V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, August 26, 2026

Որմախորշ

 Վահէ Յ Աբէլեան

Ներկայիս, անմիջական առօրեայ ընթերցանութիւնս՝ Շահան ՇահնուրիՆահանջը Առանց Երգի վէպն է։  Հոն է որ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ որմախորշ բառին։

Ինծի համար հետաքրքրական եղած է թէ ինչո՞ւ Շահան Շահնուրը իր այդ վէպը  անուանած է Նահանջը Առանց Երգի։ Իմ կարծիքով կրնար ուրիշ վերնագիր մը տալ վէպին, եւ վէպին գրական արժեքէն բան մը նուազացուցած պիտի չըլլար։  Վէպը, գրական գլուխ-գործոծ մըն է, ոճով Ռաֆիին վէպերէն շատ տարբեր։ կը բաղդատեմ Ռաֆֆի-ին վէպերուն հետ քանի որ  երկու վիպագիրներուն հերոսները պայքարողներ են։ Շահան Շահնուր-ի գիրքին հերոսը՝ Պետրոս եւ կամ Բիէր-ն է, որ պիտի նահանջէ։

Եթէ վիպագրութիւնը, գծագրութեան նմանցնեմ, ապա կարելի է ըսել ոդ Ռաֆի-ին վէպերը դասական գծագրութեան նման են, իսկ Շահան Շահնուրինը՝ Արշիլ Կորքիի գծագրութեան նման է։ Կը կարծեմ որ կրնաք պատկերացնել թէ ի՞նչ ըսել կուզեմ։

Պիտի չի զարմանամ որ Շավարշ Միսաքեան՝ Յառաջ  թերթին խմբագիրը, ուր Շահան Շահնուրին վէպը, լսած եմ որ լոյս տեսած է պարբերաբար՝ մաս առ մաս, եւ աւելի ուշ հրատարակուած է հատորի մը մէջ, դեր ունեցած է վէպին անուանակոչութեանը։  Անկասկած որ վէպին Նահանջը Առանց Երգի անուանումը մեծապէս նպաստած է վէպին ժողովրդականութեան, եւ երկարակեցութեան։ Բայց այդ վերնագիրը սահմանափակած է գիրքին գրական գնահատանքը։ Պետրոս, կամ Փիէր հերոսի քանի մը արտայատութիւնները միշտ կը յիշատակուին երբ Նահանջը Առանց Երգի-ն մասին ակնարկ կըլլայ։ Այդ քանի մը մէջբերումները շրջափակած են գիրքը ինչպէս գծագրութեան մը շրջանակները, որոնք երբեմն շատ զարդարուն եւ գեղազարդ կըլլան,  անբաժան եւ համակից մաս կը կազմեն գծագրութեան եւ կրնան խախտել գծագրութեան գնահատանքը։ Յուսամ կրցայ բացատրել ինքզինքս։ Բայց այդ ուրիշ հարց է։ Հիմայ գամ որմախորշ բառին։

***

Ուրեմն, ինչպէս նշեցի առաջին պարբերութեանը մէջ, ընթերցանութեանս ընթացքին հանդիպեցայ որմախորշ  բառին։ Կը պատկերացնէի որ այդ բարդ բառը պիտի չգտնեմ Նայիրի-ին բառարաններուն մէջ։ Բայց, եթէ նոյնիսկ մէկը որ գիրքը չէ կարդացած, եւ չէ հանդիպած այն պատահարին ուր որմախորշին ակնարկ կայ, կրնայ պատկերացնել որմախորշ բառին իմաստը։ Խորշ կը նշանակէ, փոս տեղ, խոռոչ, (Բառգիրք հայերէն լեզուի։ Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան, Պէյրութ, 1998։ Էջ 182)։ իսկ որմ արմատ բառը կը նշանակէ պատ (նոյն բառարանը էջ 365)։ Հետեւաբար շատ դիւրութեամբ կարելի է հետեւցնել որ որմախորշ կը նշանակէ պատին մէջ փոս մը՝ Անգլերէնով՝  a cavity in the wall.

Այդ բարդ բառը, զիս տարաւ Քէորքիւնայի մեր պապենական տունը որ կ՚ենթադրուի կառուցուած  է 19-րդ դարու վերջաւորութեան՝ այսինք 1800 ական թուականներուն վերջերը, բայց վստահաբար Մեծ Եղեռնէն առաջ։ Այդ տան մէջ, սենեակներէն մէկուն մէջ կար որմախորշ մը ուր մեր մեծ հայրը՝ Ստեփան Պապուկը, կը պահէր Քէորքիւնա  Աւետարանական եկեղեցիին ամբողջ գանձը։ Անկասկած որ այդ որմախորշը պատահականօրէն հոն չէր եղած։ Այդ տան որմադիրը, ներքին սենեակները բաժնող  կրկնապատերէն, այսինք շերտաւոր պատերէն, մէկուն մէջ  քար մը զեղչած էր, ունենալու համար այդ խոռոչը։

Այդ խոռոչին մէջ էր որ, մեծ հայրս, Քէորքիւնայ Եկեղեցիին գանձը կը պահէր մինչեւ որ յանձնէ խնամակալութեան։ Ինքը Քէորքիւնայի միակ եկեղեցիին մնայուն գանձապահն էր։ Գրեթէ ամէն կիրակի օր, պաշտամունքը սկսելէ առաջ, ընտանիքներու ամենէն պզտիկը կուգար եւ մեր մեծ հօրմէն, իր բեռած դրամին մանրուքը կը խնդրէր որպէսզի եկեղեցին յաճախող ընտանիքին անդամը, իր նուիրատութիւնը ընէ։ իսկ մենք , դրամի հաւաքման ընթացքին, ափսէին ձայնէն, երբ դրամը կը դրուէր մետաղէ ափսէին մէջ, կրնայինք գուշակել դրուած դրամին քանի ղրուշ ըլլալը։ 

Վերադարձին, մեծ հայրս հաւաքուած դրամը յաճախ նախ իր անկողինին վրայ կը փռէր։  կը պատահէր որ հոն թղթադրամ ըլլար,  ընդհանրապէս՝ եթէ ո՛չ բացառապէս, գիւղը այցելութեան եկած ընտանիքէն կամ անհատէն եղած կըլլար։ Ապա կիրակի օրուան պաշտամունքին հաւաքուած դրամը  կը դնէր մետաղէ տուփի մը մէջ, որքան կը յիշեմ ժամանակին փոշի կաթ պարունակող մետաղեայ կլոր տուփը մըն էր, եւ կը զետեղէր այդ որմախորշին մէջ։

No comments:

Post a Comment