V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Monday, March 25, 2024

Ապրի՞լ, թէ՝ մեռնիլ - Western Armenian faces extinction:

Western Armenian is mostly a diasporic language and one that is not an official language of any state, Western Armenian faces extinction as its native speakers lose fluency in Western Armenian amid pressures to assimilate into their host countries. (Wikipedia)



Ապրի՞լ, թէ՝ մեռնիլ

Այս տողերը, որ կը գրեմ տեսանելի սեւ թանաքով,

Օր մը պիտի անհետանան կեանքի անողոք հանաքով.

Այդ է հիմա սեւ վճիռը արձակուած՝ ՄԱԿ-ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն՝

«Արեւմտահայերէնը հուսկ պիտի ջնջուի մօտ օրէն»։

Ուրեմն ալ ինչո՞ւ գրել մահուան սահմանուած այս լեզուով,

Ինչո՞ւ ձօնել մեր սուղ ժամերն այս հին լեզուին հիւծախտաւոր,

Երբ վաղը ալ չի գտնուիր ո´չ զինք խօսող ո´չ կարդացող...

Ի՞նչ հոգ, որ դեռ դար մը առաջ հիւծախտաւոր քերթող մը մեծ (1)

Իր բառերովը մեծասքանչ՝ ցաւը պատմեց ապշած լիճին,

Որո՞ւ հոգը, թէ մէկ ուրիշ թոքախտաւոր պարման քերթող (2)

Անանձնական ուրախութիւն հայցեց այս մահամերձ լեզուով,

Որպէսզի ինք զայն լաստ ըրած՝ նաւորդն ըլլայ վառ լոյսերու,

Եւ նահատակ բանաստեղծ մ҆ալ անոր լուսախոբ բառերով

Ադամանդէ ու յակինթէ արգասաւոր արշալոյսները արօրեց,

Տիտան մըն ալ վարդահեղեղ արշալոյսներ կանխատեսեց, (3)

Դեռ՝ մերօրեայ, լուսածին մեծ բանաստեղծ մը իր լուսագիր

Գիրքն սկսէր՝ լոյս բառերով՝ «Հեղեղ մը լոյս ծնանիմ։»

Այս լոյս լեզուն, որ դարէ դար խաւարումը արհամարհեց,

Արդեօ՞ք պիտի արհամարհէ ՄԱԿ-ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի վճիռն ալ,

Եւ բառերով իր բարբարոս շարունակէ լուսաստեղծել (4)

Հեզաճկուն բառապարեր տակաւին անհամար դարեր,

Թէ՞ այլեւս մեծասքանչէն չսքանչացող հայուն ի տես՝ (5)

Սիրտէն խոցուած՝ կուչ պիտի գայ ինքն իր վրայ եւ ծուարի

Լուսահաւաք պատմագրութեան մէկ էջին մէջ, որ ճրագէ

Իր մահովն իսկ գիտաշխարհը հնահաւաք լեզուաբանին...

Արա Մխսեան   Ara Mekhsian

****

1.

«Ինչո՞ւ ապշած ես, լըճակ,

Ու չեն խայտար քու ալեակք...»

Պետրոս Դուրեան

 

2.

«Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.

Զայն ընդգրկած՝ իտէալի՜ն ըլլամ որսկան.

Զայն լաստ ըրած ես Լոյսերու նաւո՜րդն ըլլամ:»

Միսաք Մեծարենց

 

3.

«Ոհ, այն ատեն, այս օրուան

Մեր մեռելները բոլոր

Միահամուռ ոստումով

Պիտի կանգնին գերեզմանին մէջ իրենց,

Ու անհամբեր հեռո՜ւն, հեռո՜ւն ակնապիշ

Պիտի սպասեն վարդահեղեղ գալուստին

Արշալոյսի մ՛Արշալոյսի մը` որուն

(Հաւատացէք ինձ Մայրեր),

Ես ոտնաձայնը կ՛առնեմ…»

Դամիէլ Վարուժան

 

4.

«Մեր լեզուն ճկուն է ու բարբարոս,

Առնական է, կոպիտ, բայց միեւնոյն պահին

Պայծառ է նա, որպէս մշտաբորբոք փարոս,

Վառուած հրով անշէջ դարերում հին։-»

Եղիշէ Չարենց

 

5.

«Ո՛վ մեծասքանչ դու լեզու,

Ո´վ հեշտ բարբառ մայրական,

Քաղցրահնչիւն բառերուդ

Նման արդեօք այլ տեղ կա՞ն...»

Ն. Մեզապուրեան


No comments:

Post a Comment