Վահէ Յ Աբէլեան
A.R.F. YOUTH ASSOCIATION OF LEBANON, (Lepanani Yeridasartagan Myoutiun), courtesy Varoujan Badouhassian, first representatives meeting in Beirut in May, 1975 per noted date. I was not a member of the association but was a member of the central committee. 1. Vahe H. Apelian,2. Hrayr Kasparian, 3. Koko Achekian, 5. Khajag Shitilian, 6. Varoujan Badouhassian, 7. Tsolag Tutelian, 8. Dikran Jinbashian, 9. Yervant Pamboukian, 10. Yetvart Eloyan, 11. Yetvart Padoyan, 12. Hagop Varante Yapoudjian, 13. Garo Tutunkian, 14. Maggie Khatcherian, 15. Suzan Kradjian, 19. Hourig Khanjian Abdulian 21. Vatche Proodian, 22. Aris Krikorian, 23. Hrayr Nalbandian, 25. Hovig Khatchadourian, 27. Hagop Pakradouni, 28. Ara Khanjian |
“Ազդակ» Օրաթերթի 9 Յուլիս 2024 համարին գաղութային բաժինին մէջ կարդացի որ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը՝ 5 Յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշած է իր հիմնադրութեան յոբելեանը` «Դէպի երկրորդ յիսնամեակ» խորագիրով:
ես ալ մաս կազմած եմ ԼԵՄ-ի հիմնադիր վարչութեան, եւ ներկայ եղած եմ անոր անդրանիկ պատգամաւորական ժողովին որ տեղի ունեցաւ այժմու Արեւմտեան Պէյրութի երբեմնի ժողովրդային տան մէջ։ Հետեւաբար պատշաճ նկատեցի յուշագրել ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան մասին իմ տպաւորութիւններս։ Թէեւ ԼԵՄ-ը կ҆ակնարկէ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան, բայց անոր կազմաւորման անդրադարձը սփիւռքի ՀՅԴ պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններուն հետ ալ առընչուած էր։ Անոր մասին պիտի անդրադառնամ քիչ ետք։
ԼԵՄ-ի ծնունդին հիմնական եւ թերեւս ալ կրնամ նշել որ միակ պատճառը կառուցային էր, յատկապէս Լիբանանի համար, թերեւս ալ Սուրիահայ համայնքին համար ալ այդ էր, եւ աղերս ունէր Լիբանանի Պատանեկան Միութեան դրութեանը հետ։
Բացատրեմ՝
Յետ եղեռնեան Լիբանահայ գաղութին դաշնակցական հատուածը միութենական փորձառութիւն կը փոխանցէր իր զաւակներուն անդամագրելով զանոնք տեղւոյն Պատանեկան Միութեան։ Ինչպէս էր նաեւ իմ պարագայիս. հայրս՝ վաղ պատանեկութեանս, զիս անդամագրեց Պէյրութի Բաբգէն Սիւնի Պատանեկան Միութեան։
Ժամանակի ընթացքին Պատանեկան Միութիւնը – գլխագրած եմ դիտումնաւոր կերպով– կ՚ունենար իր ճիւղաւորումը։ Այն պատանիները, որոնք իրենց ուսումը կը շարունակէին յաճախելով միջնակարգ եւ ապա երկրորդական (հայ սքուլ) վարժարաններ, անդամ կը դառնային Լիբանանի ՀՅԴ Զաւարեան Աշակերտական Միութեան։ Այդպէս ալ էր իմ պարագաս։ Իսկ եթէ պատահէր որ երբեմնի պատանին շարունակէր իր ուսումը որպէս համալսարանական ուսանող կամ ուսանողուհի, մաս կը կազմէր ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միւթեան որպէս երկու տարուայ օժանդակ անդամ եւ ապա կ҆անցնէր ՀՅԴ շարքերը, այլապէս կը դադրէր մաս կազմելէ Զաւարեանի Ուսնողական Միութեան, որ կոմիտէութիւն մըն էր, համազօր որեւէ կոմիտէութեան։
Այդ դրութիւնը յառաջացած էր հասկնալի պատճառներով։ Յետ եղեռնեան սերունդը կարիք ունէր դաստիարակուած սերունդի որպէսզի վարէ արտերկրի ազգային կեանքը։ Իսկ այդ շրջանին ընդհանրացած էր արհեստի աշկերտութեան դրութիւնը։ Նախակրթարանէն ետք, եւ յաճախ ալ տակաւին նախակրթարանը չաւարտած, հայ պատանիներ կը դադրէին դպրոց յաճախելէ եւ կը սկսէին սորվիլ արհեստ մը՝ ինչպէս ոսկերչութիւն, եւ այլն։ Այն պատանիները որոնք արհեստ կը սորվէին նոյն դրութիւնը չունէին ինչ որ ունէին իրենց ուսումը շարունակող աշակերտները եւ ապա ուսանողները։ Հետեւաբար ստեղծուած էր դրութիւն մը ուր, երգին բառերով՝ երես ծնօտին աղուամազ բուսած երբեմնի պատանին, կը շարունակէր մնալ անդամ իր Պատանեկան Միութեան մասնաճիւղին։
Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին՝ 1965-ին, այս էր կազմակերպական դրութիւնը Լիբանանի մէջ՝ Պատանեկան Միութիւնը իր մասնաճիւղերով, Զաւարեան Աշակերտական Միութիւնը իր զոյգ մասնաճիւղերով՝ մէկը Պէյրութ իսկ միւսը Պուրճ Համուտ, եւ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը։ Բայց արդէն ցեղասպանութեան յիսնամեակին Լիբանահայ ազգային կեանքը հիմնովին փոխուած էր։ Ուսումնառութիւնը ընդհանրացած էր։ Երբեմնի արհեստ սորվող աշկերտները ստեղծած էին իրենց համար բարեկեցիկ վիճակ մը եւ մաս կը կազմէին գաղութային կեանքին կազմակերպման։ Ընթացիկ կեանքն ալ, լրագրութեամբ, հեռատեսիլով, ռատիոյով կը սատարէր հանրային դաստիարակութեան։ Երբեմնի «աշակերտ եւ աշկերտ»-ի դրութիւնը այլեւս ժամանակավրէպ էր։ Հետեւաբար պէտք էր դրութիւնը վերատեսութեան ենթարկել։ Եւ այդ վերատեսութեան արդիւնքը եղաւ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը՝ ԼԵՄ-ը։ Այսպէս՝ Պատանեկան Միութիւնը, իր թաղային եւ շրջանային մասնաճիւղերով, եւ Զաւարեան Աշակերտական Միութիւնը իր զոյգ մասնաճիւղերով, անցան պատմութեան էջերուն եւ յառաջ եկաւ ԼԵՄ-ը։
Բայց պատկերը նոյնը չէր, օրինակ, Ամերիկահայութեան պարագային, ուր մինչեւ երկրորդական վարժարան ուսումնառութիւնը պարտադիր էր, իսկ արհեստավարժութիւնը մաս կը կազմէր այդ ուսումնական կարգին ըստ աշակերտին հայեցողութեան կամ հետաքրքրութեան։ Հետեւաբար Ամերիկայի պարագային տիրող դրութիւնը փոխելու կարիք չկար։ Հոն, 13 Յունուար 1933-էն ի վեր, արդէն կը գործէր AYF-ը՝ Armenian Youth Federation իր կրտսեր կարգի (junior) աշակերտներէով, ինչպէս նաւ երեց կարգի (senior) ուսանողներով։ Հետեւաբար ԼԵՄ-ի հիմնադրութիւնէն ետք, AYF-ը ունեցաւ միայն նոր անուանակոչութիւն եւ կոչուեցաւ AYF-YOARF, այսինքն՝ Armenian Youth Federation – Youth Organizaiton of the Armenian Revolutionary Federation. Կարծեմ հայերէնի թարգմանութեան կարիգը չկայ։
ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան շրջանին, Լիբանահայ գաղութը հիմնովին տարբեր էր։ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ Լիբանահայութիւնը ունէր իր քաղաքական ներկայութիւնը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ, որուն նմանը չէր պատահած սփիւռքի մէջ եւ հաւանաբար գոյութիւն չունի ներկայիս։ Հետեւաբար ԼԵՄ-ի առջեւ ալ ներկայիս բնականաբար կը պարզուի հիմնովին տարբեր գաղութային վիճակ մը։
ԼԵՄ-ի յիսնամեակի գործունէութեան գնահատանքը եղաւ։ Բայց չեղաւ ԼԵՄ-ը խարսխող Լիբանանի երբեմնի Պատանեկան Միութեան գնահատանքը։ Պատանեկան Միութիւնը իր մասնաճիւղերով եւ իրմէ բխող Զաւարեան Աշակերտական Միութիւնը իր զոյք մասնաճիւղերով արդէն յիսուն տարիներէ ի վեր, ԼԵՄ-ի հիմնադրութիւնէն ետք, Լիբանահայ գաղութային կեանքի պատմութեան անցած են, չըսելու համար մոռացութեան։ Որքան որ գիտեմ ոչ մէկ պատմագրութիւն եղաւ անոնց մասին։ Հոն է որ հիմնաւորուեցաւ յետ Եղեռնի ՀՅԴ սփիւռքի մէջ գործող պատանիներու եւ վաղ երիտասարդներու միութենական փորձառութիւնը։ Անոնք գործեցին շուրջ յիսուն տարիներ, որոնց ընթացքին հիմնեցին եւ ապագայ սերունդներուն աւանդեցին Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը՝ ԼԵՄ-ը, որ այժմ կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան երկրորդ յիսնամեակը։
.
No comments:
Post a Comment