V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Monday, July 27, 2026

Պատահական խոհեր բարեկամէս ՝ Մենք այսպէս չէինք դաստիարակուած

Այս Այս պատահական խոհերը ստացած եմ բարեկամէս։ Զանոնք կը վերարտադրեմ այստեղ։  Բարեկամիս խոհերը առընչուած են, «Հայրենիք» արցանց  շաբաթաթերթին Յուլիս 23, 2026-ի գլխաւոր խմբագրական՝ «ԹՐԻՓՓ՝ Միգապատ Ճամբան»-ին։ վահէ Յ Աբէլեան

 


Յաճախ մտքէս անցուցեր եմ «Հայրենիք»-ի մէջ հրապարակուած անհեթեթ եւ անտրամաբանական գրութիւններուն պատասխանել: Սակայն միշտ ալ ըսեր եմ. «Արդեօք կ՛արժէ՞ ժամանակ վատնել,- ժողովրդային ասացուածքի շատ ճիշդ բնորոշմամբ էշը ծուռ նստած մարդոց,- խօսք հասկցնել խմբագրին, որ գրուած խմբագրականներուն մէջ կուտ կորկոտ չկայ, մինչեւ իսկ ժամանակի կորուստ է զանոնք կարդալը»:

Եւ ինչպէս բոլորիս պարագային կու գայ ատեն մը,- տեղ մը,- ուր անդիմադրելի մղում մը կ՛ունենայ մարդ,  որ մտածէ՝ «ալ կը բաւէ, այսքա՜ն ալ անմտութիւն, այսքան ալ կեղծիք եւ սուտ, այսքա՜ն ալ ապատեղեկատուութիւն ( այսքա՜ն ալ մաղձ եւ ատելութիւն Հայրենիքին հանդէպ) շա՜՜՜տ է: Մենք տարբեր դաստիարակութիւն ստացած էինք. սիրել Հայրենիքը ( ոչ թէ՛ դատարկութեան վերածուած ամսագիրը) ամէն գնով, ո՛վ ալ ըլլայ իշխանաւորը կամ իշխանութիւնը: Մեր ( կարծեմ ձերը չէ այլեւս) Հայրենիքը սրբութիւն է, որու Պետութիւնն ու Պետականութիւնը ամէն գնով,- մինչեւ իսկ կեանքի գնով,- պէտք է պահպանել-պաշտպանել»:

Բայց՝ պատահեցաւ,- եւ կը շարունակուի երկարիլ,- աներեւակայելին, անտրամաբանականը, անընդունելին: Ամէն առիթի, ամէն պատեհութեան, ամէն գնով անխնայ կը քարկոծուի ո՛չ թէ իշխանութիւն-իշխանաւոր, այլեւ ինքնին՝ Հայրենիքը:

Անցնինք

«դատարկ» գրութեան պիտի պատասխանեմ պարբերութիւն առ պարբերութիւն:

Նախ սկսինք վերնագրէն.

«միգապատ» ճամբան.

Այսինքն՝ ըստ խմբագրին, Հայաստանը շրջափակումէ, պատերազմի պարտութենէն, ռուսական անշնչելի ենթակայութենէ դուրս բերելու իշխանութեան ճիգերը մշուշապատ, մռայլ եւ մութապատ են: Թրիփփ կամ որեւէ այլ նախագիծ կամ համաձայնութեան մասին մտածելն իսկ յանցանք եւ դատապարտելի է: 

ըստ իս, կարելի է «միգապատ» կոչել՝ նաեւ մանուածապատ, ո՛չ-հասկնալի եւ տխուր սոյն խմբագրականը: Ինչո՞ւ չէ:

Եւ այսպէս.

«Լափալիսեան իրականութիւն է նշելը, թէ կովկասեան բարձրաւանդակը, անկասկած, խաղաղութեան կարիք ունի...»

Յարգելի խմբագիրը լսած կրնայ ըլլալ «Լափալիսեան» դարձուածքին մասին, սակայն իր մրոտած գրութիւնն իսկ լափալիսեան կը բուրէ: Այսինքն՝ գրութեան մէջ տեղ գտած միտքերը հեգնանք եւ ծաղրական են խմբագրին եւ ամսաթերթին համար: Քաղաքականութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը ամբողջութեամբ կը մերժէ «լափալիսեան» անհեթեթ դարձուածքը՝ «... իր մահէն քառորդ ժամ առաջ ողջ էր, կը կռուէր»: Յարգելիս՝ յարափոփոխ աշխարհի եւ նոյնքան սրընթաց քաղաքական կեանքին մէջ լափալիսեան դարձուածքը գործածելը ( մտածելն իսկ) ծիծաղելի է: Այսօր Թրիփփ համաձայնագիրը կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ Հայաստանին համար իսկ վաղը՞... արդէն նոր օր եւ նոր իրավիճակ է:

