V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Saturday, March 2, 2024

Արմենակ եղիայեան ՝ Կարելի էր այսպէս ալ գրել (8) - ներառեալ


Կարելի էր այսպէս ալ գրել (8)

         --Հայրի՛կգող մը բռնեցի,-- ձայն կու տայ  անփորձ տղեկը:

            --Ձգէ՛թող երթայ,-- կը թելադրէ իմաստուն հայրը:

            --Ես կը ձգեմինք չերթար կոր,-- կը հակադարձէ տղեկը:

            Պէտք կա՞յ ըսելութէ ամենավտանգաւորը՝ գողին երթալ  չուզող տեսակն է:

                                                                       *   *   *

              Ահա այսքան ատեն է կը ջանամ ա՛լ օձիքս ազատել «Ազդակ»-ի մագիլներէնորովհետեւ աշխարհի չորս կողմէն կը խնդրենկաղաչենգլուխս կը տանինոր «քիչմըն ալ իրենցմով զբաղիմ», իրենց մասին մտածեմիրենց բարօրութեան հոգամ--Ի՞նչ է, «Ազդակ»-ը վերի արտի ցորե՞՞՞նն է,-- հարցնողներ  չեն պակսիր։ --Մե՛նք ալ հայ ենք,-- յիշեցնողներ կըլլան։--«Այո՜,--  կըսեմ,  բոլորդ ալ հայ էքսակայն ոմանք քիչ մը աւելի հայ են քան միւսները»,-- եւ «Ազդակ»-ը այս վերջիններէն է:

            Քառասուն տարի ծառայեր եմ անորհիմա ինչպէ՞ս ձգեմ այս անմխիթար վիճակին մէջոր օր ըստ օրէ  աւելի կը վատթարանայ եւ ապաքինման  ոչ մէկ նշանցոյց կու տայ

            Եւ յետոյ...

          «Եթէ մէկ ոչխարդ կորսուած էմիւս ինիսունինն պիտի ձգես ու այդ մէկ հատին ետեւէն  երթասմինչեւ որ գտնես զայն», կը թելադրէ Ուսուցչապետըեւ ես՝ եռախոնարհ աշակերտս պարտիմ հետեւիլ  անոր թելադրանքին, ու փնտռել այդ մէկ կորուսեալըՈրպէսզի երկինք եւ երկիր ցնծան անոր երանելի դարձով «ի հարազատ տունիւր»: Պայմանաւ որ ուզեն վերադառնալինչ որ առայժմ շատ... կասկածելի կը թուի:

                                                                       *   *   * 

       --«Ուքրանիոյ նախագահը... շնորհակալութիւն յայտնած է  Եւրոպական Միութեան աջակցութեաններառեալ  Ռուսիոյ դէմ  պատժամիջոցներու 13-րդ թղթածրարը հաստատելու համար» (24/2/2024, էջ 1):

       Հայերէ՞ն է այսՈ՛չհայերէն չէայլ հայերէն բառերու անմիտ կուտակում մըն է լղրճուկ մըորուն «Ազդակ» ի քաղաքական էջը միայն կրնայ ծնունդ տալ՝ մենաշնորհեալի իրաւունքով:

      Այդ անմտութիւնը հետեւանք է ներարեալ դերբայինոր  կը նշանակէ «ներառելով», այսինքն՝ մէջը առնելովմէջը ունենալովՀիմաներառեալ գրաբարեան ձեւը փոխարինենք ներառելով աշխարհաբարեան ձեւով.

            --«Ուքրանիոյ նախագահը... շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան աջակցութեան, ներառելով  Ռուսիոյ դէմ  պատժամիջոցներու 13-րդթղթածրարը հաստատելու համար»:

            Իմաստ մը ունի՞ մէջբերուածը:

            Ո՛չչունիիսկ եթէ յանկարծ իմաստ մը կը տեսնէք անոր մէջապա կը նշանակէթէ ինչ որ տեղ մը կայ ինչ որ խախտած բան մըոր դարմանումի կը կարօտիՆերառելով ը ներգործական դերբայ էոր իմաստաւորուելու համար պարտի ստանալ հայցական հոլով խնդիր մըոր կը պատասխանէ՝ «ի՞նչ ներառելով» հարցումին:

