V.H. Apelian's Blog

V.H. Apelian's Blog

Wednesday, December 18, 2024

Գիտէի՞ք

 Վահէ Յ Աբէլեան

Աշոտ Աբէլեանի յիշատակին


Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը յաճախած շրջանիս, անդամակցած էի համալսարանին ճատրակի ակումբին որուն նախագահը Գանատաբնակ Արթին Պօղոսեանն էր։ Ճատրակ խաղի պարագային խաղացողներէն մին կրնայ ակներեւ սխալ քայլ մը ընել։ Գիտէի՞ք որ այդ  յաճախ կը պատահի քանի որ խաղացողը մտքով այնքան մխրճուած կըլլայ իր խաղին մէջ որ իր հայեցակէտը կը դառնայ իր ռազմատրամաբանութիւնը անգիտակցաբար անտեսելով դիմացինինը։ Պատմականօրէն նման վիճակին ամենէն ցայտուն օրինակներէն է Պոլսահայութեան՝ 1908-ին Երիտթուրքերու յեղաշրջումին ընկալումը։ Այսօր Գէորգ Եազըճեանը Ֆէյսպուքի էջին վրայ հետեւեալ տեղեկութիւնը  զետեղած էր՝ 

ԳԻՏԷԻ՞Ք որ «Հայ օրիորդներ եւ կիներ 1909-ի ապրիլի սկիզբին հանգանակութիւն կատարած են իրենց գործած օսմանեան նախշազարդ դրօշակներուն ծախսերը հատուցելու համար։ Այդ դրօշակները նախատեսուած էին նուիրել Երիտթուրքերու 1908-ի յեղաշրջման <հերոս>ներէն Նիազիին եւ Էնվերին (<Բիւզանդիոն> օրաթերթ, Կ․ Պոլիս, 9/22 ապրիլ 1909, էջ 3)։ Օրաթերթի նոյն թիւին մէջ տպուած են Կիլիկիոյ 1909-ի ապրիլեան սարսափելի ջարդերու լուրեր եւ թղթակցութիւններ։ Նոյն օրաթերթը իր յաջորդ օրուան թիւին մէջ (էջ 3) կը յայտնէ, թէ Հ․ Յ․ Դ․ի կողմէ ղրկուած Կարմիր Խաչի անդամուհիները այդ դրօշակները յանձնած են <Ազատարար բանակին> (sic! - Գ․ Ե․)՝ յիշեալ երկուքին հասցնելու խնդրանքով։ Այս բոլորը կ՛ըլլային, երբ Հալէպի նահանգի արեւմտեան հայաբնակ վայրերուն մէջ (Մուսա լեռ, Քեսապ, Պէյլան եւ յարակից գիւղեր) ու Կիլիկիոյ մէջ (յատկապէս Ատանա եւ մերձակայքը) կը շարունակուէին հայոց ջարդերը ․․․ նոյն երիտթուրքերու կազմակերպութեամբ։»

Ես ալ իմ կարգին հարց տամ՝ 

ԳԻՏԷԻ՞Ք ՈՐ 1911-ին Պոլսոյ մէջ Հմայեակ Արամեանցը հրատարակեց «Հայուն Երգարանը» անունով ընկերվարական հակում ունեցող ժողովրդական երգերու հաւաքածոյ մը ուր տեղադրուած էր նաեւ Երիտ-Թուրքերու Իթթիհատին քայլերգը։ Այդ երգարանին ներածականին մէջ Հմայեակ Արամեանց խանդավառութեամբ կր  նշէր ու կը շեշտէր Երիտ-Թուրքերիու ընկերվարական լոզունգները, անհասկնալի համակրութեամբ եւ խանդավառութեամբ մը։ Ան այնքա՛ն տարուած մնաց անոնց ընկերվարական խոստումներուն որ դաւաճանեց իր պատկանած կուսակցութեանը՝ ՍԴՀԿ-ին, որը թէեւ ընկերվարական հակումներով կուսակցութիան մըն էր, սակայն կասկածի տակ դրած էր Երիտ-Թուրքերու ընկերվարական հասկացողութիւնը  եւ եզրակացուցած էր որ հոն կայ թաքնուած թունդ ազգայնամոլութիւն՝ հաւանական չարիք հայութեան համար։ Մնացեալը մաս կը կազմէ նորօրեայ հայոց պատմութեան եւ ծանօթ է որպէս Հնչակեան քսան կաղաղանները։ Մեծ Եղերնէն ետք, Հմայեակ Արամեանց տէռորի ենթարկուեցաւ «Նեմեսիսի» մարտիկ՝ Դաշնակցական Արշակ Եզդանեանի կողմէ։ 

