V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Tuesday, December 3, 2024

Երկու Զէյթունցի հոգեւորականներ

 Վահէ Յ Աբէլիան

 

Երէկ պատահմամբ համացանցին վրայ հանդիպեցայ հետեւեալ գիրքին` «Զէյթունցի Վարդապետը կամ  Տ.Գրիգորիս Ծ.  Վ. Աբարդեանց»։  Ի յայտ եկաւ որ գիրքը զետեղուած է նաեւ Վերապատուելի Պարգեւ Աբարդեանին յիշատակին նուիրուած Ֆէյսպուք էջին վրայ։ (տեսնել ներքեւը)։ Վերապատուելի Աբարդեանն ալ սերած է Հայկական Զէյթունէն։  Պիտի մէջբերեն իրենց մասին տեղեկութիիւններ եւ վկայութիւններ։ Կը սկսիմ ժամանակագրական կարգով։ 

՝«Զեթունցի Վարդապետը կամ  Տ.Գրիգորիս Ծ.  Վ. Աբարդեանց» քառասուն էջ գրքոյկին հեղինակն է Սմբատ Բիւրատ, տպուած է Կ. Պոլիս 1910-ին։ Տպագրիչ հրատարակիչն է Վաղենակ Ս. Բիւրատ։ 

Գիրքքը կը սկսի հետեւեալ խորհրդածութաեմբ՝ «Կ. Պոլսոյ արուարձաններէն Շիշլիի Հայոց գերեզմանատունը, կարգ մը եկեղեցականներուն դամբարանականերուն շարքին մէջ, աչքիդ կը զարնէ շքեղ մահարձան մը, խորհրդաւոր եւ շահագրգիռ տապանագրով մը, որ ամէն զգայուն Հայու սիրտը թունդ պիտ հանէր։»։ Այսպէսով կը սկսի  Աբարդեան գերդաստանին կենսագրութիւնը ներկայացնել 1611 թուականէն սկսեալ եւ կը կեդրոնանայ Տ. Գրիգորիս Ծայրագոյն Վարդապետին բերած նպաստին։

 Գիրքին վէրջէն էջին վրայ կը կարդանք Զէյթունցի վարչապետին տապանագիրը որ բնականաբար վարդապետին կենսագրութեան ամփոփումն է՝

«ՀԱՆԳԻՍՏ Տ. ԳՐԻԳՈՐԻՍ ԱԲԱՐԴԵԱՆՑ՝ Զէյթունի ծայրագոյն վարդապետին. Ծն. 1836 վխճ. 1909։ ԶԷՅԹՈՒՆԻ ՓՐԿԻՉԸ՝ ՔԱՋ ՀՈՒԻ, առաքինի իշխանազուն եկեղեցականը, 1862ին, Սուլթան Ազիցի օրով, Զէյթունի Մեծ Պատերազմէն ետքը երբ «Զէյթունի տեղ խոտ պիտի բուսնի» ըսելով Հիւնքեարը (կարդալ արիւնարբու սուլթանը) բիւրաւոր բանակ ղրկեց հոն, ինք. Անձնուէր հովիւ, Ֆրանսայի Նաբօլէօն Գ. Կայսեր ներկայացա եւ ետ դարձնել տալով բանակը, փրկեց Զէյթունը։

Զէյթունի հայրիկը1879ին, երբ Ապտիւլ Համիտ Բռնակալը զօրանոց մը կառուցանել ուզեց Զէյթունի դիմացը, կեղծ բարենորոգումներու խոստումներով, եօթը քննիչ բաշաներուն առջեւ պատռեց Դաշանց Թուղթը, եւ այդ պատճառով Պոլիս աքսորուելով, երեսուն տարի տառապեցաւ աքսորականը, հայրենիքին բարերարը, որուն յիշատակը կ՚անմահացնէ այս մարմար մահարձանով իր յաւէտ անմխիթար կրտես եղբայրը Յարութիւն Մ. Աբարդեանց։ ՆՆջէ՛, ուրեմն, ո՛ վեհ, ո՛վ ...վարդապետ, անմահութեան դռներուն շեմը ննջէ՛, ննջէ՛ մինչեւ որ հնչէ Գաբրիէլեան շեփորը, որ քեզ պիտի արթնցնէ մեռելներուն թմրութիւնէն, եւ  պիտի հրաւիրէ զքեզ խառնուելու երանելի երամին սուրբ վարդապետներուն, որոնք իրենց քարոզութիւններով ու բարի գործերով կենդանի եւ յաւէտ վառ պահեցին Հայուն Հաւատքը, ժեւ որոնց սիրտը բաբախեց Հայրենիքին համար։)

