Վահէ Յ Աբէլեան
Սուրիայի տնտեսութեան համար առաջընթացք ճանապարհը կը սկսի պատժամիջոցներու վերացումով |
Ես ծնած եմ Պէյրութ որպէս Լիբանանի հպատակ քաղաքացի մը, բայց Սուրիահայութիւնը ինծի համար միշտ մնացած է հարազատ։ Մանկութեանս, պատանեկութեանս եւ ապա վաղ երիտասարդութեանս ամառները անցուցած եմ Քէօրքունայի մեր պապենական տան մէջ, հօրեղբորս ընտանիքին հետ։ Հայրս ծնած էր հոն 1921-ին։ Երիտասարդութեան սեմին հասած էր երբ Քեսապ կ՚ապրէր ճակատագրական շրջան մը եւ կրնար ամբողջութեամբ ներմուծուիլ Թուրքիոյ մէջ։ Այդ շրջանին, երկու այլ տարեկից համագիւղացիներու հետ, իրենց ծնողքներուն աջակցութեամբ, հայրս խոյս տուած էր Քեսապէն. իսկ Լիբանանեան հպատակութիւն ստացած էր երբ Ֆրանսացի հոգատար իշխանութիւնը Լիբանանի քաղացիութիւն կը շնորհէր։ Հետեւաբար անբնական չէ որ հետեւած եմ Սուրիոյ, մանաւանդ անցնող աւելի քան տասնամեակի իրադարձութիւններուն։
Երեկ Հրաչ Քալսահակեանը ֆէյսպուքի էջին վրայ հետեւալ նկատողութիւնը ըրած էր՝ «Անոնք, որոնք հիմա կ՚ըսեն, թէ պէտք է զուսպ եւ զգօն ըլլանք, ինչո՞ւ նման բաներ չէին ըսեր, երբ Ասատ իր ժողովուրդը կը սպաննէր: Ընդհակառակը, այն ժամանակ, երբ ես պատահածները իրենց անունով կը կոչէի, Ասատին սիրայօժար պաշտպանող հարիւրէ աւելի գրիչներու կը հանդիպէի, որոնք կոպիտ լեզու կը գործածէին, եւ հազիւ երկու-երեք հոգի կը պաշտպանէին իրականութիւնը: Հիմա այդ գրչակները զսպուածութեան եւ զգօնութեան մասին գեղեցիկ բառեր կը շարադրեն: Կը խորհիմ՝ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ, որ անոնք ինքնաճանաչողութեամբ զբաղին եւ յետոյ նոր նշումներ կատարեն:»
Հրաչին մատնանշած շրջանին Հալէպահայ երկու ֆէյսպուքեան խումբեր կային։ Մէկը կը գլխաւորէր Հրաչը իսկ միւսը քանի մը այլ Հալէպահայեր։ ես Հրաչին գլխաւորած խումբով աւելի տարուած էի։ Վերջապէս Հրաչը Քեսապցի է։ Այդ երկու խումբերուն անդամները ընդհանրապէս նախքին Հալէպաբնակներ էին, բայց ունէին հակադիր տրամադրութիւն, չըաելու անհանդուրժողականութիւն, ինչպէս կը բացայայտէ Հրաչը իր ակնարկին մէջ։
2011-ին Ասատի կառաւարութեան դէմ ցոյցերը սկսան։ New York Times թերթը, որուն համացանցի բաժանորդ եմ, բնականաբար այդ ցոյցերուն մասին եւ այդ ցոյցերուն առնչութիւն ունեցող յօդուածներ եւ վերլուծումներ կր ներկայացնէր ընթերցողներուն, որոնցմէ ոմանք իրենց նկատողութիւնները կը տեղադրէին։ Այդ ակնարկներէն յիշեմ հետեւալը,՝ «այս ակնաբոյժը կարճատես է» (this ophthalmologist is shortsighed) ։ Անկասկած որ հասկնալի է որուն ողղուած էր այդ դիպուկ ակնարկը։
ես ալ Ասատի կառաւարութեան վարած քաղաքակսնութեան ջատագովը չէի։ Հետեւաբար այդ ակնարկը եւ կարգ մը ուրիշ ընթերցողներէ նման դիպուկ ակնարկներ հաւաքած էի յղելու համար ազգականներուս Քեսապ եւ կարգ բարեկամներուս այլուր։ Բայց խուսաբեցայ յղելէ։ Խուսաբեցայ մտահոգուելով, չըսելու համար վախնալով, որ այդ հաւաքածոն կրնայ Սուրիական տխրահրչակ մուխապարաթին ձեռքը անցնիլ որոնք կրնան Քեսապի ազգականներուս դժուարութիւն տալ։ կամ ալ նոյնիսկ ինծի երբ Քեսապ այցելութեան երթայի։ Մտքէս չէի կրնար անցնել որ այդ ցոյցերը պիտի հանգէին Քեսապի գրաւումին եւ հայ կեանքը տակն վրայ պիտի ըլլար եւ ես պիտի չկարենայի այցելել Սուրիա, մանաւանդ Քեսապ։
Հանկարծ անդրադարձայ նաեւ որ թէեւ ես նախքին Լիբանանցի էի եւ այժ Ամերիկայի հպատակ քաղաքացի մը, եւ կ՚ապրէի Սուրիայէն հազարաւոր մղոն հեռւ բայց խրտչած էի այդ յղումը ընելէն։ Հապա՞ եթէ Սուրիայ ապրած ըլլայի ..............
Հասկնալի էր Հալէպաբնակ Հայութեան կեցուացքը։ Գաղութահայ մեր դաստիարակութեան առանցքը եղած է նեցուկ մնալ օրուայ երկրին իշխանութեանը։ Ներկայիս ալ հասկնալի է որ Սուրիահայեր կրնան մտահոգութիւններ ունենալ։ Բայց ամէն երեւոյթ ցոյց կուտայ որ այս յեղաշրջումը Սուրիական է, Սուրիայցենրու գլխաւորոթեամբ։ Սուրիան բարելաւելու տրամադրութիւններուն ետին հաւանաբար կան արտաքին ուժեր։ Բայց այդ մէկը անբնական չէ երբէք։
Գալով զուսպ ըլլալուն՝ այդ մէկը ի զորու է Հալէպին, ինչպէս նաեւ Պէյրութին, կամ Երեւանին։ Տեղաբնակ հայ քաղաքացիներ ՝ ըլլան անոնք Սուրիա, Լիբանան եւ Հայաստան, կը կասկածիմ որ արտաքին լուսաբանութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու կարիքը ունին ճանչնալու համար իրենց վիճակը։