Գալով երգարանին՝ համացանցին միջոցաւ ստացայ զայն Թուրքիայէն եւ երաժշտագէտ Պետրոս Ալայայտոյեանին յանձնեցի։ Մահուընէ ետք, երգարանը՝ շնորհիւ իր այրիին, նուիրեցի NAASR-ին Պետրոսի յիշատակին։

ԳԻՏԷԻ՞Ք որ միտքով կլանուած ըլլալու այլ օրինակ մը աղերս ունի ազգայնամոլ Հիթլերականութեան հետ։ Հիթլերի յաղթանակները օրին շլացուցած էին հայ ազգային հատուածը այնքա՛ն որ վերջերս Հայաստան մահացած ռազմիկներէս մէկուն՝ Աշոտ Աբէլեանին (ծնած էր Հալէպ, 1938-ին), հայրը զաւվին անուանակոչութեան աւելցուցած էր «Ատոլֆ» անունը՝ Աշոտ Ատոլֆ  Աբէլեան։ Աշըտ՝ Ամերիկեան քաղաքացիութիւնը ստացած ատեն ջնջել տուած  էր Ատոլքֆը անունէն։

Անդրանիկ Ծառուկեան, իր «Մեծերը եւ Միւսներ» գիրքին մէջ, Համօ Օհանջանեանին մասին հատուածին մէջ այսպէս կը բացատրէ այդ օրերուն Հալէպի մէջ ազգայնական Դաշնակցականներուն Հիթլերի նկատմամբ ունեցած համակրանքը եւ խանդավառութիւնը՝ «պէտք է ըսել, շարքերուն մէջ տիրող ընդհանուր տրամաբանութիւնը  Գերմանասիրկան էր։ Հիմնովին թէ անհիմմն։ Յունաստանը եւ կրետէ կղզին գըրաւելէ ետք, բնական կը համարուէր որ հարուածը հասնի թուրքիոյ։ Ամբոխային տրամաբանութիւնն է ասիկայ, որ հաճելի տրամաբանութիւններ կը ստեղծէ։ Քիչեր կը փորձէին վերլուծել նոյն օրերուն պատահած պզտիկ դէպքի մը իմաստը որ շատ բան կ՚ըսէր գերման-Թուրք յարաբերութեան մասին։ Հիթլերի մասնաւոր հրահանգով, Պոլիս կը փոխանցուէր քսան տարիներէ ի վեր Պերլին մնացող Թալաաթին աճիւնները։ Ինչ որ թշնամական արարք մէ չէր կրնար համարուիլ այլ գաղտնօորէն ուռճացող բարեկամութեան մը առհաւատչեան (գրաւական երաշխիքը)։ Պատերազմէն ետք միայն պիտի պարզուէր, թէ դէպքերը կը հասուննային մեր երազներուն ներհակ ուղղութեամբ, թէ Գերմանիան ոչ միայն չէր մտածէր Թուրքիոյ վրայ յարձակելու, այլ Թուրքիան էր որ պատեհ ժամին կը սպասէր Կովկաս արշաւելու։»

