Վահէ Յ Աբէլեան
Հայկական հարցերու, մարդու իրաւունքներուն, ե ժողովրդավարութեան նուիրուած անկուսակցական արցանց կայքէջ keghart.com-ին մէջ կարդացի Վահրամ Աղաջանյանի «Բարի վերադարձ, Նիկոլ» յօդուածը որ գրած կը թուի ըլլալ երեւան, 22 Սեպտեմբեր, 2020-ին։
Այդ յօդուածէն Կը մէջբերեմ առաջին երկու հատուածները որոնք առանցքը կը կազմեն յօդուածի խօսքն եւ բանին։
Վահրամ Աղաջանյան կը գրէ՝ «Ինչպես հայտնի է, ս․թ․ սեպտեմբերի 16-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը Ֆեյսբուքի իր էջում արված գրառմամբ շատ խիստ, նույնիսկ զայրացած տոնով խոսել է «պատմական Հայաստանի» և «իրական Հայաստանի» հայեցակարգերի մասին
Այդ հակիրճ գրառման մեջ նա փորձում է համոզել հայ հասարակությանը, թե պետք է ազգովի հրաժարվենք պատմական Հայաստանից ու համակերպվենք «իրական» Հայաստանի հետ։ Որովհետև, նրա կարծիքով, պատմական Հայաստանի հայեցակարգը, պարզվում է, վնասում է հայ ժողովրդի «բարեկեցությանը, ազատությանը, արդարությանը, անվտանգուոյանը և լավ ապրուստին»։
Ես ալ նմանապէս դիտեցի վարչապետին «պատմական Հայաստանի» և «իրական Հայաստանի» ակնարկը։ Առաջին անգամը չէր որ «իրական» եւ «պատմական»- Հայաստաններու նման ակնարկ կ՚ընէ վարչապետը։ Բայց ես երբէք այդ տպաւորութիւնը չունեցայ եւ ոչ ալ պատկերացուցի որ Հայաստանի քաղաքացիներուն ընտրած վարչապետը, այս պարագային Նիկոլ Փաշինյանը կը փորձեր համոզել որ նոյն այդ հասարակութիւնը՝ Հայաստանի քաղաքացիները, եւ հայերը ընդհանրապէս, ազգովին հրաժարին պատմական Հայստանէն։ Բայց վարչապետը շեշտաւորուած կը յայտարէր որ պատմական Հայաստանը, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութեան հետ առընչուած չէ եւ հետեւաբար Հայաստանի քաղաքականութեան առանցքը չի կազմեր։։
Կրնամ հասկնալ Վահրամ Աղաջանյանին ցասումը քանի որ կը պատկերացնեմ որ՝ տրուած ըլլալով Վահրամը Աղաջանյանը «իրական Հայաստանի» պատմաբան կը որակէ ինքզինքը, որ ան ինծի նման քաղաքագէտ չէ, եւ ոչ դիւանագէտ է եւ ոչ ալ պետական բարձր պաշտօնատար մըն է, որուն իւրաքանչիւր նախադասութիւնը եւ նոյնիսկ իւրքանչիւրը բառը քաղաքական հետեւանքներ ունի։ Բայց Վահրամը Աղաջանյանը պէտք է որ կարենայ հասկնալ ամենէն տառականը՝ որ Հայաստանի Հանրապետութեան պատմական հայաստանի ընկալումը իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ, դրացի երկիրներէն հողային պահանջ է, եւ հետեւաբար եւ բնականաբար լուրջ մարտահրաւէր մը։