                                                    ***

Վըրապատուելի Պարգեւ Աբարթեանին  պատեհութիւնը ունեցած եմ առաջին անգամ հանդիպիլ ծնողական մեր տան մէջ, Անթիլիաս, Լիբանան։ Վերապատուելին ընթացք տուած էր մօրս եւ այսպէս հիւրաբար կը գտնոէր մեր տունը։  Վերապատուելին ծնած էր Մարտ 1937-ին Սուրիոյ Ժըսր-էլ- Շուղուր քաղաքին մէջ եւ մահացած էր 1997-ին Հալէպի մէջ։ Կը մէջբերեմ հետեւալ երկու վկայութիւնները վերապատուելիին մասին։

Առաջինը լոյս տեսած է Բերիոյ Թեմին Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնաթերթ Գանձասարին մէջ, է. Տարի - թուականը ճշդուած չէ - ամէնայն հաւանութեամբ վերապատուելիին մահուան առթիւ։ Կը մէջբերեմ հետեւեալ յատուածը՝ 

« Հալէպի Հայ Աւետ. Համայնքը կորսնցուց տարիներու իր նուիրեալ Համայնքապետը, անկրկնելի Վեր. Պարգեւ Աբարդեանը, որ որպէս տիպար հոգեւոր հովիւ, ծառայութեան իր ամբողջ տարիներուն ընթացքին, իր խոհեմութեամբ, իր լայնասրտութեամբ, իր ողջմտութեամբ, մէկ խօսքով իր զանազան բարեմասնութիւններով կարողացաւ արժանանալ իր համայնքի զաւակներուն սիրոյն որ յարգանքին։»

Յօդուածը  կ՚աւարտի հետեւեալ յատուածով՝ «Զէյթունցին իր պապենական լեռներուն վրայ զէնքով քանդակեց հայրենասիրութեան իր փառապանձ պատմութեան էջերը, իսկ վերպատուելին զէնքի փոխարէն իր հաւատքով, իր բարի խօսքով, իր անսպառ կոռովով, համերաշխութեան կոչերով ու իր նուիրումով արժեցուց Զէյթունցի իր անունը։ Յարգան իր վաստակին։» Յօդուածը զետեղուած է Զէյթունի Հայրենակցական Միւթեան անունով որուն պատուոյ նախագահը եղած է Վերապուելի Պարգեւ Աբարեանը երկար տարիներ։

Երկրորդ մէջբերումը Եդուարդ Քասունի-էն է։ Յօդուածը լոյս տեսած է Ջանասէրին մէջ, շատ հաւանաբար վերապատոեւլիին մահուանը տխուր առթիւ։  Ակնարկ մըն է վերապատուելիին բնածին երաժիշտութեան տաղանդին եւ վերապատուելիին հոգեւոր ասպարէզին ընտրութեանը ի հեճուկս իր բնածին տաղանդին զարգացման։

 Այսպէս կը գրէ Երուանդ Քասունին՝ «երաժշտութեան սիրահար էր որ երգահանի ատաղձով անպայման խոստումնալից երգիչ իրեն ասպարէզ ընտրէ երաշտութիւնը, մեծնայ այնտեղ, եւ ազգային  ու քրիստոնեական ծառայութիւնը բերէ այդ ճամբով։ Դժբախտաբար ան չկարողացաւ համոզել ինքզինք։ Ոտք ըրաւ այդ դաշտէն ներս, որ պիտի կլանէր զինք ամբողջ չորս տասնամեակներ։ Երգն ու երաժշտութիւնը մնացին լուսանցքային ժամանց-զբաղում, որքան որ ինք փորձէր սիրտ ու հոգի դնել այնտեղ։ Կարելի չէր երկու  տիրոջ ծառայել։» 

Վերապատուելի Պարգեւ Աղ Աբարդեանին նուիրումը եղաւ հոգեւոր կեանքը։

Թերեւս այս երկու Զէյթունցի հոգեւորականները ազգականական կապ ունեցած են։ Եթէ այդպէս էր, այդ կապ կորսուած կը թուի, ինչպէս կորսուած է երբեմնի հայկական Զէյթունը։ 

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղեցի։

 Reverend Barkev A. Apartian depicted by his son 
Dibar Apartian, a renowned painter in France

Տեսնել ՝ https://www.facebook.com/barkev.arakel.apartian


No comments:

Post a Comment