Սահմանադրութեան շրջանին Ատանայի ջարդը ակնյայտ կ՚ընէր որ Երիտ-թուրքերուն սարքածը պատրուակ մըն էր որ պատեհ առիթի մը կը սպասէր վերջ տալու Հայկական Հարցին, հայերուն հետ։ Երիտ-թուրքին համակրող «Հայուն Երգարանը» Հմայակ Արամեանց հրատարակած էր Պոլսոյ մէջ, Ատանայի ջարդէն շուրջ երկու տարի ետք։

Ամէն պարագաններուն ալ, նոյն տիրող հոգեբանութիւնն է որ մթագնած է հայ քաղաքական միտքը՝ տեսնել այն ինչ որ կ՚ուզէ տեսնել, այնպէս ինչպէս Ծառուկեանը կը գրէ՝ «Ամբոխային տրամաբանութիւնն է ասիկայ, որ հաճելի տրամաբանութիւններ կը ստեղծէ։ Քիչեր կը փորձէին վերլուծել նոյն օրերուն պատահած պզտիկ դէպքի մը իմաստը որ շատ բան կ՚ըսէ----»։ Սահմանադրութեան շրջանի պարագային՝ Ատանայի ջարդը պզտիկ դէմք մը չէր անշուշտ։ 

Գէորգ Եազըճեան իր այդ մէջբերունով կ՚եզրականէ՝ «Այս անհերքելի փաստերուն մեկնաբանութիւնը կը թողում ընթերցողներուն, մասնաւորաբար ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ԱՆՍՔՕՂ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՄԲ Սուրիոյ մէջ իշխանութեան հասածներով ՉԱՓԱԶԱՆՑ խանդավառուածներուն։»

Այդ ձգենք սուրիացի արաբներուն որոնց յարաբերութիւնը Թուրքիոյ հետ հիմնականօրէն տարբեր եղած է քան մերինը։ Բայց անհաւանական չէ որ ոմանք Գէորգ Եազըճեանին ակնարկը առնչեն Հայաստանի կառավարութեան Խաղութեան Խաչմերուկի քաղաքականութեանը։

Չեմ գիտէր Գէորգ Եազըճեանը ինչպէս կ՚ընկալէ Հայաստանի Խաղաղութեան Խաչմերուկ քաղաքականութիւնը։ իմ տպաւորութիւնս այն է որ այդ քաղաքականութիւնը վարող այրերը ամբողջութեամբ տեղեակ են Թուրքին հետ մեր պատմութեանը եւ անգիտակցութեամբ չէ որ կը վարեն այդ քաղաքականութիւնը, որուն ջատագովներէն եմ ես սփիւռքէն։ 

Խաղաղութեան Խաչմերուկ քաղաքականութեան անհրաժեշտութեան համար կը մէջբերեն Աւօ Պօղոսեանի վերջէրս Արեւմտահայաստան ըրած ճամբորդութեան ընթացքին ըրած հետեւալ խոհրդածութիւնը՝ «Ճանապարհը դէպի յաջորդ քաղաքը ուր պիտի իջեւանէինք ուղղակի Մասիսի փեշերով կը բարձրանար, որտեղէն կ՚երեւար Երեւան քաղաքը գրեթէ ամբողջութեամբ: Հասկցայ որ մենք մեր թուաքանակով եւ թուրքերուն ռազմագիտական անհամեմատելի դիրքային առաւելութիւններով, տնտեսութեամբ ու ամէն ինչով ներառեալ գուցէ հայրենասիրութեամբ, ոչ մէկ ձեւով կրնանք չափուիլ իրենց հետ, բացի իրական խաղաղութեան ամրապնդմամբ, լաւ դաշնակիցներէ, տնտեսական հզորացմամբ ու մանաւանդ գիտական ոլորտներու զարգացմամբ որու համար կրթութիւնը առաջնահերթ է:»

 

 


No comments:

Post a Comment