Գրիգոր Գրաճեանէն ստացած երկու տեղադրութիւնները միացնելով կազմած եմ այս պլակը։ Ակնարկը Լիբանանին է, բայց անոր իրողութիւնէն կարելի չէ զանց առնել որեւէ երկիր՝ երբ անոր քաղաքացիները իրենց ողջութեան կը մնան պառակտուած, բայց յետ մահու «փարած եւ շաղախուած հողին անոնք կը դառնան մէկ ու միակամ” եւ կ՚արժանան փառաց պսակին։ Վերնագիրը ես է որ յարմարացուցած եմ նկարին հետ։ Վահէ Յ Աբէլեան
Լիբանան ժամանող օդանաւին մէջ, լիբանանցիներ, - բոլոր համայնքներէ, - իրարու կը բարեկամանան, կը մտերմանան, կ՚եղբայրանան, մինչեւ իսկ, ազգականական կապեր կը փնտռեն ու կը գտնեն. հեռուէն-հեռու ազգական կ՚ելլեն, եւ կը խոստանան անպայման հանդիպիլ երբ հասնին Լիբանան։
Սակայն՝ երբ օդանաւը վայրէջք կը կատարէ, հազիւ անիւները գետին հպած՝ տակաւին վերջնական կանգ չառած, (գէփթընին ծափերով շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք) արդէն իսկ ամէն մարդ ոտքի է պայուսակ-մայուսակ առնելու եւ վայրկեան առաջ օդանաւէն եւ օդակայանէն դուրս նետուելու, եւ առանց իսկ «մնաք բարով» ըսելու նոր բարեկամացած ճամբորդին, ամէն մէկը կ՚երթայ իր գիւղը, թաղը, շրջանը եւ իր համայնքին ոչ իսկ անգամ մըն ալ հանդիպելու իրարու։
1915-16 թուականներուն, օսմանցի թուրքերը մօտաւորապէս երկու տասնեակ լիբանանցի հայրենասէրներ, - քրիստոնեայ եւ մահմետական, - կախաղան հանեցին Օսմանեան Կայսրութենէն անկախանալու ձգտումին համար:
Անոնք խրոխտաբար կախաղան բարձրացան «Պուրճի» հրապարակին վրայ, որ յետագային կոչուեցաւ «նահատակաց հրապարակ»:
Թուրքերը նահատակներուն դիակները Պէյրութի ծովեզերքը, հաւաքական փոսի մը մէջ նետեցին:
1918-ին, երբ ֆրանսական բանակը Լիբանանը ազատագրեց, մտածուեցաւ արժանապատիւ կերպով թաղել երկրի անկախութեան համար զոհուած ազատամարտիկները:
Սակայն, լուրջ հարց մը ծագեցաւ. քրիստոնեայ եկեղեցին չփափաքեցաւ իր գերեզմանատան մէջ ընդունիլ իսլամ դիակները, մահմետական կրօնաւորները նոյնպէս չուզեցին իրենց գերեզմանատան մէջ տեղ տալ քրիստոնեայ մարտիկներուն:
Հարցին բարւօք լուծում տրուեցաւ երբ տիւրզիներու համայնքին պատկանող գերեզմանատան մէջ տեղ տրամադրուեցաւ քրիստոնեայ եւ իսլամ ազատամարտիկներուն:
Այժմ Պէյրութի «Վէրտէն» շրջանին մէջ՝ մուտքին երկաթէ կղպուած դռներու ետին, տիւրզի համայնքին պատկանող գերեզմանատան մէջ՝ բարտի ծառերու հովանիին տակ կը հանգչին Լիբանանի անկախութեան համար զոհուած 19 ազատամարտիկները: Մահմասանի եղբայրները քարէ դամբարանի մը տակ, քիչ մը անդին Օմար Մուսթաֆա Համատ՝ 1892-ի ծնունդ, 1889-ին Հասպայա ծնած Սաիտ էլ Շէհապի ...
Մուտքի երկաթէ դռան վրայ արձանագրուած է՝ «Լիբանանցի նահատակներու գերեզմանատուն»:
1994 թուականին Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի նուիրատուութեամբ գերեզմանատուն նորոգուած է:
Այդ թուականէն 10 տարի ետք Հարիրի ինք դարձաւ Լիբանանի նահատակներէն մէկը:
Երկար փնտռտուքէ ետք, ասդին-անդին հարցնելով դժուարաւ կրցայ գտնել՝ մուտքին կղպանքներով ամրացուած գերեզմանատունը:
Լիբանան ծնած ու հասակ առած, բոլոր համայնքներէն անձնազոհներ՝ երկրի անկախութեան համար նահատակութեան ու զոհողութեան իրենց բառինը տուած եւ տակաւին կը շարունակեն տալ:
Եթէ քաղաքացիներ, իրենց կեանքի տեւողութեան ընթացքին՝ համայնքային եւ յարանուանական տարբերութիւններով կը մնան բաժնուած, յետ մահու, փարած եւ շաղախուած հողին անոնք կը դառնան մէկ ու միակամ:
ՅԳ
Յիշեալ Գերեզմանատան մասին տեղեկութիւններու աղբիւրը լրագրող Robert Fisk-ն է( 12 յուլիս 1946- 20 հոկտեմբեր 2020):
No comments:
Post a Comment