Նմանապէս եթէ վահրամ Աղաջանյանը պարզապէս պատմութիւնը սիրող մըն է, գիտակից պէտք ըլլայ որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ Մայիս 28, 1918-էն ի վեր հողային պահանջ չէ ներկայացուցած եւ ոչ ալ ցեղասպանութեան ճանաչում ներկայացուցած է, տակաւին չեմ ակնարկէր որ ցեղասպանութեան յատուցում պահանջած չէ, սկսելով Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանէն, ինչպէս նաեւ Սովետական Հայաստանի համայնաւար քոմիսարներուն շրջանին, եւ ոչ ալ ներկայիս վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, որուն Նախագահները՝ Լեւոն Տեր Պետրոսյան, Ռոբերտ Քոչարյան, Սերժ Սարգսյան, եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը, հողային պահանջք չեն ներկայացուցած եւ ոչ ալ ցեղասպանութեան ճանաչում եւպահանջ ներկայացուցած չեն։ Անհաւանական է որ գալիք վարչապետը այդ քաղաքականութիւնը պիտի փոխէ եւ հողային պահանջք եւ ցեղասպանութեան յատուցումը պիտի առընչէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքանութեան մէջ։
Հետեւաբար ես ոչ թէ այպանած եմ հայ ղեկաւարը, այլ պարզապէս ցաւած եմ ցաւակցած եմ որ մենք ազքովին այնպիսի վիճակի մէջ ենք որ այլապէսը ընելու ուժական կարելիութիւնը չունինք որպէս պետութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն։
Պատմական Հայասանը դժբախտաբար Հայաթափ է բայց իր հայաթափութեամբը պարտաւորած է եւ բեռնաւորած է հայ անհատը։ Հետեւաբար հետեւալը ունիմ ըսելիք Վահրամ Աղաջանյանին եւ իրմով ինծի, ինչպէս նաեւ որեւէ հայու։՝
Եթէ ամուսնացած է, թող վառ պահէ Հայոց պատմութիւնը կնոջը հետ։
Եթէ զաւակ ունին, թող վառ պահեն Հայոց Պատմութիւնը իրենց զաւակներուն մէջ։
Եթէ թոո ունին, թող վառ պահեն Հայոց Պատմութիւնը իրենց թոռներուն մէջ։
Եթէ մաս կը կազմեն հայ հաւաքանութեան մը, ինչպէս դպրոց եւ եկեղեցի, եւ կամ այլ, թող վառ պահեն Հայոց Պատմութիւնը հոն։
Ամէն պարագայի թող Հայաստանի Հանրապետութեան կառաւարութիւնը պատրուակ չդարձնեն այն ինչ որ իրենք անձնապէս կրնան ընել եւ պարտաւորուած են ընել։
Պատմական Հայաստանը բեռնաւորուած է հայ անհատը, այո իրական Հայաստանին մէջ, ըլլալ օրինապահ, արդիւնաբերող, գիտութեամբ լիցքաւորուած քաղաքացիներ որոնք քայլ կը պահեն արագընթաց աշխարհին հետ։ Թող Վահրամ Աղաջանյանին ընէ այդ գնահատանքը՝ թէ Հայաստանի քաղաքացիներ այդ պարտաւրութիւնը կը լրացնեն կամ ոչ։
ԲնականաբարւՊատմական Հայաստանը բեռնաւորած է նաեւ սփիւռքահայը պահել Հայ լեզուն, Հայ մշակոյթը եւ Հայոց Պատմութիւնը։ Քանի որ ես սփիւռքահայ եմ, կը նշեմ որ սփիւռքահայը ոչ թէ միայն մեծապէս, այլ ճակագագրականօրէն ցախողած է այդ կենսական առաքելութեանը մէջ։
Սփիւռքահայը եւ Հայաստանի քաղաքացին թող այդքան ալ մտահոգ չըլլան յաջորդ սերուդով։ Յաջորդ սերունդը կը ձեւակերպուի ապրելով ներկայ իրողութիւնը եւ ոչ թէ լսելով եւ կարդալով իրմէ տարեց սերունդին խօսքը։
Գալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը, կը գնահատեմ որ ան կամովին եւ ժողովուրդին ընտրութեամբ կը տանի իր վրայ բեռնաւորուած Հայաստանի Հանրապետութեան դժուարին քաղաքականութիւնը։
Բարի վերադարձ Ամերիկայէն, Նիկոլ։
No comments:
Post a Comment