    Ուղղեցէ՛ք այս հարցումը՝ որքան կուզէքայս բառակոյտին մէջ չկայ ոչ մէկ բառոր պատասխանէ ձեր հարցումինԱյստեղ մէկ հատ հայցական հոլով բառ կայ՝ թղթածրարըոր ուղիղ խնդիրն է հաստատելու դերբային  եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունի ներառելով-ին հետ: Ներառելով-ը օդին մէջ կախուած անմիտ աւելորդաբանութիւն մըն էոր իր հետ կիմաստազրկէ ամբողջ «նախադասութիւնը», իմա՝ ամբողջ «խօսքը»: Թող որայստեղ ո՛չ նախադասութիւն կայո՛չ խօսք կայկայ իմացական խաժամուժ մը:

    Այստեղ պէտք եղածը «ի մասնաւորի» ասոյթն է կամ մասնաւորաբարմասնաւորապէս. փորձենք.

        --«Ուքրանիոյ նախագահը... շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան աջակցութեան, ի մասնաւորի  Ռուսիոյ դէմ  պատժամիջոցներու 13-րդթղթածրարը հաստատելու համար»:

            Հիմա կը թուիթէ յստակ է ըսել ուզուածըՈւքրանիոյ նախագահը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Եւրոպական Միութեան՝ անոր բերած աջակցութեան համարեւ այս աջակցութեան մէջ մասնաւորաբար ուշագրաւ էշեշտուած է (իմասնաւորի)  Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու թղթածրարը:

  Այս բոլորը սակայն արեւելահայերէն կը հոտիԵւ որպէսզի արեւմտահայերէն դառնայապա «հաստատելու» դերբայը պարտի առնել «ն» դիմորոշ  յօդը՝ «13-րդ թղթածրարը հաստատելուն համար»:

                                                                        *  *   *

            --Նիկոլ Փաշինեանը քննադատած է Մուրատ Փափազեանին (անդ):' Քննադատել-ը հայցական հոլով խնդիր կը պահանջէ՝ Փափազեանը:

      Եւ...Փաշինեանը ՝ ը-ովնմանապէս արեւելահայերէն կը հոտիարեւմտահայերէնը այդ յօդը չի դներ ենթակային վրայ:

            --Փաշինեանը դարձեալ կրկնած է (անդ):

            Դարձեալ-ը աւելորդաբանութիւն է. «Փաշինեան կրկնած է»:

            --Մուրատ Փափազեան անգամ մը եւս մերժած է այն (անդ):

            Արեւելահայերէն կը հոտիպէտք է ելլայ՝ «մերժած է զայն»:

   -Նիկոլ փաշինեան ըսած էթէ [Մուրատ Փափազեանցոյց կազմակերպած է անոր դէմ (անդ):

            Պէտք է ըլլայ՝ «իրեն դէմ»:

            Ըսողը՝ ենթական,  Փաշինեանն էիսկ ցոյցն ալ կազմակերպուած է «իրեն դէմ»:

            --Համախմբումը պահանջած էր յարգել իրենց՝ պաշտօնեաներ թէզինուորականներիրաւացի պահանջները (էջ 2):

            Պաշտօնեաներ եւ զինուորականներ բացայայտիչն են  իրենց բացայայտ ե ալ դերանունինոր սեռական հոլով դրուած էիսկ բացայայտիչը պարտի ունենան լբացայայտեալին հոլովըայսինքն՝

            «Համախմբումը պահանջած էր յարգել իրենց՝ պաշտօնեաներու թէզինուորականներուիրաւացի պահանջները»:

            --Մարդիկ լսեն ու տեսնեն կենդանի օրինակը՝ կարենալ ժառանգելու համարերկնային թագաւորութիւնը (էջ 4):  

            Պէտք է ըլլայ՝  «ժառանգել կարենալու համար»: Տեսնել նորոգ ղրկած ցուցակս:

            Այս սխալ եւ անուղղայ հայերէնով ո՛չ երկնայինո՛չ ալ երկրային թագաւորութիւնկը ժառանգուիփակ պիտի գտնէք բոլո՛ր դռները:

            Անդին  հետեւողականօրէն կը մսխուիսակայն,  ազգային ժառանգութիւն մը.

             --Լեզո՛ւնՀայերէ՛նը:

                                                                                                                                           

 

 

 

 

            

 

No comments:

Post a Comment