք, զուր ակնկալութիւն, ուր բերուած գոյակններուն բոլորն ալ վերացական/ոչ-շօշափելի հասկացութիւններ են:
Մալխասեան զուր-ը կը սահմանէ՝
«1.Արդիւնք՝ հետեւանք չունեցող. 2. Անպէտ, անհարկաւոր. 3. Արժէքից զուրկ. 4. Սնոտի, երեւակայական. 5. Անհիմն, իրականութեան չհամապատասխանող. 6. Անիրաւ...»:
Ինչպէս կը նկատենք, ոչ մէկ հոմանիշ կը շփոթուի պարապ-ութեան հետ:
«Նոր հայկազեան»-ը կու տայ մօտաւորապէս նոյն մեկնութիւնները:
Եւ ոչ մէկ տեղ կը գտնենք դատարկ/պարապ հոմանիշը զուր-ին կից:
Թրքերէնի զօրաւոր ազդեցութեան տակ աղաւաղուած, խաթարուած է ամբողջ լեզուամտածողութիւն մը, ուր (արեւմտա)հայը շփոթած է պարապ-ը եւ զուր-ը՝ հոմանիշ նկատելով ասոնք:
Եզրակացութիւն
--Հայերէնէն կը վանենք պարապ տեղը եւ ասոր հոմանիշ պարապի ասոյթները՝ թրքերէնի մեքենական պատճենումը նկատելով զանոնք:
--Զուր տեղը կը վանենք՝ ոչ-հայեցի նկարագրին հետեւանքով:
--Ի զուր տեղը կը վանենք՝ քերականօրէն սխալ կառոյց մը ըլլալուն:
--Թրքերէնի boš yerine-ին կը զուգադրենք հայերէնի պարզ ու կոկիկ ի զուր մակբայը, որուն կարելի է հանգիստ զուգադրել յումպէտս, վայրապար, տարապարտուց հոմանիշները. անգլերէնը՝ in vain, ֆրանսերէնը՝ en vain:
Հարցում՝
***Ի՞նչ մտածել հետեւեալ երկուքին մասին.
--Մոսկուա զուր յոյսեր կը կապէ Թրամփի վերադարձին:
--Մոսկուա ի զուր յոյսեր կը կապէ Թրամփի վերադարձին:
—Ո՞րն է ճիշդ, ո՞րն է սխալ:
—Երկուքն ալ ճիշդ են:
Առաջինին զուր ածականը կը բնոորոշէ յոյս գոյականը՝ զուր յոյսեր:
Երկրորդին ի զուր մակբայը կ’եղանակաւորէ կը կապէ բայը/ստորոգիչը՝ ի զուր կը կապէ:
2. Աւելորդաբանութիւնը շատ յաճախ հետեւանք է կիրարկուած բառերու նշանակութեան կամ քերականական յատկութեան ճիշդ չիմացութեան. ահա ցայտուն օրինակ մը, որ իբրեւ խորագիր ծառայած է մեր լրագրողներէն մէկուն.
--«Մասքաթի մէջ շիիներու մզկիթի մը մերձակայքին մէջ կրակոցի պատճառով չորս անձեր մահացած են»:
Հայերէնին պարկեշտ տարողութեամբ տիրապետողը,— ինչպէս կ’ակնկալուի, որ ըլլան մեր բոլոր լրագրողները,— պիտի չըսէր մերձակայքին մէջ, այլ պարզապէս պիտի ըսէր մերձակայքը, որ առանձինը իր պարզ հայցական հոլովովով արդէն կատարելապէս ի վիճակի է տեղ ցոյց տալու.
--«Մզկիթի մը մերձակայքը չորս անձեր մահացած են»:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան
Link
Bouquet of Flowers: A dunciad of redundancies - Աւելորդաբանութիւն
http://vhapelian.blogspot.com/2024/07/bouquet-of-flowers-dunciad-of_54.html