V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Friday, July 17, 2026

Սիքսթօ Ռոտրիկէզ-ի ( Sixto Rodriguez) անհաւատալի պատմութիւնը

Այս հետարքրքրական գրութիւնը ստացայ Գրիգոր Գրաճեանէն եւ կը տեղադրեմ պլակիս մէջ։

Անհաւատալի, յուզիչ եւ երաժշտական աշխարհի տարօրինակ  պատմութիւններէն մէկն է  

Երկու տարբեր կեանք,- ԱՄՆ-ի Տիթրոյթ քաղաքաին մէջ շինարարութեամբ զբաղող անյայտ եւ անծանօթ մը՝  եւ երաժշտական աշխարհին մէջ առասպելային տիպար մը մոլորակի միւս կողմը:

1960-ական թուականներուն, Տիթրոյթի խեղճ ու կրակ գիշերային վայրերուն մէջ՝ բանաստեղծական եւ քաղաքական տեսութիւններ երգի վերածած հանդէս կու գար Ռոտրիկէզ անունով անծանօթ երգահան-երգիչ մը: Այդ օրերուն իր ոճը շատ նման էր Bob Dylan-ի երաժշտութեան հետեւաբար ան կը համարուէր Տիլոնի յաջորդը: Սակայն ճակատագիրը այլ բան որոշած էր Ռոտրիկէզին համար:

Ռոտրիկէզ երկու LP սկաւառակ լոյս ընծայեց. Cold Fact (1970) եւ Coming from reality (1971): Թէեւ որոշ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին , սակայն Ամերիկայի մէջ ո՛չ մէկ սկաւառակ գնուեցաւ:

Նկատելով, որ երաժշտական ասպարէզին մէջ յաջողութեան արժանանալ չկրցաւ, Ռոտրիկէզ վերադարձաւ իր նախկին աշխատանքին՝ շինարարական աշխատանք եւ յաճախ բեռնակրութիւն, որպէսզի կարենայ հոգալ իր երկու դուստրներուն ապրուստը:

Սակայն կատարուածէն անտեղեակ, Ռոտրիկէզի սկաւառակներէն Cold Fact-ը հասնելով Հարաւային Ափրիկէ մեծ յաջողութիւն գտաւ,  երգացանկին մէջ ընդգրկուած հակա-պետական պարունակին պատճառաւ: Մանտելլայի կողմնակիցներ, այդ երգերու բառերն ու մտածումները իբրեւ պատգամ՝ որդեգրեցին ու տարածեցին: Ռոտրիկէզ՝ Հարաւային Ափրիկէի մէջ դարձաւ հանրածանօթ դէմք եւ իր սկաւառակները միլիոններով վաճառուեցան,- առանց անշուշտ իր գիտակցութեան: Եւ որովհետեւ այդ օրերուն՝ լրատուական միջոցներու սահմանափակումներ գոյութիւն ունէին, Ռոտրիկէզի մասին տարածուեցան երեւակայական լուրեր, թէ յեղափոխական երգերու հեղինակը անձնասպանութիւն գործած էր բեմին վրայ ինքզինք հրկիզելով:

Ռոտրիկէզի Հարաւ Ափրիկեցի երկու երկրպագուներ՝ Stephan "Sugar" Segerman եւ Craig Bartholomew ուզեցին գաղտնազերծել իրենց երկրպագուի մահուան առեղծուածը: Իրենց պրպտումները կեդրոնացնելով ձայնագրութեան ընկերութեան եւ իրաւատիրոջ ուղղութեամբ, անոնք կրցան բացայայտել, որ Ռոտրիկէզ տակաւին ողջ-առողջ էր, կը բնակէր Տիթրոյթի իր համեստ տան մէջ եւ կը շարունակէր զբաղիլ շինարարական աշխատանքով:

Ռոտրիկէզ հրաւիրուեցաւ Հարաւային Ափրիկէ համերգներ տալու խուռներամ երկրպագուներու ներկայութեան: Ան բեմ կը բարձրանար տասնեակ հազարաւորներու ներկայութեան, որոնք ոգեւորուած էին վերագտած ըլլալով իրենց մահացած «հերոսը»:

Վերջապէս «ըմբոստ» երգահան-երգիչը վերագտած էր իր արդար դիրքը երաժշտական աշխարհին մէջ: Ան իր տուած համերգներու հասոյթի մեծ մասը, նուիրեց բարեկամներու եւ հարազատներու եւ վերադարձաւ իր համեստ աշխատանքին ու կեանքի ձեւին:

Ռոտրիկէզի մասին վաւերագրական ֆիլմը՝ "Searching for Sugarman" Academy Award-ի արժանացաւ եւ 70-ական տարիքը թեւակոխած Ռոտրիկէզ,- համերգային շրջապտոյտներով,- ճանչցուեցաւ իբրեւ միջազգային համբաւ վայելող արուեստագէտ:

Ռոտրիկէզի համբաւը,- իր պարզ ու յստակ, ժողովուրդին հասանելի երաժշտութենէն աւելի,- հիանալիօրէն անոր համեստ կեանքն էր: Ան շարունակեց բնակիլ Տիթրոյթի իր պարզունակ՝ պետական աճուրդի միջոցաւ՝ 50 տոլարի գնած բնակարանին մէջ:

Ռոտրիկեզ մահացաւ 81 տարեկանին՝ 8 Օգոստոս, 2023 թուականին: Ան իր հսկայական դրոշմը ձգեց իբրեւ բանաստեղ-երաժիշտ եւ իր կեանքի առասպելական որակուող պատմութիւնը դարձաւ խթանող պատգամ։



No comments:

Post a Comment