Շարունակենք՝

Ատրպէյճանը բանակցութիւններուն մուտք գործեց Արցախի իր ամբողջական ռազմական յաղթանակէն տոգորուած։ 

Հարց կու տանք. «աշխարհի վրայ կա՞յ արդեօք մէկը ( միամիտ) մը, որ չի հասկնար, թէ Արցախը ՆՈՒԷՐ ՏՐՈՒԵՑԱՒ ազրպէյճանին քու ( եւ ձեր) պաշտպան Ռուսաստանին կողմէ: Այս նիւթը շա՜տ երկար է: Փաստեր կան. հետեւաբար անվիճելի իրողութիւն է:

 «Փոխարէն, Հայաստանը, ընդհակառակը, բանակցեցաւ քաղաքականապէս տկարացած, ռազմականօրէն յոգնած, տնտեսական դժուարութիւններու մէջ գտնուող եւ միջազգային առումով, արեւմտեան աշխարհի մութ հաշիւներով առաջնորդուող, աւելի մեկուսացած վիճակի մէջ»:

Ճիշդ է, հայաստան պարտուած կողմն էր, սակայն հոս ինչո՞ւ արդեօք յարգելի խմբագրին կողմէ ներկայացուած իրավիճակը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ ձեւով մը ան գոհ է որ Հայաստան «տկար եւ յոգնած է» եւ «Հայաստան չունի արտաքին քաղաքականութիւն վարելու կամքն ու իրաւունքը», եւ արեւմտեան աշխարհի , « մութ հաշիւներով կ՛առաջնորդուի եւ ( ի՜նչ ծիծաղելի) մեկուսացած վիճակի կը մատնուի»:

«Ամէն խաղաղութեան համաձայնագիր փոխզիջում կը պահանջէ։ Պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ պատերազմները հազուադէպօրէն կ’աւարտին այնպէս, որ կողմերէն մէկը իրականացնէ իր բոլոր նպատակները։ Սակայն տեւական խաղաղութիւնը սովորաբար կը հիմնուի կամաւոր բանակցութիւններու, փոխադարձ անվտանգութեան երաշխիքներու եւ համաչափ զիջումներու վրայ։

Պատմութենէ անտեղեակ ( թրքերէնով՝ պէ խապար) խմբագրին կ՛ըսենք:  Պատմութեան մէջ գրեթէ չկայ դէպք մը, կամ իրավիճակ մը երբ յաղթող կողմը պարտուողին չպարտադրէ իր ծանր պայմանները: Այս պարագային Հայաստանը միակ եւ բացառիկ օրինակ մըն է ( օրինազանց), որ շնորհիւ հմուտ, ճկուն եւ յամառ դիւանագիտութեան կրցաւ խաղաղութիւն պարտադրել Ազրպյէճանին: Փոխանակ հարցը այս դիտանկիւնէն դիտելու, տհաս ու մտային անկարողութիւն ցուցաբերող խմբագիրը ( վստահաբար նաեւ մաղձով եւ կիրքով տրամադրուած ) ո՛չ միայն չ՛ընդունիր այս իրողութիւնը, այլեւ խաղաղութիւն նախաձեռնող կողմ կը սեպէ Ազրպյէճանը:

Ահաւասիկ ա՛յս է հայրենասիրութեան հասկացողութիւնն ու մակարդակը: Խղճալի՜՜՜

«Իսկ, եթէ միջանցքի գործնական կառավարումը, մաքսային ընթացակարգերն ու անվտանգութեան համակարգերը ենթարկուին արտաքին վերահսկողութեան կամ միջազգային այնպիսի երաշխիքներու, որոնք Հայաստանը կը վերածեն շահագործուողի եւ օգտագործուողի, ապա այդ պարագային ինքնաբերաբար ինքնիշխանութիւնը կրնայ դառնալ պարզապէս կեղծ ու խորհրդանշական»։

Յարգելի խմբագրին միտքը հանգստացնելու համար արձանագրենք: Դուն բնաւ հոգ մի ըներ, թէ Հայաստան կրնայ շահագործուիլ: Պարտուած եւ ամբողջովին պաշարուած Հայաստան մը,- մանաւանդ  իր հիւսիսի «դաշնակիցէն» լքուած ու անտեսուած ( ի՜նչ ծիծաղելի՝ «դաշնակից»),- կրցաւ բացուիլ աշխարհին, Եւրոպան եւ հզօր Ամերիկան շահագրգռել եւ քաղաքական- դիւանագիտական-առեւտրական կապեր հաստատել: Մէկ խօսքով Հայաստան իր «խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծով նախանձը կը շարժէ բոլորին եւ քաղաքական-դիւանագիտական դաս կու տայ աշխարհին: Իսկ՝ ըստ քեզի (ձեզի) , ի՞նչ պէտք էր ընէր Հայաստան. կռուէ՞ր, «յարատեւ պայքա՞ր», «պայքար մինչեւ յաղթանա՞կ» ( եւ նման սին եւ փուճ կարգախօսեր)  մինչեւ որ Հայաստան անունը բնաջնջուէր քարտեսէ՞ն: Այդ էր, չէ՞ քու եւ ձեր փափաքածը

«Միւս կողմէն, Ա․Մ․Ն․-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ վաշխառու առեւտրական մըն է, ...»

