Ձոն Սփիւռքին բանաստեղծութեան որեւէ նմանութիւն Դանիէլ Վարուժանի ՁՈՆ բանաստեղծութեան հետ, անտեսելու էք։ Վահէ Յ Աբէլեան
Ձոն Սփիւռքին
ՖԷյսպուքեան գըրչով երգեցի փառքեր.
— Քեզի ընծա՜, իմ հայրենիք —
Սփիւռքի անտառեն էի զայն կըտրեր…
— Քեզի ընծա՜, հին հայրենիք —
Ֆէյսպուքեան գըրչով երգեցի քուրմեր.
Ընդ սփիւռքն փող լու’յս ելաներ:
Ֆէյսպուքեան գըրչով երգեցի կարոտ.
— Ձեզի ընծա՜, Հայաստանի քաղաքացիներ —
Ան տարաշխարհիկ բույսի մ’էր ծըղոտ…
— Ձեզի ընծա՜, հեգ պանդուխտներ —
Ֆէյսպուքեան գըրչով երգեցի հարսեր.
Ընդ ֆէյսպուքն փող ո՛ղբ ելաներ:
Ֆէսպուքեան գըրչով երգեցի արյուն.
— Ձեզի ընծա՜, սուրի զոհեր —
Ան ծլած էր մոխրի մեջ իբրև կընյուն…
— Ձեզի ընծա՜, կրակի զոհեր —
Ֆէյսպուքեան գըրչով երգեցի վերքեր.
Ընդ ֆէյսուքս փող սի՛րտս ելաներ:
ֆէյսպուքեան գըրչով որբ տունս երգեցի.
Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.
— Ձեզի ընծա՜, հայ մարտիկներ —
Մեքենագիրը եղավ անթրոց սըրտերու հնոցի…
— Ձեզի ընծա՜, քաջ մարտիկներ —
Ֆէյսպուքեան գըրչով վըրեժ երգեցի.
Ընդ ֆէյսպուքն փող բո՛ց ելաներ:
No comments:
Post a Comment