V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Saturday, December 14, 2024

Ճորճ Ազատ Աբէլեան, (1945 - 2008)՝ Խաչակիրը

Վահէ Յ. Աբէլեան

Երեք քոյրերու կողքին, երեք եղբայրներ էին՝ Հրաչ, Աշոտ, եւ Ճորճ։ Այս տարի, քանի մը ամիսներ առաջ, Աշոտին մահով, երեք եղբայրները հողին յանձնուած եղան. Հրաչը՝ Ամերիկա, Աշոտը՝ Հայաստան, իսկ Ճորճը՝ Քեսապի, իր նահապետական գիւղին՝ Քէորքիւնայի մէջ,։  Իւրաքանչիւրը անմոռանալի անհատականութիւն մըն էր՝ բացառձակ հայրենասիրութեամբ եւ հայասիրութեամբ շաղաղուած։ Այս պլակը կը նուիրեմ իրենց յիշատակին կցելով իրենց կրտսեր եղբօր Ճորճ Ազատ Աբէլեանին՝ «խաչակիր»-ին մասին։

         
Ճորճ Ազատ Աբէլեան խաչակրութիւն
՝ Գարեգին Նժդեհին շիրիմը այցելութեան Խոստուփ Լեռ,
1972 Անթիլիաի յուշարձանէն,  Պիքֆայա յուշարձան Ապրիլեան քայլարշաւին (See note 1)։ 

Շաբաթ 18 Հոկտեմբեր 2008: Աբէլեաններուն տոհմիկ գիւղէն  - Քէորքիւնայէն - շատ շատ հեռու, զոյգ քաղաքներ (Twin Cities) կոչուած քաղաքին  օդակայանին մէջն էի, երբ հեռաձայնով մայրս գուժեց ՃորՃ Աբէլէանին վաղաժամ մահուան լուրը: Մահը պատահած էր այդ Շաբաթ օրուան վաղ առաւօտեան ժամերուն եւ մարմինը ամփոփուած էր Քէորքիւնայի պապենական գերեզմանատան մէջ նոյն օրը, կէսօրէ ետք՝ յետ արարողութեան Քէորքիւնայի պատմական Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Չէի կրնար պատկերացնել աւելի պատշաճ եւ Ճորճը ամբողջացնող հանգստեան վերջին կայան մը անողոք հիւանդութեան մէջ մաշած իր մարմինին համար: Կարծես ինքն ալ անոր համար կատարած էր իր վերջին ուղեւորութիւնը դէպի իր արմատները: Խաբուսիկ բայց հանգստացնող բան մը ունի Ճորճի թաղման այս իրողութիւնը։

No comments:

Post a Comment