Զարմանալի է, որ ԱՄՆ-ու քաղաքացի, երկրին մէջ ապրող խմբագիրը իր երկրի ընտրուած նախագահը կը ստորնացնէ ու կը փորձէ վարկաբեկել: Այսքա՜ն յանդուգն ու քաջ մէկը ըլլալը չէի գիտեր: Արդեօք որու վրայ դրած է իր վստահութիւնը: Եթէ գաղտնի գործակալութիւնները ( որոնք վստահաբար ուշադիր կը հետեւին ամսագրին եւ անոր աշխատակիցներուն իրենց ամէն մէկ քայլին ու արտայայտած միտքերուն) գան եւ դատարան առաջնորդեն զինք հոն ի՞նչ արդարացում պիտի տայ:

«Այս գործընթացին ամենամտահոգիչ երեւոյթներէն մէկը Հայաստանի մէջ լայն ազգային համաձայնութեան բացակայութիւնն է։ Ըստ երեւոյթին, ճակատագրական որոշումներ կը բանակցուին փակ դռներու ետին՝ սահմանափակ հանրային մասնակցութեամբ եւ անբաւարար տեղեկատուութեամբ։ Սահմաններուն, ինքնիշխանութեան եւ սահմանադրական լիազօրութիւններուն վերաբերող համաձայնութիւնները սովորաբար կը պահանջեն խորհրդարանական լայն քննարկումներ, մասնագիտական խորհրդակցութիւններ, հանրային թափանցիկութիւն եւ համազգային երկխօսութիւն, որոնք դժբախտաբար ԲԱՑԱԿԱՅ են»:

Իսկ՝ (որքա՜ն ծիծաղելի ու ցաւալի) տեսէ՛ք թէ, ո՞վ է «հանրային թափանցիկութեան եւ համազգային երկխօսութեան» մասին խօսողը: Երբ անցած ութ տարիներուն բան չմնաց՛, որ չփորձեց «ընդիմութիւն ըսուածը» ( եւ սփիւռքի ամսականաւոր դարձած կուսակցականացած մամուլը) տապալելու համար գործող իշխանութիւնը, մինչեւ իսկ քար ու քանդ ընելու Հայաստանի Պետութիւնն ու Պետականութիւնը: Եւ ինչո՞ւ կը կարծէք. որովհետեւ գող-աւազակ-մարդասպաններու դաշնակից ըլլալ է հրահանգուածը: Որովհետեւ կ՛երազեն հայաստանը վերածել Ռուսաստանի մէկ ծայրամասի գաւառ ( բիւրոյի չրջաբերական թիւ 4 ):

Արդեօք կա՞յ հայ մը, որ տակաւին չի գիտեր, թէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ծաւալ ստացած պայքարի նպատակը ի՞նչ կրնայ ըլլալ:

«ԹՐԻՓՓ-ը ինքնին պղտոր, մշուշոտ ու միգապատ Ճամբայ մըն է» ։

Երբ՝ ամերիկացի, արմատներով հայ քաղաքացի մը այս ձեւով կը պաշտպանէ իր երկրի ,- եւ հայրենիք Հայաստանի,- ( այս պարագային կը կասկածիմ) շահերը, այլեւս ինչի՞ կը ծառայէ,- ի՞նչ կարիքը կայ,-  հակառակորդ-թշնամիներու կողմէ հնչեցուած քննադատութիւններուն:

«Ազգի ապագան չի կրնար հիմնուիլ միայն գործադիր իշխանութեան բանակցութիւններուն վրայ։ Անիկա ամէնայն թափանցիկութեամբ կը պահանջէ ամբողջ ժողովուրդին մասնակցութիւնն ու սեփականութիւնը»։

 Վերջապէս հարց կու տանք. դուն եւ  դուք ի՞նչով կ՛առնչուիք ազգին հետ: Քու եւ ձեր ազգութիւնը կուսակցութիւնն է. անոր շահը, անոր կողմէ տրուած պատուէրներն ու ամսականը, անոր ծառայելը առաջնահերթութիւններ են:

Այդպէս ՉԷ՞

ՄԵ՜ՂՔ

ՄԵՆՔ ԱՅՍՊԷՍ ՉԵՆՔ ԴԱՍՏԻԱՐԿ

 

No comments:

Post a Comment